«ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, ԻՍԿ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ Կ՚ՕԳՏՈՒԻ ԱՅՍ ՎԻՃԱԿԷՆ»
Արցախէն երիտասարդ պատմաբան Վլատիմիր Տոլուխանեան համոզուած է, թէ նոր նախագահի ընտրութիւնը ոչինչ պիտի փոխէ։ Մինչ Արցախի իրավիճակը կը մնայ ճգնաժամային եւ հարցականներով ծանրաբեռնուած, վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ կարծիքը շօշափեցինք Վլատիմիր Տոլուխանեանի, որուն մօտեցումները կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
-Բոլորս կը գիտակցինք, որ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ բարդ։ Նկատեցինք նաեւ, որ Աղտամ-Ստեփանակերտ եւ Լաչին-Ստեփանակերտ ճանապարհներու գործարկումը հետզհետէ զուգահեռ բնոյթ մը կը ստանայ։ Ներկայիս ի՞նչ է իսկական պատկերը։
-Ակնայի ճանապարհին բացուիլը Ատրպէյճանի քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումն է։ Մենք կը նկատենք, որ այդ մէկը կը փորձեն ընել ի հեճուկս արցախահայութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան որոշ դիմադրութեան։ Այդպէս կը վար-ւին՝ նկատելով նաեւ, որ Ատրպէյճանը զսպելու իր քաղաքականութեան մէջ միջազգային հանրութիւնը յայտարարութիւն կատարելէ անդին չ՚երթար։ Իսկ Ռուսաստանի կողմէ ընդհանրապէս անհասկնալի կեցուածք մը կայ…
Միւս կողմէ, Արեւմուտքը որոշ քայլեր կը կատարէ (օրինակ՝ Փարիզի քաղաքապետի գլխաւորութեամբ դէպի Բերձորի (Լաչինի) միջանցք մարդասիրական շարասիւնի պարագան), բայց այդ բոլորը բաւարար չեն։ Ատրպէյճան բոլոր հարթակներուն վրայ կը շեշտէ, որ Լաչինի միջանցքը բաց է, միւս կողմէ կ՚ըսէ, թէ եթէ մարդասիրական խնդիր է, ապա ինչո՞ւ հայերը Աղտամի ճանապարհէն չեն օգտուիր։ Մենք կը հասկնանք այս թակարդին իմաստը. եթէ Աղտամի ճանապարհը բացուի եւ դառնայ բանուկ ճանապարհ, ապա տարբեր պատրուակներով պիտի կարենան փակ պահել Լաչինի ճանապարհը եւ աշխարհին շեշտել, որ շրջափակում չկայ։ Մենք՝ արցախցիներս կը շեշտենք, որ պէտք է առաջնահերթօրէն բացուի Լաչինի միջանցքը՝ Արցախը Հայաստանին եւ աշխարհին կապող առաջնային ճանապարհը։ Սա պէտք է ըլլայ երկկողմանի՝ մարդոց եւ մարդասիրական եւ տնտեսական բեռներու համար։ Միւս կողմէ, մենք չենք փափաքիր անընդհատ մարդասիրական օգնութեան շահառուներ ըլլալ, այլ մեր աշխատանքի միջոցաւ կ՚ուզենք այդ բերուած ապրանքները գնել։
-Եթէ շեշտը դնենք զարգացումներուն վրայ, համաձա՞յն էք, որ Արցախի նախագահական ընտրութիւնը ռուսական քայլի մը բովանդակութիւնը ունէր եւ անոր իբրեւ հետեւանք Ռուսաստանի Կարմիր խաչի միակ բեռնատարին արտօնուեցաւ Ստեփանակերտ մուտք գործել։ Սա հաւանաբար եղաւ որպէս նուէր Արցախի նոր իշխանութիւններուն, սակայն անկէ ետք հերթական անգամ նկատելի էր, որ Պաքու մնաց անդրդուելի եւ թոյլ չտուաւ, որ Լաչինի ճանապարհը վերաբացուի։ Սա, անշուշտ, կը նշանակէ, որ Պաքուի այս պատգամ-հարուածը ուղղուած չէր միայն Արցախին, արցախցիներուն ու հայ ժողովուրդին, այլեւ ռուսերուն։ Այս առումով ի՞նչ են ձեր մեկնաբանութիւնները։
-Ինչ կը վերաբերի Արցախի ներկայ քաղաքական վիճակին եւ ընդհանրապէս խաղաղասիրութեան եւ խաղաղապահ զօրքերուն մասին՝ աշխարհի մէջ որեւէ երկիր լաւ օրերուն իր տարածքին վրայ խաղաղապահ չ՚ընդունիր։ Սա կը նշանակէ, որ մինչ այդ տեղի ունեցած են ահռելի եւ ահաւոր դէպքեր, պատերազմներ, եւ այլն։ Նոյնն է Արցախի պարագան։ Խաղաղապահներուն ներկայութիւնը ցոյց կու տայ մեր թոյլ վիճակը։ Խաղաղապահ երկիրը՝ Ռուսաստանը այս վիճակէն կ՚օգտուի։ Իշխանափոխութեան ետին կանգնած ուժերը, որոնք կ՚ըսէին, թէ Աղտամի ճանապարհը բանալը դաւաճանութիւն է, այսօր փոխած են իրենց կեցուածքը։ Կարեւոր է նկատել, որ Ռուսաստանը եւ իր խաղաղապահները՝ գտնուելով Արցախի մէջ ու նկատելով, որ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը ինչպիսի տանջանքներէ կ՚անցնի, կ՚որոշեն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկել ո՛չ այն ճանապարհով, որուն մասին նշուած է 10 նոյեմբերի համաձայնութեան մէջ, այլ այն ճանապարհով, որ ձեռնտու է Ատրպէյճանին։ Շատ դիւրութեամբ անոնք կրնային որեւէ օժանդակութիւն ուղարկել Հայաստանի օդակայանը եւ այդտեղէն Լաչինի միջանցքով զայն հասցնել Արցախ։ Բայց արդէն պարզ կ՚երեւի, որ այստեղ ինչ-որ խորհրդաւոր գործողութիւններ տեղի կ՚ունենան, որոնց շահառուն, առաջին հերթին, Ատրպէյճանն է, ապա Ռուսաստանը։ Իսկ նոր նախագահի ընտրութիւնը որեւէ էական բան պիտի չփոխէ։
-Արցախի ժողովուրդին հողին կպած ըլլալու երեւոյթը մեզի համար նորութիւն մը չէ։ Արդեօք Արցախը լքելու միտումներ կա՞ն։ Շատեր կ՚ըսեն, թէ Ատրպէյճան միտումնաւոր կը սեղմէ օղակը, որպէսզի արցախցիներ յուսալքուին, ապա առաջին առիթով հեռանան իրենց պապենական օճախէն։ Արդեօք ներկայիս ինչպէ՞ս են տրամադրութիւնները Արցախի մէջ։
-Եթէ անկեղծութեամբ խօսինք, Արցախի ժողովուրդին մօտ ստեղծուած է աղէտալի իրավիճակ մը, որուն յաղթահարումը շատ դժուար է։ Առիթէն օգտուելով կը խնդրեմ համայն հայութենէն, որոնք կ՚ապրին աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ՝ լաւ հասկնան, թէ այստեղ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ եւ անհիմն ու սխալ լուրեր հաղորդող լրատուամիջոցներու զոհը չդառնան։ Ես նաեւ կը խնդրեմ, որ հայրենասիրական կոչերով չդիմեն Արցախի բնակչութեան՝ ըսելով «Պինդ եղէք, մենք ձեզի հետ ենք» եւ այլն։ Մարդիկ պէտք է այս կացութեան մէջ գտնուին, որպէսզի հասկնան կատարուածը։ Ժամերով մարդիկ հերթերու մէջ կը կանգնին կտոր մը հաց ստանալու համար։ Մայրեր շուարած են, թէ ի՛նչ ընեն, որովհետեւ ուտելիք չկայ իրենց զաւակներուն համար։ Դեղարաններուն մէջ բացարձակապէս դեղ չկայ, խանութներուն մէջ ապրանք չկայ։ Կարճ խօսքով՝ լաւագոյն պարագային կը տիրէ 18-րդ դարու վիճակ մը։ Աշխարհի բոլոր լրատուամիջոցները խօսած են արդէն այս բոլորին մասին։ Ժամանակն է, որ քաղաքական գործիչներ դիմեն կտրուկ քայլերու։ Կը կարծեմ, որ այս պարագային քաղաքականութեան մէջ ազնուութիւնը աւելի մեծ դեր կ՚ունենայ՝ քան դիւանագիտական արտայայտութիւնները։ Արցախցիներս՝ մենք զմեզ ազատ ժողովուրդ կը սեպենք։ Ունինք բազմաթիւ խնդիրներ, բայց միեւնոյնն է, մեր արժեհամակարգի մէջ այս արժէքները կան եւ հետզհետէ աւելի պիտի կայանան։ Նոյնը չենք կրնար ըսել Ատրպէյճանի մասին, որ իր նաւթակազային միլիառներու հաշուին կրցած է լռեցնել զանազան հարթակներ, վերազինել իր բանակը, աճեցնել լրատուադաշտը, տարբեր երկիրներու մէջ ունենալ գործակալներ եւ այլն։ Կը հասկնամ, որ ժողովուրդներուն երկխօսութիւն պէտք է, բայց Ալիեւի իշխանութիւնը երկխօսութեան տեղ ձգա՞ծ է։ Կը հասկնանք, որ օր մը պատերազմները, հրանօթները պիտի դադրին։ Բոլորս ալ կ՚ուզենք խաղաղ ապրիլ։ Արցախցիներս երեք հազար տարիէ ի վեր այս հողերուն վրայ կ՚ապրինք եւ ամենադժուարին պայմաններուն մէջ փորձած ենք պահպանել մեր ինքնութիւնը, մեր անվտանգութիւնը։ Այս բոլորը, ինչպէս պատմութիւնը ապացուցած է, թոյլ տուած է պահել մեր ինքնութիւնը՝ մնալ հայ եւ ինչու չէ նաեւ օգնել ամբողջ հայութեան՝ իր ուժերը վերագտնելու դժուար ճանապարհին մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024