ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ՈՒՆԻ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻԻ ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԱՏԱՐԱԾ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Լիբանանի մէջ վերջին շրջաններուն եղած քաղաքական շփումները կը մատնեն, որ նախագահական ընտրութեան օրակարգը դրուած է բաւական «ուժեղ կրակ»ի մը վրայ:
2014 թուականի Մայիսէն ի վեր առանց նախագահի «գոյատեւող» երկիրը յայտնուած է բաւական լուրջ փուլի մը մէջ ու ինչ որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ, յստակօրէն կ՚ուրուագծէ երկրին մէջ առկայ «քաղաքական դատարկութիւն»ը լեցնելու շրջանային ճիգ մը:
Այս շփումներուն հիմնական «տինամօ»ն լիբանանեան սիւննի համայնքի հիմնական ղեկավար Սաատ Հարիրիի կատարած քայլերն են: Նախկին վարչապետ եւ 2006 թուականին Պէյրութի մէջ մութ պայմաններու ներքոյ սպան-նըւած վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի որդին, Պէյրութ վերադառնալով ու իր դաշնակիցներուն հետ բաւական երկար զրոյցներ ունենալէ ետք կը հանդիպէր նախագահական հիմնական թեկնածու համարուող զօրավար Միշէլ Աունի հետ: Այս հանդիպումը զարմանք կ՚առթէր բոլոր անոնց, որոնց համար Հարիրի վճռած էր ամէն գնով պաշտպանել ոչ թէ զօրավար Միշէլ Աունի, այլ քաղաքական գործիչ Սալէյման Ֆրանժիյէի նախագահական թեկնածութիւնը: Ու հակառակ իր «կողմիններուն» մօտ երեւելի դարձած անհանգստութիւններուն՝ Հարիրի կը շարունակէր յառաջ տանիլ իր շփումները, առանց յստակ բաներ ըսելու:
Մինչ, իրեն հակադիր համարուող Մարտի քաղաքական թեւը կը խօսէր Հարիրիի շատ հաւանօրէն նախագահական ընտրութեան համար Աունի անունը որդեգրելու մասին, անդին Հարիրիի ղեկավարած «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի «ներքին տան» մէջ դժգոհ ձայներ կը լսուէին:
Բացի այս իրադարձութիւններէն, յստակ էր նաեւ, որ Հարիրի Պէյրութ կը վերադառնար (շատ հաւանաբար Ռիատէն), իր հետ բերելով կարեւոր «գաղտնաբառ» մը, որուն մասին սկսած էին խօսիլ շատ շատերը:
Խորքին մէջ ինչ կրնար պարունակել այդ «գաղտնաբառ»ը: Հասկնալ փորձելու համար Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն կայացման դժուարութիւնները, պէտք է անպայման հասկնալ Միջին Արեւելքի ու մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ ցարդ ընթացող գործընթացները:
Լիբանան հակառակ իր փոքր տարածք մը զբաղեցուցած ըլլալուն, կը համարուի Միջին Արեւելքի «ներքին» քաղաքական խոհանոցի հիմնական պատուհանը: Հոն է նաեւ, որ շրջանային ուժեր յառաջ կը մղեն իրենց ծրագիրները եւ նախագահի որեւէ թեկնածու, եթէ չյարգէ կողմերէն որեւէ մէկուն ունեցած պայմանները կամ «խառնէ» անոնց հաշիւները, դատապարտը-ւած է ձախողութեան:
Այս մօտեցումին որպէս ապացոյց կան երկու նախագահներ, որոնք տարբեր պայմաններու տակ սպաննուեցան ու գաղտնիք ալ չէ, որ «քաղաքական սպա-նութեանց» Լիբանանի արխիւը լեցուն է տասնեակ ցցուն օրինակներով:
Յստակ է նաեւ, որ Հարիրի հակառակ Սուրիոյ հարցով իր ունեցած բաւական «անհեռանկար» եւ ծայրայեղ յայտարարութեանց, լաւ կը հասկնայ վերեւ նշուած կանոնները յարգելու ընդհանուր խաղը: Ու գիտէ նաեւ, որ առանց այդ պայմաններու լրացման, ոչ միայն անհնար է նոր նախագահ մը ընտրելը, այլ աւելի՛ն. որեւէ «սխալ» նախագահի ընտրութիւն կրնայ երկիրը տանիլ նոր հակամարտութեան մը:
Այս բոլորով հանդերձ զգալի է նաեւ, որ պաշտօնական Ռիատ, որ ցայսօր զօրավար Աունի թեկնածութեան դէմ յստակ վէթօներ դրած է, սկսած է խորհիլ այլընտրանքներու մասին: Շրջանին մէջ Ռիատի վարած քաղաքականութեան դէմ եղող մէկէ աւելի աղբիւրներ անցնող ամիսներուն սկսան գրել թագաւորութեան իշխող կողմին մօտ կարծիքներու բացայայտ տարբերութեան եւ նոյնիսկ տարակարծութիւններու մասին:
Այսինքն Հարիրիի քայլերը պէտք է դիտարկել մեկնելով այս մօտեցումներէն ու զանոնք տեղադրելով Ռիատի մօտ եղող բացայայտ տարակարծութեան օղակներուն մէջ:
Այս բոլորէն անդին Հարիրի (ու առաջին անգամը չէ այս) կը մեկնէր Մոսկուա, թակելու համար Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի դռները եւ «զրուցելու» Լիբանանի նախագահական օրակարգին մասին:
Հարիրի կ՚ըմբռնէր, որ Սուրիոյ մէջ այսօր պարզուած իրավիճակով՝ մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ «խօսք ունեցող կողմ»ը Մոսկուան է: Մինչ մօտիկ անցեալին Լիբանանի խորհրդարանի քուէասնտուկին մէջ քուէարկող հիմնական կողմը Էսատի Սուրիան էր, այսօր արդէն դերերը փոխուած են:
Ճիշդ է նաեւ, որ Ռիատի կողքին կայ Թեհրանի դերը, բայց եւ այնպէս Հարիրի կը փորձէր հարցերը քննարկել աւելի մեծ տեսադաշտէ մը, որ բնականաբար Մոսկուան է:
Ան Սէրկէյ Լաւրովի հետ իր ունեցած հանդիպման աւարտին լրագրողներուն հետ խօսելով՝ Իրանի նեցուկով գործող «Հիզպուլլահ»ին յստակ «պատգամ» մը ուղարկելով կ՚ըսէր. «Բոլորս լաւ գիտենք, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը խանգարող հիմնական կողմը՝ «Հիզպուլլահ»ն է»: Այս խօսքը Մոսկուայի մէջ արտայայտելով Հարիրի բառացիօրէն կ՚արտայայտէր Ռուսաստանի հետ համագործակցելու ընթացակարգը: Ճիշդ է նաեւ, որ Սուրիոյ պատերազմին սկիզբէն ասդին, ու տագնապի ամենէն թէժ փուլերուն, սէուտցի տարբեր բանագնացներ Մոսկուա այցելած են: Երկու կողմերուն միջեւ միշտ եղած են խօսակցութեան «քանալ»ներ, սակայն անոնք յայտնի պատճառներով մնացած են փակ սենեակներու մէջ։
Յստակ է նաեւ, որ Ռիատ այս հանգրուանին ալ չի պատրաստուիր «լքել» իր հիմնական դաշնակիցը՝ Ամերիկան, սակայն այդ մօտեցումը չի խանգարեր, որ սիւննի աշխարհի հիմնական որոշիչ համարուող երկիրը փորձէր առնուազն Լիբանանի մէջ նոր «քոնսէնսիւս» մը ստեղծել: Ու այդ «քոնսէնսիւս»ին համար էր նաեւ, որ Հարիրի կը հասնէր մայրաքաղաք Մոսկուա:
Յառաջիկայ օրերը կրնան բաւական ճակատագրական ըլլալ Լիբանանի համար: Այն իմաստով, որ «ուժեղ կրակ»ի վրայ դրուած «քաղաքական ճաշը» կրնայ եփիլ ու Լիբանանցի երեսփոխանները Պէյրութի «Ալ Նըժմէ» հրապարակին վրայ գտնուող խորհրդարան հասնելով ընտրեն երկրի 12-րդ նախագահը:
Բացի այդ, կայ նաեւ այս նախնական համաձայնութեան դէմ տարբեր թեւերու կողմէ դէմ դնելու վարկած մը, որ սակայն գետնի վրայ ազդեցիկ դեր ունենալու ուժը չունի:
Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի Սաատ Հարիրիի ղեկավարած «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքին, որուն թիւ երկու ղեկավարը համարուող նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան կը համարուի աւելի «կարծր» կեցուածքներու տէր քաղաքական գործիչ մը: Սինիորա նոյնպէս կը համարուի Արեւմուտքի ու մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր «խաղացողներ»էն մին: Սինիորայի կողքին երեւելի գործօն դառնալու ուժականութիւն ունի երկրի հրաժարեալ արդարադատութեան նախարար զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի, որուն հիմնական «խաղադաշտ»ը սիւննիներու «բոյն» եւ հիմնական քաղաք համարուող Թրիփոլին է: Ճիշդ է, որ այս երկու քաղաքական անձնաւորութիւնները, որոնք կը համարուին Ռաֆիք Հարիրիի երկու «վստահելի յենարաններ»ը, այսօր բաւական լուրջ տարակարծութիւններ ունին Սաատ Հարիրիին հետ: Անոնց բաւական արմատական մօտեցումները կը շարունակեն հէնք դառնալ այն սիւննի հատուածին, որուն համար Սաատ Հարիրի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն համար պէտք չէ սատարէ իրենց քաղաքական ըմբռնումներու հակադիր ճակատին վրայ գտնուող որեւէ թեկնածուի:
Սակայն Հարիրի այդ կարգավիճակին մէջ չէ: Սիւննի ղեկավարը անցնող ամիսներուն «Ալ Մարատա» հոսանքի նախագահ երեսփոխան Սալէյման Ֆրանժիյէի նախագահական թեկնածութիւնը որդեգրելով՝ մեծ տագնապ մը կը ստեղծէր իր «իւրայիններու» շարքերէն ներս։
Ֆրանժիյէ, որ կը համարուի Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի հաւատարիմ գործակիցներէն մին, կ՚ընդունէր առաջարկը ու իր կարգին «ճեղք» մը կը յառաջացնէր փրօ-Սուրիա եւ փրօ-Իրան համարուող «8 Մարտ»ի ուժերերէն ներս:
Այս ամբողջ թատրերգութեան մէջ մէկ բան երեւելի է: Երեւելի է, որ յառաջիկայ հանգրուանի լուծումներու «ընդհանուր սեղան»ը «սարերու ետին չէ» ու շատ հեռատես պէտք չէ ըլլալ ընկալելու համար Սաատ Հարիրիի նախաձեռնած այս քաղաքական «մրցարշաւ»ը: Հետաքրքրականը այն է, որ Հարիրի իր նախաձեռնութեամբ չի միտիր հակադիր կողմին հարուած մը հասցնել, այլ կը բանայ երկխօսութեան եւ համաձայնութեան նոր փուլի մը առաջին պատուհանը:
Թէ որքանով կը յաջողի ան իր ստանձնած այս կարեւոր առաքելութեան մէջ, յստակ չէ, սակայն երեւելի է, որ Լիբանանի մէջ ընթացող ընդհանուր գործընթացները բաւարար ներուժ ունին ամբողջ շրջանին համար համաձայնութիւններու նոր հարթակ մը դառնալու:
Մէկ կողմէն Ռիատ եւ միւս կողմէն Մոսկուա հանդէս կու գան, որպէս Լիբանանի համար տարուող բանակցութիւններու հիմնարար «հաշտեցման ուժեր»: Ու եթէ յաջողութեամբ պսակուի Հարիրիի դերակատարութեամբ յառաջ քշուած այս քաղաքական նախաձեռնութիւնը, ապա չի բացառուիր, որ այդ երկու ուժերը նոյն դերը ստանձնեն նաեւ Սուրիոյ մէջ:
Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր լիբանանցի մէկէ աւելի վերլուծաբաններ ալ Լիբանանի ընդհանուր իրադրութեան մասին յղումներ ընելով՝ գրած են, որ առանց Սուրիոյ տագնապին հանգուցալուծման՝ անհնար է, որ լիբանանցիք յաջողին ընտրել երկրին համար նոր նախագահ մը:
Այսօր սակայն նոր իրադրութիւն մըն է ստեղծուածը եւ եթէ Ռիատ-Մոսկուա անմիջական հովանաւորութեամբ գծուած այս «ճանապարհային քարտէս»ը յաջողութեամբ պսակուի կամ այլ խօսքով Լիբանանի խորհրդարանը յաջողի իր 45-րդ նիստով ընտրել երկրին նոր նախագահը, ապա յստակ կը դառնայ, որ այդ քայլը նախասկիզբ մը կրնայ դառնալ Սուրիոյ մէջ քաղաքական նոր որակի խօսակցութիւններու:
Անշուշտ այս ծրագրին համար կարեւոր ու հիմնարար խօսք ունի ըսելիք Միացեալ Նահանգները, որուն ղեկավարութիւնը յառաջիկայ Նոյեմբերին սպասուած նախագահական ընտրութեանց օրակարգին պատճառով յայտնուած է «օֆլայն» կացութեան մը մէջ: Ու չի բացառուիր, որ Ուաշինկթըն նոյնպէս անհանգիստ ըլլայ Ռիատ-Մոսկուա այս նախաձեռնութենէն ու մետասաներորդ պահուն խաղի բոլոր կանոնները փոխէ կամ աւելի վատը ընելով ամբողջ խաղը տապալէ:
Ամէն պարագայի ինչ որ ալ ըլլան Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութեան արդիւնքները՝ յստակ է, որ սիւննի առաջնորդը Մոսկուայի հետ որդեգրած իր «բացուելու» քաղաքականութեամբ կը փորձէ կառուցել անցնող տարիներուն փուլ եկած բոլոր կամուրջները, քաջ գիտնալով հանդերձ, թէ Մոսկուայէն արձակուած որեւէ խօսք իր խորքային ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Հարիրիի հակառակորդ համարուող Լիբանանի շիիներուն եւ Սուրիոյ ալեւիներուն մօտ:
Վճռորոշ դերով Մոսկուա այցելած Սաատ Հարիրի կանգնած է անկիւնադարձային կէտի մը առջեւ ու յառաջիկայ օրերու զարգացումները յստակօրէն յայտնի պիտի դարձնեն անոր մշակած (կամ անոր տէրերուն մշակած) քարտէսներուն եւ լուծումներու ծրարին արդիւնաւէտութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024