ԼՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԵՏԻԱՅԻ ԱՇԽԱՐՀ

Լրատուութիւնը իբրեւ արհեստ-ասպարէզ եւ իբրեւ կառուցուածք ու այսպէս կոչուած առաքելութիւն՝ նոր ոլորտ կը համարուի մարդային երկար պատմութեան մէջ: Ան իր պետական ու մասնաւոր ճիւղաւորումներով եւ իր գործունէութեան իրագործման լայն ու նեղ դաշտերով սկսաւ գերծաղկում ապրիլ երկուհազարական թուականներէն վերջ: Եւ բնականաբար անոր ի յայտ գալուն աներկբայօրէն օգնեց արհեստագիտական ու տեղեկատուական զարգացումը, եւ տեղ մը լրատուութեան էութիւնը նոյնացաւ ու միախառնուեցաւ տեղեկատուուական գիտութեան հետ:

Տնտեսութիւնը, քաղաքականութիւնը, ընկերաբանութիւնը եւ նոյնիսկ մշակոյթը մեր ներկայ աշխարհին հետ փոխկախեալ եղան շուրջօրեայ եւ ամենավայրկենական տեղեկութիւններ ստանալէն, եւ ըստ այդ գիտելիքներու բոլոր կողմերուն հասնելէն, որոշումներ ընդունելու եւ ծրագիրներ իրագործելու համար:

Պատկերացնենք, որ եթէ համացանցը անջատուի մի քանի ժամով, կը նկատենք, որ մեծ ու փոքր կազմակերպութիւններ ու ընկերութիւններ կը կորսնցնեն նիւթական եկամուտներ ու դասակարգման նիշեր: Անկարելի է պատկերացնել ներկայ աշխարհը առանց գերկապակցութեան եւ նոյնինքն տեղեկատուութիւնը նիւթ ըլլալէ աւելի վերածուած է դրամի եւ եկամուտի աղբիւրի: Լուր ու լրատուութեան հետ կախեալ չէ միայն այս մէկը, այսինքն ո՛չ թէ քաղաքական կամ տնտեսական լուրը յառաջ կը տանի կապակցուածութեան եղանակները, այլ նիւթի եւ կառավարման էութիւնը արդէն կապակցային է։ Պարզ խօսքով՝ տեղեկատուական աշխարհի լեզուով՝ ամէն ինչ որ արդիական է ու արհեստագիտական եւ լծուած է ապահովելու մարդոց աւելի բարօրութիւնն ու յարաբերաբար հանգիստ կեանքը, կապակցուած է, օրինակի համար, համակարգչային ծրագրաւորումներէ եւ այդ ծրագիրներուն թարմացումներէն:

Եթէ լրատուութիւնը պարզացնենք միայն քաղաքական ու ընկերային մակարդակներով (ինչ որ համատարածօրէն ընդունուած ձեւն է), կը նկատենք, որ ահռելի եւ անդադար հոսք կայ լուրերու, այդ լուրերը ինչպէս որեւէ արտադրանք, կ՚արտադրուին մեծ լրատուական ընկերութիւններու կողմէ, որոնց մեծամասնութիւնը կը ղեկավարուի պետութիւններուն կողմէ: Այո, կայ այսպէս ըսած անկախ լրատուութիւն եւ նոր ընկերային մետիա, բայց ի վերջոյ այս մեծ ոլորտը ղեկավարողը ընկերային եւ ազատ լրատուութիւնը չէ, այլ առաւելագոյնը ան միշտ հակադարձողի կամ ամենայանդուգն տարբերակով արդարամիտ քննադատողի եւ քննարկողի դերով հանդէս կու գայ:

Ընդհանուր առմամբ երբ տակաւին քաղաքականութիւններն ու դիւանագիտութիւնը գաղտնի եւ աւելի մութ ոլորտ կը համարուէին, այն ընդհանուր մօտեցումը կար, որ «ահաւոր բաներ կը կատարուին» միշտ, քանի հանրութիւնը լուր չունի կատարուածէն։ Այո, պէտք է խոստովանիլ, որ թէեւ արհեստագիտական յեղափոխութիւնը հանրութեան ու պարզ մարդոց հնարաւորութիւն տուաւ իշխանութիւններու մաս կազմելու եւ վարչականութիւններ կատարելու, սակայն այստեղ ալ կարգ մը դիտորդներ նոր ոճեր կը տեսնեն համայնական վերակացութեան ու հակակշռման աշխարհի բոլոր հասարակութիւններու։ Մինչ այդ փաստ է, որ մարդկութիւնը, հիմա 2022-ին, աւելի ազատ է քան անցած ժամանակներուն, թէ՛ ձեւականօրէն եւ թէ՛ յարաբերաբար բովանդակութիւններով:

Նշանաւոր խօսք կար. եթէ վերանայ, գաղտնի դիւանագիտութիւնը, ապա պիտի վերանան անարդարութիւններն ու չարաշահումներ: Այս միտքին կրնանք ածանցել նոյն լրատուութեան եւ մետիայի հիմնական վեհ թիրախը, իբրեւ հասկացողութիւն-համակարգ եւ ոչ իբրեւ քարոզչութիւն-արշաւ: Բայց արդեօք կա՞յ անաչառ, առարկայական եւ ոչ-նպատակային լրատուութիւն եւ մետիա: Կամ պետութիւնները, միջազգային կազմակերպութիւնները եւ ձեւով մը ենթակայութեան տակ չգտնուող հասարակութեան անմիջական լրատուութիւնը՝ կրնա՞յ ըլլալ իտէալական ու վեհ: Չենք կրնար պատասխանել այս հարցումին:

Լրատուութիւնը իբրեւ քաղաքական գործիք միշտ լծուած էր կատարելու «յատուկ առաքելութիւններ», բայց ինչքան ժամանակը գլորուի արհեստագիտութեան հետ, աւելի կը սահմանափակուի կեղծարարութիւնը եւ ազատ կոչուած աշխարհը յարաբերաբար իրականութիւն կը դառնայ: Հոս անհատի դերը, այո, տակաւին չնչին է եթէ բաղդատենք զայն մեծ լրատուական հոսքին հետ, սակայն կը նկատենք, որ անհատները սկսած են շատ բան փոխել այդ դաշտին մէջ:

Ժողովուրդները իբրեւ հաւաքական կերպարներ մշտապէս ձգտած են արդարութեան, բայց այդ հաւաքական կերպարի գործադրումի գործիքը չէ գտնուած: Յարգելով օրինակ՝ Սկանտինաւեան երկիրներու ազնիւ փորձերը մարդկային իրաւունքներու եւ ճիշդ լրատուութեան ու թափանցիկութեան ապահովման իմաստով, տակաւին աշխարհի շատ մը երկիրներ ենթակայ են կա՛մ տեղական կեղծ ու սուտ քարոզչութեան կա՛մ ըլլալով չզարգացած հասարակութիւններ (նախքան ըլլալու զարգացած պետութիւններ), հնարաւորութիւններ ձեռք չեն բերած իրագործելու իրենց լրատուական արդար, հասանելի ու հայելային նպատակը։ Անոնք ակամայ աւելիով ենթակայ մնացած են միջազգայնացման-համաշխարհայնացման յառաջացուցած մետիայի բացասականութիւններէն:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

21 նոյեմբեր 2022

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2022