ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Մարդ եթէ յանցանք մը ծածկէ կամ այդ յանցանքը յայտնէ, ի՞նչ կը պատահի:
Պատասխան. Սողոմոն Իմաստունը կը գրէ. «Յանցանքը ծածկողը բարեկամութիւն կը փնտռէ, բայց զանիկա պատմողը մտերիմ բարեկամներ կը զատէ» (Առ 17.9): Մարդկային փոխյարաբերական կեանքին մէջ մարդ միշտ կը ձգտի բարեկամութիւններ եւ ընկերութիւններ մշակելու, այլ խօսքով լաւ բարեկամներ ու ընկերներ ունենալու, որովհետեւ մարդ իր բնութեամբ ընկերային էակ մըն է, որ կարիք ունի շփումի, յարաբերելու իր նմանին հետ:
Առակացի այս համարին մէջ այդ շփումի ու յարաբերութեան մէկ կերպին երկու երեսները կը ներկայացուին մեզի, որ մեր առօրեայ կեանքին ընթացքին շատ կը հանդիպինք, եւ նոյնիսկ մեզի հետ ալ կը պատահի: Իմաստունը կ՚ըսէ, ան որ յանցանքը, այիսնքն՝ սխալը կը ծածկէ, այդպիսին բարեկամութիւն կը փնտռէ, այլ խօսքով, այդպէս վարուողը իր ընկերներուն ու բարեկամներուն թիւը շատցնել կ՚ուզէ: Լաւ է որ մարդ շատ ընկերներ ու բարեկամներ ունենայ, սակայն այս ձեւով ձեռք բերուած ընկերներն ու բարեկամները շատ երկար չեն դիմանար, չեն մնար, եւ շուտով կը հեռանան, որովհետեւ այդ բարեկամութիւնը կամ ընկերութիւնը կառուցուած է կեղծիքի ու սուտի վրայ: Միւս կողմէ, Իմաստունը կ՚ըսէ, իսկ ան որ յանցանքը կամ սխալը կը յայտնէ, կը պատմէ, այդպիսին իր բարեկամները, ընկերները կը զատէ, այլ խօսքով, ան որ սխալին սխալ, ճիշդին՝ ճիշդ, ճերմակին՝ ճերմակ եւ սեւին՝ սեւ կ՚ըսէ, առանց կեղծիքի ու շողոքորթութեան, ապա այդ պարագային կը գիտնայ, թէ ո՛րոնք են իր իսկական ընկերներն ու բարեկամները, որովհետեւ իսկական ընկերներն ու բարեկամաները զիրար կը հասկնան, զիրար կը յարգեն, եւ ամենէն կարեւորը իրարու սխալները իրարու կ՚ըսեն, որով մէկը միւսին բարօրութեան ու յառաջընթացին համար կ՚աշխատի: Այս առումով կ՚արժէ կարդալ Յովհաննէս Պլուզ Վարդապետին հետեւեալ մտածումը. «Իշխանն ու պարողնը պէտք է որ այն մարդը սիրեն, որ իր երեսին կը խօսի ու կը յանդիմանէ, երբ անիրաւութիւն գործէ, որովհետեւ այդպիսին սրտանց բարեկամ է: Եթէ մէկը ինչ որ ուսուցիչը գործէ եւ ան ըսէ թէ լաւ է, այդ ժամանակ սիրտին հաճելի եղածն է որ կը խօսի, այդպիսին երեսանց բարեկամ է եւ հոգիին՝ չարակամ»:
Ընկերութեան եւ բարեկամութեան մասին մի քանի մտածումներ.
• Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.
- Ան որ բազմաթիւ բարեկամներ ունի, թէեւ աղքատ ըլլայ, հարուստներէն աւելի հարուստ է. ինչ որ ինքն իր համար չի՛ յանդգնիր ըսել, իր փոխարէն կ՚ըսեն իր բարեկամները, ինչ որ ինքն իր համար չի՛ կրնար ձեռք բերել, ձեռք կը բերէ միւսներուն (բարեկամներուն) շնորհիւ:
- Շատերու հետ անազնիւ մի՛ ըլլար. բնակարանէ եւ ամէն բանէ առաջ բարեկամներ պատրաստէ: Եթէ խաղաղարարը Աստուծոյ որդի է, ապա որքան աւելի է ան, ով որ բարեկամներ կը պատրաստէ: Եթէ միայն հաշեցնողը Աստուծոյ որդի կը կոչուի, ապա ի՛նչ պարգեւի արժանի է ան, ով որ բարեկամներ կը հաշտեցնէ:
- Ինչե՞ր չ՚ըներ անկեղծ ընկերը։ Ի՞նչ հաճոյքներ չի պատճառեր ան. ինչպիսի՜ օգուտներ. ի՜նչ ապահովութիւն։ Հազարաւոր գանձեր ալ ցոյց տաս, միեւնոյնն է, ոչ մէկ բան համեմատելի է իսկական ընկերոջ հետ:
- Ճշմարիտ կ՚ըսեմ, ընկերը լոյսէն ալ աւելի տենչալի է։ Մեզի համար աւելի լաւ է, որ արեգակը մարի, քան ընկերներէ զրկուինք:
- Ով որ բազմաթիւ ընկերներ ունի, ան չի՛ կրնար որեւէ վիշտ ունենալ։ Սակայն եթէ ոեւէ մէկուն ընկերութիւնը կը վնասէ քեզ, հեռացո՛ւր զայն քեզմէ:
• Պետրոս Արքեպիսկոպոս Բերդումեանը կը գրէ.
- Ճշմարիտ բարեկամը գեղեցիկ մարգարիտ է, որ ձեռք բերելու համար ո՛չ միայն մեր ունեցուածքը պէտք չէ խնայենք, այլեւ ամբողջը տանք՝ ըստ այնմ. «Արծաթդ բարեկամիդ վրայ ծախսէ» (Սիր 29.13): Որքա՜ն երանի ճշմարիտ [բարեկամ] գտնողին:
• Պսակ Ծայրագոյն Վարդապետ Խորէնեանը կը գրէ.
- Աշխարհի մէջ ամենէն գէշ եւ սակայն ճշմարտապէս ամենէն լաւ մարդը, մեր այն բարեկամն է, որ հայելիի պէս մեր թերութիւնները ցոյց կու տայ. եւ հայելիէն աւելի լաւ ու հաւատարիմ բարեկամ չենք կրնար ունենալ ըսուած, եւ ճի՛շդ է, որովհետեւ հայերլին անկեղծ է եւ անվերապահ:
• Արաբերէնէ թարգմանուած.
Հին ընկերները ոսկիի նման են, իսկ նորերը՝ ադամանդի նման։ Եթէ ադամանդ ձեռք ձգեցիր՝ ոսկին մի՛ մոռնար, որովհետեւ ադամանդը վերցնելու համար՝ ոսկեայ հիմքի կարիք ունիս։
Հ. Մարդ ոեւէ մէկուն կրնա՞յ յանդիմանել:
Պ. Յանդիմանութիւնը ընդհանրապէս ժխտական ազդեցութիւն կը գործէ, մանաւանդ մեր օրերուն, երբ մարդուն մեծագոյն աստուածը իր եսը դարձած է, եւ իր եսին համար մարդ ամէն ինչի պատրաստ է:
Յանդիմանութիւնը հաստատապէս կարելի է, մանաւանդ երբ այդ յանդիմանութիւնը մեր նմանին օգուտին համար է, եւ մանաւանդ երբ անոր հոգիի փրկութեան կը ծառայէ: Սակայն, մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ եւ գիտնայ, թէ զով կը յանդիմանէ, որովհետեւ Առակագիրը կը գրէ. «Մէկ յանդիմանութիւնը խոհեմ մարդուն աւելի կ՚ազդէ, քան թէ հարիւր գաւազանի հարուած՝ յիմարին» (Առ 17.10): Հետեւաբար, նախըտրելի է, որ մարդ աւելի խոհեմ մարդոց յանդիմանէ, այսինքն՝ այն ընկերներուն ու բարեկամներուն, մտերիմներուն եւ հարազատներուն, որոնք խոհեմ են, եւ իր յանդիմանութիւնը ճի՛շդ կերպով կրնան հասկնալ, այլապէս իմաստ չունի ոեւէ մէկը յանդիմանելը, որովհետեւ յանդիմանութիւն չընդունող մարդուն համար այդ յանդիմանութիւնը կրնայ թշնամանքի ու ատելութեան դուռ բանալ, եւ այդպիսով օգնելու փոխարէն՝ վնասած կ՚ըլլանք մեր նմանին:
Հ. Ի՞նչ կը պատահի անոր՝ որ իրեն եղած բարութեան չարիքով կը պատասխանէ:
Պ. Իմաստունը կը գրէ. «Ով որ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցանէ, չարիքը անոր տունէն պակաս պիտի չըլլայ» (Առ 17.13): Պարզ ու յստակ, չարիք սերմանողը չարիք կը հնձէ, իսկ երբ եղած բարիքին չարով կը պատասխանես, ապա ապերախտութեան ոգին չի հեռանար քեզմէ, իսկ չարիքը տանդ մնայուն հիւրը կը դառնայ:
Ի՜նչ անմտութիւն է երբ մարդ իր նկատմամբ եղած բարիքին չարով պատասխանէ: Նման արարք մը մարդկայնութենէ զուրկ է: Աստուած մարդը բարի ստեղծած է, որով մարդ միշտ պէտք է բարութիւն գործէ իր չորսդին, որովհետեւ ինք Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը կը կրէ իր նեսիդին:
Աւարտենք, Պօղոս առաքեալի հռոմայեցիներուն ուղղած նամակին մէջ բարիով չարին յաղթելուն տուած թելադրութեամբ. «Ձեր սէրը թող անկեղծ ըլլայ: Ատեցէ՛ք ինչ որ չար է եւ բարիին կառչած մնացէք: …Ոեւէ մէկուն չարիքին՝ չարիքով մի՛ հատուցանէք։ Ջանացէք ընել այն՝ ինչ որ բոլոր մարդոց աչքին բարի է։ Որքան կրնաք՝ ամէնուն հետ խաղաղ ապրեցէք։ Սիրելինե՛ր, երբեք դուք անձամբ վրէժ լուծելու մասին մի՛ մտածէք, այլ ձգեցէք որ Աստուծոյ բարկութիւնը ընէ ատիկա. որովհետեւ Տէրը Սուրբ Գիրքին մէջ կ՚ըսէ. “Ի՛մս է դատելու եւ պատժելու իրաւունքը. Ե՛ս պիտի հատուցանեմ”, իսկ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ.-
“Եթէ թշնամիդ քաղցած է՝ հաց տուր իրեն. եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր։ Այսպէս վարուելովդ արդէն ամօթը զինք կ՚այրէ”» (Հռ 12.9, 17-20):
Ու կ՚եզրակացնէ՝ պատուիրելով. «Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին» (Հռ 12.21):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 56
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024