ՀԱՅ ԳԻՐՔԻՆ ԱՊՐԱԾ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ «ՔՕՂԱՐԿՈՒԱԾ» ՄԷԿ ԵՐԵՍԸ
«Գիրք չեն կարդար»: «Գիրք կարդալու մղողը կը պակսի»: «Գիրքը հին բան է. հիմա համացանցն է տիրապետողն ու արդիականը»: «Գիրք կարդալու ժամանակ չկայ: Դիմատետրի ճամբով շատ աւելի դիւրին է հաղորդակցիլը եւ կարճ բան կարդալը»: «Գիրքը չի ծախուիր, շահաբեր չէ. արդէն հրատարկողն ալ գիտէ, եւ քանի մը հարիւր օրինակէ աւելի չի տպեր, մեծ մասն ալ… նուէր կը բաժնէ»: Այս ու նման բացատրութիւններ, ինքնարդարացումներ եւ պատճառաբանութիւններ ողողած են մեր առօրեան, կը բռնանան մեր մտածողութեան վրայ եւ իրարու վրայ գումարուելով՝ տարուէ տարի նոր նահանջներու կը մատնեն ԳԻՐՔը:
Արհամարհելի չեն գիրքին մրցակիցները՝ անցեալ տասնամեակներուն թէ ներկայիս. արհեստագիտութեան նորանոր պտուղները, անվիճելի բարիք բերելու կողքին, իրողապէս պատճառ կ՚ըլլան նաեւ չարիքի:
Ակներեւ են ու անվիճելի՝ մասնաւորաբար այսօրուա՛ն բարիքները: Փաստօրէն, կարելի է գիրք, թերթ կարդալ, նաեւ պատկերասփիւռ-լուրեր (եւ այլ բաներ) դիտել ափի մէջ սեղմուող սարքերու վրայ: Այդ երեսը աչքի առջեւ ունենալով, լաւատես մը մինչեւ իսկ կրնայ ուրախ զգալ, որ դեռ… կարդացող կայ: Վաղը կարդացող պիտի մնա՞յ…:
Վերոյիշեալ զրոյցներն ու անհաճոյ զարգացումները նորութիւն չեն, սակայն եկէ՛ք, այդ բոլորը պահ մը մէկդի ձգենք (առանց անոնցմէ բխող մտահոգութենէն ձերբազատած ըլլալու), եւ կանգ առնենք այլ տխուր իրողութեան մը առջեւ, որ իր քօղարկեալ բաժինը ունի Գիրքին ապրած ողբերգութեան մէջ, կը կազմէ Գիրքին հանդէպ անտարբերութեան աճին անտեսուած երեսը. երես մը՝ որուն մասին մինչեւ իսկ կրնանք մտածել՝ կ՚արժէ՞ նման «մանրուքներով զբաղիլ»:
Մեր միտքը չարչարող «մանրուք»ը՝ լոյս ընծայուած գիրքերու հանդէպ հրատարակիչներու հետզհետէ աճող, ահագնացող անփոյթ ու անբարեխիղճ վերաբերմունքն է: Խօսքը կը վերաբերի գիրքերուն մէջ բառացիօրէն վխտացող բազմապիսի սխալներուն: Անոնց շարքին, պարզ՝ գրաշարական վրիպակները (տառերու աւելորդ կրկնութիւն, պակսող տառ, տառերու սխալ շարք, աւելորդ տառ մը եւ այլն) փոքրագոյն տեղը կը գրաւեն եւ մինչեւ իսկ կրնան ընթերցողին կողմէ… ներողամիտ հանդուրժողութեամբ դիտուիլ:
Նկատի ունինք մասնաւորաբար արտերկրի տարբեր գաղութներու մէջ լոյս տեսնող գիրքերը, որովհետեւ մեր ուշադրութենէն չէ վրիպած, թէ այս իմաստով՝ Հայաստանի մէջ բաղդատաբար աւելի խղճամիտ եւ հոգածու վերաբերմունք կայ (սա բացարձակ ճշմարտութիւն չէ, մանաւանդ երբ արեւմտահայ մը դասական ուղղագրութեամբ եւ արեւմտահայերէնով գիրք հրատարակէ Հայաստանի մէջ):
Գիրք հրատարակողները կը բաժնուին երկու մեծ խումբերու: Առեւտրական տպարան-հրատարակչատուներ եւ պաշտօնական, ճանչցուած հաստատութիւններ: Մեր ըսելիքին սեւեռակէտը պիտի ըլլան երկրորդ խումբին պատկանողները, որովհետեւ անձնական-«առեւտրական» հրատարակչատուները արդէն անհամեմատօրէն շատ աւելի շեղած են անցեալի նոյնպիսի հրատարակչատուներու աւանդութիւններէն, անոնց մօտ շա՛տ աւելի շեշտուած է առ-եւ-տուր-ի երեսը: Ցաւալին այն է, որ մեր որակումով՝ «պաշտօնական» դասուող հրատարակչատուն-տպարանները սկսած են… մրցումի ելլել միւսներուն հետ:
ՔԻՉ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Քանի մը տասնամեակ առաջ, այսպէս կոչուած՝ առեւտրական հրատարակչատուներն ու պաշտօնական՝ միութենական, յարգելի հաստատութեանց կապուած տպարանները առաւել կամ նուազ չափով նոյն նախանձախնդրութիւնը ունէին իրենց գործին հանդէպ, լուրջ մօտեցում ունէին: Կարծէք թէ անոնց միջեւ ազնիւ մրցակցութիւն մը կար. թէ՛ հրատարակուող գիրքերը որակ կը հետապնդէին, յաճախ կոթողական արժէք ունէին, եւ թէ նախատպագրական աշխատանքները առաւելագոյն բծախնդրութեամբ, հոգածութեամբ կը կատարուէին: Ըսել կ՚ուզենք, անհատ տպարանատէրերու-հրատարակիչներու տպարաններէն ելած գիրքերը, որակական իմաստով, չէին տարբերեր հաստատութեանց կամ միութեանց կապուած հրատարակչատուներէն:
Մանրամասնենք: Անկախ լոյս ընծայուած գիրքերուն որակէն, անցեալին գուրգուրա՛նք կար հրատարակուածին ու հեղինակներուն նկատմամբ: Գրաշարները ընդհանրապէս բաւական լաւ հայերէն գիտէին (թերթերու մէջ, եղած են գրաշարներ, որոնք խմբագիրէն վրիպածը սրբագրած են ինքնաբերաբար, իսկ անոնք ընդհանրապէս ինքնուս մարդիկ էին), առհասարակ իրենց աչքին հետ՝ ուղեղով կը հետեւէին իրենց շարածին: Լաւ գրաշար մը ձեռքէ-ձեռք կը խլուէր, ասպարէզին մէջ անուն ունէր:
Այդ օրերուն ալ կային խմբագիր ու սրբագրող, վերստուգող ու վերանայող: Բծախնդիր գրողներ երբեմն հրատարակելի հատորը «վերջին սրբագրութեան» մը կ՚ենթարկէին եւ… զայրոյթ կը պատճառէին գրաշարին ու հրատարակչատան պատասխանատուներուն, որովհետեւ նախապէս քանի մը սրբագրութենէ անցած գիրքի մը մէջ յետին վրիպակներ կը տեսնուէին, կամ ալ հեղինակը կ՚ուզէր բարեփոխումի համար մանր հպումներ ընել:
Այս բոլորով հանդերձ, ընդունինք, որ տպագրական-հրատարակչական գործը մի՛շտ ալ ունեցած է ապերախտ երես մը. անկարելի է բոլոր սխալները «բռնել», մինչեւ իսկ եթէ մէկէ աւելի սրբագրողներ աչքէ անցուցած ըլլան շարուածը: (Քիչ մը աւելի ետ երթալով, կարելի է յիշել, որ տողերը ձեռքով՝ հատ-հատ գիրերով շարելու «դարաշրջանին», երբեմն տառ մը գլխիվայր կը դառնար, ենթամնան՝ տողադարձի գծիկը կը մոռցուէր, կամ մամուլի տակ մտնելէ ետք՝ կը կոտրուէր…): Տպագրութեան աւարտէն ետք ալ վերստուգում տեղի կ՚ունենար եւ գիրքի ետեւի կողքէն ներս կը տեղադրուէր ՆԿԱՏՈՒԱԾ ՎՐԻՊԱԿՆԵՐ խորագրեալ էջ մը, թերթիկ մը: Շեշտենք ՆԿԱՏՈՒԱԾ բառը, որովհետեւ, ըսինք արդէն, սրբագրութիւնը ապերախտ գործ է, տպագրութենէն առաջ նկատուած-սրբագրուածէն անդին ալ «փախուստներ» կ՚արձանագրուին: Օրաթերթ հրատարակողները (նաեւ ընթերցողները) բոլորէն աւելի՛ լաւ գիտեն սա, երբ ստիպուած են ճշդուած ժամանակամիջոցի մը մէջ մամուլին յանձնել թերթը: Շաբաթաթերթ կամ ամսաթերթ հրատարակողը ժամանակի պերճանքը ունի, իսկ գիրքի պարագային, արդէն ժամանակ-բռնակալէն անկախութիւնը շատ հարց կը լուծէ: Ասիկա, յամենայնդէպս, անպարտութեան վկայագիր չի շնորհեր օրաթերթ հրատարակողին՝ խմբագիրին ու սրբագրողին: Այսօրուան թերթերուն մէջ շատ աւելի սխալներ «կը տողանցեն», քան անցեալին՝ երբ համակարգիչին շնորհած կարգ մը առաւելութիւնները կը պակսէին: (Այսօր, համակարգչային դրութիւնը երբեմն չարիք ալ կը բերէ…):
ԱՆՓՈՒԹՈՒԹԵԱՆՑ «ԲԻՒՐԵՂ»Ը
Ներկայիս, այսինքն՝ վերջին տասնամեակներուն, պատկերը մեծ համեմատութեամբ գլխիվայր շրջուած է (բացառութիւնները չենք անտեսեր), ու հակառակ արդի արհեստագիտութեան ընձեռած անբաղդատելի դիւրութիւններուն, բազմաթիւ գիրքերու մէջ աներեւակայելի սխալներ կը տեսնուին, պարզապէս… անբարեխիղճ եւ ոչ-բծախնդիր վերաբերմունքի հետեւանքով: Իսկ անփութութիւնը կը նմանի բազմերես բիւրեղի:
Քանի մը խօսք՝ «առեւտրական» տպարաններու մասին. անոնք կը գործեն լուսանկարիչի տրամաբանութեամբ: Եթէ գիրք պիտի հրատարակես եւ դիմես նման տպարան մը, տպարանատէրը առհասարակ ինքզինք զերծ կը կացուցէ նախատպագրական ամէն պատասխանատուութենէ, սխալ գտնելը իր գործը չի նկատեր: Կը պահանջէ՝ որ գիրքը տողաշարուած, սրբագրուած եւ մինչեւ իսկ էջադրուած (լուսանակներն ալ տեղադրուած) ձեւով բերուի տպարան, ինք միայն մեքենական բաժինը իրագործողն է՝ տպողն ու կազմատուն ղրկողը: Այս իմաստով, անոր անպարտութիւնը ձեւով մը նուիրականացած է: Եթէ հեղինակ մը բծախնդիր է, իրեն կը մնայ խմբագիր-սրբագրող ունենալը, թէեւ այդ բոլորէն ետք ալ, սխալներ կը վխտան, ու տպարանատէր մը ինքն իրեն իրաւունք կու տայ ըսելու, որ եղածը «թեքնիք սխալ է…»: (Հոս ալ մեր ակնարկութիւնը բացառութիւններուն չ՚երթար):
Պաշտօնական տպարան-հրատարակչատուներն ալ երբեմն կը նախընտրեն «պատրաստ գործ» յանձն առնել՝ միայն տպելու համար, սակայն անոնք որոշ չափով կը պահպանեն հին աւանդութիւնները, այսինքն, յանձն կ՚առնեն տողաշարութիւնը, էջադրումը, սրբագրութիւնն ու, եթէ հեղինակը կարիքը զգայ՝ նաեւ խմբագրումի որոշ բաժին, սակայն տարուէ տարի աճող անփութութիւնը աչք ծակող է:
Չենք ուզեր անունով յիշատակել որեւէ հրատարակչատուն, որովհետեւ անոնք վաստակ կերտած են ու այլապէս յարգանքի արժանի, երախտաշատ գործ կ՚ընեն:
Անփութութիւնը, ինչպէս ըսինք, կը նմանի բազմերես բիւրեղապակիի: Թուենք քանի մը երեսները, առանց երկարօրէն ծանրանալու բոլորին վրայ:
ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐԸ բոլորովին անպարտ չեն: Եթէ գրողը համակարգիչի վարժ չէ, պայման չէ, որ օժտուած ըլլայ գեղեցիկ ձեռագիրով, սակայն ցանկալի է, որ գրէ ընթեռնելի ձեւով: Ի վերջոյ, գրաշարները մարդ են, բախտագուշակ չեն, կամ նման չեն դեղագործներու, որոնք բժիշկներու «սղագրութիւնները» կը վերծանեն եւ ճիշդ դեղը կու տան հիւանդին (հիմա ձեռքով գրող բժիշկներն ալ հազուագիւտ են): Գրողը երբեմն չ՚անդրադառնար, թէ անփոյթ գտնուած է եւ արձանագրած է լեզուական սխալներ, ունի ուղղագրական, շարադասական, քերականական, մինչեւ իսկ կէտադրական սխալներ: Քանի մը պարզ օրինակ. կը տեսնես, որ տեղ մը ապաթարց մը, ստորակէտ մը կամ, տակաւին՝ հարցման նշան մը չէ արձանագրուած, եւ ահա, տուեալ տողը կը ստանայ բոլորովին այլ իմաստ: Միեւնոյն էջին մէջ, կը տեսնես, որ երրորդ լծորդութեան հրամայականի երրորդ դէմքին հարկադրած շեշտէն ետք, յի-ն տեղ մը ջնջուած է, ինչպէս օրէնքը կը պահանջէ, ուրիշ տեղ ամուր նստած է: (Հայրը տղուն ըսաւ. «Գնա՛, պայուսակդ բեր», իսկ քանի մը տող անդին՝ «դո՛ւն ալ գնայ», կամ՝ «բարձրաձայն կարդա՛յ»): Կարելի է հանդիպիլ նաեւ սապէս «գլուխ-գործոց»ի. «Իմ տղաս ասանկ բան չընէր» (պէտք է ըլլար չ՚ըներ, այսինքն՝ երկու սխալ հինգ տառնոց բառի մէջ):
Դեռ չենք խօսիր հայերէնի կէտադրութեան նրբերանգային գեղեցկութեան մասին, երբ հարցման նշան մը նախադասութեան անդամ այս կամ այն բառին վրայ դնելն իսկ՝ իմաստի յստակ փոփոխութիւն կը նշանակէ, մինչդեռ օտար լեզուներու պարագային, հարցման կամ զարմանք արտայայտող այլ կէտադրական նշաններ դատապարտուած են բազմելու նախադասութեան աւարտին: Խօսինք օրինակով մը. հետեւեալ նախադասութեան մէջ, հարցման նշանը՝ պարոյկը, փոխն ի փոխ դրէ՛ք չորս բաղկացուցիչներուն վրայ եւ զգացէ՛ք արդիւնքը. «Դուն այդ ժապաւէնը տեսար»: (Օ՜, հայերէն, ինչպէ՞ս չպաշտեմ քեզ…): Իսկ մեր գիրքերու բազմաթիւ էջերուն մէջ, հարցման նշանը չ՚արձանագրուիր՝ մոռացութեան կամ անոր արժէքը չգիտնալու պատճառով, ու նախադասութիւնը կը ստանայ տարբեր իմաստ, երբեմն ալ կը դառնայ… անիմաստ: Քերականական վրէպները նո՛յնքան խոցելի կը դարձնեն հեղինակը, որ տեղ մը հայցականի փոխարէն կը գործածէ սեռական-տրական, կամ՝ անտեղի հոլովները կը պարեն հոս-հոն, նմանապէս՝ շարադասական կանոնները կ՚անտեսուին եւ նախադասութիւն մը կը դառնայ դժուար հասկնալի…: (Արեւելահայերէնին ազդեցութիւնը՝ այլ հարց):
ԳՐԱՇԱՐը կը գտնուի երկրորդ դիրքի վրայ: (Այսօրուան գրաշարները աւելի՛ դպրոց տեսած են, քան անցեալ տասնամեակներու գրաշարները: Երկու պարագային ալ, բացառութիւնները չենք արհամարհեր): Ան իր գործը վերջացած կը նկատէ՝ իրեն տրամադրուած ձեռագիր մը ՏԵՍԱԾԻՆ ՊԷՍ գրաշարելով, յաճախ չի մտածեր գրուածին իմաստին ու խորքին թափանցելու մասին: Հեղինակին գրածն ալ սխալ կը շարէ, մտածելով, որ սրբագրողը… անգործ պէտք չէ ձգուի: Հետեւանքը կ՚ըլլայ (անցեալին ալ կար ասիկա) ծիծաղելի բառերու «սպրդում»ը տողերու մէջ: Եւ ահա՝ բեմին վրայ տեղադրուած «փարաւան»ը կ՚ըլլայ «կարաւան», «պատուհանը բանան»ը կ՚ըլլայ «…պանան», «քահանայ»ն՝ «լահանայ», «գրիչ գործածեմ»ը՝ «կործանեմ», «գրկեմ»ը՝ «զրկեմ», եւ այսպիսի խայտաբղէտ «կատակ»ներ:
ԽՄԲԱԳԻՐը (նաեւ սրբագրողը), որուն անունն ու տիտղոսն ալ տեղադրուած կ՚ըլլայ հատորի մուտքին, կամ՝ վերջին էջերուն, կարծէք թէ ընդհանրապէս իր գործը կ՚ընէ՝ խմբագիր-վերստուգող կոչումը… վարկաբեկելու տրամաբանութեամբ (այս իմաստով՝ բազմաթիւ թերթերու «վաստակաւոր» խմբագիրներ մրցակից ունին): Վերջերս կարդացինք լաւ բովանդակութեամբ հատոր մը, որ լոյս տեսած էր յարգելի հրատարակչատունէ մը, ունէր խմբագիր-սրբագրող-վերստուգող: Առաջին քանի մը տասնեակ էջերուն մէջ, հազուադէպ վրիպակներ նշմարեցինք, մտածեցինք՝ այսօրուան չափանիշներով… այսքանը բնական է. յետոյ, վրիպակները աստիճանաբար աւելցան ու դարձան խայտաբղէտ, տեսակաւոր, իսկ աւելի ուշ, կարելի էր իւրաքանչիւր էջի վրայ քանի մը հատ տեսնել (գրութիւններուն մեծ մասը թերթերու մէջ լոյս տեսած, ուրեմն, ենթադրաբար սկզբնապէս սրբագրութիւն տեսած պատումներ էին…): Խօսքը չի վերաբերիր ենթամնաներուն՝ տողադարձի գծիկներուն, որոնք երբ տողին մէջտեղը «ծագին»՝ տեսնելու համար հմուտ լեզուագէտ-սրբագրող ըլլալու պէտք չկայ, այլ պարզ աչքը բաւարար է (ընդունինք, որ այսօրուան տողաշարութիւնն ու էջադրումը երբեմն կախեալ են համակարգիչի քմահաճոյքէն: Սրբագրողը տեղին տողադարձ մը կ՚ընէ, սակայն յաջորդ ընթերցումին, կը նկատէ, որ համակարգիչը իր նախընտրած ձեւով «միջամտեր է» եւ գծիկը տողին մէջտեղը փոխադրեր է, մինչեւ իսկ եթէ բառի-տառերու յաւելում-նուազում չէ կատարուած պարբերութեան մէջ): Սա հրամայական կը դարձնէ, «վերջացած գործ մը» վերջին ստուգումի ենթարկելը, իսկ անկէ անդին, մտածել «նկատուած վրիպակներ» թերթիկի մը մասին:
Իսկ ի՞նչ ըսել այն խմբագիրին ու վերստուգողին, որ կը մտածէ, թէ հեղինակի մը լեզուին միջամտելու իրաւունք չունի: Այո՛, այս տրամաբանութիւնը ճիշդ է՝ եթէ հարցը գրողին գործածած էական բառերուն, գաղափարներուն կամ լեզուամտածողութեան կը վերաբերի, սակայն խմբագիրն ու սրբագրողը Ի ՎԵՐՈՒՍՏ իրաւունքը ունին միջամտելու ուղղագրական, քերականական ու լեզուական-շարադասական այնպիսի սխալներու, որոնց անփոյթ թողուիլը վնաս կը բերէ նախ՝ հեղինակին, յետոյ՝ սրբագրող խմբագիրին, վերջապէս նաեւ՝ հրատարակչատան: (Յիշատակենք այլ անհեթեթութիւն մըն ալ. քանի մը տասնամեակ առաջ, խումբ մը «նորարար» տղաք հրապարակ եկան չնաշխարհիկ տեսութեամբ մը, ըսելով, որ պէտք չէ արհամարհել «հոգեբանական գործօն»ը. այսինքն՝ եթէ գրաշարը կամ գրողը տուեալ պահուն ներքին մղումով մը, ենթագիտակիցին կամ անգիտակիցին անսալով, տառ մը կամ բառ մը փոխարինած է ուրիշով մը, պէտք է շարուածքը այդպէս ալ ձգել, չքննադատել կամ չսրբագրել, ինչպէս որ չես քննադատեր գերիրապաշտ գեղանկարիչի մը ձեւերն ու գոյները, վրձինին վրայ կուտակուած ջրաներկին պարագայական սրսկումը՝ պաստառին վրայ, որոնք արտայայտութիւն են ներքին մղումներու, ենթագիտակիցը հոն տեղ ունի…):
ԱՅԼ «ՄԱՆՐՈՒՔ»ՆԵՐ
Խմբագիրին-սրբագրողին գործը աւելի կը բարդանայ, երբ իրեն վստահուած գիրքը թարգմանութիւն մըն է, ու թարգմանողը լաւ չի տիրապետեր երկու լեզուներուն, ծանօթ չէ նրբերանգներուն: Թարգմանութիւն՝ չի նշանակեր բառերու մէկ լեզուէն միւսը սոսկական փոխադրում, կամ՝ ամենէն մօտիկ թուացող բառին օգտագործումը, այլ կենսական է բնագիրին իմաստի՛ն թափանցումը եւ, եթէ պէտք է՝ օտար լեզուով գրուածը վերարտադրել ՀԱՅԵՐԷՆին թելադրած մտածողութեամբ, բառամթերքով: Սա երբեմն կը հարկադրէ մէկդի ձգել մայր լեզուին բառամթերքն ու նախադասութեան կառոյցը, եթէ անոր ուղղակի փոխադրումը պիտի վնասէ թարգմանութեան իմաստին: Թատերական գործերու թարգմանութիւնը շատ աւելի նուրբ պարագայ է, որովհետեւ հոն կը ծագի նաեւ բեմական լեզու գործածելու հրամայական, առանց իյնալու հասարակ տեղիքին գիրկը:
Կարելի է խօսիլ ախտին այլ պատճառներուն մասին եւս: Օրինակի համար, սրբագրումի եւ խմբագրումի գործը կը վստահուի՝ վճարովի կամ անվճար, անձերու՝ որոնք ատակ չեն նման աշխատանքի. լեզուին չեն տիրապետեր, անհրաժեշտ աչալրջութեամբ չեն հետեւիր գրութեան մը իմաստին, ներքին տրամաբանութեան, լեզուամտածողութեան գաղտնիքներուն քաջածանօթ չեն եւ այլն: Մինչեւ իսկ եթէ հեղինակ մը սխալ մը ըրած է, անփութութեան կամ չիմացութեան հետեւանքով, խմբագիրը (եթէ կայ, իսկ պաշտօնական հրատարակչատուները պարտաւոր են անպայման հատ մը-երկու ունենալ, ատիկա մսխում չէ) պարտաւոր է տեղին միջամտութիւնը ընելու, այդ իրաւունքը չի կրնար զլանալ մինչեւ իսկ… հեղինակը: (Տասնամեակներ առաջ, կը յիշենք, Պէյրութի «Ազդակ»ի էջերուն սուր բանավէճ մը զարգացաւ, որովհետեւ գրող մը «կրունկ»ի տեղ «կռունկ» գրած էր, եւ սրբագրող խմբագիրը, գրութեան իմաստէն դատելով՝ տեղին սրբագրութիւն մը ըրած էր: Հեղինակը փրփրած էր, թէ ինչպէ՜ս նման միջամտութիւն ըրած էին իր գրութեան մէջ, եւ խմբագիրն ու սրբագրողը պախարակող նամակ գրած էր: Խմբագրութիւնը տեղին բացատրութիւն տուաւ, հեղինակը չհրաժարեցաւ իր սխալը պաշտպանելու իրաւունքէն. Խմբագրութիւնը ի վերջոյ քաղաքավարօրէն հասկցուց, որ ի սկզբանէ կորսուած դատ մը անկարելի է պաշտպանել…):
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Արդեօք այս բոլորը նշելով՝ ունի՞նք այն պատրանքը, թէ կարելի է անթերի գիրք լոյս ընծայել:
Նման երազ չունինք: Օտար լեզուով հրատարակուած գիրքերու եւ թերթերու մէջ իսկ վրիպակներ տեսանելի են, երբ արդի արհեստագիտութիւնը անհամեմատօրէն աւելի լայն օժանդակութիւն կը տրամադրէ հեղինակներուն ու ստուգողներուն (ուղղագրութեան ու քերականական կատարելագործուած սրբագրիչներ, տողադարձի «գործիք»…): Սակայն ո՛չ մէկ կասկած, որ վրիպակներն ու թերութիւնները կարելի է նուազագոյնի իջեցնել, եթէ գործը ընողը ըլլայ գիտակ, ունենայ ասպարէզին հարկադրած բծախնդութիւնն ու նախանձախնդիր ըլլայ ԳԻՐՔը իր արժէքին բարձրացնելու:
Ու… դարձեալ հարց տանք. հիմա նման բծախնդրութիւն, մաքրակրօնութիւն հետապնդելու ատե՞նն է, երբ աշխարհը եւ հայութեա՛ն ալ կեանքը կլանուած է Պսակաձեւ ժահրին պատճառած համավարակի մտահոգութեանց, ապա նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներէն ծայր առած եւ աշխարհը փոթորկող ցոյցերուն ու վայրագութեանց ալիքներուն մէջ: Պատասխանը պարզ է. լրջութիւնն ու բծախնդիր աշխատանքը ժամանակ չեն ճանչնար, անժամանցելի հրամայական են այսօր եւ մի՛շտ: Համաճարակն ու խռովութիւնները ի վերջոյ անցողիկ զարգացումներ են, մինչդեռ մեր արծարծած մտահոգութիւնները շատ աւելի տարողունակ են, երկարաշունչ եւ ծաւալուն: Ուրեմն, մեր հրատարակչատուներէն կը սպասուի համապատասխան վերաբերմունք: Այսինքն՝ վերականգնել «հիներ»ուն հոգածութեան աւանդութիւնը:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ