ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ. «ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՁԵՒԵՐՈՎ ՓՈԽԱՆՑԵԼ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ»

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով հայերէնով լոյս տեսաւ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ՝ կեանքի մեծ հարցումներ փոքրիկ ընթերցողներու համար» գիրքը, որուն մասին մանրամասնութիւններ ունենալու նպատակով կատարուեցաւ հետեւեալ հարցազրոյցը:

*

-Ի՞նչ դրդապատճառներէ մղուած նախաձեռնեցիք նման ծրագիրի մը:

-Հայերէնով Աստուածաշունչի մը նախաձեռնելը միշտ ալ կարեւոր է, իսկ երբ առիթը ըլլայ նման ծրագիր իրականացնելու, միշտ ալ կը փորձենք օգտագործել զայն, անձնապէս ես, նաեւ՝ որպէս Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւն: Այս հատորը չորրորդ հրատարակութիւնն է վերջին տասը տարուան ընթացքին եւ անիկա բաւական երկար ժամանակ խլեց, մինչեւ որ որոշ համաձայնութեան կրցանք հասնիլ Գերմանիոյ մեր գրասենեակին հետ, որպէսզի իրաւունքներ ձեռք ձգենք նաեւ պիւտճէի հարցով:

Հիմնականօրէն կը միտինք մանուկներու եւ պատանիներու վրայ կեդրոնանալ, ոչ թէ որովհետեւ չափահասները կ՚ուզենք անտեսել կամ երկրորդական համարել, այլ կը կարծենք, որ մանուկներու եւ պատանիներու քրիստոնէական եւ հոգեւոր դաստիարակութիւնը շատ անհրաժեշտ է, որպէսզի անոնք մեծնան որպէս լաւ հայ, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ որպէս լաւ քրիստոնեայ: Այս սկզբունքէն մեկնած՝ մենք կ՚ուզենք կարելի եղած չափով հոգեւոր, աստուածաշնչական հրատարակութիւններ յառաջ բերել, որպէսզի կարենանք մեր հայ մանուկներուն քրիստոնէական, նաեւ ազգային դաստիարակութեան նպաստել: Հարկ է նշել, որ յատկապէս մանուկներու եւ պատանիներու համար բաւարար հոգեւոր գրականութիւն չկայ, հետեւաբար ասիկա կը խթանէ զիս, որպէսզի բան մը աւելցնեմ մեր հայկական իրականութեան մէջ: Ես ընդհանրապէս չեմ ուզեր մանուկներու դասական Աստուածաշունչ հրատարակել, այսինքն՝ Ծննդոց գիրքէն սկսելով մինչեւ Յայտնութիւն Յովհաննու գիրքի պատմութիւններու շարունակականութիւնը: Այս մէկը արդէն կայ: Հարկ է, որ աւելի հետաքրքրական ձեւերով փորձենք մանուկներուն Աստուածաշունչի պատգամը փոխանցել:

-Այս հրատարակութեան մէջ տարբեր ու յատկանշական է, որ պատմութենէն ետք հարցումներ կ՚ուղղուին մանուկ եւ պատանի ընթերցողներուն: Անոնք ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն:

-Այս հրատարակութեան միտք բանին հետեւեալն է. մանուկներուն հարցումներն ու մտահոգութիւնները կրնան շատ պարզ թուիլ, սակայն անոնք շատ իրական եւ անկեղծ են: Այդ հարցումները հաւաքած են մեր Գերմանիոյ գրասենեակէն քրիստոնեայ աստուածաբանութեան մասնագէտ հոգեբաններ, մանաւանդ անոնք, որոնք մանուկներու եւ պատանիներու հետ կ՚աշխատին եւ տեսած են, թէ մանուկներն ու պատանիները ի՛նչ տեսակ հարցումներ ունին եւ այդ բոլորը հաւաքելով՝ խմբագրած են եւ անոնց պատասխանները առած են Աստուածաշունչի պատմութիւններէն: Այս է պատճառը, որ զիս շատ հետաքրքրեց այս գիրքը եւ ուզեցի զայն անպայման հայերէնով հրատարակել, որովհետեւ հոն տեսայ մանուկներու եւ պատանիներու իրական կեանքի հարցումներ ու իրավիճակներ: Կ՚արժէ յիշել, որ այդ հարցումները նոյնքան նաեւ կ՚առընչուին մեծերուն:

Գիրքը ամբողջութեամբ Աստուածաշունչէն է, սակայն չի հետեւիր Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքէն մինչեւ Յայտնութիւն Յովհաննու շարքին, որովհետեւ նիւթերու վրայ հիմնուած է, եւ այդ պատճառով անունը դրինք «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ», որովհետեւ մանուկներու հարցումներուն բացատրութիւնները կը տրուին հոն:

-Խօսինք գիրքի բովանդակութեան մասին:

-Գիրքը բաժնուած է երեք մասերու. ա) «Դուն», այսինքն՝ մանուկը եւ պատանին, բ) «Դուն եւ ուրիշը», այսինքն՝ մանուկը եւ իր անմիջական ընտանիքը, բարեկամները, գ) «Մանուկը եւ աշխարհը», ուր մանուկը կ՚ապրի եւ ականատես կ՚ըլլայ բնութեան աղէտներուն, երկրաշարժին, աշխարհի պատերազմական վիճակին եւ կը սկսի մտածել, թէ այս բոլորը ինչո՛ւ կը պատահին: Այս երեք բաժիններուն իւրաքանչիւրին մէջ ենթաբաժանումներ կան: Մանուկներուն հարկ է բացատրել, թէ ճիշդ դժուարութիւնը ի՛նչ է եւ թէ՝ ճշմարտութիւնը ըսելու լաւագոյն ձեւերէն մէկը մեկնիլն է մեր քրիստոնէական եւ ազգային տեսադաշտէն, յատկապէս սուրբգրային իրականութիւններէն: Կրթադաստիարակչական հիմքերով լեցուած հրատարակութիւն մըն է, որուն նախաձեռնեցինք, որպէսզի մանուկը կարելի եղած չափով կարենայ օգտուիլ:

Կ՚ուզեմ երկու կարեւոր կէտեր մատնանշել. առաջինը, որ իւրաքանչիւր պատմութեան տակ կան պզտիկ տուփիկներ, որոնք կը բովանդակեն ձեռային աշխատանք մը՝ տան պարտականութիւն, որ առընչուած է տուեալ պատմութեան, որպէսզի մանուկը ձեռային աշխատանքի բացատրութիւններու ընդմէջէն աւելի լաւ իւրացնէ այդ կարդացած պատմութիւնը:

-Գիրքը ո՞ր տարիքներուն ուղղուած է:

-Գիրքը 7-12 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու համար է: Լաւ կ՚ըլլայ, եթէ գործածուի՝ ծնողք-զաւակ, մեծ ծնողք-թոռնիկ, ուսուցիչ-աշակերտ, որպէսզի ծնողքը, մեծ ծնողքը կամ ուսուցիչը կարդան եւ բացատրեն մանուկին կամ պատանիին: Իւրաքանչիւր պատմութեան համար նշուած է Աստուածաշունչի ո՛ր գիրքէն առնուած ըլլալը, որպէսզի մեծերը, եթէ կ՚ուզեն յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալ այդ պատմութեան մասին, վերադառնան Աստուածաշունչին եւ յաւելեալ լուսաբանութիւններ ունենան, որպէսզի աւելի լայն ձեւով կարենան բացատրել մանուկին կամ պատանիին:

-Գիրքը ո՞ւր հրատարակուեցաւ:

-Սոյն հատորը տպուեցաւ Լիբանանի մէջ՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին մէջ, այս առիթով կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել իրենց բծախնդիր աշխատանքին եւ շատ գեղեցիկ տպագրութեան համար: Այս գիրքը փոքրիկ նուէր մըն է Լիբանանի, Սուրիոյ, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յունաստանի, Եգիպտոսի հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն: Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Անգլիայէն եւ Աւստրալիայէն ալ խնդրանքներ եկան այդ շրջանի մեր հայ մանուկներուն համար, պիտի փորձենք այդ երկիրներուն եւս գոհացում տալ եւ ուղարկել գիրքէն օրինակներ:

-Ինչպէ՞ս պիտի բաժնէք գիրքը:

-Առաջին հերթին ես շուրջ հազար օրինակ նուիրեցի Ազգային առաջնորդարանին, որոնք, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի տնօրինութեամբ, արդէն իսկ բաժնուեցան եւ կը բաժնուին ազգային վարժարաններուն: Հանդիպում ունեցայ նաեւ հայ կաթողիկէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին հետ, որպէսզի անոր տնօրինութեամբ գիրքերը բաժնուին կաթողիկէ վարժարաններուն, նաեւ աւետարանական վարժարաններու մէջ պիտի բաժնենք, հետեւաբար պիտի փորձենք կարելի եղած չափով մեր հայկական գաղութի համայնքապատկան վարժարաններու 7-12 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու սեփականութիւնը դարձնել:

Նաեւ ըսեմ, որ այս գիրքէն 600 օրինակ Հայաստան ուղարկեցինք եւ հոն պիտի բաժնենք տեղի առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական վարժարաններու մանուկներուն եւ պատանիներուն:

-Խօսինք Աստուածաշունչի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան մասին:

-Մենք՝ որպէս հայեր եւ որպէս առաջին քրիստոնեայ պետականութիւն, մեզի համար մեր ազգային ինքնութիւնը եւ մեր քրիստոնէական հաւատքը միշտ միասին ընթացած են, այս իմաստով շատ անհրաժեշտ է, որ մենք մէկ կողմէն եթէ ազգային ինքնութեան եւ մշակոյթին կարեւորութեան մասին մտածենք, նոյնքան նաեւ քրիստոնէական հաւատքին պահպանումին մասին մտածենք, մանաւանդ ներկայիս, երբ ամէն տեսակի «արժէքներ» սկսած են թափանցել մեր հայկական իրականութեան մէջ: Այդ պատճառով շատ անհրաժեշտ է, որ մենք մեր հայկական իրականութիւնը, մանաւանդ մեր մանուկներն ու պատանիները լիցքաւորենք մեր ազգային եւ միեւնոյն ժամանակ մեր քրիստոնէական ինքնութեամբ եւ անոր հաւատամքով, իսկ մեր քրիստոնէական հաւատքին հիմքը Աստուածաշունչն է: Հետեւաբար Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը մեր ազգային ինքնութեան եւ անոր դաստիարակութեան մէկ կարեւոր բաժինը պէտք է դառնայ, մենք պէտք է փորձենք Աստուածաշունչն ու անոր դաստիարակութիւնը ներմուծել մեր ազգային կեանքին մէջ՝ հոգեւոր, քրիստոնէական, եկեղեցական արժէքներու պահպանումին համար: Կարեւոր այլ արժանիք մըն ալ կայ Աստուածաշունչի դաստիարակութեան մասին, զոր պէտք է նկատի առնել: Աստուածաշունչը շատ ուժական գիրք մըն է, ան կը մտնէ մեր կեանքին մէջ, մեր ընդհանրական կեանքին մէջ եւ մեզի սորվեցնելիք ունի: Այս պատճառով շատ անհրաժեշտ է, որ մենք Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը ներմուծենք մեր անհատական, ընտանեկան, հաւաքական, ազգային կեանքին մէջ, որովհետեւ անիկա նաեւ դաստիարակութիւն է մեզի: Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը կը զարգացնէ քննական եւ վերլուծողական մտածողութիւնը, ի մասնաւորի դիմացինը տեսնելու, յարգելու, ընդունելու եւ արժեւորելու դաստիարակութիւնը կու տայ: Ներկայիս մեր ազգային կեանքը տեղքայլի մէջ է: Հետեւաբար մեր ազգային դաստիարակութեան մէջ քաղաքացիական եւ, մեր պարագային, հոգեւոր դաստիարակութիւնը պէտք է վերակենդանացնենք եւ վերարժեւորենք:

-Ի՞նչ են ձեր ապագայի ծրագիրները:

-Բաւական մարտահրաւէրներով լեցուն եւ դժուար օրերու մէջ ենք: Դիւրին չեղաւ այս գիրքին հրատարակութիւնը: Նախ աշխատանքի տեսակէտէն՝ հայացնել եւ խմբագրական աշխատանքներ, պիւտճէն դասաւորել, որպէսզի հրատարակենք եւ հայ մանուկներուն ու պատանիներուն նուէր ընել, սակայն կրցանք գտնել նուիրատուներ, որոնց մեծ տոկոսը ոչ-հայկական աղբիւրներ էին: Անկեղծ ըսած, չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի կարենանք ընել ասկէ ետք, որովհետեւ նախ պէտք է սպառենք այս գիրքը եւ յագեցնենք մանուկներուն սիրտերն ու հոգիները եւ ապա մտածենք մեր յաջորդ աշխատանքին մասին, սակայն թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենանք այս բոլոր մարտահրաւէրը յաղթահարել, չեմ գիտեր: Որեւէ ատեն, որ առիթը կը ներկայանայ, կը փորձեմ չփախցնել, որովհետեւ կ՚ուզեմ նոր բան մը աւելցնել մեր հայկական գրականութեան եւ այս պարագային՝ հոգեւոր գրականութեան գանձարանին մէջ, որովհետեւ գիրքը կը մնայ եւ անոր համար անհրաժեշտ է տպագիր գործը:

-Այլ ըսելիքներ ունի՞ք մեր ընթերցողներուն:

-Շնորհակալութիւն՝ իրենց քաջալերանքին համար: Մեր հայ գաղութներուն, կառոյցներուն՝ դպրոց, եկեղեցի, կուսակցութիւն, միութիւն, որոնք ի գին ամէն զոհողութիւններու՝ կը փորձեն մեր ազգային կեանքը պահել: Դժուար օրերու մէջ ենք, սակայն պիտի շարունակենք ապրիլ հայ եւ քրիստոնեայ: Այս իմաստով պէտք չէ յուսահատինք եւ պէտք է շարունակենք մեր հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը ամրապնդել: Մշակոյթ հասկացողութեան մէջ իր կարեւոր բաժինը ունի քրիստոնէական մեր հաւատամքը, որ մեր հայկական մշակոյթին անբաժան մէկ մասնիկն է: Եթէ մենք նախանձախնդիր ենք մեր մշակոյթը պահելու, պէտք է նախանձախնդիր ըլլանք նաեւ պահելու մեր քրիստոնէական հաւատքը, որ ազգային մշակոյթի գլխաւոր հիմքերէն մէկն է:

ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021