ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆԱՑՈՒՄ (Ա.)

Ժողովրդականացումը կրնանք համարել նոր հասկացողութիւն. ան չի դասակարգուիր ընկերային գիտութիւններու շարքին ու շատ ուսումնասիրութիւններու առարկայ չէ դարձած: Այո՛, անոր դրսեւորումները կրնան ըլլալ ընկերային, քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ այլն, բայց ան յստակ մեթոտականութեան կամ ուսումնառութիւններու հիմք չունի: Ան առաւելաբար երեւութային է ընթացակարգային իմաստով եւ կիրառական իմաստով կ՚ուրուագծուի ժողովուրդներու, խումբերու, հաւաքականութիւններու մօտ։ Անոր տարածումն ու ընթացիկութիւնը կրնանք առընչել ներկայ դարու համաշխարհայնացման ու թուային յեղափոխութեան հետ: Ժողովրդականացումը, ժողովրդային վիճակի ակամայ կամ ծրագրաւորուած ընդլայնումը պայմանաւորուած չէ քաղաքական համարկարգի կամ վարչարարութեան տեսակներուն հետ, տեսանելի է, թէ անոր ժողովրդականացումը ինքնաբուխ դրսեւորում ունի: Նկատելի է, որ նոյն բռնատիրական կամ թագաւորական քաղաքական համակարգերը աւելի ժողովրդականացան եւ այսպէս ըսած՝ ժողովրդային ընթացակարգով, մշակոյթով եւ վարքով սկսան բանիլ՝ քան անոնք էին 10-20 տարի առաջ, երբ սուր տարբերակում ու հեռաւորութիւն կար ժողովուրդին կամ ժողովրդայինին եւ ղեկավարման միջեւ: Երբեմն ժողովրդականացումը կը շփոթուի ժողովրդավարութեան հետ: Ժողովրդավարութիւնը զուտ քաղաքական համակարգ մըն է եւ իշխանավարութիւն, իսկ ժողովրդականացումը քաղաքական գործընթացին ու բովանդակութեան մէջ դերակատար կամ գունաւորում կրնայ ըլլալ, բայց ան քաղաքական համակարգ չէ: Ժողովրդականացումը պէտք չէ շփոթել ամբոխավարութեան հետ, որ նոյնպէս քաղաքական եղանակներով կ՚իրականացուի ու զուտ քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ, իսկ ազնուագոյն պարագային քաղաքական այսպէս կոչած՝ արուեստ։ Մինչ այդ, ժողովրդականացումը առաւելաբար ինքնաբուխ ու ինքնաբացայայտուող ընկերային ու մշակութային երեւոյթ մըն է: Եթէ պարզաբանենք ժողովրդականացման իրագործուած ու ինքնեկ հասկացողութիւնը՝ կը նկատենք, որ ան ժողովուրդին նմանելու, ժողովրդային մշակոյթի պատկանելիութիւնը առաւել չափով ապրելու եւ ժողովրդայինին գոյն տալու, ապրելու-ապրեցնելու ջանքն ու կատարողականութիւնն է անհատներու կողմէ, որոնք ժողովուրդին մաս կը կազմեն եւ առաւել ապրուածութեան ու մասնակցութեան կը ձգտին նոյն ժողովուրդին հետ:

Ժողովրդային շարժումները եւ ժողովրդային գործընթացները կրնան ժողովրդականացումը խթանել, բայց ժողովրդային հասկացողութիւնը հակառակ իր աւելի քաղաքական, ընկերային, ապա մշակութային պարունակով, կը նոյնանար ժողովրդականացման հետ: Անոնք տարբեր յարաբերակցութիւններով կը բանին. ժողովրդայինը հիմքն է ժողովրդականացման, բայց ժողովրդականացումը ժողովրդային կամք ու քաղաքականութիւն պազելու չի ձգտիր:

Ժողովրդականացումը ուրկէ՞ կը սկսի կամ ո՞վ ձեռնարկած է անոր տարածումն ու ընթացաւորումը՝ դժուար է պատասխանել: Ինչքան ալ դաւադրական տեսութեամբ՝ համաշխարհային բոլոր քաղաքական, ընկերային, մշակութային ալիքներն ու գործընթացները կը դիտուին գաղտնի կամ բացայայտ, ազնիւ կամ անազնիւ նպատակով ծրագրաւորում։ Ըստ իս, կը մնայ դէպքերու, խմորումներու մեքենականութիւն մը, որ չի հետապնդուիր ու չի հաւասարակշռուիր։

Ժողովրդականացումը, վստահաբար, ազդուեցաւ ժողովրդավարութեան ալիքէն, բայց մշակութաբանական իմաստով ժողովուրդներու մեծ զարթօնքի՝ զարթնումի դարաշրջան մը կ՚ապրինք, երբ հանրային հաշուետուութիւնն ու գիտակցութիւնը բարձրացում կ՚ապրին: Ժողուվուրդներու, հաւաքականութիւններու, նոյնիսկ պատահական խումբերու նկարագրականութիւնը եւ անոնց ինքնութեան ու հաւաքական իրողութիւններ պարգեւելու կամ ստանալու պատճառները բազմաթիւ են, միայն կրնանք ըսել, որ նկատելի է ամէն տեղ․

- Ժողովուրդով ապրելու եւ առօրեան աւելի համեմելու մեծ մղում:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 13, 2024