ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՄԵՂՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ի՞նչ զարգացումներու սպասել պաշարեալ Արցախի պարագային։ Հայկական նախաձեռնութիւնը տապալա՞ծ է։ Սուղ, շատ սուղ գին կրնայ վճարել ամբողջ հայութիւնը, եթէ այս օրերուն առկայ դրութիւնը շարունակուի։

Խօսքը ո՛չ իշխանութեան կողմէ որդեգրուած «Խաղաղութեան դարաշրջան»ի թեզին մասին է, ո՛չ ալ ընդդիմութեան, մեծ հաշուով, իրատես անտարբերութեան մասին, այլ հայկական ներքին պատկերին կը վերաբերի։ Արդարեւ, ամբողջական ձախողումը աչքի զարկաւ վերջերս տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ընթացքին։

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի քննարկումներէն անդին, Հայաստանի սահմանի Կոռնիձոր շրջանի իրավիճակէն ալ հեռու՝ կայ մեծ խորագիր մը, որ կը կոչուի անտարբեր մեղսակցութիւն։ Իշխանութիւնը շատ լաւ ընկալած է, որ ի՛նչ իրադրութեան մէջ յայտնուած է Արցախ աշխարհը, դիմած է կարեւոր քայլի մը։ Սա իր մէջ կը պարունակէր մարդասիրական շեշտեր եւ այս նախաձեռնութեան հիմքը, մեծ հաշուով, կը միտէր «մարդկային» ճնշումով մը ճեղքելու Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած պաշարումը ու այդպիսով ալ հարցերը մարդասիրական ճգնաժամէն փոխադրել քաղաքական հարթութիւն։

Այդ մարդկային գործօնը, վստահօրէն, Արցախի ժողովուրդն էր, որ պէտք է քայլ մը նետէր ու շարասիւններով, գուցէ բաց ձեռքերով հասնէր Հակարիի կամուրջը… Ցուցական աքթ մը ըլլալէ բացի, հակառակ մեծ ռիսքերուն, այդ քայլը բոլորի աչքին առջեւ կրնար բանալ ընդհանուր եզրագիծ մը. մինչեւ ո՞ւր կրնայ հասնիլ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական վերնախաւին նախաձեռնութիւնը։ Այլ խօսքով, Պաքու պիտի կարողանա՞ր իր դաշտը նետուած կրակէ գնդակը վերադարձնել հայկական կողմին կամ թէ պիտի մտնէ՞ր մեծ սխալներու մէջ եւ բարձր գին վճարել։ Երրորդ վարկածը չկայ։ Պաքու կրնայ կրակ բանալ անզէն մարդոց վրայ, որոնք ամենատարրական պահանջներով (շարասիւնը պէտք է բաղկացած ըլլար՝ մասնաւորապէս արցախցի մայրերէն) պիտի հասնէին սահման եւ իրենց արդար իրաւունքը պիտի պահանջէին։ Եւ կամ Ատրպէյճանի տեղի պատասխանատուները ստիպուած պիտի ըլլային իրենց մօտ առկայ տագնապին մասին պատմել Ալիեւի վարչախումբի վերին օղակներուն, նաեւ ստիպուած կրնային ըլլալ բանակցիլ Արցախի ներկայացուցիչներուն հետ։ Թէեւ ոչինչ երբեք չի բացառուիր, սակայն, մասնաւորապէս այս փուլին Պաքու դժուար թէ կարողանայ որեւէ հարց լուծել ռազմական ճանապարհով։ Այսպէս է իրավիճակը ու մեծագոյն ապացոյցը կը հանդիսանայ՝ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ բանեցուած ճնշումները, նոյնիսկ եթէ չխօսին Արցախի եւ անոր բնակիչներու իրաւունքներուն մասին, ապա գոնէ կը շեշտեն, որ այս ձեւով հարցերը անհնար է լուծել ռազմական ճանապարհով։

Հայկական կողմի լռութեան դիմաց Պաքու դարձեալ իր ձեռքը առած է նախաձեռնութիւնը եւ կ՚առաջարկէ Արցախի հայերուն համար մարդասիրական օժանդակութիւնը Ստեփանակերտ հասցնելու իր տարբերակը, որն է բացառապէս Աղտամի ճանապարհի օգտագործումը։ Արցախցիք եթէ այդ առաջարկը մարսէին, ապա սա պիտի ըլլար Պաքուի կողմէ յառաջ քաշուած օրինական առաջին նախաձեռնութիւնը, որով Ատրպէյճան աշխարհին պիտի «աւետէր», թէ «տեսէք, Արցախի բնակչութիւնը պատրաստ է համարկման (ինթեկրասիոնի մը)»։ Այս տեսակի «ընդունումը» մեծագոյն չարիք համարուեցաւ Արցախի կողմէ։ Արցախցիք միայն չմերժեցին այդ առաջարկը եւ, իրենց հերթին, քայլ մըն ալ առին եւ առաջարկ մը աւելցուցին այդ մեծ թղթածրարին՝ Կարմիր խաչի շարասիւնէն առեւանգուած Վագիֆ Խաչատրեանի Ստեփանակերտ վերադարձման համար։ Ստեփանակերտէն յայտարարուեցաւ, որ միայն այս պարագային պիտի ընդունին նման նախաձեռնութիւն մը։

Այսօրուան դրութեամբ ա՛յս է ընդհանուր պատկերին պարզածը։ Պէտք է աւելցնել, որ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այս մեծ պատկերին վրայ ազդու գործօն մը ըլլալու բոլոր հիմքերը վաղուց կորսնցուցած է։ Հետեւաբար, ան կրնայ ծառայել միմիայն ներքին օրակարգի սպառման։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա աւելի քան յստակ է, որ ներկայ իշխանութիւնները պատրաստ են ամէն ինչ ընելու՝ խուսափելու համար նոր պատերազմէ մը, որ կրնայ կործանիչ ըլլալ երկրին համար։

Այս բոլորէն անդին ու առկայ մեծ լռութիւններուն դիմաց յստակ է, որ եթէ երէկ նախաձեռնութեան ճպոտը կը գտնուէր հայկական կողմին ձեռքը (ինչքան ալ շատեր չհաւատան), ապա այսօր իւրավիճակը մեծապէս շրջուած է եւ նախաձեռնելու փուլը անցած է Պաքուին։ Այսպէս, Ատրպէյճան կրնայ քանի մը շաբաթ սպասել նախքան նոր արարքի մը երթալը, իսկ արցախցիք, որոնք յայտնուած են բարդ վիճակներու մէջ, կրնան աւելիով խրուիլ պաշարման տիղմերուն մէջ…

Խնդիրը միայն տարածաշրջանային պայմաններու նոր պատկերը չէ, ո՛չ ռուսական կողմին ամենաթողութիւնը, ո՛չ ալ ամերիկեան կողմին մարդասիրական ճիգը, այլ անանտեսելի է, որ ներքին լսարանին մէջ հայութիւնը անցած է ամբողջապէս զիրար մեղադրելու հին-նոր խաղին, որուն ծայրը կը գտնուի «Արցախը կորսնցուցինք եւ մեղաւորը դուն ես» յղացքը։ Ի վերջոյ, սա ցաւէն անդին կը խօսի՝ պատմական դրուագներէն սորվիլ չսիրելու վիճակներուն մասին, ինչ որ մեծ հաշուով կործանիչ է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2023