ԱՌԱՋԻՆ ՈՐՍԸ
Ձկնորսը նստած է գետափին, կողքը լամբ մը, դոյլ մը, կարմիր հողով լեցուն թիթեղեայ տուփ մը, ուրկէ որդերը մէկ-մէկ գլուխ կը ցցեն ու կը մխրճուին հողին մէջ, կարթ մը, կեռիկներու տուփիկ մը ու իր հացամանը շարուած են: Յարմար տեղ մը ընտրած են ձկնորս բարեկամները իրեն համար ու սորվեցուցած, թէ ինչպէս պէտք է գործածէ կարթը ու այլ անհրաժեշտ բաներ:
Ան հաստ որդ մը կը քաշէ հողին մէջէն ու կ՚անցընէ կեռիկին վրայ, կեռիկն ալ կը տեղաւորէ կարթին վերջաւորութեան ու օդին մէջ դարձնելով կը նետէ գետը: Առաջին փորձը չի յաջողիր կարծես, երկրորդը, երրորդը ու ի վերջոյ կը յաջողի կամ կը գոհանայ իր նետած ձեւէն, որ այս անգամ քիչ մը աւելի հեռուն կրցաւ հասցնել, քանի որքան հեռանայ կեռիկին ինկած վայրը, այդքան աւելի հաւանական կ՚ըլլայ որսը ձեռք ձգել, կը խորանայ գետին յատակը, ուր աւելի կ՚ըլլան ձուկերը: Այսպէս խորհելով կարթին յարմար յենարան մըն ալ կը պատրաստէ ու ինք ծխախոտ մը վառելով կը հետեւի կարթին վերջաւորութեան կախուած թելի շարժումներուն:
Որքան խորհրդաւոր լռութիւն մ՚է, որ կը տիրէ, անխօս բնութեան ձայնէն բացի ոչ մէկ շշուկ, ոչ մէկ աղմուկ: Ոչ քաղաքի խճողուած պողոտաներուն անհանգստութիւն պատճառող անցուդարձերը, ոչ ինքնաշարժներու ճչակները, ոչ ալ իր խանութի դրացի արհեստաւորներուն աղմուկը կը լսուի: Ու կ՚ափսոսայ, որ նախապէս չէ ընդառաջած ընկերներուն առաջարկին, որոնք ամէն Շաբաթ օր կը մեկնին գետափ ու շատ յաճախ ալ խօսած ու պատմած են իրեն այս մասին, բայց այս անգամ համոզեցին ու բերին զինք ու ահա մերկ բնութեան գիրկն է ան ու շատ գոհ, որ եկած է:
Թեթեւ զեփիւռ մը մանր ալիքներ կը գոյացնէ գետի մակերեսին, անուշ ձայն մըն ալ խշշշ՜շշ, հաճելի, նոյն հաճոյքով հիացած ճպուռ մը թուփերուն մէջէն կը ձայնակցի ջուրին, գորտ մըն ալ կը կռկռայ անդիէն, ինչ աղուոր երաժշտութիւն, տեսողութեանը հորիզոնը կանաչապատ ծառեր, թուփեր անհամար, ջուրին զովութիւնը կու գայ ու կը դպչի այտերուն, կ՚ախորժի ան, շատ կ՚ախորժի ու կարծես այս խորհրդաւոր տեսարանին գիրկը մտածումները մէկ մէկ կը յայտնուին, խաղաղ մտածելու առիթ մ՚է, որ ներկայացած է իրեն:
Մտովի կը ծրագրէ գալ շաբթուան բոլոր գործերը, կը թուագրէ սկսելով առաջնայինէն, կը խորհի ընտանիքին մասին, մանչուկին մասին, ու ահա առձեռն հեռաձայնէն զանգ մը կը լսուի, նամակ մըն է, որ կը փոխանցէ մանչուկին հրճուանքը. «Պապ, ձուկ բեր, հա՛, որսացած ժամանակդ ալ նկարէ, որ տեսնենք, վաղը բերած ձուկդ պիտ՚ ուտենք», ժպիտը դէմքին կը շարունակէ խոկալ, մտային մարզանք մ՚է կարծես տեղի ունեցածը:
Խոկումներուն հետ կը սահին ժամերը ու կը սկսի մթնիլ: Մութը կարծես կը ճնշէ անոր վրայ, ափսոսանք մը կը պատէ յանկարծ ու նորէն կը կարդայ մանչուկին նամակը: Հիմա եթէ տունը ըլլար մանչուկին հետ ժամանակ կ՚անցընէր ու կը ծրագրէին միասին Կիրակի օրուան այցելութիւնները, պտոյտները:
Լամբին կայծ մը կու տայ, որուն աղօտ, պլպլացող լոյսին հետ մութը կը սկսի խորանալ ու տարածուիլ, ստուերները կը խտանան, բեւեռային աստղին պայծառութիւնը հետզհետէ կը յստականայ, քիչ անդին՝ երկնքին մէջ կը փայլի մահիկը, բարակ, շատ բարակ, նոր, այսօր սկսած է երեւիլ: Ու ահա ճայ մը կարծես ճամբան կորսնցուցած կը թափառի ջուրին մակերեսին: Մահիկ ու ճա՞յ, ինչպէս կրնայ ըլլալ: Ճայերը ցերեկը կ՚երեւին, արեւուն շողերուն հետ կը շրջին ջուրին մակերեսին, կեր կը փնտռեն անոնք ցերեկով: Կե՞ր, կ՚անդրադառնայ յանկարծ ու կը նկատէ, որ թռչունը կը շրջի ճիշդ կարթին թելին ինկած վայրին շուրջ: Նշան մ՚է տրուածը, բնութիւնը կ՚օգնէ իրեն, անփորձ որսորդին փորձառութիւն կ՚ուսուցանէ: Կը նկատէ թելին թեթեւ շարժումները, չի գիտեր ի՞նչ ընէ, ձուկը կերը նկատած ու եկած է ուտելու, պէտք է զգոյշ ըլլալ, այնպէս մը շարժել կարթը, որ ձուկը չփախչի, չանհետանայ:
Խուճապի մատնուած, շփոթած, հրճուած կամացուկ մը կը վերցնէ ան կարթը իր յենարանէն ու կը սկսի ոլորել թելը եւ ջուրէն դուրս քաշել որսը: Ճիշդ այնպէս ինչպէս մէկը նոր գործի մը ձեռնարկած՝ ջանք չի խնայեր այդ գործը յաջողութեամբ պսակելու համար: Խանդավառութեամբ կը շարունակէ ոլորել կարթէն կախուած թելը: Ծանրութիւն մը կը զգայ, իրար կ՚անցնի, բայց ո՛չ, պէտք է զուսպ ըլլալ, իրար չանցնիլ: Արդեօք կանչե՞մ բարեկամներս, կը խորհի: Ու կ՚ուզէ անոնց անունները յիշել. հոգ չէ որեւէ անուն, որեւէ բացագանչութիւն, միայն լսեն անոնք ու գան իրենց փորձառուի շարժումներով յաջողին հանել որսը ջուրէն, ու կը պոռայ՝ ՚Վարդա՛ն, Յակո՛բ, Օհա՛ն, եկէք, կարծես որս մը բռնեցի, կարթիս կեռիկին կախուեր է, հասէ՜ք», կ՚անդրադառնայ, որ իր թուած անուններէն ոչ մէկը բարեկամներուն անուններն են, բայց գոնէ ձայնս լսեն ու գան, կը խորհի ու միեւնոյն ատեն հանդարտութիւն մը կը տիրէ, ոյժերը կը ժողվէ ու կը շարունակէ ծանրացած թելը ոլորել. թելը կ՚ոլորէ վարպետ ձկնորսի մը նման, ու ահա ջուրէն կը յայտնուի ձուկը, որ կը թփռտայ ամբողջ մարմնով, որուն պատճառով ալ աւելի կը ծանրանայ, կենաց մահու պայքար կը մղէ կենդանին, հոգի կու տայ:
Ձկնորսը արագ-արագ կ՚ոլորէ թելը, որսը տեսած է արդէն, բաւական ալ մեծ է: Բարեկամները ըսած էին իրեն, թէ առաջին անգամ անպայման կ՚որսաս, հաւատք չէր ընծայած ինք այս խօսքին, ծիծաղով մը պատասխանած էր, թէ արդեօք ձուկերը կը զգա՞ն առաջինը կամ վերջինը, բայց ահաւասիկ փաստը դէմն է, ծանր ձուկ մը օդին մէջ կը խաղայ ու ինք կը մօտեցնէ կարթը ու կը քաշէ որսը:
Ահա արդէն թելը ամբողջութեամբ ոլորուելու վրայ է ու որսը՝ շատ մօտ: Այդպէս՝ որսը կարթէն կախուած վիճակով կը նկարէ ու իսկոյն կը ղրկէ մանչուկին եւ երջանկացած կը հեռաձայնէ ու յաջողութեան ցնծութիւնը կը փոխանցէ.
-Տղա՛ս, տեսա՞ր բռնած ձուկս, վաղը կ՚ուտենք առաջին որսս եւ գալ անգամ միասին կ՚երթանք որսալու, շա՜տ հաճելի է:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ