ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ԵՒ ՀԱՄԲՈՒՐԵԼԻ ՀԱՅ ՄԱՅՐԵՐ…
Առհասարակ, մայրը նկատուած է մարդկային ընկերութեան ամենէն առողջ եւ գլխաւոր էակը, ընտանիքի մը սիւնը։
Կարելի է այս բացատրութիւնը աւելի եւս յստակացնել, ըսելով՝ որ եթէ ճարտարապետը կը կառուցանէ շէնքը, մայրը այն ընդհանուր վերահսկիչն է, որ այդ շէնքի կեանքին կարգ ու կանոն, ոգի եւ կենդանութիւն կու տայ։
Մեր պարագային, մայրական բացատրութիւնը աւելի խոր արմատներ ունի։ Քանի որ մեր մայրերը ամէն բանէ առաջ եղած են եւ կը շարունակեն ըլլալ մեր ազգի գոյատեւման սիւները, ուրեմն մայրերու տօնը կըրկ-նակի իմաստ կը զգենու։
Մեր արտայայտած երախտագիտական զգացումներուն մէջ եթէ կան սէր, յարգանք, որդիական ջերմ զեղումներ, սակայն ամերիկեան այս յորձանուտ եւ դաժան պայմաններուն մէջ, մենք պարտ ենք այս տօնին առիթով շեշտել հայ մօր յատուկ նուիրումն ու առաքելութիւնը։
Հայ մայրը եղած է մեր լեզուի առաջին ուսուցիչը. երբ մենք թոթով լեզուով սկսած ենք խօսիլ, հայ մայրը մեր լեզուական եւ խօսակցական շնորհը զարգացուցած է եւ լաւագոյնին առաջնորդած։ Ան նաեւ եղած է հայոց պատմութեան առաջին ուսուցիչը։ Մենք գիշերը օրօրներու առընթեր՝ մեր մայրերէն լսած ենք մեր հին ու նոր անցեալի տխուր թէ ուրախ դրուագներու մասին։
Հայ մայրը, նաեւ մեր դաստիարակն է։ Ան է որ իր ձայնը կը բարձրացնէ երբ տան մէջ՝ զաւակներուն մօտ սխալ բան մը տեսնէ։ Այդ սխալը մանկութեան շրջանին սրբագրել, հայ մօր մեծագոյն պարտականութիւնն է։
Այլ խօսքով, հայ մայրը Ամերիկայի մէջ մասնաւորաբար, մեծ դեր ունի կատարելիք։ Այդ դերը կը սկսի մեր տուներէն։ Այդ դերը միաժամանակ մարդկային եւ հայապահպանման բնոյթ ունի։ Եթէ մենք համոզուած ենք որ հայապահպանումը առաջնահերթ պարտականութիւն է, ուրեմն յստակ կերպով պէտք է այդ պարտականութեան գիտակցութիւնն ու գործնականացումը ակնկալենք մեր մայրերէն։
Հայ մայրը ինք պիտի ըլլայ մեր քայլերուն ուղղութիւն տուողը, թոյլ չտալով որ մենք դուրս ելլենք մեր ազգային սրբութիւններէն, թոյլ պիտի չտայ որ մեր զաւակները հեռանան պապենական եւ առհաւական մեր ան-նըման ժառանգութիւններէն։
Հայ ընտանիքը ամենէն առաջնահերթ եւ ամենէն կարեւոր միաւորն է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Եթէ ձախողած է այդ միաւորը, եթէ անհաստատ է, եթէ քայքայուած է, ուրեմն հայ ազգային ընկերութիւնը լրջօրէն վնասուած է։ Իսկ
եթէ առողջ է ընտանեկան այդ օճախի զօրութիւնը պահպանուած է մայրական նուիրումին եւ զոհաբերական ոգիին ու գիտակցութեան մէջ։
Եթէ ակնարկ մը նետենք մեր պատմութեան վրայ, պիտի տեսնենք որ հայ մայրը, մասնաւորաբար Վարդանանքէն եւ Ե. դարէն սկսեալ, քաղաքական, գրական, յեղափոխական, մշակութային, միութենական եւ բազմաթիւ մարզերու մէջ եւս ստանձնած է պատասխանատու դերեր, եւ իր պարտականութիւնները ամենայն պարկեշտութեամբ եւ գիտակցութեամբ կատարած է։
Խօսուն պատկերնե՞ր՝ ահաւասիկ։
Պատերազմէն փախչող եւ դուռը թակող իր զաւկին հայ մայրը ըսաւ.
-Դուն իմ զաւակս չես. վերադարձիր եւ յաղթէ թշնամիին…
Երբ հայ մօր մը կ՚իմացնեն, թէ երկու զաւակներն ալ պատերազմի դաշտին վրայ մեռած էին, կը սկսի իր բռունձքներով փորին զարնել, ներկաները կը կարծեն թէ խելագարած է հայ մայրը, մինչ ան կ՚ըսէ.
-Ես արգանդիս կը զարնեմ, որովհետեւ անիկա նոր զաւակներու ծնունդ պիտի չկարենայ տալ…
Տակաւին՝
-Հայ տիկինը ստիպում է ամուսնոյն գնալ,
Պատերազմի դաշտին վրայ վէրք տալ, ստանալ։
Աւելին՝
-Քսան տարի կերակրեցի մինչ հասակդ այդ առիր,
Բարձր հասակիդ մայրդ մեռնի, դուն ալ քու ազգիդ մեռիր…
Սքանչելի պատգամ՝
-Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,
Քո մայր լեզուն չմոռանաս։
Այսօր, երբ մայիսեան այս գեղեցիկ օրերուն, կը խօսինք վարդերու եւ զաւակներու մասին, կը կազմակերպենք հանդէսներ, բանախօսութիւններով, արտասանութիւններով եւ երգերով կը ներբողենք մեր մայրերը, այս առիթէն օգտուելով նաեւ բարձրաձայն մտածելով պէտք է յայտնենք, որ մեր ակնկալութիւնները շատ բարձր են հայ մայրերէն, թէ անոնց շնորհիւ ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր մենք պիտի շարունակենք այն պայքարը, որուն լծուած ենք այն օրէն մասնաւորաբար, երբ Սփիւռք եղանք։
Այսօր, երբ Արցախ, Հայաստան եւ Սփիւռք տագնապալի շրջաններ կ՚անցընեն, մեր մայրերը իրենց պարտականութեան առաջնահերթութիւնը պիտի տան այս հարցերու բարւոք լուծումներուն։
Սիրելի՛ հայ մայրեր, դուք միշտ մեր ակնկալութեանց գոհացում տուած էք. այժմ նոյն հաւատքով կը սպասենք որ ձեր ճիգերը բազմապատկէք ի խնդիր մեր բազմադարեան ժողովուրդի յաւերժական երթին։
Այսօր, այս ափերուն, ճիշդ է որ շատ բան կորսնցուցած ենք մեր դարաւոր աւանդութիւններէն եւ դաստիարակչական ըմբռնումներէն, բայց պէտք է մէկ բան ուժեղ կերպով պահենք մեր սրտին մօտիկ.- մայրական սրբութիւնը։
Այդ հաւատքով, ահա մենք զաւակներս կու գանք խոնարհելու անցեալին պատկանող, յաւերժութեան մէջ հանգչող մայրերու յիշատակին առջեւ, ինչպէս եւ ողջունելով մեր ապրող եւ տակաւին ծառայող մայրերը, ըսելով.
-Ապրի՛ք, հազա՛ր ապրիք հայ մայրեր, քանի որ մենք կը հաւատանք, թէ ձեզմով կ՚ապրի հայ ժողովուրդը։
ԳՐԻԳՈՐ ՇԷՆԵԱՆ