ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԿՈՐԾԱՆԻՉՆԵՐ ՀԱՍԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱ. Ի՞ՆՉ Է ՊԱՏԳԱՄԸ
Հոկտեմբերին, երբ Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան տնօրէն զօրավար Ալի Մեմլուք կը ժամանէր Գահիրէ, ոչ ոք կրնար ենթադրել, որ այդ հանդիպումը պիտի դառնար երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները վերահունաւորող այցելութիւն մը:
Ճիշդ է, որ Մեմլուքի նման ապահովական բարձր պատասխասնատուութիւններ ստանձնած ներկայացուցիչներու այցերը լրատուական դաշտին մէջ յաւելեալ լուսաբանութիւններու չեն արժանանար։ Բայց եւ այնպէս, այսօր յստակ է, որ Սուրիոյ նախագահին հրամանով այս կարեւոր պատուիրակին Գահիրէ կատարած այցը սկսած է իր առաջին արդիւնքները տալ:
Տեղին է նշել, որ նոյն զօրավարը, նախքան Գահիրէ մեկնիլը, նմանատիպ այց մը կատարած էր նաեւ դէպի Ռիատ։ Սակայն օրին Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր պատասխանատուները կը մերժէին երկխօսութեան որեւէ առիթ ստեղծել իրենց համար բաւական երկար ատենէ ի վեր «Փերսոնա նոն կրաթա» համարուող Պեշար Էսատի իշխանութիւններուն հետ:
Այս բոլորը մէկ կողմ, սակայն սոյն յօդուածին տուն տուող հիմնական դրդապատճառը եգիպտական բանակին պատկանող կործանիչներու երեւումն է՝ Սուրիոյ հիւսիսի գլխաւոր քաղաք համարուող Համայի ռազմական օդակայանին մէջ:
Ճիշդ է, որ ցարդ յստակ չէ, թէ ի՛նչ նպատակով եգիպտական բանակի օդային ստորաբաժանման այդ զօրքերը յայտնուած են Համայի մէջ, բայց ակներեւ է, որ նման «պատգամ» մը, ի մասնաւորի Գահիրէի կողմէ, զինուորական բնոյթ ունենալէ աւելի ունի քաղաքական կուռ կեցուածք մը ըլլալու բոլոր լրացուցիչ հանգամանքները:
Ըստ պատերազամական լրագրող Մուհամմէտ Պալլութի, Համայի մէջ ծառայութեան անցած են տասնութ օդաչուներ: Լրագրողը, որ նոյնպէս յստակ տեղեկութիւններ չի տար կործանիչներուն ի՛նչ տիպի ըլլալուն մասին, նաեւ յայտնած է, որ չի բացառուիր, թէ Եգիպտոսի Սուրիա ուղարկած օդային համակարգը ըլլայ ռուսական:
Եգիպտոսի կատարած այս քայլը անշուշտ ենթադրել կու տայ, որ ան կը վայելէ անմիջական զօրակցութիւնը Ռուսաստանի, որ անպայմանօրէն կարեւոր դեր վերցուցած է Գահիրէ-Դամասկոս այս հանգրուանի յարաբերութիւններու կարգաւորման առընթեր:
Քաղաքական հարթակի վրայ Գահիրէի զինուորական այս քայլը կը մեկնաբանուէր Եգիպտոսի Նախագահ զօրավար Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսիի կատարած յայտարարութեամբ: Սիսի, որ Սուրիոյ տագնապին ամենաթէժ փուլերուն իսկ խուսափած էր ուղղակիօրէն քննադատելէ Պեշար Էսատը, այսօր արաբական աշխարհին կը ներկայանար նոր ձեւաչափերով: Ան բառացիօրէն կը յայտարարէր, որ թէ՛ Իրաքի, թէ՛ Լիպիոյ եւ թէ յատկապէս Սուրիոյ մէջ առկայ բոլոր հարցերուն կարգաւորումը պէտք է ըլլայ մէկ ճանապարհով, որն է՝ երկրի բանակին հզօրացումը:
Ան խօսելով պուլկարական RTP կայանին՝ իր աջակցութիւնը յայտնած է «ազգային բանակներուն», որոնց շարքին նաեւ սուրիական բանակին, հակասելով Եգիպտոսի աջակից Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքին: Նախագահ Սիսի շեշտած է, թէ նախընտրելի է, որ երկիրներու «ազգային բանակները» ապահովեն անվտագութիւնն ու կայունութիւնը, որպէսզի այս պարտականութեամբ այլ ուժերու գետնի վրայ գոյութիւնը զգայնութիւններ չստեղծէ:
Նշենք, որ Եգիպտոսի Նաւթի նախարարութիւնը Հոկտեմբերին յայտնած էր, թէ Սէուտական Արաբիա կասեցուցած է նաւթային մատակարարումները դէպի Եգիպտոս, վերջինին ՄԱԿ-ի նիստին Ռուսաստան-Սուրիա որոշման կողմ քուէարկութեան պատճառով:
Սիսի շեշտած է Սուրիոյ մէջ «քաղաքական լուծումներ» գտնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ լաւատեսութիւն յայտնած՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի նկատմամբ։ Ան հաւանութիւն տալով Թրամփի այն արշաւին, որուն նպատակներէն է՝ փաստակէտեր կազմել Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող իսլամներու մասին. «Իւրաքանչիւր երկիր կը փորձէ անվտանգութիւն եւ կայունութիւն ապահովել իր երկրին եւ բնակիչներուն համար» ձեւաչափով:
Պէտք չէ մոռնալ, որ Եգիպտոսի նախագահը իր յարաբերութիւններու ուղեծիրը լայն բանալով այցելած էր Մոսկուա ու ապա Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինը ընդունած՝ Գահիրէի մէջ:
Հակառակ սիւննի տէրութիւններուն հետ իր ունեցած «թեթեւ բայց երեւելի» տարակարծութիւններուն, Սիսի այդպէսով իր իշխանութեան համար կ՚ապահովէր կարեւորագոյն նեցուկը: Հակառակ Անգարայի հետ ունեցած երեւելի լարուածութեան, ան միշտ վստահելով շրջանին մէջ նոր բարձրացող ռուսական ալիքին, ամէն ճիգ ի գործ կը դնէր նոր նշաններ ուղարկելով իր հարեւան երկիրներուն: Այդ նշաններէն էր անշուշտ Գահիրէի բաւական անսպասելի համարուած կեցուածքը, երբ նոյն Սիսին կը մերժէր մաս կազմել 2015 թուականին Ռիատի կողմէ Եէմէնի համար կազմուած զինուորական դաշինքին:
Հետաքրքրական էր նաեւ, որ Գահիրէի առաջնորդը այդ մասին յաւելեալ մեկնաբանութիւններ չէր ըներ, անշուշտ փորձելով հեռու պահել սիւննի աշխարհի իր իշխանութեան դէմ վանողական կեցուածքները:
Ապա Ռիատ կ՚անցնէր գործնական քայլերու եւ «Արամքօ» նաւթային ընկերութիւնը անսպասելի համարուած քայլով մը կը խզէր իր պայմանաւորուածութիւնը Գահիրէի հետ:
Այս բոլորը կը կատարուէին շատ կարճ եւ արագ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին եւ հակառակ տեղի ունեցած անսպասելի սրացումին, Գահիրէ կը շարունակէր զուսպ եւ սառն հայեացքով ընկալել ու ապա «մարսել» դէպքերը:
Այսօր նոր իրավիճակ մը կայ: Գահիրէի Սուրիոյ մէջ զինուորական խարիսխ մը հիմնելու դրուագը կը ստանար նոր դաշինքներու ձեւաւորում: Դաշինք մը, որ անպայման ուղղուած չէ սիւննի աշխարհի միւս տէրութեանց, բայց նաեւ առանցք մըն է, որ միշտ Մոսկուայի հովանիով պիտի փորձէ իր շուրջ հաւաքել բոլոր այն ուժերը, որոնք համաձայն են Քրեմլինի կողմէ Միջին Արեւելքի մէջ խմորուող ընդհանուր ընթացքներուն:
Իրավիճակը կը յիշեցնէ 60-ականներու արաբական զարթօնքի ընդհանուր դրութիւնը ու Սիսի իբրեւ զինուորական գործիչ իր արարքներով եւ համոզումներով կու գայ փաստագրել, որ արաբական աշխարհի բոլոր հարցերը պէտք է կարգաւորուին նախ եւ առաջ ունենալով հզօր բանակներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան