ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Աղքատութիւնը ամօ՞թ է:
Պատասխան. Դժբախտաբար ներկայի մեր ընկերութեան համար շատերու կողմէ աղքատութիւնը ամօթ կը համարուի եւ նոյնիսկ անարգանք: Բայց միթէ՞ այդպէս է: Բնականաբար ոչ, որովհետեւ աղքատութիւն կամ հարստութիւն դարերով մարդուն առօրեայ կեանքին ընկերացող իրականութիւններ են, որոնցմէ մարդ չի՛ կրնար զերծ մնալ: Հարցը կը կայանայ մարդուն ընկալումին եւ այս իրականութիւններուն նկատմամբ ունեցած համոզումին ու մօտեցումին:
Ո՛չ հարստութիւնը, ո՛չ աղքատութիւնը կրնան մարդուն ՄԱՐԴ դարձնել կամ ինչ որ արժանիք տալ անոր:
Կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ հարսուստներու, որոնք իրենց աւելցուքէն բաժին կը հանեն ուրիշներուն, ո՛չ սրտանց, կամ ողորմութեան առաքինութենէն մղուելով, այլ՝ շահասիրական միտումով (կարդա՛ Այրի կնոջ լումայի դրուագը Մարկոսի Աւետարան, 12-րդ գլուխ 41-44 համարներ):
Կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ հարուստներու, որոնք բառիս ամբողջական առումով զուրկ ու դատարկ են մարդկայնութենէ:
Կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ հարուստներու, որոնք իրենց հաճոյքներուն համար պատրաստ են մեծ գումարներ ծախսել, սակայն երբ իրենց կողքին ապրող աղքատ դրացին իրենց օգնութեան դիմէ, կը սկսին լալ ու ողբալ:
Կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ հարուստներու, որոնք իրենց սեղանէն աւելցածը կը թափեն, կամ շուներուն կու տան, բայց կը մերժեն մէկ կտոր չոր հաց իսկ տալ աղքատի մը:
Միւս կողմէ՝
Կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ աղքատներու, որոնք իրենց ունեցած ամէն ինչը կու տան ուրիշներուն (կարդա՛ Այրի կնոջ լումայի դրուագը Մարկոսի Աւետարան, 12-րդ գլուխ 41-44 համարներ):
Կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ աղքատներու, որոնք իրենց ունեցած կէս հացը կը բաժնեկցին ուրիշի մը հետ՝ որ նոյնպէս կարօտութեան մէջ է:
Կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ աղքատներու, որոնք պատրաստ են իրենց դիմողներուն ամէն տեսակի օգնութիւն ցուցաբերելու՝ իրենց կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ:
Ասկէ կը հետեւցնենք, որ ո՛չ հարստութիւնը հպարտութեան կամ ուրախութեան առիթ է, ո՛չ ալ աղքատութիւնը տխրութեան կամ նուաստացումի առիթ, որովհետեւ մարդէն է, որ կու գայ ամէն ինչ, այսինքն ճիշդ կամ սխալ ընկալում, կամ մօտեցում: Այս պարագային եւս՝ աղքատութեան ու հարստութեան մարդէն կախում ունի եթէ այդ վիճակներէն մէկուն մէջ յայտնուի՝ ինչպէս կառավարէ ինքզինք:
Տէր Յիսուս առիթով մը խօսեցաւ ժողովուրդին, թէ ի՛նչ բանն է որ մարդս կը պղծէ: Կարդանք միասին.
«Յետոյ Յիսուս Իր մօտ կանչեց ժողովուրդը եւ ըսաւ անոնց.
-Մտիկ ըրէք ու լա՛ւ հասկցէք։ Բերանէն մտածը չէ՛ որ կը պղծէ մարդը, այլ ինչ որ դուրս կ՚ելլէ բերանէն՝ ա՛յն է որ կը պղծէ մարդը։
Այն ատեն աշակերտները մօտեցան Իրեն եւ ըսին.
-Գիտե՞ս որ Փարիսեցիները երբ ըսածդ լսեցին, գայթակղեցան։
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
-Որեւէ տունկ որ երկնաւոր Հայրս չէ տնկած՝ արմատախիլ պիտի ըլլայ։ Ձգեցէ՛ք զիրենք, կոյրեր են՝ կոյրերու առաջնորդ։ Երբ կոյրը ուրիշ կոյր մը կ՚առաջնորդէ՝ երկուքն ալ փոսը կ՚իյնան։
Պետրոս խօսք առնելով ըսաւ Յիսուսի.
-Բացատրէ՛ մեզի այդ առակը։
Յիսուս ըսաւ.
-Տակաւին դո՞ւք ալ անմիտ էք։ Չէ՞ք հասկնար, թէ ինչ որ մարդուս բերանը կը մտնէ՝ անոր ստամոքսը կ՚երթայ եւ ապա դուրս կ՚ելլէ։ Մինչդեռ ինչ որ մարդուս բերանէն կ՚ելլէ՝ սիրտէն դուրս կու գայ, եւ ատիկա է որ կը պղծէ մարդս։ Որովհետեւ մարդուս սիրտէն է որ կ՚ելլեն չար մտածումները՝ սպանութիւն, շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սուտ վկայութիւն, հայհոյութիւն։ Ասո՛նք են որ կը պղծեն մարդը եւ ո՛չ թէ անլուայ ձեռքով ճաշ ուտելը» (Մտ 15.10-20):
Հետեւաբար, մարդու ներսիդիէն եկածն է որ կը պղծէ ո՛չ թէ միայն մարդը, այլ զինք շրջապատող իրականութիւններն ու երեւոյթները, ինչպիսիքն են հարստութիւնը, աղքատութիւնը, եւ այլն:
Սողոմոն Իմաստուն կը գրէ. «Իր կատարելութեան մէջ քալող աղքատը նենգաւոր շրթունք ունեցող յիմարէն աղէկ է» (Առ 19.1):
Իմաստունը այս արտայայտութեամբ կու գայ մեզի սորվեցնելու, թէ կարեւորը հարըս-տութիւնը կամ շատ իմաստութիւնը չէ, այլ՝ առաքինութեան ճամբէն քալելը, այսինքն՝ ճշմարիտ ճանապարհէն քալելը: Աւելի լաւ է, որ մարդ աղքատ ըլլայ՝ միաժամանակ առաքինի ու աստուածավախ, քան թէ հարուստ եւ գիտուն, բայց անբարոյ եւ Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղ չունեցող, քանի որ ո՛չ իր հարստութիւնը եւ ո՛չ առաւել եւս իր ունեցած գիտելիքը օգտակար պիտի ըլլան իրենց Վերջին Դատաստանի ժամանակ, բայց առաքինութեամբ ու աստուածավախութեամբ ապրող աղքատը, ինչքան ալ դժուարութիւններու, նեղութիւններու ու դժբախտութիւններու հանդիպի այս կեանքին մէջ եւ այդ բոլորը համբերութեամբ տանի, ապա հանդերձեալին մէջ ատոնց կրկնապատիկ վարձատրութիւնը պիտի ստանայ ու պիտի վայելէ Աստուծոյ ներկայութիւնը՝ սեղանակից դառնալով Անոր սուրբ սեղանին:
Արդարեւ, մարդուն համար էականը ո՛չ թէ երկրաւոր հարստութիւնը պէտք է ըլլայ, այլ՝ երկնայինը, այս խօսքով մարդ ամէն ինչ պէտք է ընէ, որպէսզի երկրէն աւելի՝ երկինքին մէջ հարստութիւն դիզէ, հետեւելով Տէր Յիսուսի հետեւեալ թելադրութեան. «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն։ Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ։ Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.19-21):
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը Իմաստունի վերոնշեալ համարին մասին այսպէս կը գրէ.
«Գրուած է. “Երանելի է այն մարդը, որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր, ու մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չի կենար եւ ծաղր ընողներուն նստած տեղը չի նստիր: Հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր Անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ”:
“Երանի այն մարդուն, որուն խիղճը զինք չի տանջեր եւ իր յոյսը չէ կորսնցուցած”:
“Երանի՜ այն ազգին, որուն Աստուածը Տէրն է”:
“Երանի՜ այն մարդուն որ Անոր կը յուսայ”:
“Երանի՜ այն մարդուն, որ Տիրոջ երկիւղը ունի եւ մեծ հաճոյքով Անոր պատուէրները կը կատարէ” (Սղ 1.1-2: Սիր 14.2: Սղ 33.12, 34.8, 112.1):
Չէ՞ք նկատեր թէ աստուածային օրէնքները ինչպէս ամէն տեղ երանի՜ կու տան ո՛չ թէ հարուստներուն, ազնուականներուն, կամ փառաւոր մարդոց, այլ՝ անոր ով առաքինութիւն ձեռք ձգած է: Այն ինչ մեզմէ կը պահանջուի [առաքինութիւնը]՝ հի՛մքն է: Եթէ զայն որպէս արմատ տնկես, ապա այն ուրախութեան աղբիւրը կը դառնայ, որով ո՛չ թէ միայն հեշտ, պատուուած ու փառաւոր կեանքը, այլեւ՝ թշնամութիւնները, դժուարութիւնները, անարգանքներն ու ամօթը, ինչպէս նաեւ նեղութիւնները, այս բոլորը անխտիր՝ կ՚ուրախացնեն քեզ:
Եւ ինչպէս ծառին արմատները իրենք իրենց դառն են, սակայն քաղցր պտուղներ կ՚արտադրեն, այդպէս ալ առողջ տխրութիւնը գերագոյն երջանկութիւն կը բերէ:
Ինչպէս միշտ կ՚ըսեմ, ո՛չ թէ իրերու բնութիւնը, այլ՝ մեր վիճակն է [ներաշխարհը], որ մեզ տխուր կամ ուրախ կ՚ընէ»:
Հետեւաբար հարստութիւնը կամ աղքատութիւնն ալ կապուած են մեր ներաշխարհին, մեր սիրտէն եկած մղումներուն, որով կամ դրական եւ կամ ժխտական ազդեցութիւն կը գործեն մեր կեանքին վրայ:
Երանի՜ միայն դրական լիցքեր ունենանք եւ այդ դրական լիցքերը օգտագործեն Աստուծոյ փառքին համար՝ մեր նմաններուն օգնելով ու անոնց հետ բաժնեկցելով թէ՛ մեր եւ թէ՛ իրենց ուրախութիւնն ու տխրութիւնը, սուգն ու ցնծութիւնը, յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը, որպէսզի իրարմով զօրացած, մէկս միւսին ունեցած առաքինութիւններով գօտեպնդուած արժանի ըլլանք յաւիտենական երջանկութեան ու հարստութեան, որ վեր է աշխարհիկ ամէն տեսակի երջանկութենէ եւ հարստութենէ:
•շար. 69
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ