Վիզի Ցաւ
Վիզի ցաւը հիւանդութիւն մը չէ, այլ` ախտանշան մը, որ կը յայտնուի շատ մը հիւանդութիւններու եւ անբնական երեւոյթներու պատճառով: Ժողովուրդին 25 տոկոսը կը գանգատի վիզի ցաւէ: Անիկա կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ երկու սեռերու մէջ, առանց խտրութեան:
Վիզի ցաւը լաւապէս հասկնալու համար պէտք է գիտնանք վիզի կազմուածքը:
Վիզը կազմուած է ողնայարի պարանոցային (cervical) եօթը ողնոսկրներէ (vertebra) եւ անոնց միջողնոսկրային սկաւառակներէ (intervertebral disc), պարանոցային ողնածուծէ, ջիղերու, երակներու եւ զարկերակներու հարուստ ցանցէ մը, խումբ մը մկաններէ եւ մկանաձգաններէ (tendon), աւշագեղձերէ եւ խումբ մը օրկաններէ` վահանագեղձ, յարվահանագեղձեր, որկորի սկզբնաժին եւ խռչափող: Այս բոլորը ծածկուած են եւ պաշտպանուած են մորթով: Այս բոլորին հիւանդութիւններով եւ անբնական երեւոյթներով կը յառաջանայ վիզի ցաւը:
Ցաւը կը յայտնուի վիզի որեւէ մէկ մասին մէջ: Անիկա կ՛ըլլայ ժամանակաւոր կամ մնայուն, մեղմ կամ սաստիկ, անակնկալ կամ յարաճուն (progressive), տեղային կամ տարածուն-արտաուղղուած (radiated): Վիզի ցաւը երբեմն կը սաստկանայ գլխու շարժումով:
Վիզի ցաւին կ՛ուղեկցին յաճախ այլ ախտանշաններ, օրինակ` բազուկի եւ ձեռքի տկարութիւն, մատներու թմրութիւն, ասղնտուք եւ տկարութիւն, բազուկի մկանային ցաւ, կլլելու դժուարութիւն, գլխապտոյտ եւ գլխացաւ եւ ուսերու ու դէմքի ցաւ:
Վիզի ցաւը կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով.
1. Վիզի հարուած եւ վնաս (head trauma), որ կրնայ ըլլալ արտաքին ուղղակի հարուած, մարզանք, ինքնաշարժի արկած,
2. Վիզի մկանային ճնշում եւ պրկուածութիւն (sprain, strain),
3. Վիզի աւշագեղձերու ծաւալում եւ խլիրդ,
4. Վիզի սխալ դիրքաւորում` քնանալու եւ աշխատելու ընթացքին,
5. Սխալ բարձի գործածութիւն քունի ընթացքին,
6. Երկար ժամանակ վիզը պահել մէկ դիրքի վրայ անշարժ, մանաւանդ` համակարգիչի դիմաց,
7. Սաստիկ պաղ օդի եւ հովի ենթակայութիւն եւ, հետեւաբար, վիզի մկանաձգաններու պրկուածութիւն,
8. Վիզի ողնայարի յօդակապաններու (joint ligaments) վնաս-հարուած. մասնաւորապէս` ինքնաշարժի ցնցումային վնաս-արկած (whiplash),
9. Սկաւառակահիւծիչ հիւանդութիւն (degenerative intervertebral disc disease),
10. Միջողնոսկրային սկաւառակի ճողուածք (intervertebral disc herniation),
11. Ողնայարի-ողնոսկրներու բորբոքում (vertebral osteoarthritis),
12. Շարահիւսուածքային յօդաբորբ (rheumatoid arthritis),
13. Բնաթելամկանատապ (fibromyalgia),
14. Բազմամկանատապ (polymyalgia),
15. Կոկորդի բորբոքումներ,
16. Ուղեղապատեանաբորբ (meningitis),
17. Վահանագեղձի ծաւալում (hyperthyroidism) եւ խլիրդ,
18. Յարվահանագեղցի (parathyroid) խլիրդ,
19. Վահանալեզուածորի պարկի (thyroglossal duct cyst) բորբոքում,
20. Վիզի ողնայարի կողմնածռութիւն (scoliosis),
21. Ծուռվզութիւն (torticollis),
22. Վիզի մորթային զանազան հիւանդութիւններ:
Վիզի ցաւը ընդհանարապէս կ՚ըլլայ ժամանակաւոր եւ անցողակի: Այս կը նշանակէ, որ լուրջ հարց մը գոյութիւն չունի: Վիզի ցաւին ուղեկցող հետեւեալ ախտանշանները` բազուկի եւ ձեռքի տկարութիւն, մատներու թմրութիւն, ասղնտուք եւ տկարութիւն, կը մատնանշեն մտահոգիչ հիւանդութեան մը գոյութիւնը:
Վիզի ցաւը կրնայ արտաուղուիլ դէպի ուս, բազուկ, ձեռք, մատներ եւ գանկի ստորոտը հետեւեալ ախտաբանական պատճառներով.
1. Միջողնոսկրային սկաւառակի ճողուածք,
2. Միջողնոսկրային ջիղերու անցքերու նեղացում:
Այս երկու պատճառներով ողնածուծէն դէպի վիզ գացող ջիղերը կը ճնշուին, եւ տեղի կ՛ունենայ վիզի ցաւ եւ վիզէն դուրս արտաուղղուած ցաւ:
3. Պարանոցային ողնայարի խողովակի (vertebral canal) նեղացում, որուն պատճառով ողնածուծը եւ ողնածուծէն դէպի վիզ գացող ջիղերը կը ճնշուին: Այս պատճառ կը դառնայ վիզի ցաւի եւ վիզէն դուրս արտաուղղուած ցաւի:
Սուր եւ անակնկալ վիզի ցաւը կը պատահի` վիզի մկաններու անակնկալ պրկուածութեամբ, յօդակապաններու վնաս-հարուածով, մկանաձգաններու պրկուածութեամբ, ինքնաշարժի արկած-ցնցումով, սխալ պառկելու դիրքով, սխալ բարձի գործածութեամբ.
Զանազան տեսակի քննութիւններ կը կատարուին հասնելու համար վիզի ցաւի հիմնական ախտապատճառին: Կը կատարուին վիզի Քէ. ճառագայթային պարզ նկարում, համակարգչային շերտագրական նկարում (CT Scan), մկանագրութիւն (myelogram), մագնիսարձագանգային (MRI) նկարում, ելեկտրամկանանկարում(EMG) եւ ջղահաղորդումի արագութեան քննութիւն (nerve conduction velocity test, NCVT): Հիմնական ախտը գիտնալէ ետք կը կատարուի այդ ախտին դարմանումը: Մինչ այդ անշուշտ ցաւաբեկ դեղերը ժամանակաւորապէս մեծ օգտակարութիւն կ՛ունենան:
Անցողակի եւ ոչ մտահոգիչ վիզի ցաւը կը մեղմանայ հետեւեալ դարմանամիջոցներով.
1. Վիզը հանգիստ եւ անշարժ պահել,
2. Վիզի մարձում եւ մեղմ մարզանք,
3. Վիզի ջերմադարմանում (պաղ կամ տաք),
4. Հագստաւէտ բարձի գործածութիւն,
5. Վզաձգում (neck traction),
6. Ցաւաբեկ, մկանահանդարտեցուցիչ դեղեր,
7. Քորթիզոնի գործածութիւն, որ պէտք է կատարուի բժշկական լուրջ հսկողութեամբ: Քորթիզոնը կը գործածուի զանազան ձեւերով` տեղային, մորթային, ներմկանային, ներմորթային եւ ներերակային,
8. Բնաբուծութիւն (physiotherapy),
9. Մտախոհութիւն-խոհականութիւն (yoga),
10. Ասեղնաբուժութիւն (acupuncture):
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Հարթակ
- 11/30/2024