ԿԱՆՉԸ
Բարձրացած են ջահերը, մոմերը եւս, ու կը քալեն անոնք, արշաւ մը կազմած կ՚ուղղուին դէպի կանչը բնազդին: Այո, բնազդ դարձած կանչն է զիրենք մղողը, կանչը արդարութեան, փաստը գոյութեան հին ազգի մը, որ ունի հազարամեակներու պատմութիւն եւ դարու մը պահանջք:
Կը զգաս ջահերով ու մոմերով յառաջացողներուն ոճային տարբերութիւնները, տարբեր վայրերէ եկած, բայց նոյն ազգի զաւակներն են անոնք, նոյն ծիներ կրողները: Բաբելոնը կը յիշես, լեզուներու խառնաշփոթ վիճակին մէջ ընկղմած: Մին արաբերէնը կը խառնէ իր մայրենիին, ուրիշ մը՝ թրքերէնը, պարսկերէնը, անգլերէնը... եւ դրօշներ կը ծածանին կուսակցութիւններու ու երկիրներու: Կը քալեն անոնք, կ՚արշաւեն:
Մանուկ մը, գեղեցիկ աղջնակ մըն է, իր հօրը ուսերուն բազմած, մանրիկ մատներով բռնած է կարմիր լապտեր մը, որուն մէջէն լոյսին պլպլացող շողը գեղեցիկ փայլք մը պարգեւած է անմեղ ձագուկին դէմքին: Կը հիանաս տեսածիդ, որուն ընդմէջէն կը տեսնես գիտակցութիւնը ծնողքին, դաստիարակութիւնը, պատմութեան ուսուցում մըն է, որ այսպիսով ծնողքը կը հաղորդէ ձագուկին:
Կը յիշեմ յանկարծ երեւանցի բարեկամներէս մէկուն արտայայտութիւնը, թէ՝ «կարելի չէ մանուկները մասնակից դարձնել այսպիսի արշաւներու, թող մեծնան անոնք ու ապա հասկնան ու աւելի լաւ ընկալեն ու մասնակցին, քանի որ անոնց մտքին մէջ մանկութենէն դրոշմուած այս պատկերը կը մնայ ու չի ջնջուիր», ըսած էր ան: Ընդդիմացած էի անոր այս կարծիքին, քանի որ մենք եւս մեր մանկութենէն դաստիարակուած ենք այս ձեւով ու երբեք սխալ չեմ համարած այս մէկը, ու կը կարծէի, որ բոլոր երեւանցիք այսպէս կը մտածեն, բայց ահա այս ընտանիքն ալ երեւանցի է ու կ՚արշաւէ բոլորիս հետ, կ՚առաջնորդուի իր իսկ մանկան լոյսով:
Մոմերէն, լապտերներէն ու ջահերէն բարձրացող լոյսերուն շողերը հեռուէն դիտուած աստղահոյլ մը ըլլալ կը թուին: Երկրային աստղահոյլ մը, որ խաղաղեցնել կ՚ուզէ մեր մամիկներու ու պապիկներու անհանգիստ հոգիները, հաստատել կ՚ուզէ, որ շարունակութիւն մը գոյ է ու կամովին կը ջանայ արար աշխարհին իմացնել, հասցնել իր ձայնը, որ արդարութեանն ալ է, մարդկայնութեան ու գիտակցու-թեանն ալ:
Լուսաւոր հոյլը կը քալէ, կը յառաջանայ, աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ տեղի կ՚ունենայ, չէ՞ որ ամէն տեղ հայ կայ, եղաւ հայը ամէն տեղ ու սերունդներով բազմացաւ, որպէս բարիք չարիքներէն գոյացած, դարձաւ արուեստի ու արհեստի հռչակ ամէնուրեք ու հիմա ամէն ոք իր կարողութեամբ ու գիտցածով լոյս մը առած կը քալէ, որպէս աստղ մը հոյլէն լուսատու:
Խումբ մը կը նուագէ ու իր երաժշտութեամբ, մեղեդային կոչով, երբեմն ալ պոռթկումնալից ձայներով կ՚առաջնորդէ լոյսերը, ուրիշ մը կը գծէ ու իր վրձնահարուածներով ու հոգեցունց պաստառներով կը միանայ գաղափարի այս երթին: Օտարներ ալ կը միանան փաղանգին մեր, մին ֆիլմ մը ցուցադրելով կը յառաջանայ դէպի կոթողը, ուրիշներ հանրային ելոյթներով ու ճառերով կը մասնակցին, ոմանք դիմատետրի վրայ յայտարարութիւններով ալ մաս կը կազմեն ու փաղանգը կը խտանայ, կը միանան ձեռքեր, բռունցքներ արար աշխարհէն, բոլորը մէկ բռունցքի նման կը յառաջանան ու կ՚ուղղուին դէպի կանչը արեան, արդարութիւն ու իրաւունք կը պահանջեն անոնք, իմացութեան կը հրաւիրեն աշխարհի ղեկերը, անոնց խիղճերը կը սթափեցնեն կարծես, կը տեղեկացնեն բանի մը մասին, որ արդէն շատոնց տեղեակ են ղեկերը ու կը քօղարկեն այդ իմացութեան վրայ:
Ու կը քալեն արշաւին մասնակիցները, քայլ առ քայլ կը մօտենան յուշակոթողին խորհրդաւոր, ուր կը սպասեն դարէ մը ի վեր ննջող ու զիրենք կանչող մամիկներն ու պապիկները: Կը տեղաւորեն մոմերն ու ջահերը իրենց, լոյսով կ՚ողողեն, յոյսով կ՚ողողեն անոնց անմեղ մասունքները, կը հանգչեցնեն կակաչներ, վարդեր ու մեխակներ տեղաւորելով, որոնց հետ կարծես խոստում մըն է որ կը հաղորդեն, թէ պիտի շարունակեն այս երթը մինչեւ որ տեղի ունենայ մարդկային խղճին արթնութիւնը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ