«ՎԵՐՋ ՏԱԼ ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ»

Արցախի շրջափակման ու այնտեղ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ կարծիքը շօշափեցինք Արցախի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանի դասախօս, Որակի ապահովման տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Ամալիա Գրիգորեանի, որու հետ մեր ունեցած հարցազրոյցին սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ:

*

-Արդէն մէկուկէս ամիսէ ի վեր Արցախը շրջափակուած է։ Որո՞նք են գլխաւոր դժուարութիւնները։ Արցախցիք ի՞նչ միջոցներով կը շարունակեն իրենց պայքարը։

-Իրաւացի էք, աւելի քան ամիսէ մը ի վեր Ատրպէյճան կոպտօրէն խախտելով Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 9 նոյեմբեր 2020 թուականին ստորագրուած հրադադարի յայտարարութեան դրոյթները, 12 դեկտեմբեր 2022-ին կեղծ բնապահպանական պատճառաբանութեամբ փակած է Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի Շուշի-Քարին տակ հատուածը, որու հետեւանքով Արցախի ամբողջ բնակչութիւնը յայտնուած է լիակատար շրջափակման մէջ՝ կանգնելով մարդասիրական աղէտի առջեւ: Փակուած է ո՛չ թէ ուղղակի Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը, այլեւ՝ Արցախի կեանքի ճանապարհը, որով կ՚իրականացուին պարէնի, սննդամթերքի, դեղօրայքի եւ առհասարակ բոլոր տեսակի մատակարարումները դէպի Արցախ: Ատրպէյճանի նպատակը հայ բնակչութիւնը նուաստացնելն է, էթնիք զտումներ իրականացնելը, ֆիզիքական եւ հոգեբանական ճնշումներու ու տառապանքներու ենթարկելը, Արցախը վերջնականապէս հայաթափելը: Խախտուած են քաղաքացիներու ազատ տեղաշարժելու, նաեւ կրթութիւն, սնունդ եւ բժշկական օգնութիւն ստանալու հիմնարար իրաւունքները: Շրջափակուած Արցախը Ատրպէյճանի նախայարձակ սպառնալիքներու պատճառով վաղուց զրկուած է նաեւ օդային ճանապարհէն: Ատրպէյճան Արցախի մէջ ստեղծած է մարդասիրական աղէտ, որու հետեւանքով բնակիչները զրկուած են առաջին անհրաժեշտութեան՝ սննդամթերքի ու դեղօրայքի ձեռքբերման բնական իրաւունքէն՝ այդ կարգին նորածիններու համար յաւելեալ սնունդէ։ Բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող անձեր զրկուած են Հայաստանի համապատասխան բժշկական հաստատութիւններուն մէջ բուժում ստանալու հնարաւորութենէն։ Բացառապէս Կարմիր խաչի միջոցով կ՚իրականացուի ծայրայեղ ծանր հիւանդներու տեղափոխութիւնը դէպի Երեւան: Երեխաները չեն կրնար յաճախել մանկապարտէզ ու դպրոց՝ պայմանաւորուած սնունդի սակաւութեամբ ու ջեռուցման բացակայութեամբ: Ձմեռնային ցուրտ պայմաններուն ներքեւ Արցախը պարբերաբար կը հոսանքազրկուի։ Ատրպէյճան՝ Հայաստանէն սնուցուող Աղաւնօ-Բերձոր հատուածին բարձրավոլթ գիծը վթարի ենթարկած է եւ մինչեւ օրս կը խոչընդոտէ վերականգնման աշխատանքներու կազմակերպումը։ Այժմ ներքին սահմանափակ միջոցներու հաշւոյն կ՚իրականացուի ելեկտարականութեան մատակարարումը։ Ատրպէյճան անջատած է Հայաստանէն եկող կազամուղը՝ բնակչութիւնը զրկելով ջեռուցման հնարաւորութենէն: Արցախի մէջ բաւական դժուար դարձած է վառելիք ապահովելու հարցը։ Ատրպէյճան պարբերաբար կը խոչընդոտէ համացանցային ու բջիջային կապը։ Շրջափակման պատճառով բաժնուած են ընտանիքները. մէկ մասը Հայաստան է, միւս մասը՝ Արցախ։ Աւելին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գտնուող հարիւրաւոր անձեր, որոնք կ՚ուսանին Արցախի տարբեր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ, զրկուած են կրթութեան իրաւունքէ։ Շրջափակման պատճառով կրճատուած են հազարաւոր աշխատատեղիներ։ 21-րդ դարուն արցախցիք կ՚ապրին բաւական ծանր պայմաններու տակ՝ Ատրպէյճանի կողմէ օր ըստ օրէ ենթարկուելով ահաբեկչական գործողութիւններու: Հակառակ այս բոլորին՝ արցախցիք կը շարունակեն տոկալ ու ապրիլ իրենց մասունքուած հայրենիքին մէջ: Ի հեճուկս Ատրպէյճանի ցեղասպանական նկրտումներուն՝ արցախցիք ամուր կանգնած են իրենց հողին վրայ:

-Ինչպէ՞ս է հանրային խօսոյթը։ Արցախէն հեռանալու մասին խօսակցութիւններ կամ առհասարակ վախեր կա՞ն։

-Նախ՝ հայերուս համար նորութիւն չէ Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնն ու նման անմարդկային վարքագիծը: Գտնուելով շահեկան դիրքերու մէջ եւ օգտուելով անպատժելիութենէ՝ Ատրպէյճան պիտի չկանգնի որեւէ բանի առջեւ: Մենք շատ լաւ կը գիտակցինք անոր վերջնանպատակին: Հետեւաբար, ժողովուրդը շատ լաւ կը հասկնայ, որ յուսալքուելու, ընկճուելու, թեւաթափուելու իրաւունք չունի, առաւել եւս՝ յանձնուելու: Օրակարգին վրայ դրուած է Արցախի ըլլալ-չըլլալու հարցը: Հասարակութեան մէջ առհասարակ չկայ խուճապային տրամադրութիւն: Խիզախ ու զուսպ արցախցին կը մաքառի անհայրենիք չմնալու, Արցախը հայկական պահելու համար: Այս պատճառով արցախցիներ պատրաստ են ամէն տեսակի զոհողութեան: Հազարաւոր նահատակներու արեամբ սրբացած հողը անհնար է թողել Ատրպէյճանին: Յիրաւի, անմահները կը հրամայեն չընկրկիլ, ապրիլ ու արարել Արցախի մէջ՝ կորսուած տարածքները վերադարձնելու ակնկալիքով: Մահ կամ պայքար. սա է արցախցիի այսօրուան կարգախօսը: Այլընտրանքի հնարաւորութիւն պարզապէս չկայ ու չի կրնար ըլլալ: Սա գոյաբանական պայքար ըլլալէ անդին հայրենիք չկորսնցնելու սրբազան ուխտ մըն է: Կը մնանք ու կը պայքարինք: Առաջ՝ Աստուած։

-Համահայկական պրիսմակով դիտուած, Արցախը կը շարունակէ մնալ մեր ժողովուրդը միաւորող, ի մի բերող գլխաւոր առանցքը։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Արցախի մասին արձագանգները, առնուած քայլերը։

-Ազգովին պէտք է գիտակցինք ու կարեւորենք Արցախի գոյութեան խնդիրը: Արցախը պէտք է ըլլայ բոլորիս ամէնօրեայ մտահոգութեան կիզակէտը եւ իւրաքանչիւրս մեր ուժերու ներած չափով պէտք է նպաստենք արցախցիներու ինքնորոշման իրաւունքի իրացման: Այս առումով, թող զիս ներեն իմ հայրենակիցները, ես կրաւորականութիւն կը նկատեմ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ սփիւռքի մէջ: Սա համազգային խնդիր է եւ անտարբերութիւն դրսեւորել կը նշանակէ նպաստել արցախցիներու տառապանքներու կրկնապատկման ու վերջնականապէս իրենց հողէն զրկուելուն: Անտարբեր են նաեւ միջազգային համապատասխան կառոյցներն ու հանրութիւնը: Կոչերէն եւ մտահոգութիւններէն այն կողմ չեն անցնիր անոնց գործողութիւնները: Ցաւալի է…

-Դուք՝ որպէս համալսարանի դասախօս հանդէս եկաք նախաձեռնութեամբ մը։ Այդ մասին ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել։ Արդեօք նախաձեռնութիւնը արձագանգ գտա՞ւ։

-Այսօր մենք պարտաւոր ենք պայքարիլ յանուն մեր ոտնահարուած իրաւունքներուն՝ հնարաւոր եւ անհնարին բոլոր միջոցներով: Այո՛, Արցախի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանի դասախօսական եւ ուսանողական անձնակազմով հանդէս եկանք յայտարարութիւն-ուղերձով մը, որով մեր հայրենակիցներէն կը խնդրենք գործուն ձեւով պայքարիլ Արցախի ու արցախցիներու իրաւունքներուն համար: Ի դէպ, սփիւռքի մէջ լայն արձագանգ գտած է գրութիւնը: Բաւական դրական արձագանգներ կը ստանանք:

-Այսօր ի՞նչ կը պակսի մեր ժողովուրդին։ Այս տագնապէն ետք ի՞նչ պէտք է ըլլան մեր համազգային առաջնահերթութիւնները։

-Անշուշտ, մեզի համար օրախնդիր է միաբանուիլն ու մէկ ընդհանրական ճակատով պայքարիլը Ատրպէյճանի դէմ։ Նաեւ պէտք է ունենալ ազգային օրակարգ եւ պէտք չէ շեղիլ անկէ, քանի որ կը կորսնցնենք մենք զմեզ, մեր ինքնութիւնը, մեր սրբութիւնները, ազգային արժէքները եւ վերջապէս պետականութիւնը: Ամէն ինչ այնքան փխրուն դարձած է, որ մեր անկազմակերպութեան ու անտարբերութեան պատճառով եղածը կրնանք յաւիտեան կորսնցնել: Աստուած պահապան Արցախին ու Հայաստանին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2023