ԿԱՐՈՅԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ՈՐՊԷՍ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆՔ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱՆՈՂ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ՀԱՐԹԵԼ»
Արուեստաբան Նազարէթ Կարոյեան վերջերս այցելած է Իսրայէլ, ուր հանդիպումներ ունեցած՝ արուեստի տարբեր գործիչներու եւ շրջանակներու հետ: Այս առթիւ ԺԱՄԱՆԱԿ զրոյց մը ունեցաւ արուեստաբանին հետ:
-Ի՞նչ նպատակով գացիք Իսրայէլ:
-Ճամբորդութիւնս ունէր մասնագիտական բնոյթ՝ հանդիպումներ արուեստագէտներու հետ, այցեր՝ արուեստի կենդրոններ: Ան նաեւ ունէր յատուկ նպատակ՝ Հայաստան բերել ընթացքի մէջ գտնուող նախագիծերը, որոնց ես մասնակցած եմ, նաեւ Երուսաղէմի «Իսլամական արուեստ»ի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած իսրայէլացի նոր սերունդի, բայց շատ յայտնի արուեստագէտներէն մէկուն՝ Տոր Կուէզի ցուցադրութիւնը Հայաստան բերելու նպատակ կար: Այս իւրայատուկ, բազմագլուխ ցուցահանդէս մըն էր, որու վերջին հատուածին, ես իբրեւ արուեստաբան-հետազօտող, մասնակցած եմ: Նախագիծը կը կոչուի «Եւրոպայի հիւանդ մարդը»: Սա Նիքոլայ Ա. կայսեր յայտնի ձեւակերպումն է Օսմանեան կայսրութեան մասին: Տոր Կուէզ այդ նախագիծի ընթացքին ուսումնասիրած է Օսմանեան կայսրութեան պատմա-մըշակութային, աշխարհաքաղաքական ժառանգութեան ճակատագիրը եւ այսօրուան հետեւանքները: Կրնանք ըսել ինքնակենսագրական է, կը վերաբերի իր ընտանիքին, ծնողներուն, որոնց ճակատագրի պատմութիւնը հազուադէպ է։ Ան թունուզցի հայրենադարձ հրեայի եւ պաղեստինցի արաբ քրիստոնեայ կնոջ զաւակն է: Տոր Կուէզ մուլթիմետիա միջոցներ օգտագործող արուեստագէտ է եւ այդ միջոցներով է, որ կը խօսի այն մասին, թէ ինչպէս պատերազմը կ՚անցնի արուեստագէտի հոգիին մէջէն կամ հակառակը՝ արուեստագէտը կ՚անցնի պատերազմի մը մէջէն եւ ապա... կ՚իջնէ մեծ լռութիւն մը…։ Նախագիծի երկրորդ մասը աւելի հին պատմութիւն է. Անգարայի պատկերն է՝ թուրք երիտասարդ ճարտարապետներ, որոնք պատկերներու արխիւ կը ստեղծեն, բայց չեն աշխատիր իբրեւ ճարտարապետներ: Նախագիծին մէջ կը տեսնենք քեմալիզմը, Աթաթուրքը, ազգայնականութիւնը…։ Երրորդ մասը կը կոչուի «Քոմփոզիթէօրը», որ նուիրուած է Կոմիտաս Վարդապետին: Արուեստագէտը, մուլթիմետիայի միջոցով կը ներկայացնէ առասպելական ձայնագրութիւն մը, ուր երուսաղիմացի ոմն Յակոբ ունի Կոմիտասի եւ Գրիգոր Սիւնիի ձայնասփիւռային զրոյցը՝ 1910 թուականին: Բնականաբար այդ ժամանակ ձայնասփիւռային զրոյցներ չկային: Գրիգոր Սիւնին Կոմիտասի հետ ուսանած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը եւ այդ ձայնասփիւռային զրոյցի ընթացքին, իրենց կարծիքը յայտնած են՝ երաժշտութեան, ազգային, արեւելահայ-արեւմտահայ մտածողութեան տարբերութիւններու եւ նիւթերու մասին: Ըստ արուեստագէտին, մէկը Ղարաբաղէն կու գայ , իսկ միւսը՝ Քէօթահիայէն: Կը հանդիպին, յետոյ կը բաժնուին: Երկուքն ալ կը մահանան եւ կը թաղուին օտարութեան մէջ….։ Շատ հետաքրքիր նախագիծ է:
-Իսրայէլի արուեստի շրջանակներու մէջ Ինչպէ՞ս էր արձագանգը այս ցուցադրութեան:
-«Իսլամական արուեստ»ի թանգարանը փոքր, բայց շատ յայտնի թանգարան մըն է: Հոն կան ցուցադրուած շատ հետաքրքրական հաւաքածոներ:
Վերոյիշեալ թանգարանը, Երուսաղէմի պետութեան կողմէ խրախուսուող հաստատութիւն մըն է, պաղեստինցիները մշակութային ոլորտին մէջ ներգրաւելու համար: Երուսաղէմի հայութեան համար եւս այս միջոցառումը հետաքրքրութիւն ստեղծեց, սակայն դժբախտաբար ցուցահանդէսը ոչ մէկ արձագանգի արժանացաւ Հայաստանի մէջ եւ այս մէկը կը խօսի մեր մօտ (Հայաստանի մէջ) արուեստի հանդէպ եղած վերաբերմունքի եւ արուեստագէտներու դիրքի ու վիճակի մասին:
Շատ տպաւորիչ էր Երուսաղէմը, մանաւանդ հայերու ներկայութիւնը 2000 տարիէ աւելի պատմութիւն ունեցող քաղաքի մը մէջ, իսկ Թել Աւիւը մեծ առեւտուրի, հաղորդակցութեան, նիւթական ներհոսքի եւ պատմականօրէն ու քաղաքաշինական առումով շերտաւոր վայր է: Քաղաքը կը գտնուի վերականգնման փուլի մը մէջ: Վերականգնելէն յետոյ շինութիւնները ամբողջութեամբ պէտք է ստանան իրենց նախկին տեսքը, եւ այդ վերականգման համար կ՚օգտագործուի այն նոյն շինանիւթը, որով շէնքերը կառուցուած են նախապէս: Այստեղ արդէն ակնյայտ է Իսրայէլի պետութեան եւ հասարակութեան ընկերային կառուցուածքը, այսինքն՝ շէնքի բնակիչները որքան միասնական են եւ միասին կը կատարեն այդ աշխատանքները... Իսրայէլի պետութիւնը ստեղծուած է ազգայնական հիմքերու վրայ, ոչ թէ՝ կրօնի: Թել Աւիւի միւս մասը երկնաքերներով, զբօսաշրջային կենդրոններով հարուստ քաղաք մըն է, իսկ երրորդը՝ հին նաւահանգստային մասն է:
Պաղեստինցիները չեն հեռանար Իսրայէլէն՝ ըսելով, որ այդ իրենց երկիրն է եւ իրենք ենթարկուած են անարդարութիւններու: Իսրայէլի մէջ շերտ մըն ալ կը սեպէ, որ Իսրայէլը Պաղեստինն է, եւ այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ մահմետականներն ու քրիստոնեաները, բոլորը խրամատի միւս կողմն են, իսկ խրամատը բաժնուած է հրեաներուն եւ ոչ-հրեաներուն միջեւ:
-Ի՞նչ կրնաք ըսել Եաֆայի մասին:
-Եաֆայի հետ բացայայտումս կապուած էր հայութեան հետ: Ամբողջ Թել Աւիւի մէջ հայու հետքեր չկային, բայց հայեր կային: Եաֆա երթալու ընթացքին, նաւահանգիստի կեդրոնը եռագոյնը տեսայ, եւ մօտենալով կարդացի հետեւեալը՝ Սուրբ Նիկողոս Հայ Առաքելական Եկեղեցի: Այսինքն՝ առեւտրականները նաւահանգիստ եկած են եւ մտած են եկեղեցի….
-Պաղեստինեան թեւին հետ շփումներ եղա՞ն:
-Իսրայէլ եղած ժամանակ միտք մը յղացայ, որն էր Երեւանի մէջ կազմակերպել հրեայ եւ պաղեստինցի արուեստագէտներու ցուցահանդէս: Սա արգիլուած նիւթ մըն է, եւ հաւասարազօր այն միտքին, որ ատրպէյճանցին ու երեւանցին Մոսկուայի մէջ ցուցահանդէս մը կազմակերպեն:
-Հայաստանի մէջ շատ քիչեր կը հասկնան արաբ-իսրայէլեան բախումը: Որպէս արուեստագէտ, ի՞նչ կողմնորոշումներ ունիք:
-Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ ես շատ բան հասկցայ: Հոն կային մեծ առանձնատուներ, որոնք կը պատկանէին պաղեստինցիներուն, հաւանաբար՝ քրիստոնեայ: Մարդիկ, որոնք մեծահարուստ եղած են, տնօրինած են զանազան գործեր, եղած են մշակոյթի եւ արուեստի մօտիկ անձեր: Կորսնցուցած են իրենց ստացուածքը Իսրայէլի պետութիւնը ստեղծուելու ժամանակ: Իմ կարծիքով՝ գոյութիւն ունի քաղաքական, աշխարհաքաղաքական, մշակութային դասաւորութիւն, եւ ես միշտ կողմնակից եմ հաղորդակցութեան եւ երկխօսութեան: Որպէսզի բոլորին յաջողուի զիրար յարգել ու մանաւանդ միասին ապրիլ: Կրօնական ծայրայեղութիւնը ոչ մէկ դրական արդիւնքի կը յանգեցնէ։ Պէտք է շատ կարեւոր բան մը հասկնանք. լուծումը պատերազմը չէ, կան շատ խնդիրներ ու բացեր, որոնց վրայ հասարակութիւնները պէտք է միասին աշխատին։ Համատեղ աշխատանքէն ետք իւրաքանչիւրը պէտք է բերէ իր փորձը, զգայնութիւնը, երեւակայութիւնը եւ գիտելիքը:
-Իսկ հայութեան տրամադրութիւնը այս հարցի վերաբերեալ ինչպիսի՞ն էր:
- Իմ պատկերացումով՝ սաղիմահայութիւնը կղզիացած կեանք մը կը վարէ: Ի հարկէ, կան տարբեր պատճառներ: Օրինակ մը տալու համար ըսեմ, որ Երուսաղէմի թաղերուն մէջ շրջող իսրայէլացի զինուորականը կը ստեղծէ նաեւ այս տրամադրութիւնը: Սա կը նշանակէ, որ հաղորդակցական եւ դրամական հոսքերը կը տնօրինեն իսրայէլացիները:
-Արուեստի ոլորտին մէջ կը կարծէ՞ք, որ Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ որոշ համագործակցութիւն մը ըլլայ:
-Մենք կ՚աշխատինք համագործակցիլ եւ ծրագիրներ ստեղծել, որպէսզի իսրայէլեան Էին Հոտ քաղաքէն արուեստագէտներ Հայաստան գան, այստեղ ստեղծագործեն, արարեն, եւ մեզմէ ալ մէկը Էին Հոտ երթայ: Այս աշնան եւս համատեղ ծրագիրներ պիտի իրականացնենք:
-Իսրայէլ-Հայաստան յարաբերութիւնները այնքան ալ լաւ չեն, որու մէջ թերեւս, իր թերացումը ունի նաեւ Հայաստանը: Մենք անընդհատ անոնցմէ մեծ եղեռնի ճանաչում կը պահանջենք ու իրենք կ՚ուզեն այդ հարցէն հեռու մնալ: Արդեօք ձեր այս փորձը խթան կը հանդիսանա՞յ Իսրայէլ-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւման:
-Ըստ իս՝ մենք իրարու հետ խօսելու շատ բան ունինք: Մենք՝ որպէս քրիստոնեաներ, ոչ միայն առանձին վերաբերմունք ունինք հրեաներու նկատմամբ, այլեւ կը կիսենք պատմական ընդհանուր մշակոյթի յիշողութիւնը: Մենք պէտք է յիշենք՝ մշակութային-հոգեւոր առումով մենք ամենամօտն ենք մահմետականութեան եւ պուտտայականութեան, ինչ որ ակնյայտ է մեր պաշտամունքային առարկաներու վերլուծութենէն: Հայերը ունին գիրքի պաշտամունք, ինչ որ ունին նաեւ իսլամներն ու պուտտայականները։ Եւ մենք ամենամօտէն կը հասկնանք հրեաները: Եթէ մենք յանձն չառնենք այս ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութիւն ծաւալելու առաքելութիւնը, ապա վստահ եմ, որ ոչ ոքի պիտի յաջողուի այդ կարեւոր եւ խաղաղութեան տանող ճանապարհը հարթել:
«ԷԻՆ ՀՈՏ» ԿԱՄ ՑԱՒԻ ՎԿԱՅԱՐԱՆԸ
1953 թուականին հիմնադրուած «Էյն Հոտ»ը մեծ տպաւորութիւն գործած է արուեստաբան Նազարէթ Կարոյեանին վրայ: «Էին Հոտ»ը Իսրայէլի հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ հիմնադրուած գիւղ մըն է, որ արաբ-իսրայէլեան առաջին պատերազմէն առաջ եղած է պաղեստինցիներու պատկանող գիւղաւան: Պատերազմէն ետք տեղւոյն պաղեստինցիները բռնի կերպով հեռացուած են շրջանէն: Որոշ ժամանակ անց իսրայէլեան մարմիններ փորձած են ամէն գնով վերաբնակեցման կայանի վերածել շրջանը, բայց անոնց գործադրած ճիգերը դժբախտաբար մատնուած են ձախողութեան:
Այդ շրջանէն անմիջապէս ետք՝ 1953 թուականին Իսրայէլ ներգաղթած Տատաիստ արուեստագէտ մը՝ Մարսէլ Եանքօ կ՚որոշէ գիւղը վերածել արուեստի կեդրոնի: Ու անոր գործադրած ճիգերուն շնորհիւ «Էին Հոտ»ը կը վերածուի «արուեստի քաղաք»ի մը, ուր կ՚ապրին ու կը ստեղծագործեն 150 արուեստագէտներ: Կարոյեանի համր «Էին Հոտ»ը կարեւոր իմաստ մը կը ստանայ պարզ անոր համար, որ այդ գիւղը գետինն է տարբեր հանգամանքներու բերումով դարերով կողք-կողքի ապրած, բայց այսօր որպէս ոխերիմ հակառակորդ ներկայացող երկու ժողովուրդներու՝ իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու «կրկնակի ցաւերու»ն հանդիսավայրը:
Այդ գիւղը, որ այսօր աշխարհին կը ներկայանայ «յատուկ առաքելութեամբ» մը, «ականատես» եղած է շրջանէն բռնի կերպով հեռացուած պաղեստինցիներու ցաւին, ու անկէ ետք «երկրորդ հանդիսավայր» մը այն հրեաներուն, որոնք Եւրոպայի տարբեր ծագերուն ապրած են «Հոլոքոստ»ի տառապանքները:
Ու այս բոլորէն ետք շնորհիւ արուեստի ուժին, այսօր «Էին Հոտ»ը վերածուած է արուեստի շնորհիւ մարդկութեան տարբեր մակարդակի տառապանքներէն ձերբազատուելու վայրի մը:
Միւս կողմէ, եթէ ճիշդ վերլուծենք, Միջին Արեւելքի ապրած ընդհանուր տագնապին արմատները, ապա շատ յստակ կերպով երեւելի կը դառնայ, որ անոնց մեծագոյն տոկոսին հիմնական պատճառները խորքին մէջ կ՚առընչուին արաբ-իսրայէլեան տագնապին հետ:
Կար ժամանակ, երբ ան կը կոչուէր արաբ-իսրայէլեան տագնապ, բայց այսօր տարբեր հանգամանքներու բերումով այդ մէկը անուանուած է պաղեստին-իսրայէլեան տագնապ:
Պաղեստինեան հարցը հրապարակ կը հանուէր 1948 թուականէն ետք, երբ տարբեր պայմաններու տակ Իսրայէլի պետութիւնը, իրենց բնօրրանէն կը վտարէր տեղւոյն պաղեստինցիները, շատ յաճախ այդ գիւղերուն տեղ կառուցելով իսրայէլեան վերաբնակեցման վայրեր:
Դարերով միասին ապրած արաբներն ու հրեաները կը դառնային ոխերիմ թշնամիներ ու մինչեւ այս պահը «անլուծելի թուացող» տագնապին լուծման լուրջ հեռանկար մը չ՚երեւիր:
Վերջին քսան տարիներուն ընթացքին այս տագնապը դարձած է միջազգային հանրութեան ուշադրութեան գլխաւոր կէտ եւ հակառակ տարուած բոլոր ճիգերուն, երկու կողմերը (Իսրայէլի կողմէ իրականացուած անմարդկային արարքները շատ յաճախ «անգերազանցելի» են) տարբեր առիթներով դիմած են բռնութեան քայլերու, պատերազմներու, արիւնահեղութեան եւ աննպատակ բախումներու:
Այս բոլորին մասին բաւական լայն տեղեկութիւններ ունեցող եւ այսօրուան թերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցի «հերոս»ը՝ Նազարէթ Կարոյեան, բաւական խորքային մօտեցում մը ունի այս «ոխակալ» հակամարտութեան մասին:
Կարոյեան անկախ ամէն ինչէ, կ՚առաջարկէ շարունակել հաւատալ երկխօսութեան լեզուին: Արուեստաբանը, նոյնպէս կը հաւատայ, որ հակառակ բոլոր դժուարին պայմաններուն, պիտի գայ օրը, երբ կողմերը վիճելու եւ պատերազմելու փոխարէն պիտի նախընտրեն իրարու հետ խօսիլ, հասկցուիլ եւ միասնական ճիգերով կերտել նոր եւ արդար ապագայ մը:
Կարոյեան այս մասին խօսելով կը հաւաստիացնէ, որ շատ կենսական է հաւատալ խօսքի լեզուին եւ կարեւոր ճիգեր իրականացնել՝ հասնելու համար խաղաղութեան իսկական ճանապարհին:
Ու այս վերլուծումներէն անդին բացայայտ կը դառնայ, որ պաղեստինեան խնդրի լուծումը եւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներէն Պիլ Քլինթընի ներկայացուցած «երկու տէրութեանց լուծման» ճանապարհով խաղաղութեան հասնիլը մեծապէս պիտի նպաստէ միջինարեւելեան տարբեր շրջաններու մէջ առկայ մեծ ու փոքր «վէրքերուն» բուժման եւ սպիացման:
Երեւան
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ