ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
Թ.
ԲԱՐԱԿԱՑԱՒ (TUBERCULOSIS) ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ
Բարակացաւի տարածումը եւ անոր զոհերուն թիւը: Անոր արտայայտութիւնները: Ասիկա վարակիչ եւ ժառանգաբար փոխանցուող հիւանդութիւն մըն է: Վարակումը ամուսնութեան մէջ: Թոքախտի նշանները: Անոր նշանակութիւնը ամուսնական կեանքի մէջ: Անոր աւերիչ ազդեցութիւնը սերունդին վրայ: Բարակացաւոտին ու անոր զաւակներուն ամուսնութեան խնդիրը:
Բարակացաւ, սիֆիլիս, ալքոհոլիզմ, ահաւաիկ այն երրորդութիւնը, որ մարդկութեան երեքգլխանի ճիւաղը կը կազմեն: Բայց այս հիւանդութիւններէն ո՛չ մէկը այնքան աւերիչ զօրութիւն ունի, ինչքան բարակացաւը1: Սոսկալի կոտորած կը գործէ այն: Մահուան բոլոր դէպքերուն 1/6, մի քանի հոգիներու կարծիքով, նոյնիսկ 1/5-ը, գոնէ եւրոպական երկիրներու մէջ, բարակացաւէն կը յառաջանայ:
Ֆրանսայի մէջ բարակացաւէն միայն տարեկան 150 հազար մարդ կը մեռնի, այսինքն՝ 27 բնակիչէն մէկը:
«Բարակացաւը ընդհանրապէս երիտասարդները կը հարուածէ իրենց բեղմնաւորութեան շրջանին մէջ. հետեւաբար, գինովութեան հետ միասին ազգաբնակչութեան նուազման գլխաւորագոյն գործօնները կը կազմեն»:
Այս սարսափելի, անողորմ ցաւը տզրուկ մը դարձած է, որ մարդկութեան արիւնը կը ծծէ եւ հետեւաբար բացի այն, որ անհատները կը հարուածէ, ան իր աւերիչ ազդեցութիւնը կը տարածէ սերունդներուն վրայ եւս:
Այսպիսով, բարակացաւը ահռելի թշնամի մը կը հանդիսանայ, որ աւելի մեծ զոհեր կը տանի, քան ամենէն սարսափելի համաճարակ հիւանդութիւնները՝ խոլերան կամ ժանտախտը: Իրապէս ալ, բարակացաւը զօրաւոր ժառանգական ախտ մըն է: Ֆրանսայի մէջ մեր նշած 150 հազար բարակացաւոտներէն 50 հազարը բարակացաւոտ ցեղէ են. ուրեմն, այս հիւանդներուն 1/3-ը ժառանգական հիւանդներ են:
Բարակացաւը մեր մարմինին բոլոր մասերը կը հարուածէ, յատկապէս ոսկորները, ներքին բոլոր գործարանները, թաւթագեղձերը, ուղեղը, եւ այլն. ամենէն յաճախ թոքերը, զարհուրելի թոքախտը կազմելով: Այստեղ մենք չենք կրնար բարակացաւի բազմատեսակ արտայայտութիւնները նկարագրել:
Մենք ըսինք, թէ բարակացաւը երկու սարսափելի յատկութիւններ ունի. ան վարակիչ եւ ժառանգական հիւանդութիւն մըն է: Այսպէս, բարակացաւոտ մարդ մը ամուսնանալով, կը սպառնայ թէ՛ իր կնոջ եւ թէ՛ իր սերունդին:
Թոքախտաւորի խորխին մէջ անհամար միքրոպներ (բացիլներ) կը գտնուին, որոնք կրնան որեւէ կերպով (կամ կերակուրի հետ, կամ փոշիի հետ) առողջին բերանը մտնել, անկէ արեան մէջ, բազմանալ, մարմինին մէջ տարածուիլ ու վարակել զինք:
Հասկնալի է, թէ ի՛նչ դիւրութեամբ կը կատարուի թոքախտի այս փոխանցումը ամուսիններուն մէջ, անոնց յարատեւ մտերիմ կեանքին շնորհիւ:
Ճշմարիտ է, որ շատ յաճախ ամուսինները այս ցաւով իրարմէ կը վարակուին:
Սկիզբը ուժի նուազում եւ թուլութիւն կը նկատուի: Աշխուժութիւնն ու աշխատելու ընդունակութիւնը կը նուազի: Դէմքը կը գունատուի, երեկոները թեթեւ տաքութիւն կ՚ունենայ եւ վարակուածը կը սկսի ցաւեր ու ծակոցներ զգալ կուրծքին եւ կռնակին վրայ, երբեմն չոր-չոր կը հազայ ու միեւնոյն ատեն երթալով կը նիհարնայ, եւ այլն: Երբեմն հիւանդութեան առաջին երեւոյթը՝ արիւնահոսութիւնը կ՚ըլլայ:
Քիչ չեն այնպիսի դէպքեր, երբ ծաղկափթիթ աղջիկը, որուն առողջ կազմը երկար ու երջանիկ կեանք կը խոստանար, ամուսնանալով թոքախտաւորի մը հետ, կարճ տարիներու, նոյնիսկ ամիսներու ընթացքին ուղղակի կը հալի, կը նուաղի, կը գունատուի, մելամաղձոտ կը դառնայ, ամէն ինչէ կը փախչի՝ նոյնիսկ այն բաներէն, որոնք նախապէս իրեն հրճուանք կը պատճառէին, մէկ խօսքով, ֆիզիքապէս ու բարոյապէս կ՚ընկճուի եւ արագ քայլերով դէպի գերեզման կը քայլէ:
Ո՛վ դիտած է այսպիսի մի քանի դէպքեր, ո՛վ առիթ ունեցած է կարդալու թշուառ մատաղահաս կնոջ դէմքի վրայ ցաւին օրէ օր աւելցող աստիճանաչափը, ո՛վ նկատած է այն տարօրինակ, հիւանդին՝ իրեն անհասկնալի, հոգեկան անորոշ ճնշումը, այն անմխիթար յուսահատութիւնն ու կեանքէն հիասթափումը, անոր սիրտը խորապէս խոցուած է կարեկցութենէն ու լեցուած կատաղութեամբ դէպի այդ անսիրտ անարդարութիւնը, այդ գազանային անսրտութիւնը:
Բայց ենթադրենք, թէ կինը չի վարակուիր եւ որեւէ մէկ հրաշքով առողջ կը մնայ: Դարձեալ, դառն ու անմխիթար է անոր կեանքը:
Ամուսինը, հիւանդութեան զարգանալով, կը սկսի իր ուժերը կորսնցնել, աշխատանքի ընդունակութիւնը՝ բանուոր ձեռքը կը պակսի, աղքատութիւնը վրայ կու գայ: Յետոյ հազը, այս անվերջանալի, անդադար հազը, մշտական տաքութեան հետ միասին, խեղճին ներսը կը քանդեն, կը սպառեն անոր ուժերն ու անկողին կը նետեն զայն:
Այդ ժամանակ միւս ամուսինին համար կը սկսի տանջալից երկար տարիները. կեանքը անոր համար ամէնօրեայ յուզմունք, լաց, յուսահատութիւն: Հիւանդութեան սկիզբները խեղճին դեռ ուժ կու տայ բժշկուելու յոյսը, բայց շուտով ան կ՚իմանայ, կամ ինք կը հասկնայ, թէ իր ամուսինը, որ ան թերեւս սիրած է իր երիտասարդ սիրտին բոլոր ուժովը, անդառնալի կերպով կորած է, որ վաղ թէ ուշ մահը պիտի խլէ զինք իր գիրկէն: Ա՜հ, գոնէ շուտով կատարուէր բնութեան այս անխուսափելի վճիռը, գոնէ շուտով սեւ հողը կը ծածկէր հիւանդին քայքայուած մարմինը, թերեւս ան թաղուէր եւ կենդանի մնացած ամուսինին ամէնօրեայ տանջանքներուն գոնէ մէկ մասը:
Հիւանդութիւնը սակայն երբեմն երկար տարիներ կը տեւէ, հիւանդին հասցնելով ամենէն սարսափելի դրութեան, զինք կմախք մը, ուրական մը դարձնելով եւ անկողին նետելով զինք, ուր ողորմելին կը քայքայուի, կը փտտի, ախորժակը կորսնցուցած, անողոք հացը կուրծքին մէջ, որու մէջէն անդադար դուրս կը նետուի վահրախառն, թոքախտային բացիլներով լեցուն խորխը: Լաւ է, եթէ օր մը սոսկալի արիւնահոսութիւնը վերջ կու տայ այս տանջալից կեանքին:
Ահա թէ ի՛նչքան ողբալի եւ միեւնոյն ատեն զազրելի է թոքախտին պատկերը ընտանիքին մէջ: Այն աւելի եւս մռայլ կը դառնայ, երբ այդ ընտանիքին մէջ զաւակներ կան:
Ժառանգական բարակացա՜ւ:
Ինչքա՜ն ողբերգութիւն թաքնուած է այդ բառին տակ. ինչքա՜ն սուգ եւ սիրտ ճմլեցնող լաց ու կոծ կայ այդպիսի ժառանգական ընտանիքի մէջ:
Ո՛վ որ մօտէն ծանօթ եղած է այդպիսի ընտանիքի մը, ա՛ն կը հասկնայ այն յուզմունքը, որով բժիշկը այդպիսիներուն մասին կը խօսի:
Բարակացաւի ժառանգաբար փոխանցումը ուղիղ գիծով կը կատարուի: Հաւանական է, որ իսկապէս ժառանգաբար կ՚անցնի ո՛չ թէ միքրոպը, այլ՝ առանձին տրամադրութիւն մը դէպի բարակացաւային հիւանդութիւնները: Բարակացաւոտ ծնողի կազմուածքը մեզի համար դեռ անըմբռնելի այնպիսի այլափոխում մը կը ստանայ բացիլի վնասաբեր ազդեցութեան տակ, որ անոր արտադրած սերունդը շատ հեշտ հարուածելի (vulnérable) կը դառնայ այդ բացիլէն: Այլ խօսքով, բարակացաւոտ ծնողներու որդին ո՛չ թէ միքրոպ կը ժառանգէ, այլ՝ տրամդրութիւն այդ միքրոպը դիւրութեամբ ներընդունելու եւ սննդելու:
Ընդհանրապէս որեւէ մէկ միքրոպ կրնայ մտնել ու բազմանալ այնպիսի կազմուածքի մը մէջ, որ տրամադիր է կամ (աւելի պարզ ըսենք), որ պարարտ հող կը ներկայանայ անոր աճումին համար: Ինչքա՜ն բազմազան կ՚ըլլան ժառանգական բարակացաւի արտայայտութիւնները: Ասոնք ընդհանրապէս նոյն այլասերման նշաններն են, ինչ որ յիշած ենք սիֆիլիսի եւ ալքոհոլիզմի առիթով: Նոյն սաղմային աւերումը արգանդի մէջ, նոյն յետարգանդային մահացումը մանուկներու պարագային, նոյն ֆիզիքական եւ բարոյական նուաղումը եւ ստորանումը այն զաւակներուն, որոնք ողջ կը մնան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 21
Վաղարշապատ
1 Tuberculosis-ը մենք բարակացաւ բառով կը թարգմանենք: Երեւանի մէջ զայն ճլերք կ՚անուանեն: Շատերը tuberculosis-ը թոքախտ ըսելով կը թարգմանեն, որ սխալ է: Թոքախտը tuberculosis-ի, բարակացաւի արտայայտութիւններէն մէկն է միայն: