Երբեմն
Երբեմն միայն՝ հոն եմ, ուր որ եմ… հոսանքներ զանազան, երէկը, ներկան ու գալիքն ալ միանգամայն, կը միախառնուին:
Երբեմն…
Արեւն անհոգ կը ծիծաղի…
Ինք ալ ունի բազմատեսակ
Փոփոխական ուրոյն պահեր
Եւ կը սիրէ ինքզինք պահել
Ամպերէն վեր, ծովէն անդին:
Երբեմն ժպիտ մը միայն, մօտէն թէ հեռուէն, կ՚ընէ ձմեռը գարուն, աշունը՝ ծաղկուն: Երբեմն այնպէս կը թուի, թէ կորած է ամէն յոյս եւ կեանքը կու տայ խոյս, խաւարով պատած է աշխարհն հայրենի երէկովն ու ներկայով եւ չկայ ելք:
Միթէ Վերջին Պոէտն եմ ես
Վերջին երգիչն իմ երկրի,
Մահն է արդեօք թէ նինջն է քեզ
Պատել, պայծառ Նայիրի:
(Վ. Տէրեան)
Երբեմն շունչ մը լոկ, կեանքի կը կանչէ սահմանին հասած անձը, իրողութիւն մը, կեանքը ու յանկարծ կը բարձրանայ հրաբուխի նման ցնցելու թմրած ուղեղները զօրաշարժի ենթարկելու.
Ես եմ հիմա մի Պոէտ
Եւ իմ անունը Չարենց.
Պիտի վառուի դարերում
Պիտի լինի բարձր ու մեծ:
(Ե. Չարենց)
Երբեմն յուզումները կ՚ահագնանան ու խեղդեն միտք, մտածում: Երբեմն՝ ընդհակառակը՝ կ՚ուղղեն միտք ու շարժում:
Երբեմն հով մը փոքրիկ կը զօրանայ, կը բորբոքի կ՚ըլլայ քամի ու կը խուժէ փողոցէ փողոց, տունէ տուն, կը ցնցէ քաղաք մը ամբողջ, այդ խելագար հովն է կամ մարդկային ամբոխը, որ ինչպէս միշտ, աւելի, շա՜տ աւելի զգացական է քան առարկայական, վտանգաւոր եւ իրական, որ կրնայ շրջել պիտանին անպէտին հետ ու հետեւանքը կ՚ըլլայ դառն ու անբուժելի: Նման պարագաներու առթիւ քսանհինգ դարերու խորքէն Լաօ Չէ կը գրէ ի միջի այլոց.- (63)
Դիմագրաւէ պարզ իրողութիւնները,
անոնց մէջ չմխրճուած.
Լուծէ փոքր հարցերը, անոնք
անզսպելի չդարձած…
Մեծագոյն բարդոյթները աշխարհի
կարելի կ՚ըլլայ լուծել,
Երբ անոնք տակաւին սաղմնային
վիճակի մէջ են:
Եթէ իմաստութեամբ դիմագրաւենք
հարցերը,
Կը դադրին հարց ըլլալէ:
Բնութեան էութիւնն է շարժումը եւ մարդ արարածն ալ բնութեան մէկ զաւակն է, որքա՜ն իրերանման շատ հարցերու մէջ, միա՛յն թէ մարդ անկարող է որքան բնութեան իշխելու, այնպէս կը թուի թէ՝ նոյնքան ալ ինք իրեն, յօժար արդար դատողութեան եւ ցանկալիին:
Երբեմն խնդիրները մեզմէ ետ
կը մնան, երբեմն՝ կը կանխեն
Երբեմն շնչառութիւնը ծանր կ՚ըլլայ,
երբեմն՝ հեշտ…
երբեմն զօրաւոր կը զգաս, երբեմն՝
թոյլ եւ տկար
Երբեմն վերիվայրումներու տրուած…
(Լաօ Չէ)
Երբեմն մոռցուած անուն մը կը յիշես դժուարաւ, պրպտելով անցեալի էջերը, տողերը, բառերը, տառերը, մո՜ւթ, խոնաւցած յիշողութեան մէջ, որ յանկարծ անակնկալ կը ներկայանայ… բայց չես կրնար մոռնալ Մեծարենցը: Ուրեմն՝ կարդանք.-
Երբեմն ամպոտ երկինք մը՝ շուտ
կը պարզուի
ու լեղակի լիճ մը կ՚ըլլայ՝
Հոգւոյս շլացիկ ծովուն դիմաց:
Եւ պէտք է,
Երբեմն՝ խօսքերը խիտ ըլլան, հեռագիրներու նման:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան