ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԼՌԵՑԻ… ԱՐՏՕՆՈՒԱԾ ԽՕՍՔԵՐԷՆ
Այն բանէն ետք, երբ տնտեսական ճակատները եւ միջազգային համագումարները այս դարաշրջանի նորաձեւութիւնը դարձան, ինչպիսիքն են ՕՓԷՔ-ը, Եւրոպական միացեալ շուկան, աշխարհի կարգ մը լուսաւոր աղքատներէն կոչ ըրին ստեղծել միացեալ շուկայ մը այն երկիրներուն համար, որոնք տխրութիւն եւ արցունքներ կ՚արտահանեն ու կը սպառեն, ինչպէս նաեւ անոնք նախապատրաստական ժողով մը հրաւիրելու կոչ ըրին՝ աշխարհի մէջ որեւէ մէկ տեղ, հետեւեալ կարգախօսով.
- Ո՜վ աշխարհի դժբախտներ, միացէ՛ք եւ հաւաքուեցէ՛ք, որպէսզի ոստիկաններուն համար դիւրի ըլլայ ձեզ վերահսկելն ու ձերբակալելը:
Այս հրաւէրին արձագանգած են բազմաթիւ պատուիրակութիւններ, որոնք ժողովի վայր եկած են՝ քալելով, իրենց ազգային աւանդական զգեստով, որն է խոժոռ դէմք եւ թոյլ անդամներով:
Գետին նստելէ, ծխախոտի մնացորդները, ինչպէս նաեւ սկզբունքներու եւ կարգախօսներու մնացորդներ իրարու միջեւ փոխանակելէ ետք, նիստի նախագահը՝ որ տարիքով ամենէն մեծը եւ դէմքով ամենէն խոժոռն էր, խնդրեց անոնցմէ, որպէսզի մէկ վայրկեան լուռ մնան ի յարգանս իրենց երկրի եւ համայն մարդկութեան նահատակներու հոգիներուն: Անոնք փորձեցին այդ բանը ընել, սակայն չկրցան՝ յոգնութեան եւ վատ սնունդի պատճառով. անոնք ներողամտութեամբ խնդրեցին անկէ [նախագահէն], որպէսզի արտօնուի իրենց ողջունել, մինչ անոնք նստած են: Ան անմիջապէս համաձայնեցաւ, իրենցմէ առաջ նստաւ եւ նիստի սկիզբէն մինչեւ աւարտը քնացաւ, ինչ բանի հետեւանքով հետեւեալ մասնագիտութիւններն ու խոստովանութիւնները երեւան եկան.
Հանդէսի վարիչը. ես անյայտ երգիչ մըն եմ: Արտօնեցէք ինծի, որ այս համագումարը սկսիմ «Դաւաճան ես, ո՜վ ժամանակ» մաուալով1, եւ շնորհակալութիւն:
Առաջին պատուիրակը. ես վարսաւիրի մօտ աշխատողի մը նման եմ. պիտի կտրեմ բոլոր անոնց լեզուները, որոնք կը հակառակին ինծի: Խաղաղութիւն ձեզի:
Երկրորդ պատուիրակը. ես ոսկերիչի մօտ աշխատողի մը նման եմ. ուր ալ երթամ, ուրկէ ալ գամ՝ «ժամանակը ոսկի է», «ժամանակը ոսկի է» կարգախօսը կը լսեմ, որ կը կրկնուի քաղաքական գործիչներու, պաշտօնեաներու, ուսանողներու, ուսուցիչներու եւ սրբագրիչներուն բերաններուն մէջ. հապա ինչպէ՞ս հասանք այս «ողբալի» իրականութեան:
Երրորդ պատուիրակը. ես փռապանի նման եմ. արտօնեցէք ինծի ձեռքերուս ալիւրը ձեր առջեւ թօթուել, ու հարցնել. ինչպէ՞ս անօթի մարդը կը ծպտուի անօթիներուն դիմաց երբ կշտանայ, եւ շնորհակալութիւն:
Չորորրդ պատուիրակը. ես ատաղձագործի մօտ աշխատող վարձկան մըն եմ, ո՛չ մօտէն եւ ո՛չ ալ հեռուէն կապ ունիմ քաղաքականութեան հետ…, սակայն կը կարծեմ, որ արաբական աշխարհին բազմաթիւ խազուխներ (ցիցեր, անցեալին օգտագործուած գործիք՝ մարդիկը տանջելու համար) կը սպասեն:
Հինգերորդ պատուիրակը. ես ճանապարհային ոստիկան եմ, ուժերս սահմանափակ են, բերանս ալ սահմանափակ է եւ միաժամանակ երկու սուլիչի տեղ չ՚ըներ…, մէկը՝ քաղաքացիներուն, իսկ միւսը՝ պատասխանատուներուն:
Վեցերորդ պատուիրակը. ես բանաստեղծ եմ ու դրամատան պաշտօնեայ. բանաստեղծութիւնը այսպէս եղած է.
- Կարմիր ազատութիւնն ալ դուռ ունի, իւրաքանչիւր «գանձող» ձեռքով՝ կը թակէ:
Եօթներորդ պատուիրակը. ես թափառաշրջիկ թերթեր ծախող մըն եմ: Ահաւասիկ ձեզի այս կարեւորը լուրը. վերջերս, հանուեցաւ թրչող սկաւառակներուն վրայի վարագոյրը, որ երկար ժամանակ տիեզերքով զբաղուող մասնագէտներուն յոգնեցուցած էր: Ո՜վ գործընկերներ, պարզուեցաւ, թէ ատոնք այլ սկաւառակներ (ամաններ) չեն, եթէ ոչ դարերու ընթացքին պատուհաններէն աղքատներուն նետած ամաններէն, որովհետեւ անոնք ուտելու համար ոչինչ կը գտնեն: Այդ պատճառով, մի՛ զարմանաք, երբ շուտով թերթերը սկսին խօսիլ տիեզերքի մէջ թռչող «պահարաններու եւ ամբողջական խոհանոցներու» մասին:
Ութերորդ պատուիրակը. հետեւաբար, ես որպէս քաղաքցի մը, որ շփոթած կանգնած է հինին եւ նորին միջեւ, կ՚առաջարկեմ, որ մեր պետութիւնները՝ որոնց կը պատկանինք, անմիջապէս նոր նախարարութիւն մը յառաջացնեն, ապագայէն «Սարսափելու» նախարարութիւն, ինչպէս նաեւ «Աթապա»յի2 նախարարութիւն, անցեալին կարօտովը ապրելու համար:
Իններորդ պատուիրակը. ես որպէս վիճակահանութիւն ծախող, բացի իմ արհեստէս ուրիշ որեւէ մէկ բանի չեմ հաւատար, այդ պատճառով ալ կ՚ըսեմ ձեզի, թէ կրնայ ըլլալ, որ այս աշխարհի մէջ մղած մեր պատերազմին մէջ կամ կը յաղթենք եւ կամ ալ չենք յաղթեր… Սակայն, յստակ է այն, որ մինչեւ հիմա մեծ շահումները բախտ ինկած են մեծ պետութիւններուն…, իսկ մենք՝ բացի մխիթարող պարգեւներէն ուրիշ բան չենք շահիր. ցտեսութիւն բոլորիդ: Վաղն ալ վիճակախաղի օրն է…:
Եւ այսպէս, ժողովը արագ կերպով աւարտեցաւ…, ու անոնք բոլորը մէկ շարք կանգնեցան անոր ետեւէ՝ իրենց ներկայանալի հագուստներով՝ «մերկ» դրօշակին տակը, դողդոջուն ձայնով միասին վանկարկելով.
- Մեզի՝ երիտասարդներուս է վաղը…,
անոր սառն թղթածրարը
եւ անոր հացին եզերքները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 49
Վաղարշապատ
1 Արաբական բանաստեղծութեան արուեստի ճիւղ մը, որ աւելի ժողովրդային բնոյթ կը կրէ:
2 Արաբական բանաստեղծութեան արուեստի ճիւղ մը, որ աւելի ժողովրդային բնոյթ կը կրէ: