ՄԱՄԱՆԵՐՆ ՈՒ ՄԱՅՐԵՐԸ…
21-րդ դարու կենցաղային ու արժեչափային փոփոխութիւններուն հետ՝ անփոփոխ, բնական, ու անվիճելի կարծուած երեւոյթները անգամ սկսած են լուրջ կերպարանափոխումներու եւ վերասահմաններու ենթարկուիլ։ Օրէ օր ու անզգալաբար, մայրութեան կերպարը արժէքային անկում կ՚արձանագրէ։ Կը նահանջեն մայրութեան աւանդական ըմբռնումներն ու գաղափարախօսութիւնները ու անոնց տեղ մակերեսային, սպառողական, անձնակեդրոն, ընտանիք հասկացութիւնն ու մարդկային ընկերութիւնները վտանգող երեւոյթները ընդունուած սովորութեան կը վերածուին։ Կարճ ասաց՝ «Մայրեր»ը կը նուազին ու անոնց տեղ «մամաներ»ը կ՚աճին ու կը բազմանան։ «Մամա»ները շա՜տ են, «մայրեր»ը քիչ…, շա՜տ քիչ։ Որո՞նք եմ մեր օրերու «մամա»ներն ու «մայրերը»։
Մաման զաւակներ ծնիլ ու մեծցնել գիտէ, մայրը՝ խը-նամել, կերտել ու կատարելագործութեան առաջնորդել։
Մաման թափթփած, անուշադիր ու երբեմն անհոգ է, մայրը՝ կարգապահ ու բծախնդիր։
Մաման շնորհազուրկ ու անձիրք է, մայրը շնորհաբաշխ է ու տաղանդաշատ։
Մաման ուսեալ է թերեւս, բայց ո՛չ քաղաքակրթուած, մայրը ազնուական է ու բարեհամբոյր։
Մաման ժամանակ չի տրամադրեր իր զաւակներուն, մայրը անսահման ժամեր կը նուիրէ։
Մաման սիրտ չունի զաւակները լսելու ու անոնց ցաւերն ու հոգերը հասկնալու, մայրը սիրտ կու տայ անոնց լսելու, մխիթարելու եւ լուծումներ առաջարկելու։
Մաման իր զաւակները խնամելու գործին մէջ երբե՜մն նանիյին կամ մեծ մամային օգտակար կը դառնայ, մայրը երբերմն անոնց օգնութեան կը դիմէ…։
Մաման օգտակարն ու վնասակարը կը կերակրէ, մայրը միայն սննդարարը կը սնուցանէ։
Մաման միայն կը հագցնէ ու կը զարդարէ, մայրը կ՚ազնուացնէ։
Մաման անուշ հոտեր կը ցանէ, մայրը՝ անուշ խօսքեր ու գործեր։
Մաման միայն քարոզ կը կարդայ, իսկ մայրը օրինակ կը դառնայ։
Մաման սահմաններ կը ճշդէ, մայրը՝ սկզբունքներ։ Մաման թեւեր կը կտրէ, մայրը թեւեր կու տայ։
Մաման ինք շփացած է ու իր զաւակները կը շփացնէ, մայրը լուրջ է ու իր զաւակները լրջախոհութեան կ՚առաջնորդէ։
Մամային համար միա՛յն իր զաւակները աշխատասէր, աննման ու անկրկնելի են, մօր համար բոլորին զաւակները արժէք են։
Մաման հանրութեան մէջ միա՛յն իր զաւակները գովաբանելով ու մեծարելով կը զբաղի, մայրը լուռ ու մունջ զաւակներուն ձեռքբերումներուն կը հետեւի ու կը քաջալերէ զանոնք։
Մաման ուրիշներու հետ իմաստազուրկ մրցումներու մէջ է, մայրը ինքնաշխատութեամբ ու ինքնազարգացմամբ կլանուած է։
Մաման միշտ դժգոհ ու պահանջկոտ է, մայրը ինքնաբաւ է ու գոհունակ։
Մաման յարգանք ու մեծարանք կը պահանջէ եւ չի ստանար, մայրը ոչինչ կ՚ակնկալէ, բայց զաւակները երախտագէտ կը մեծնան։
Մաման ո՛չ ըսել չի գիտեր, մայրը գիտէ ե՛րբ եւ ո՛ւր կ՚ըսէ։
Մաման Ipad-Iphone ու այլ արդիական գործիքներ կը նուիրէ, մայրը անոնց միջոցաւ գիր գրականութիւն, պատմութիւն, մշակոյթ ու արուեստ սիրել կու տայ։
Մաման անձնասէր ու անձնակեդրոն է, մայրը՝ անձնազոհ ու նուիրեալ։
Մամային հաճոյքին ու շահին համար կարմիր գիծեր չկան, մայրը այդ գիծերուն իսկ չի մօտենար։
Մամային համար դրամը, նիւթը, դիրքն ու համբաւը նպատակներ են, մօր համար՝ անոնք միայն միջոցներ։
Մաման դրամասէր է ու դրամատէր դառնալ կը սորվեցնէ, մայրը՝ գործունեայ, ստեղծագործ եւ արհեսատավարժ։
Մամային համար ազգ, հայրենիք, լեզու փոր չեն կշտացներ, մօր համար լեզուն սրբութիւն սրբոց է, իսկ ազգասիրութիւնն ու հայրենսիրութիւնը՝ առաջնահերթութիւն։
Վերջապէս, մամա ըլլալը ցանկութիւն է, մայր ըլլալը՝ կոչում ու առաքելութիւն։
Հետեւաբար, միայն ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ տօնը շնորհաւոր…։
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ