ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ
«ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍ»
Պատարագիչ քահանային, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն միջեւ փոխն ի փոխ կատարուած փառաբանութենէն ետք, պատարագիչ քահանան բարձրաձայն ու եղանակաւոր կ՚ըսէ.
-Մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ, սուրբ եւ պատուական մարմինէն ու արիւնէն (այս ընթացքին դէպի ժողովուրդ կը դառնայ եւ քիչ մը կը յառաջանայ, սկիհը բարձր բռնած) սրբութեամբ ճաշակենք, որ երկինքէն իջնելով՝ մեր մէջ կը բաշխուի:
Ասիկա կեա՛նք է, յարութեան յոյս, մեղքերու քաւութիւն եւ թողութիւն:
Սաղմոս ըսէ՛ք մեր Տէր Աստուծոյ: Սաղմոս ըսէ՛ք մեր երկնաւոր Անմահ Թագաւորին, որ քերովբէական կառքերու վրայ կը նստի:
Այս մէկը այսպէս կը բացատրէ Խոսրով Անձեւացին.
«Ժողովուրդին կ՚ուղղէ խօսքը, զգուշացնելով, թէ որո՛ւ կը մօտենան եւ որո՛ւ հետ հաղորդակցութեան մէջ կու գան.- սուրբերու Սուրբին, որ (անշուշտ) պատուական է քան երկինքն ու երկիրը եւ բոլոր արարածները, բոլորին Արարիչին, բոլոր պատուական գոյակներու հաստատիչին: Այս մարմինն ու արիւնը, որուն կը մօտենանք եւ կը հպինք, Անո՛րն է՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի, որ մեզ սատանայէն փրկեց, մեզ մեր մեղքերու ծառայութենէն ազատեց եւ տիրեց մեզի: Երբ մեզի համար խաչուեցաւ, Անոր ոեւէ մէկ ոսկորը չփշրուեցաւ (հմմտ. Յհ 19.33, 36): Իսկ հիմա կը բաժնուի եւ կը բաշխուի մեզի, մեր բոլորին հետ միախառնուելու համար: Ասիկա կեա՛նք է, որովհետեւ մեր Տէրը ըսաւ. «Ով որ այս հացը ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի» (Յհ 6.58): Յարութեան յոյս է, որովհետեւ մեր Տէրը դարձեալ ըսաւ, ով որ այս հացէն (մարմինէս) ուտէ, «անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը» (Յհ 6.54): Ըսել կ՚ուզէր, թէ այս հացէն չճաշակողները յարութիւն չեն առներ, բայց յարութիւն կ՚առնեն ո՛չ թէ կեանքի, այլ դատաստանի համար, հետեւաբար այդ յարութիւնը պարգեւ չի համարուիր, այլ՝ պատիժ: Ինչպէս Տէրն ալ ըսաւ. «Անոնք որ բարիք գործած են, կեանքի՛ յարութեան համար, իսկ անոնք որ չար գործած են, դատաստանի՛ յարութեան համար» (հմմտ. Յհ 5.29): Հետեւաբար, Իր մարմինէն վայելողներն են, կ՚ըսէ, ճշմարիտ յարութիւն առնողները1, եւ այս (յարութեան) յոյսն է, որ քահանան ժողովուրդին կու տայ ըսելով. Ասիկա կեա՛նք է, յարութեան յոյս: Այլեւ կ՚աւելցնէ. մեր մեղքերուն քաւութիւն եւ թողութիւն, որովհետեւ մկրտութենէն յետոյ հաղորդութի՛ւնն է, որ մեղքերը կը սրբէ՝ խոստովանութեամբ եւ ապաշխարութեամբ: Մկրտութիւնը կը մաքրէ լուացումի օրինակով, իսկ հաղորդութեան այս խորհուրդը՝ հալոցներու օրինակով: Որպէս լուանալի նիւթ (մկրտութեան) աւազան կը մտնենք եւ անկէ կը փոխարկուինք ոսկիի եւ արծաթի բնութեան, որ այնուհետեւ լուացումի պէտք չունի՝ աղտը սրբելու համար, այլ հալոցի կը կարօտի, եւ (միայն) այս զօրաւոր կրակին մէջ մտնելով կը մաքրուի: Ինչպէս հալոցին մէջ, ոսկին եւ արծաթը զտելու համար ուրիշ նիւթեր ալ անհրաժեշտ են, եւ անոնցմով միայն կրակը կը սրբէ անոնց (ոսկիին եւ արծաթին) աղտը, նոյնպէս ալ հոս՝ խոստովանութիւնը եւ ապաշխարութիւնն են, որ գործակից կը դառնան (խորհուրդին), այդ մաքրութիւնը տալու համար: Եւ ինչպէս հալոցին մէջ կրակը առանձինն միայն կ՚այրէ, չի հալեցներ եւ ոսկին ու արծաթը չի զատեր աղտէն, հոս ալ ճի՛շդ նոյնպէս է, եթէ մէկը առանց խոստովանութեան եւ ապաշխարութեան մօտենայ այս հոգեւոր կրակին՝ չի սրբուիր, այլ՝ կ՚այրի. իսկ եթէ ապաշխարութեամբ մօտենայ, իր կարգին սրբութիւնը (կը գտնէ):
…
Թէպէտեւ սեղանին վրայ կը տեսնուի, բայց Ան (Քրիստոս) երկինքն է եւ քերովբէներուն քով, բոլորին Աստուածն է եւ Թագաւորը, ուստի, սաղմոս ըսէ՛ք եւ փառք տուէ՛ք Անոր, եւ Իր հետ՝ Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին, որովհետեւ քերովբէներու վրայ նստած Աստուածն ու Թագաւորը Ինքզինք ա՛յս սեղանին վրայ կը դնէ մեզի համար, որպէս կերակուր եւ ըմպելի: Եւ միշտ փառաւորեալ ըլլայ Սուրբ Երրորդութիւնը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից»:
Անձեւացի Եպիսկոպոսին բացատրութենէն յստակ կը դառնայ, որ այն Սրբութեան որ կը մօտենանք, պարզ բան մը չէ, Տէր Յիսուս Ի՛նք է, որ Իրմով հաղորդուողներուն կեանք կու տայ: Առ այդ, երբ Պատարագի կը մասնակցինք, պէտք է մենք մեզ այդ գիտակցութեամբ պատրաստենք եւ Հաղորդութեան ժամանակ երկիւղով մօտենանք, մեր մէջ ընդունելու մեր Փրկիչը: Այլ խօսքով, մենք մեզ պէտք է մաքրենք ամէն տեսակի աղտեղութիւններէ, մեղքերէ, կեղտերէ, վրէժխնդրութիւններէ, նախանձէ, չարութենէ, թշնամութիւններէ եւ հակառակութիւններէ, եւ նոր միայն մաքրուած, սրբուած, սպիտակացած մօտենանք Սուրբ Հաղորդութեան, որպէսզի այն մեզի համար փրկութեան միջոց դառնայ եւ ո՛չ թէ դատապարտութեան, որովհետեւ Սուրբ Պօղոս առաքեալը կ՚ըսէ. «Այսուհետեւ՝ ո՛վ որ անարժանութեամբ ուտէ այս հացը կամ խմէ Տիրոջ բաժակէն, Տիրոջ մարմինին եւ արեան դէմ մեղանչած կ՚ըլլայ: Ուստի, ամէն մարդ նախ ինքզինքը թող քննէ եւ ապա միայն այս հացէն ուտէ եւ բաժակէն խմէ, որովհետեւ ով որ անարժանութեամբ կ՚ուտէ եւ կը խմէ՝ այդ ուտելովն ու խմելովը ինքզինք դատապարտութեան կ՚ենթարկէ, քանի որ զանազանութիւն չի դներ սովորական հացին եւ Տիրոջ մարմինին միջեւ: Այս է ահա պատճառը, որ ձեր մէջ բազմաթիւ հիւանդներ ու ցաւագարներ կան եւ բազմաթիւ են նաեւ անոնք՝ որ նոյն պատճառով մեռան: Եթէ երբեք մենք մեզ քննէինք, չէինք պատժուեր: Իսկ եթէ կը պատժուինք, Տէրը այդ ձեւով կը խրատէ մեզ, որպէսզի չըլլայ որ աշխարհի հետ միասին դատապարտուինք» (Ա. Կր 11.27-32): Տեսէք, թէ ի՜նչ ահաւոր պատիժ կը սպասէ բոլոր անոնց, որոնք անարժանութեամբ կը մօտենան այս Ահաւոր եւ միաժամանակ Կենդանարար Խորհուրդին, իսկ երբ արժանաւորութեամբ, գիտակցութեամբ, ահով եւ երկիւղով կը մօտենանք, ապա այն մեզի համար կեա՛նք, յարութեան յոյս, մեղքերու քաւութիւն եւ թողութիւն կը դառնայ:
Այստեղ, քիչ մը պիտի շեղիմ մեր վերնագիրի ընդհանուր տրամաբանութենէն, ինչ պատճառով ալ վերնագիրին տակը աւելցուցած եմ «յարութեան յոյս»: Դժբախտաբար, այս մեր հոգեւորականներէն շատերը Պատարագի այս հատուածին, երբ սկիհ բռնած դէպի ժողովուրդ կը դառնան, հետեւեալը կ՚ըսեն. Ասիկա կեա՛նք է, յոյս, յարութիւն, մեղքերու քաւութիւն եւ թողութիւն: Այս կերպ ըսելը սակայն սխալ է, որովհետեւ նման կերպով ըսել անիմաստ է, ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի, քանի որ երբ յոյս, յարութիւն կ՚ըսենք, ի՞նչ ըսել կ՚ուզենք այդպիսով. ո՛չ մէկ իմաստ կայ այս կերպ ըսելուն մէջ, ինչ ձեւով ալ փորձենք բան մը բացատրել, եւ աւելին՝ հասկնալ: Մինչ երբ այս ձեւով ըսենք՝ յարութեան յոյս, ապա ամէն ինչ իր տեղը կ՚իյնայ եւ քահանային ըսածն ալ իմաստ կ՚ունենայ, որովհետեւ Հաղորդութիւնը յարութեան յոյս է իւրաքանչիւր հաւատացեալի, որ սրբութեամբ, ահով, երկիւղով եւ արժանաւորութեամբ կը մօտենայ Հաղորդութեան:
Այստեղ, աւելի մանրամասն եւ հասկնալի գաղափար մը կազմելու համար այս կատարուած սխալին մասին, ընթերցողներուն կը ներակայացնենք Կարապետ Վարդապետ [ապա Եպիսկոպոս] Տէր-Մկրտչեանին այս մասին գրածը.
«Տպագիր եւ վերջին դարերու ձեռագիր պատարագամատոյցներու համաձայն մեր եկեղեցւոյ մէջ ներկայիս կը կարդացուի. “Ի սուրբ ի սուրբ պատուական մարմնոյ եւ յարենէ Տեռան մերոյ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի ճաշակեսցուք սրբութեամբ, որ իջեալ յերկնից բաշխի ի միջի մերում. սա է կեանք, յոյս, յարութիւն, քաւութիւն եւ թողութիւն մեղաց, եւ այլն”: Նախնականը ինչպէ՞ս եղած է. ատոր հնագոյն օրինակը մենք կը գտնենք Ժ. դարուն ապրող Խոսրով Անձեւացիի Պատարագի Մեկնութեան մէջ. “Ի սուրբ պատուական մարմնոյ եւ յարենէ Տեառն մերոյ եւ փրկչին Յիսուս Քրիստոսի՝ որ բաշխի ի միջի մերում. սա է կեանք, յոյս յարութեան, եւ քաւութիւն եւ թողութիւն մեղաց մերոց”. ժամանակի ընթացքին բաւական ճոխացած ու ընդարձակուած է ուրեմն այս ամբողջ պարբերութիւնը, բայց մինչ միւս փոփոխութիւնները գիտակցօրէն եղած են՝ “յոյս, յարութիւն” ակներեւ թիւրիմացութիւն է, անշուշտ՝ արտասանելու դիւրութենէն յառաջացած: Ահա թէ Անձեւացին ինչպէ՛ս կը բացատրէ այս մասը. “Ասիկա կեա՛նք է. որովհետեւ մեր Տէրը ըսաւ, ով որ այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի: Եւ յարութեան յոյս է, քանի որ Տէրը այս եւս ըսաւ, թէ վերջին օր անոր յարութիւն պիտի տամ, ով որ ասկէ կ՚ուտէ, եւ այլն”: Լամբրոնացին եւս նոյն ձեւով կարդալով իր Պատարագի մեկնութեան մէջ, թէ՝ “Սա է կեանք, յոյս յարութեան, քաւութիւն եւ թողութիւն մեղաց”, կը բացատրէ. “Ասիկա կեա՛նք է՝ ո՛չ մարմիններուն, այլ՝ հոգիներուն. ասիկա յո՛յս է՝ ո՛չ թէ ապականացու փառքի, այլ՝ անապականին. ասիկա քաւութիւն է վիշապի ժանիքներուն մէջ աղտեղացածներուն, եւ այլն”: “Յոյս յարութեան” կը կարդնաք տակաւին, օրինակ, Մայր Աթոռի մատենադարանի 1385-ին գրուած ժամագիրքի մը եւ բոլոր ուրիշ աւելի հին ձեռագիրներուն մէջ: Եւ եթէ ճիշդ մտածենք, ուրիշ կերպ անհասկնալի է ընդհանրապէս: Ժողովուրդին ի ցոյց բարձրացուցած Հաղորդութեան Սուրբ Խորհուրդը “յարութիւն” անուանել, նորէն ալ միտք մը կ՚ունենար, բայց միայն սոսկ միայն “յոյս” -ինչպէս ուզենք ձգձգենք՝ ճիշդ իմաստ չի տար. մինչդեռ “յոյս յարութեան” ամբողջովին պարզ է, մանաւանդ վերը յիշուած բացատրութիւններէն ետք, եւ առանց մեր խօսքը երկարացնելու, կրնանք հաստատապէս պնդել, որ ճիշդը ա՛յդ է եւ ա՛յդպէս պէտք է արտասանել Պատարագին մէջ»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 12
22 յուլիս 2022, Վաղարշապատ
1 Ձեռագիրը բառ մը աւելի ունի. «Սերտիւ յինքենէ յարուցեալ»: Արդեօք, «որոնք Իր կողմէ յարութիւն պիտի առնեն» պէտք է թարգմանել (ծանօթագրութիւնը Զարեհ Արք. Ազնաւորեանինն է):