ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ո՞րմէ մարդը պարգեւներ կը ստանայ: Այդ պարգեւները գործածակա՞ն են:
Պատասխան. Աստուած է մարդուն պարգեւներ տուողը, եւ այդ պարգեւները ձրիաբար կը ստանայ մարդ:
Յովհաննէսի Աւետարանին առաջին գլուխին մէջ կը կարդանք. «Անոր [Աստուծոյ Բանին՝ Քրիստոսի] լիառատ շնորհքէն է որ մենք բոլորս շնորհքի վրայ շնորհք ստացանք. որովհետեւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցաւ տրուեցաւ, մինչ շնորհքն ու ճշմարտութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Յհ 1.16-17): Այս երկու համարները բացարձակ վկայութիւն են վերը մեր գրածին, թէ Աստուած է մարդուն պարգեւ տուողը:
Հայերէնի բառարանները շնորհք եւ պարգեւ բառերը հոմանիշ որպէս կը ներակայացնեն մեզի: Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին, սակայն, որոշակի տարբերութիւն մը կը դնէ շնորհքին ու պարգեւին մասին: Այսպէս.
«Ի՞նչ են պարգեւները եւ ի՞նչ՝ շնորհները:
Պ. Կ՚ըսենք, թէ չորսով կ՚որոշուին. նախ՝ որովհետեւ պարգեւները տուրքի նման են, իսկ շնորհները՝ ձրի: Երկրորդ, պարգեւները մարմնական են, իսկ շնորհները՝ հոգեւոր: Երրորդ, պարգեւները Հին ուխտին մէջ են, ինչպէս մարգարէներունը, իսկ շնորհները՝ Նոր ուխտին մէջ, ինչպէս առաքեալներունը: Չորրորդ, պարգեւները խնդրանքի համար են իսկ շնորհները՝ հաւատքի»:
«Ըստ ինքեան շնորհքը ի՞նչ է:
Պ. Կ՚ըսենք, նախ Սուրբ Հոգին շնորհք կը կոչուի ըստ եօթնարփեան շնորհքներուն: Երկրորդ, շնորհքը նուէր՝ ընծայ է, ինչպէս ըսուեցաւ: Երրորդ, շնորհքը բնութեան եւ երկինքի փառքին մէջտեղն է: Չորրորդ, շնորհքը առաքինութեան եւ վերին երանութեան մէջտեղն է, եւ ինքն իր մէջ երկնային փառքն ու երանութիւնը ունի, ինչպէս արմատը՝ ծաղիկը, եւ սերմը՝ պտուղը»:
Իսկ հետեւեալ համարը՝ «Անոր [Աստուծոյ Բանին՝ Քրիստոսի] լիառատ շնորհքէն է որ մենք բոլորս շնորհքի վրայ շնորհք ստացանք», այսպէս կը մեկնէ Տաթեւացի Վարդապետը.
«Այս խօսքին մասին գիտելի է, թէ Աստուծոյ շնորհքը կրկնակի է. մէկը առաջին կ՚ըսուի, իսկ միւսը՝ երկրորդ: Առաջին շնորհ կ՚ըսուի այն, որ ոեւէ մէկը Աստուծմէ կ՚առնէ ո՛չ թէ գործերուն համար, այլ՝ նախքան բարի գործերը, եւ այն ատեն այդ [ստացած] շնորհքով բարիք կը գործէ եւ արժանի կ՚ըլլայ Աստուծմէ միւս գերագոյն շնորհքը ընդունելուն: Եւ այս երկրորդ շնորհքը առաւել է կ՚ըսուի առաջինին դիմաց, որովհետեւ առաջինով արժանի եղաւ երկրորդ շնորհին:
Երկրորդ. հին եւ նոր օրէնքներուն համար կ՚ըսէ, որովհետեւ հին օրէնքը նախկին շնորհք կը կոչուի, որովհետեւ անհանզանդ ժողովուրդին օրէնք տալը մեծ շնորհք էր, քանի որ Սաղմոսը կ՚ըսէ. «Բնաւ ազգի մը այսպէս չըրաւ, բայց անոնք Անոր դատաստանները չճանչցան» (Սղ 147.20): Իսկ Մովսէսին օրէնքը անկատար էր, այդ պատճառով նոր եւ կատարեալ օրէնքը փոխարինեց Մովսէսի [օրէնքին], որու մասին կ՚ըսէ շնորհքի վրայ շնորհք ստացանք, այսինքն՝ օրէնք փոխանակ օրէնքի:
Երրորդ. սոյնպէս կ'ըսեն շնորհք փոխանակ շնորհքներու, այսինքն երանութիւն փոխանակ առաքինութեան, ինչպէս հաւատքի, յոյսի, սիրոյ եւ միւս բաներուն, որովհետեւ առաքինութեան շնորհը ինքն իր մէջ ունի երանութեան շնորհը, ինչպէս որ սերմը կամ արմատը՝ պտուղը, ինչպէս որ վերը ցոյց տրուեցաւ»:
Անպայմանօրէն մարդ պէտք է իրեն տրուած շնորհքներն ու պարգեւները գործածէ, եւ գործածէ այնպէս որպէսզի թէ՛ իրեն եւ թէ՛ իր շրջապատին վրայ բարերար ազդեցութիւն ունենան, միւս կողմէ ալ զԱստուած փառաւորելու ծառայեն:
Մարդուն իրեն տրուած շնորհքները ու պարգեւները չգործածելու մասին լաւագոյն ուսուցումը կը գտնենք Աւետարաններուն մէջ, ուր Տէր Յիսուս Իր առաքեալներուն ու հետեւորդներուն կը բացատրէ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է շահարկեն դրամը ու անոնց կը պատմէ մեծահարուստի մը մասին, որ նախքան իր ճամբորդելը իր մօտ կը կանչէ իր ծառաներէն երեքը եւ անոնց կը յանձնէ իր ունեցուածքը, որպէսզի շահարկեն, եւ անոնցէ իւրաքանչիւրին որոշակի բաժին մը կու տայ: Վերադառնալէ ետք իր մօտ կը կանչէ իր ծառաները եւ անոնցմէ հաշիւ կը պահանջէ. առաջին երկուքը կը ներկայացնեն իրենց տիրոջ իրենց աշխատանքին արդիւնքը եւ թէ ինչքան շահած են: Երրորդը, սակայն, մօտենալով իր տիրոջ, կ՚ըսէ. «Տէ՛ր, գիտէի որ խիստ մարդ ես, կը հնձես ինչ որ չես սերմանած եւ կը հաւաքես ինչ որ չես ցանած։ Վախցայ, ուստի գացի եւ տուած հարիւր ոսկի դրամդ հողին մէջ պահեցի։ Ահա տուածդ քեզի» (Մտ 25.24-25)։ Տէրը լսելով իր ծառային այս պատասխանը, բարկացած կ՚ըսէ անոր. «Չար ու ծո՛յլ ծառայ, եթէ գիտէիր որ կը հնձեմ ինչ որ չեմ սերմանած եւ կը հաւաքեմ ինչ որ չեմ ցանած, պէտք էր որ քեզի յանձնած դրամս շահարկողներուն տայիր, որպէսզի վերադարձիս տոկոսով միասին ետ առնէի զայն։ Հիմա առէ՛ք անկէ հարիւր դրամը եւ տուէք անոր՝ որ հազար ունի։ Որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի՝ նոյնիսկ աւելիով, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած փոքր բաժինն ալ։ Իսկ այս անպիտան ծառան դուրսը մութին հանեցէք։ Թող հոն լայ եւ ակռաները կրճտէ» (Մտ 25.26-30):
Պարզ ու յստակ. ան որ իրեն տրուած շնորհքն ու պարգեւը չի՛ գործածեր, ապա այն պիտի առնուի իրմէ եւ տրուի ուրիշի մը, որ լաւապէս գործածած ու օգտագործած է իրեն տրուած պարգեւն ու շնորհքը:
Լուսահոգի Զարեհ Ազնաւորեան Սրբազանը այս մասին այսպէս կը գրէ իր Մատթէոսի Աւետարանին մեկնութեան մէջ.
Ունեցողը ան է, որ իրեն տրուած շնորհքը կամ շնորհքները եկեղեցւոյ բարիքին համար ի գործ կը դնէ, եւ եկեղեցւոյ համար աւելին «կը շահի»: Եւ քանի գործով ապացուցած է, թէ ինք «շահարկել» գիտէ՝ «աւելի մեծ գործերու» պատասխանատու կը կարգուի Աստուծոյ կողմէ: Ու անոր կը վստահի նաեւ այն՝ որ այլոց կողմէ չէ ստանձնուած:
Անարդարութիւն չէ՛ «չունեցող»էն առնել «ունեցած փոքր բաժինն ալ», քանի որ ան արդէն իսկ իրեն տրուած շնորհքը կամ շնորհքները միայն թաղել գիտէ:
Հետեւաբար պարզ է: Երբ սերմնահատիկներու պարկը ագարակին մէկ անկիւնը կը ձգուի՝ կը փճանայ: Իսկ երբ դաշտ տարուելով կը ցանուի՝ բազմաթիւ պտուղներ կու տայ: Այն սերմնացանը որ ծոյլ է՝ կարելի չէ անոր դարձեալ գործ վստահիլ: Մինչ այն սերմնացանը որ աշխատասէր է՝ կարելի է անոր դարձեալ ու միշտ աւելի մեծ գործեր վստահիլ:
Կեանքին մէջ տեղքայլ ընելը չէ արտօնուած: Ան որ տեղքայլ կ՚ընէ՝ ետ գացած կ՚ըլլայ: Մանաւանդ այսօր: Քրիստոնեան կոչուած է միշտ յառաջ երթալու: Անշուշտ յառաջ երթալ՝ միշտ ըստ Աստուծոյ Կամքին գործելով, երբեք չծուլանալով, այլ աշխատասիրութեամբ:
Պիտանի ծառան կամ աշխատասէրը աւելի մեծ պատասխանատուութեան կը կոչուի եւ մասնակից կը դառնայ Տիրոջ ուրախութեան, մինչդեռ անպիտան ծառան կամ ծոյլը կը մնայ անյուսութեան կամ կորուստի մութիւն մէջ («Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», Մոնթրէալ 2016, էջ 454-455):
Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղեմացի Հայրապետը այսպէս կը գրէ շնորհքներու մասին. «Աստուծոյ գործն է քեզի շնորհք պարգեւելը, իսկ գործդ է՝ զայն ընդունիլն ու պահելը: Քեզի ձրի տրուած ըլլալուն պատճառով մի՛ արհամարհեր շնորհքը, այլ՝ ստանալով, երկիւծղածութեամբ պահէ զայն»:
Պօղոս Ատրիանապոլսեցի Պատրիարքը կը գրէ. «Շնորհքը Աստուծմէ կը տրուի, իսկ գործածութիւնը մարդէն կը պահանջուի։ Սա՛ կը նշանակէ Աստուծոյ շնորհքին գործակից ըլլալ՝ Անոր հաճելի ըլլալու համար»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 55
Վաղարշապատ