ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
Դ.
ՉՀԱՍ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ
Չհասութեան գաղափարը հին եւ նոր ազգերուն մէջ: Մուհամմէտն ու Մովսէսը: Արեւմտեան եւ Արեւելեան եկեղեցական ժողովներուն որոշումները ազգակցական ամուսնութեան վերաբերմամբ: Հայոց Եկեղեցւոյ սահմանած կանոնները: Ի՞նչ հիմունք ունէր արենակցական ամուսնութեան արգիլումը: Հիներուն տուած բացատրութիւնները: Բարոյական հիմունք: Արենակցական ամուսնութեան ազդեցութիւնը թէ՛ ամուսիններուն եւ թէ՛ սերունդին վրայ: Ասոր վերագրուած հիւանդութիւնները (խուլ-համրութիւն, ջղային հիւանդութիւն, խելագարութիւն, վատասեռում, եւ այլն): Նորագոյն գիտական հայեացքները ու ժառանգականութեան խաղացած դերը արենակցական ամուսնութեան մէջ:
Չհասութեան գաղափարը հին եւ նոր ազգերուն մէջ: Մահամմէտն ու Մովսէսը: Արեւմտեան եւ Արեւելեան եկեղեցական ժողովներուն որոշումները ազգակցական ամուսնութեան վերաբերմամբ: Հայոց Եկեղեցւոյ սահմանած կանոնները: Ի՞նչ հիմունք ունէր արենակցական ամուսնութեան արգելումը: Հիներուն տուած բացատրութիւնները: Բարոյական հիմունք: Արենակցական ամուսնութեան ազդեցութիւնը թէ՛ ամուսիններուն եւ թէ՛ սերունդին վրայ: Ասոր վերագրուած հիւանդութիւնները (խուլ-համրութիւն, ջղային հիւանդութիւն, խելագարութիւն, վատասերում, եւ այլն): Նորագոյն գիտական հայեացքները ու ժառանգականութեան խաղցած դերը արենակցական ամուսնութեան մէջ:
Պիւխնէրը, Վերկինը, Վունզէնը եւ շատ ուրիշներ նկարագրած են փոքր եւ կղզիացած համայնքներ, որոնց մէջ դարերու ընթացքին կը տիրէր չհաս ամուսնութիւնը եւ որոնք այնուամենայնիւ յաղթանդամ, առոյգ անհատներէ բաղկացած էին: Պետրիի ըսելով, ազգակցական պսակները Սումաթրայի մէջ օրէնք դարձած են, եւ չնայելով արիւնախառնութեան, բնակիչները իտէալական կազմուածք ունին: Հեղինակներ կան, որոնք եկած են այն եզրակացութեան, թէ ընդհակառակը, արենակիցները իրարու հետ ամուսնանալով աւելի լաւ, աւելի առողջ սերունդ կու տան, քան օտարները:
Այսպիսով, խնդիրը անորոշ կը մնար, առարկութիւններն ու փաստերը հակասական էին եւ չէին կրնար ոչինչ վճռել:
Գիտնականները դիմեցին ուրիշ մեթոտի մը. անոնք կենդանիներու ու բոյսերու վրայ փորձեր կատարեցին:
Այստեղ եւս փաստերը խառնաշփոթ ու հակասական են. Շիպոյի, Պուրժըլէի, Փոթուանի, Արքանուիլի փորձերը, Ալֆորի, Լոնտոնի անսանաբուծական ուսումնարաններուն մէջ ըրած դիտումները մեզ այն եզրակացութեան կը բերեն, թէ արենակից կենդանիներու զուգաւորումը ցեղը կը նսեմացնէ, աճը կը դադրեցնէ: Միւս կողմէ, անգլիական հաստատութիւններուն եւ սպանդանոցներուն մէջ կատարուած դիտումներն ու փորձերը հակառակը ցոյց կու տան:
***
Խնդիրը նոյն դրութեան մէջ կը մնար, ինչ որ էր մի քանի դար առաջ, եւ հազարաւոր փորձեր ու դիտումներ լոյս չձգեցին անոնց վրայ:
Նորագոյն գրողները, կարծես, աւելի կը հակին հիներուն կարծիքը ընդունելու այսպիսի ամուսնութիւններու վնասակարութեան վերաբերմամբ: Վիլքէնը մասամբ այդ կարծիքին է: Մաթտեկացցան եւս կ՚ըսէ, թէ չհասներու սերունդը աւելի քիչ կ՚աճի ու կը բազմանայ, քան հեռաւորներունը:
Հիմա, բժիշկներն ու մարդաբանները ժառանգականութեան մեծ դեր խաղալ կու տան: Փերիէն ճիշդ նկատած էր, որ «արենակցութենէն ծագած դժբախտութիւնները ո՛չ թէ արնախառնութեան հետեւանք պէտք է համարել, այլ՝ հիւանդական ժառանգականութեան»: Նոյնը բանը կը պնդէր Պուրժուան տակաւին վաթսունական թուականներուն:
Ընդհանուր կարծիքը հետեւեալն է.
Ծնողներուն ֆիզիքական յատկութիւնները (լաւ թէ վատ) սերունդին կ՚անցնին. հետեւաբար, միեւնոյն ընտանիքի անդամները իրենց նախահայրէն ու նախամայրէն կը ժառանգեն անոնց ֆիզիքական թուլութիւնները, ինչպէս նաեւ բարեմասնութիւնները (գոնէ մասամբ):
Օրինակ, եթէ ծնողները թոքախտաւոր եղած են, սերունդը նոյնպէս տրամադրուած կ՚ըլլայ դէպի այդ հիւանդութիւնը եւ կրնայ նոյն ցաւով վարակուիլ: Եթէ այս արատաւոր ծնողներէն սերածները իրարու հետ ամուսնանան, պարզ է, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ժառանգին կու տայ իր հիւանդական տրամադրութենէն մէկ մասը: Այսպիսով նոր զաւակի մէջ կը գումարուին երկու ծնողներու հիւանդական տրամադրութիւնները, եւ ան, հետեւապէս, աւելի տկար կ՚ըլլայ, քան ծնողներէն իւրաքանչիւրը: Յետոյ, եթէ այս նոր զաւակը ամուսնանայ իր մէկ ուրիշ արենակից ազգականին հետ (օրինակ՝ հօրեղբօր աղջկան հետ), անոնցմէ ծագած սերունդը կազմուածքով աւելի եւս թոյլ կ՚ըլլայ, աւելի եւս տրամադրուած թոքախտի: Եւ, այսպէս, հիւանդական յատկանիշներն ու տրամադրութիւնները երթալով սերունդէ սերունդ կը սաստկանան, կը փճացնեն, կը սերահատեն յետագայ սերունդները ու ցեղը հիւծումի կը հասցնեն:
Ցաւալին ճի՛շդ այն է, որ (ինչպէս բազմաթիւ հետազօտողներ նկատած են) ժառանգականութիւնը ծնողներուն հիւանդական ճիշդ թոյլ կողմերը կ՚ընտրէ ու նոր սերունդին կու տայ:
Այս ձեւով ցեղը երթալով կը տկարանայ, անոր աճումը կը պակսի ու կը դադրի: Նոր հոսանք, նոր արիւն անհրաժեշտ կը դառնայ, որ անոնց մէջ կենդանացնէր մարած կամ թուլցած կենսական ուժերը եւ բարգաւաճումի ընդունակութիւնը:
Արդի մարդաբանները նոր տարրերու ներհոսումը անհրաժեշտ կը համարեն հինցած հասարակութիւնները նորոգելու համար (Թարթը, Սիկելէն, Լըպոնը):
Յաճախ ամբողջ դասակարգեր, քաղաքներ, որոնք առանձնացած կեանքով կ՚ապրին, կարծես, կը ծերանան, կը թառամին, ժողովուրդը կը նուազի, կը կորսնցնէ իր տոկունութիւնը կեանքի կռուին մէջ: Նկատուած է, որ դրսեցիները բնիկներուն խառնուելով, կ՚ազնուացնեն եւ նոր կենսական ուժ կը ներշնչեն անոնց:
Դուք ձեզ առողջ օտարական մը երեւակայեցէք, որ կին կ՚ուզէ ժառանագական արատաւոր մը. օրինակ՝ ջղային աղջկայ մը: Ի՜նչ կ՚ըլլայ ասոնց սերունդը: Ասիկա իր մօրմէն պիտի ստանայ անոր ջղային խանգարումներն ու հիւանդական տրամադրութիւնները, բայց հօրմէն ժառանգած առողջ ջիղերը, այսպէս ըսած, հիւանդական սաղմերը կ՚ոչնչացնեն, կը տկարացնեն:
Այս երկար հետազօտութիւնները մեզ հետեւեալ եզրակացութեան կը բերեն.
1. Արենակցական ամուսնութեան վնասակարութիւնը գիտնականապէս դեռ չէ ապացուցուած, սակայն դարաւոր դիտումները եւ մարդաբանական ցուցմունքները իրաւունք կու տան մեզի մասամբ ընդունելու այդ ենթադրութիւնները:
2. Ազգակցական ամուսնութիւններէն յառաջացած սերունդներուն սերհատումը ժառանգականութեան օրէնքով կը բացատրէ, որով սերունդներուն մէջ ծնողներուն արատները կը գումարուին:
3. Վատասեռումը տեղի կ՚ունենայ այն պարագային, երբ ամուսնացող ազգականներուն ընդհանուր նախնիները հիւանդոտ ու արատաւոր եղած են, եւ վատասերումը այնքան աւելի մեծ է, որքան մօտ է ազգակցութիւնը: Հակառակ պարագային (երբ ծնողները առողջ են) ժառանգները կրնան երկար սերունդներու ընթացքին պահպանուիլ ու աճիլ, արենակցական միաւորումներուն չնայելով:
4. Արատաւոր ընտանիքին պատկանող անհատը, առողջ օտարի հետ ամուսնանալով, կրնայ բոլորովին առողջ սերունդ արտադրել:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 10
Վաղարշապատ