ԹՈՒՂԹ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850-ամեակին առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը սրբատառ կոնդակով հրաւէր կ՚ուղղէր «նշել Սուրբ Հայրապետի անմար յիշատակը, վերարժեւորել ազգային եւ համաեկեղեցական անդաստանէն ներս միշտ արդիական իր աւանդը, մեծարել քրիստոնէական հաւատքի ականաւոր ուսուցիչը եւ ազգային-հոգեւոր մեր կեանքը նորոգողը»։
Այս առումով, համացանցային դիւրութիւնները օգտագործելով պրպտումներ կը կատարէինք մեծանուն Հայրապետի վարքին եւ անկորնչելի վաստակին մասին՝ հրատարակութիւններ որոնելու առաջադրութեամբ։ Այս առթիւ հանդիպեցանք Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի հովուապետական Անդրանիկ Կոնդակին՝ «Թուղթ ընդհանրական»ի աշխարհաբար թարգմանութեան։ Գիրքը լոյս տեսած է 1853-ին, Նոյեան Աղաւնի տպարանէն1, հրամանաւ Պոլսոյ Յակոբ Պատրիարքին եւ ըստ մեր ի ձեռին ունեցած տուեալներուն, աշխարհաբարով կատարուած առաջին հրատարակութիւնն է, կապուած՝ Սամաթիոյ Սուրբ Սահակեան վարժարանին։
Գիրքին անուանաթերթին վրայ կը կարդանք.
ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ
ԹՈՒՂԹՔ ԿԱՄ ՆԱՄԱԿՔ
Տ. ՆԵՐՍԻՍԻ
ՇՆՈՐՀԱԼՒՈՅ
ՍՐԲԱԶԱՆ ԿԱԹՈՒՂԻԿՈՍԻ
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ
ՓՈԽԵԱԼ
ՅԱՇԽԱՐՀԻԿ ԼԵԶՈՒ
ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼԻՍ
Ի ՏՊԱՐԱՆԻ Ն[ՈՅԵԱՆ]. ԱՂԱՒՆՒՈՅ
1853
Բնականաբար 1853-ին լոյս տեսած գիրքին մէջ ականատեսը կ՚ըլլանք այդ օրերուն գործածուած աշխարհաբարին, մանաւանդ կը նշմարուի նախադասութիւններու երկարութիւնը։ Սակայն եւ այնպէս գիրքը՝ «Աշխատասիրեալ յաշակերտաց Սուրբ Սահակեան վարժարանիս Սամաթիոյ», խորքին մէջ գնահատելի աշխատանք մըն է եւ առիթ է, որ հանգստեան աղօթքով յիշենք բոլոր անոնք որոնք այս գործին յաջողութեան նպաստած են, ըլլան անոնք ուսուցիչներ կամ աշակերտներ եւ կամ սաներ, որոնց անունները Աստուած գիտէ միայն։
Գիրքին բառերը օգտագործելով կը ներկայացնենք բոլոր անոնք, որոնց դիմած էր Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը իր անդրանիկ կոնդակով. «ՍՐԲԱԶԱՆ ՆԵՐՍԷՍ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՒՂԻԿՈՍԻՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԹՈՒՂԹՆ Է ԲՈԼՈՐ ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԻՆ ԳՐԱԾ ՈՐՈՆՑ ՎՐԱՅ ԱՍՏՈՒԱԾ ՏԵՍՈՒՉ ԴՐԱՒ ԶԱՆԻԿԱ։ Քրիստոսի Ծառայ Ներսէս ու Նորին ողորմութեամբը Հայոց Կաթուղիկոս արեւելից կողմը Հայաստանեայց սեպհական աշխարհի մէջ բնակող, եւ արեւմտեան կողմերը պանդխտութեամբ գնացող, եւ միջերկրեայ տեղուանք՝ այլալեզու ազգաց մէջ ցրուած, եւ մեր մեղացը համար աշխարհիս ամեն մէկ կողմը քաղաքներու, ղղեակներու, գեղերու ու ագարակներու մէջ տարտղնած հայազգի ընդհանուր հաւատացեալներուն, եւ անոնց ամենուն քահանայապետներուն ու քահանաներուն, վանականներուն ու քաղաքայիններուն, իշխողներուն եւ իշխեալներուն, զինուորաց դասերուն, թէ ձիավարժերուն ու թէ հետեւակներուն, գաւառապետներուն ու գործակալներուն, տանուտէրներուն ու երկրագործերուն, վաճառականներուն ու արուեստաւորներուն, եւ իրենց կամացը ու յօժարութեանը համեմատ կենցաղւոյս այլ եւ այլ ճանապարհները գացողներուն, արանց եւ կանանց, մանկանց եւ երիտասարդաց, չափահասներուն եւ ծերերուն, անոնց որ վարուք գերաշխարհիկ են, Աստուածընկալ ու փրկական սուրբ Նշանէս եւ Հոգւոյն Սրբոյ հրեղէն լեզուները ընդունող Առաքելական նշխարներէս, եւ մեր սուրբ Լուսաւորչին աջէս եւ աթոռէս խաղաղութեան ու սիրոյ ողջոյն հասնի»։
Մասամբ ներկայի պատշաճեցուած գիրքի յառաջաբանի պարունակութիւնը, ինքնին կը բացատրէ այս հրատարակութեան դրդապատճառները. «Սրբազան Հայրապետիս սքանչելի գրութիւններուն քաղցր եւ հոգեւոր իմաստը բոլոր ուսումնական ժողովրդոց գովութեան նիւթ եւ ընդունելութեան մեծ պատիւ ունենալը արեւու պէս յայտնի է։ Ամէն հոգեսէր եւ ողջամիտ [անձ] կը վկայէ, թէ՛ իմաստին վսեմ հասուն եւ հոգեկիրթ ըլլալուն, եւ թէ հայերէն գրաբար ոճին քաղցրութեան [մասին]։ Անոնցմէ երկնաւոր շնորհաց ճաշակ առնելով ամեն քրիստոնեայ, ինքն ալ աննախանձաբար կը քարոզէ հեղինակին շնորհալի անուան ճշմարտութիւնը եւ արժանաւորութիւնը։ Նաեւ երանի կու տայ այն ժամանակի երջանիկ ժողովրդեան, որ Աստուածային շնորհիւ Անոր խնամքին յանձնուելով, ու Անոր իմաստուն հովանաւորութեանը տակ զարգանալով, Անոր կենդանի բարբառը լսելու բարեբախտութիւնը ունեցեր է։ Անոր քարոզած կրօնական ջերմեռանդութեան պաշտպանը եւ վարքին ուղղութեան անստուեր օրինակը տեսեր է։ [Սուրբ Հայրապետը] ամէն հասակի եւ վիճակի համեմատ իր հովուական քարոզութեան թուղթերը յարմարելով, իր ժողովուրդին հոգեւոր բարեմասնութեամբ զարգանալուն հոգ տարեր է։ Հիմա մենք զանոնք հայրենի ժառանգութեան գանձի մը նման կը պահենք եւ կը վայելենք ըստ հոգւոյ եւ ըստ մարմնոյ։ Բայց ժամանակի դառնութենէն ժողովուրդին գրաբարի վարժութիւնը հասարակաց չըլլալով, ժողովուրդին մեծամասնութիւնը այս սքանչելի վարդապետութեանց քաղցրութենէն անճաշակ մնացած է։ Այս առաջին պատճառն է որ մեզի յորդորեց [զանոնք] մաքուր աշխարհաբարի դարձնել, ժողովուրդին լեզուին յարմարցնելու համար։ [Իսկ] երկրորդ [պատճառն է], որ փափաքեցանք դպրոցի ուսանողներուն հոգեկիրթ հմտութիւն մը տալ, հայկաբանութեան մասին անոնց վարժութիւնը ցուցնել։ Նաեւ անոնց աշխատութիւնը անպտուղ չձգելու դիտաւորութեամբ, ուզեցինք տպագրութեամբ բոլորին յայտնել։ Այսպիսով Սրբազան Հայրապետիս խրատները իրենց թարմ հասակին մէջ կը սերտուի, գուցէ եւ ընթերցողներն ալ կը շահին հոգեւորապէս, որով մեր նպատակն ալ պսակուած կ՚ըլլայ, ուրիշ օգուտներով, որուն կը յուսանք։ Կ՚աղաչենք, որ նրբաքնին անձեր, նկատելով մեր պատճառներուն տկարութիւնը, ներողամիտ աչքով թող նային»։
Երբ այս հրատարակութիւնը կը յիշենք, կը մտաբերենք, թէ ազգային բարերարներու ձեռքով հաստատուած Ս. Սահակեան Վարժարանի զարգացած աշակերտները, ի նշան երախտագիտութեան իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած խնամքին, 1851-ի յունուարէն սկսեալ կը հրատարակեն «Բուրաստան Սուրբ Սահակեան, օրագիր բարոյական, բանասիրական, տնտեսական եւ ուսումնական» անունով ամսաթերթ մը, որ լոյս կը տեսնէր Յովհաննէս Միւհէնտիսեանի տպարանէն։ Ամսաթերթի հրատարակութեան պաշտպանն էր Ս. Սահակայ ընկերութիւնը, որ յետոյ կոչուած է «Ս. Սահակեան ընկերութիւն» անունով։ Հաւանական կը նկատուի, որ այս ընկերութիւնը 1842-ի վերջերը կազմուած ըլլայ։ Միութեան նպատակն էր Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգի Դպրատան օգնել։ Միութիւնը, ինչպէս բոլոր միութիւնները կամ ընկերութիւնները, ունեցած է կանոնագիր մը։
«Բուրաստան Սուրբ Սահակեան»ը մամլոյ պատմութեան մէջ իր տեղը ունի 18 համարներով, քանի որ կարճատեւ եղած է իր կեանքը։ Սակայն համբուրելի կեցուածքով իր պատգամը ունի մերօրեայ սերունդի զաւակներուն, մայրենի լեզուի, գրականութեան եւ մամուլի արժէք ընծայելու ուղղութեամբ։
Երբ կը նշմարուի օրուան պայմաններով Ս. Սահակեան Վարժարանէն ներս արձանագրուած յաջողութիւնը, կը նշենք նաեւ «Ծխախոտին եւ ընչադեղին ազդեցութիւններն ու վնասները» գիրքը, նոյն վարժարանի վաղեմի աշակերտներէն Յովհաննէս Գ. Կրճիքեանի անգլերէնէ կատարած թարգմանական աշխատութեամբ, որ լոյս տեսած է «Ընդհանրական Թուղթ»ի հրատարակութեան տարիին Նոյեան Աղաւնի տպարանէն։
Ինչպէս որ ձեռագիրներ օրինակողներ կամ հնատիպ մատեաններուն լոյս ընծայողներ աղօթք կը խնդրեն անոնցմէ որոնք կը հանդիպին ձեռագիրին կամ տպագիր մատեանին, մեզի համար քաղցր պարտականութիւն կը նկատենք յիշել սոյն հրատարակութեանց անծանօթ հերոսները՝ առաջի անմահ Գառինն Աստուծոյ։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: Ամէն։
1 «Տպարան Նոյեան Աղաւնի» անունով ծանօթ տպարանը սեփականութիւնն էր «Նոյեան Աղաւնի» շաբաթաթերթին, որուն առաջին թիւը լոյս կը տեսնէր 28 փետրուար 1852-ին, Բարձրագոյն Դռան Թարգմանչաց սենեակի անդամներէն՝ Գրիգոր Մարկոսեան եւ Սահակ Ապրօեանի արտօնատիրութեամբ։ Ամսաթերթը, որ կը տպուէր Յովհաննէս Միւհէնտիսեանի տպարանին մէջ, 1852-ի սեպտեմբերէն սկսած էր լոյս տեսնել սեփական տպարանէն, ի Պահչէգաբու, Թաշխան։ Երբ «Տպարան Նոյեան Աղաւնի»ն 14 մարտ 1853-ին կը փակուի, թերթը կը սկսի լոյս տեսնել Արապեանց տպարանէն։ Իսկ «Նոյեան Աղաւնի» ամսաթերթի վերջին թիւը (74) կը հրատարակուի 8 օգոստոս 1853-ին։
Ըստ մատենագիտական ցուցակներու «Նոյեան Աղաւնի Տպարան»էն լոյս տեսած են նաեւ այլ գիրքեր. 1852՝ «Նուէր Կաղանդի՝ Պետիկին պատմութիւնը», 1853՝ «Հայաստանեայց վարդապետի մը խօսք», «Ձգողութիւն», «Ոսկանեան Ստեփան՝ Ներքին համոզումն», «Չորս եղբարք, թարգմանեաց ի Գաղիականէ Յովհաննէս Պրուսացի Տէր Կարապետեան Չամուռճեանց» եւ «Արեւելեան խնդիր»:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ