ՀԱԼԷՊԻ ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Իր կարգին, հալէպահայ լրագրող եւ Բերիոյ Թեմի «Գանձասար» պաշտօնաթերթի նախկին խմբագիր Մարի Մերտխանեան Հալէպի վերջին զարգացումներուն մասին դիմատետրի իր էջին գրառում մը կատարելով գրած է.
«Քանի օր է՝ կը հետեւինք սուրիական բանակին եւ անոր դաշնակիցներուն արագ յառաջընթացին, որուն արդիւնքով Հալէպ գրեթէ ամբողջովին ազատագրուեցաւ եւ շուտով «ապահով քաղաք» դառնալու կը պատրաստուի:
«Ազատագրուած եւ արդէն ապահով շրջաններէն հասած լուսանկարները աւերի միայն մէկ մասը կը փոխանցեն: Փլած ամէն մէկ շէնք քանի՜ ընտանիքներու ողբերգութիւնը կը փոխանցէ… Ընտանիքներ, որոնք Աստուած գիտէ այսօր ինչ ճակատագրով կ՚ապրին:
«Այդ լուսանկարներուն զուգահեռ՝ լուսաւոր պատկերներ ալ կան: Ուշադրութիւն ըրի՞ք, թէ ազատագրուած եւ ապահով շրջանները վերականգնելու ինչպիսի՜ արագ աշխատանք կը տարուի:
«Նոր Գիւղէն մինչեւ Սիւլէյմանիէ, մինչեւ Մեսէքէն Հանանու եւ այլուր… փողոցներ կը մաքրուին, աղբեր եւ քարակոյտեր կը հեռացուին, կպրապատում եւ ծառատնկում կը կատարուի…
«Այս բոլորը յոյս կը ներշնչէ։ Կը հաստատէ, որ այս շրջանները այլեւս սակարկութեան առարկայ չեն:
«Ես լաւատես եմ։ Կը հաւատամ, որ Հալէպը շուտով կը վերականգնի եւ կ՚աշխուժանայ, իսկ գրաւը քանի մը տուեալի վրայ կարելի է դնել.
«1- Ժողովուրդը։ Հալէպցին աշխատասէր է: Ճակտի քրտինքով ոտքի կանգնելու համար ամէն ճիգ կը թափէ: Լուրերուն հետեւող մեկնաբանութիւնները կը վկայեն, որ այս քաղաքէն հեռացածներու մէկ մասը պիտի վերադառնայ եւ պիտի շարունակէ հոն ապրիլ: Անշուշտ խօսքս հայերու մասին չէ: Հալէպ չորս միլիոնէն աւելի բնակիչ ունէր։
«2- Սուրիան տնտեսութիւնը զօրացնելու փորձ ունի: 1980-ականներուն, երբ երկիրը Արեւմտեան շրջափակման (ամպարկօ) ենթակայ էր, խիստ պայմաններու մէջ, կրցաւ պայքարիլ դուրսէն գաղտնի եւ անօրէն միջոցներով ապրանք բերելու փորձերուն եւ յաջորդ տասնամեակին կրցաւ տեղական արտադրութեան (նոյնի՛սկ արտածումի) մեծ շուկայ ստեղծել: Երանի Հայաստանն ալ կարենայ այդ խիզախ քայլին դիմել: Հալէպի գործարանները թալանող եւ փոխադրողները գիտէին, թէ ի՛նչ կ՚ընեն։
«3- Իշխանութիւնը, հակառակ իր բազմաթիւ թերութիւններուն, ասկէ առաջ կրցած էր արտադրութեան եւ աշխատանքի յարմար պայմաններ ստեղծել: Թէեւ պատերազմը աւելի շատ թերութիւններ ծնաւ, բայց նոյնի՛սկ այս պայմաններուն մէջ կրնայ նոյնը ընել»:
Մերտխանեան իր կարգին բաւական տեղին դիտարկումներ կատարած է: Ան վեր առած է Հալէպ քաղաքի ոչ միայն ռազմավարական դիրքը, այլ շրջանին մէջ տնտեսական կարեւոր կեդրոնատեղի մը ըլլալու հանգամանքը:
ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ
Քիչ մը ետ երթալով հարկ է ըսել, որ 2010 թուականին երբ «Արաբական գարնան» խորշակները սկսան դէպի Սուրիա փչել, Հալէպը միջինարեւելեան չափանիշներով տնտեսական կարեւոր եւ «որոշիչ» կեդրոնի վերածուած էր: Կեդրոն, ոչ միայն Սուրիոյ հարեւան արաբական տէրութեանց համար, այլ արաբական աշխարհը դէպի Եւրոպա «բանալու» ճամբուն վրայ:
Անշուշտ այլ պատճառներու կողքին այս մէկը եւս Հալէպը կը զատորոշէր այլ շրջաններէ ու միջազգային հանրութեան համար ալ (մանաւանդ Պեշար Էսատի իշխանութեան դէմ եղողներուն համար) Սուրիոյ իշխանութիւններուն Հալէպի մէջ պարտութիւնը պիտի նշանակէր ոչ միայն քաղաքի, այլ ամբողջ վարչակարգի պարտութիւնը:
Այս տուեալներէն մեկնելով Հալէպի պատերազմին համար իրենց ամբողջական ճիգերը ներդրեցին ոչ միայն Էսատին զօրավիգ կանգնող ուժերը (իրանեան ուժեր եւ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»), այլ մանաւանդ ռուսական ուժերը, որոնց օդուժին վրայ գրաւ դնելով սուրիական բանակը սկսաւ դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով յառաջանալ, մինչեւ ամբողջական ազատագրումը:
Այս ընդհանուր զարգացումներուն մէջ բնականաբար կարեւոր բացթողում եղաւ Հալէպի արեւելեան շրջանները, իրենց հիմնական թաքստոց սիւննի զինեալներուն համար, որոնք հովանաւորող բոլոր կողմերը իրենց «ձեռքերը լուացին» եւ «առանց յայտարարելու»՝ երեք հազար զինելաներէն եւ անոնց ընտանիքներէն պահանջեցին հեռանալ… դէպի Իտլիպ:
Այս ընդհանուր շփոթին մէջ արեւմըտ-եան կեցուածքին վրայ ալ կարեւոր դեր ունեցաւ Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուիլը: Ու մինչ այդ, երբ բոլոր կողմերը այս Դեկտեմբերին համար թէժագոյն մարտեր կը նախատեսէին, Դեկտեմբերի 10-էն սկսեալ սկիզբ առաւ նոր գործընթաց մը, որուն իբրեւ աւարտ Հալէպը ամբողջութեամբ վերադարձաւ Սուրիոյ օրինական բանակին ձեռքը:
Հասկնալի է նաեւ, որ բացի հանրապետական թեկնածուի ընտրութենէն եղան բաւական ազդեցիկ, կողմնակի, սակայն առանցաքին դէպքեր, որոնց ամենէն ուշագրաւը՝ Անգարա-Մոսկուա մերձեցումն էր: Ճիշդ է, որ պատմութիւնը «ԵԹԷ»ներ չի սիրեր, սակայն յստակ է նաեւ, որ եթէ այսօրուան քաղաքական վիճակը չըլլար, Հալէպ պիտի դառնար արիւնահեղութեան նոր գետին մը, որուն հետագայ ազդեցութիւնները անկարելի էր կանխատեսել:
Այսօրուան դրութեամբ Հալէպը յայտ-նըւած է նոր իրավիճակի մը մէջ: Երկրի իշխանութիւններուն համար «պատմական յաղթանակ» համարուած այս փուլը նոյնպէս յղի է կարեւոր իրադարձութիւններու: Ճիշդ է, որ Հալէպի մէջ այլեւս արմատական զինեալներ չկան, բայց յստակ է նաեւ, որ սիւննի աշխարհի ջահակիրներուն համար քաղաքին մէջ այս ընկրկումը անմարսելի է:
Այլ հարց, թէ անոնք պիտի փորձեն, կամ պիտի կարողանան հակազդել, սակայն յստակ է, որ սիւննի-շիի ճակատումներու այս փուլին Հալէպի մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակը մեծ հարցադրումներու փուլի մը սկիզբն է:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. «ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼՈՒ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ»
Սուրիական պատերազմին հետեւանքով Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը կարեւոր ներուժ են Հայաստանի համար: Անկախ բոլոր հանգամանքներէն Հայաստանի իշխանութիւնները լաւապէս կ՚ըմբռնեն, որ բոլոր դիւրութիւնները պէտք է տրամադրուին, որպէսզի մեր հայրենակիցները ոչ միայն Հայաստանէն չհեռանան, այլ իրենց ունեցած դրամագլուխները ծառայեցնեն երկրին մէջ տնտեսական նախաձեռնութիւններ իրականացնելու: Ճիշդ է, որ Հալէպի վերջին զարգացումներէն ետք պիտի յայտնուին շատեր, որոնք ժամանակաւորապէս կամ իրենց կալուածներու հարցերը լուծելու նպատակով Հալէպ մեկնին ու այս առումով է նաեւ, որ Հայաստանը անպաշտօն եւ աչալուրջ կերպով ճիգեր իրականցնէ, որպէսզի իրենց կալուածներու հարցերը «լուծած» հալէպահայերը, իրենց ծննդավայրը ընդմշիտ լքելու պարագային ոչ թէ Գանատա կամ Շուէտ մեկնին, այլ վերջնականապէս ապրին Հայաստանի մէջ:Այս առումով յուսադրիչ յայտատարութիւններ կատարեց Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան։ Ան Դեկտեմբերի 15-ին ընդունելով Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներ ներկայացնող խումբ մը սուրիահայ գործարարներ՝ ըսած է. «Մենք ամէն ինչով պիտի աջակցինք բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան սուրիահայերուն՝ Հայաստանի մէջ մնալուն: Դուք մշակոյթ փոխած էք Երեւանի մէջ, գործառոյթի, ծառայութիւններու մարզերուն մէջ, եւ ձեր կայացումը մեզի համար չափազանց կարեւոր է»:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Աւարտելու համար յօդուածը պէտք է անպայման շեշտադրել, որ Հալէպի մէջ ստեղծուած դրութիւնը (անշուշտ եթէ ներկայ իրավիճակը շարունակուի) դրական նոր աշխուժութիւն մը պիտի ստեղծէ Սուրիոյ մէջ: Ճիշդ է, որ սուրիական պատերազմը տակաւին չէ աւարտած ու յստակ է, թէ երկրի իշխանութիւններուն համար տակաւին կան կարեւոր փուլեր:
Հայութեան համար կարեւոր է գիտակցիլ, որ Հալէպը իր նախկին դերը պիտի չունենայ։ Այն Հալէպը, որ կար 2011 թուականէն առաջ, այլեւս չկայ ու պիտի չըլլայ։ Ու երազ է, որ աւերակուած Հալէպը կարճ ժամանակի ընթացքին պիտի կարողանայ դարձեալ ոտքի կանգնիլ ու վերադառնալ իր «փառքի օրերը»:
Այս եզրակացութեան մէջ պէտք չէ չարակամութիւն փնտռել, այլ Միջին Արեւելքի վերջին երեսուն տարիներու դէպքերը ցոյց կու տան, որ պատերազմներու ենթարկուած երկիրները դժուար թէ դուրս գան իրենց տագնապներէն, ալ ուր մնաց Հալէպի պարագան, ուր Սուրիան շրջապատող ամբողջ սիւննի աշխարհը եւ անոնց ծրագրային մօտեցումները լախտի ծանր հարուած մը ստացան:
Հալէպի մէջ արմատականներն ու անոնց ծրագիրը պարտութիւն կրեցին: Ճիշդ է, բայց վտանգաւորն ու մտահոգիչը այս դրութենէն ետք է, որ սկիզբ կրնայ առնել կամ շօշափելի դառնալ:
Հալէպահայութիւնը, ուրեմն պէտք է իր քայլերը իրականացնէ հաշուի առնելով այս բոլոր տուեալները եւ յատկապէս շրջանին մէջ ծայր առած սիւննի-շիի հակամարտութեան ամենափոքր ու անտեսուած մանրամասնութիւններն ու ապագայի հնարաւոր զարգացումները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
•շար. 2 եւ վերջ