ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ՓՈՔՐ ՏԱՐԻՔԷՆ ԼԱՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՋԱՄԲԵԼԸ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ
Դաստիարակութիւնը մարդուն համար միշտ ալ եղած է, է եւ պիտի մնայ ամենէն անհրաժեշտ սնունդը իր կեանքին:
Դաստիարակութեան հասկացողութիւնը մշակոյթէ մշակոյթ որոշ տարբերութիւններ ու զանազանութիւններ կը կրէ, սակայն խորքին մէջ միշտ ալ նոյն նպատակին կը ծառայէ՝ լաւ մարդ պատրաստել:
Տարբեր մշակոյթներու մէջ դաստիարակութեան ընկալումը կը տարբերի, օրինակ տեղ մը կրնայ պատիժը իշխող ներկայութիւնը ըլլայ դաստիարակութեան գործընթացին, ուրիշ տեղ մը՝ ներողամտութիւնը, ուրիշ տեղ մը այս երկուքին խառնուրդը, եւ այլն:
Յստակը այն է, սակայն, որ եթէ կ՚ուզենք լաւ սերունդ ունենալ եւ լաւ մարդ պատրաստել մեր ապրած ընկերութեան համար, ապա պէտք է ուշադիր կերպով զբաղինք սերունդներու դաստիարակութեան, շատ ժամանակ ծախսենք այդ գործին համար, եւ փորձենք գրեթէ ոչինչ խնայել այդ նպատակին համար:
Լաւ դաստիարակութիւն տալու համար, սակայն, նախ եւ առաջ պէտք է լաւ դաստիարակուած ըլլալ: Իրողութիւն մը, որ մեր օրերուն համար դարձած է կասկածելի: Կ՚ապրինք անցումային ժամանակաշրջան մը: Անցումային, այն առումով, որ մինչ շուրջ 15-20 տարիներ առաջ տակաւին կեանքը կը թուէր պարզ ըլլալ, այսինքն՝ մարդիկ կ՚ապրէին իրենց սովորական առօրեայով, այսօր սակայն, համացանցի գերիշխանութեան այս տարիներուն, ամէն ինչ կարծէք իրար անցած է: Մերօրեայ ծնողները, որոնք կը տեսնեն ներկայ ժամանակներու «առաւելութիւն»ները, կը փորձեն իրենց «ձգած բացը» ձեւով մը լեցնել…, իսկ այդ բացը լեցնելու զոհը, այլ խօսքով՝ քաւութեան նոխազը իրենց զաւակներն են:
Մերօրեայ ծնողներէն շատեր տարբեր-տարբեր պատճառաբանութիւններ բերելով տակաւին փոքր տարիքէն իրենց երեխաները կը յանձնեն մանկատուն, կամ դայեակներ կը վարձեն, որպէսզի իրենց փոխարէն պահեն ու խնամեն իրենց երեխաները, կամ ժամանացի կէտեր կը տանին, իսկ իրենք իրենց առեւտուրով, կամ սուրճով-թէյով-պաղպաղակով կը զբաղին…, մոռնալով, որ դաստիարակութեան գլխաւոր հերոսները ծնողները ի՛րենք են, եւ ո՛չ ոք կրնայ փոխարինել անոնց:
Ծնողներէն բացի ո՛չ ոք կրնայ ճիշդ դաստիարակութիւն տալ երեխաներուն (բնականաբար այստեղ ուսումի մասին խօսք չ՚երթար, ուր դաստիարակ ծնողներու աշխատանքին կու գան միանալ դաստիարակ ծնողները), այսինքն՝ երեխաները կրթել ու դաստիարակել բարիի ու գեղեցիկի ճաշակով, զԱստուած ճանաչողութեամբ ու հայրենասիրութեամբ, բարոյական սկզբունքներով եւ պարտ ու պատշաճ արժեհամակարգ սերմանելով անոնց դեռ եւս մատղաշ հոգիին, միտքին ու սիրտին մէջ: Ծնողներուն հիմնական պարտաւորութիւնը այս բանին մէջ կը կայանայ, ինչպէս կ՚ըսէ նաեւ Խրիմեան Հայրիկը. «Եւ ի՞նչ է ծնողական դաստիարակութիւնը, ուրիշ ոչինչ, այլ միայն կոյր ծնած զաւակներուն աչքը դէպի բարին բանալ, սիրտն ու ոգին առաքինութեամբ կրթել, որպէսզի տեսնեն աշխարհը, տեսնեն մարդուն կեանքը, լոյսն ու խաւարը զանազանեն, բարին ու չարը ճանչնան, եւ ամենէն աւելի մեծը՝ զԱստուած ճանչնան ու հաւատան, կրօն եւ ճշմարտութիւն ընդունին»:
Ծնողները եթէ կ՚ուզեն որպէսզի իրենց երեխաները ապագային լաւ մարդ դառնան, պէտք է անոնց հետ շատ ժամանակ անցընեն: Պէտք է սէր ու գուրգուրանք ցուցաբերեն անոնց նկատմամբ, պէտք է զգացնել տան անոնց իրենց ջերմութիւնը, ընկերական-մտերիմ կապ պէտք է հաստատեն իրենց զաւակներուն հետ, որ պէտք է դուրս գայ զաւակ-ծնող ծնող-զաւակ կաղապարուած յարաբերութենէն: Զաւակները այնպէս պէտք է զգան, որ իրենց ծնողները ո՛չ թէ իրենց գլխուն կանգնած մէկ-մէկ դահիճներ են կամ պատժիչ մեքենաներ, այլ՝ մտերիմ ընկերներ, որոնց հետ կրնան իրենց բոլոր հարցերուն եւ խնդիրներուն մասին զրուցել՝ առանց որեւէ մէկ կաշկանդումի կամ ամաչկոտութեան: Սակայն, այդ աստիճանին հասնելու համար, ծնողները իրենց զաւակներուն հետ շա՜տ ժամանակ պէտք է անցընեն, ինչպէս վերը յիշեցի, եւ այդ ժամանակը ծնած օրէն՝ նոյնիսկ մինչեւ ծնիլը պէտք է սկսին անցընել, որովհետեւ երեխան տակաւին իր մօր արգանդին մէջ կը սկսի զգալ զինք շրջապատող միջավայրը, եւ ինչքան ջերմութիւն ու գուրգուրանք զգայ, այդքան լոյս աշխարհ գալէն ետք դիւրին կ՚ըլլայ անոր հետ աւելի սերտ մտերմութիւն մշակելը, եւ ինք եւս աւելի դիւրին կ՚ընտելանայ իր ապրած ընկերութեան մէջ, ինչպէս կը գրէ Մասարու Իպուկան իր «Երեքէն յետոյ արդէն ուշ է» գիրքին մէջ. «Այն երեխան, որ սիրոյ մթնոլորտին մէջ մեծցած է, աւելի շուտ կ՚ընտելանայ հասարակութեան հետ եւ յետագային աւելի հաւասարակշռուած ու բարի կ՚ըլլայ»:
Վերը նշեցինք, թէ տարբեր ընկերութիւններու մէջ դաստիարակութեան տարբեր ընկալումներ կան՝ պատիժի եւ ներողամտութեան տեսակէտէ: Երկուքի ծայրայեղ կիրառումը բացասական արդիւնքներու կ՚առաջնորդեն ծնողները, բայց երկուքին հաւասարակշռուած եւ տրամաբանական կիրառումը դրական պտուղներ կու տան դաստիարկութեան գործին մէջ: Ծնողները պէտք է միաժամանակ թէ՛ խիստ եւ թէ՛ ներողամիտ ըլլան, սակայն թէ՛ խստութիւնը եւ թէ՛ ներողամտութիւնը պէտք է տրամաբանուած ըլլայ, եւ ամենէն կարեւորը իրենց վերաբերմունքը պէտք է բացատրեն իրենց երեխաներուն, որպէսզի անոնք գիտակցին իրենց ընթացքին, այլապէս եթէ խստութիւնն ու ներողամտութիւնը աննպատակ գործածուին եւ մեքենայականօրէն, դարձեալ կրնան բացասական արդիւնքներու տանիլ ծնողները:
Դարձեալ Մասարու Իպուկան է գրողը. «Երեխայի կեանքին ճի՛շդ առաջին տարիներուն անհրաժեշտ է անոր հետ ըլլալ ե՛ւ քնքոյշ ե՛ւ խիստ, իսկ երբ ան կը սկսի ինքնուրոյն զարգանալ, պէտք է աստիճանաբար սորվիլ անոր կամքը, անոր «ես»ը յարգել: Ուրիշ կերպով ըսած՝ ծնողական ազդեցութիւնը մինչեւ մանկապարտէզ պէտք է դադրի: Փոքր տարիքին չմիջամտելը եւ յետոյ աւելի ուշ անոր վրայ ճնշում գործադրելը կրնան միայն անոր մէջի տաղանդը փոշիացնել եւ դիմադրութիւն յառաջացնել»: Այսօր, սակայն, ո՛չ թէ փոքր տարիքին, այլ նոյնիսկ երիտասարդ տարիքին ծնողները կը փորձեն իրենց ազդեցութիւնը գործադրել իրենց զաւակներու որոշումներու եւ կեանքի ընթացքին վրայ, ինչ բանը շատ յաճախ շատ վատ արդիւնքներ կ՚ունենայ:
Դարձեալ Իպուկան կը գրէ. «Երեխային հետ անընդհատ խօսող մայրերը մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն իրենց մտաւոր զարգացումին վրայ»: Այսօր, քանի՞ մայր իր երեխային հետ կը խօսի, իր երեխային համար ժամանակ կը տրամադրէ, լսելու զինք, խօսելու անոր հետ, զրուցելու: Կը յիշեմ, Լիբանան ծառայութեանս տարիներուն, երիտասարդ մը մօտեցաւ եւ մօտաւորապէս այսպէս արտայատուեցաւ. «Լսող ականջ կը փնտռեմ, ծնողներս ժամանակ չունին ինծի համար, իսկ ես կ՚ուզեմ, որ մէկը լսէ զիս…»: Նմանատիպ արտայայտութեան մը պատճառը այն է, որ փոքր տարիքին ծնողները չե՛ն յաջողած ճիշդ կերպով դաստիարակութիւն տալ իրենց զաւակին, ժամանակ չեն տրամադրած զինք դաստիարակելու համար, եւ ի վերջոյ կեանքի զբաղումները աւելի գերակշիռ համարած են, քան իրենց սեփական զաւակը:
Հետեւաբար, ծնողներ պէտք է ամէն ջանք թափեն, որպէսզի իրենց զբաղուածութեան մէջ՝ յատկապէս տնտեսական մերօրեայ ծանր պայմաններուն մէջ իրենց զաւակներուն ժամանակ տրամադրեն՝ մանաւանդ փոքր տարիքին, լսեն զանոնք՝ ինչքան ալ անհեթեթ թուի իրենց զաւակներուն տուած հարցումները կամ խօսքերը, լսեն, խօսին, բացատրեն, մէկ խօսքով, իրենց զաւակներուն զգացնել տան, որ իրենց կարեւոր են, որ իրենց խօսքը լսելի է: Եթէ ծնողները յաջողին այս փոխյարաբերութիւնը ստեղծեն, կրնան վստահ ըլլալ, որ յետագային երբ իրենց զաւակները մեծնան, անոնց հետ շփումն ու յարաբերութիւնը շատ դիւրին պիտի ըլլայ, որովհետեւ զաւակը փոքր տարիքէն իսկ ստացած է իր ծնողներուն վստահութիւնն ու սէրը, երկու արժէքներ, որոնք բաւարար են երեխայի մը համար իր ամբողջ կեանքի ընթացքին կապուած մնալու իր ծնողներուն:
Աւարտենք Խրիմեան Հայրիկի՝ «Դրախտի ընտանիք» գիրքէն «Ի պէտս հայոց ընտանեաց» խորագիրը կրող գրութենէն հետեւեալ հատուածը մէջբերելով.
«Ո՛չ, ո՛չ։ Այնպէս մի՛ կարծէք, ո՛վ Հայոց ընտանիք, ճանչցէք Ձեր չափն ու վիճակը դուք շատ աղքատ էք ոսկւով ու մտքով. աղքատ էք դաստիարակութեամբ եւ ազատութեամբ. աղքատ էք գործունեայ աշխատասիրութեամբ. աղքատ էք արուեստական հանճարով. աղքատ էք իմաստուն տնտեսագիտութեամբ։ Առանց մտաւոր եւ նիւթական հարստութեան` դու միթէ արժանի կը համարի՞ս զքեզ նոյն Եւրոպական ժողովրդոց ճոխ կեանքը վայելել։ Ծանի՛ր, այդ կեանքը, ա՛յդ յառաջդիմութիւնը՝ ճակատի անխոնջ քրտինքով բազմակերպ արեան զոհերով, հարիւրաւոր տարիներու մէջ հազիւ հազ կազմուած է, եւ դու դեռ երէկ սկսար նոր երախայի պէս քերական կարդալ. կը կարծես ու կը հաւատա՞ս թէ ուսեալ եւ քաղաքակիրթ Եւրոպացի դարձար։
Ես կը գովեմ քո եռանդը, որ կը ձգտիս դէպի յառաջդիմութիւն եւ քաղաքակրթութիւն, միայն թէ սխալ ըմբռնած ես, որպէս թէ զեղխութիւն, զեղծմունք. նորասիրութեան բուռն տենչանքը, ճշմարիտ քաղաքակրթութեան նմանողութիւն է։ Այդ նոյնիսկ քաղաքակիրթ ժողովրդոց մէջ սինլքոր մասին կարծիքն է եւ վարք։ Դու ազնիւ եղիր ու ազնիւ ժողովրդոց բարի ու պարկեշտ օրինակին հետեւի՛ր. որոց ամենայն ինչ կշռով ու չափով է. որոց ընտանեկան կծանքին լոյս եւ առաջնորդ ուսումն, դաստիարակութիւն եւ տնտեսութիւնն է։ Քաղաքակիրթ ժողովուրդ այս երեք բառերով կը վարէ իւր ընտանեկան կծանք, այս երեք բառերն են, որով նոքա բարեբաստիկ եւ երջանիկ կ՚ապրին աշխարհիս վրայ, վասնզի ուսան լուսով հաց կը գտնեն, դաստիարակութեամբ հոգին եւ սիրտ կրթելով բարի ընտանիք կը կազմեն, իսկ տնտեսութեամբ հացին սեղան եւ այլ կեանքի պիտոյքները չափով ու կշռով կը մատակարարեն միշտ հոգալով ապագայի անստոյգ օրերն. որ անշուշտ կը պատրաստեն մարդոյն համար կամ երջանիկ բախտ կամ թշուառ կեանք։ Բայց մարդ իւր ներկային մէջ կամ զգաստութեամբ կամ ապշութեամբ իւր ապագայ օրերն ինքնին ձեռօք կը պատրաստէ. զի ներկան ապագային հիմն է եւ ապագան ներկային յաջորդութիւն եւ շէնք։
Բովանդակենք մեր յորդորական ճառը, ով դուք ընտանիք Հայոց, ուղղեցէ՛ք ձեր ներկան, որ ապագան ուղիղ լինի. տնտեսցէ՛ք ձեր ներկան, որ ապագային հարցը չպակսի։ Մի մոռնաք վերոյիշեալ երեք պայմանները որ մեր թշուառ կեանքը կը բարւոքեն. եւ այս է՝ լուսով հաց գտէք, դաստիարակութեամբ բարի ընտանիք կազմեցէք. իսկ իմաստուն տնտեսութեամբ հոգացէք միանգամայն ձեր ներկան եւ ապագան»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
15 նոյեմբեր 2022, Վաղարշապատ