ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԱ՞Ծ, ԹԷ ՊԱՐՏՈՒԱԾ (Ա.)
Սովետական Միութեան տապալումէն վերջ Ռուսաստան անցաւ շատ մը վերիվայրումներէ եւ մանաւանդ չեչենական պատերազմը լուրջ վտանգ կը սպառնար երկրին՝ մինչեւ 2000-ականներու սկիզբը: Նախագահ Փութինի իշխանութենէն ետք կայ ընդհանուր տպաւորութիւն եւ բազում առումներով այն եզրակացութիւնը, որ Ռուսաստան զարգացաւ եւ վերածուելու սկսաւ գերուժի՝ մասամբ վերատիրանալով Սովետական Միութեան տարածքի կարգ մը մասերու եւ ճանապարհ բանալով դէպի բազմաբեւեռ աշխարհ, ուր ան հիմնական բեւեռներէն մին կրնար ըլլալ:
Ռուսաստան աշխարհի ամենամեծ երկիրն է իր տարածքով եւ ճիշդ հոս է, որ շատ մը վերլուծաբաններ անոր ուժն ու հզօրութիւնը միայն տարածքային կը համարեն եւ ռուսական քաղաքական մտածելակերպն ու ռազմավարութիւնը կամ, այսպէս ըսած, գոյութենական բաղադրիչը միայն տարածքային պարունակով կը բանաձեւեն: Ռուսաստանի տարածքին մեծամասնութիւնը Ասիոյ եւ Սիպերիայի մէջ է եւ այդ տարածքը անմարդաբնակ է: Անոր միայն փոքր մասը Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ կը գտնուի եւ այդ փոքր մասն է, որ Ռուսաստանը դարձուցած է թէ՛ Եւրոպայի մաս եւ թէ միեւնոյն ժամանակ Եւրոպայի մշտական սպառնալիք:
Այստեղ հարկ է նշել պատմական կարճ ժամանակաշրջաններու մէջ Եւրոպայի հետ Ռուսաստանի համերաշխութեան ու նոյնիսկ դաշնակցութեան մասին, բայց անոնք եղած են այլ եւրոպական երկրի մը դէմ (ինչպէս Աւստրա-հունգարիան կամ Գերմանիան էր): Պէտք չէ մոռնալ նշելու, որ Ռուսաստան Եւրոպայի ամենաչզարգացած երկիրներէն (եթէ չըսենք ամենայետամնացը) մին եղած է եւ մինչեւ հիմա ալ իր մեծ տարածքին հետ կը մնայ այդպէս: Հակառակ այս իրողութեան, Ռուսաստան միշտ եղած է ռազմական առումով հզօր երկիր մը եւ այդ մէկը ունի շատ մը առարկայական ու ենթակայական պատճառներ։ Անոնցմէ ամենահիմնականն ու ամենաարդիականը Երկրորդ աշխարհամարտին Գերմանիոյ դէմ պարտուիլն էր, ինչ որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Սովետական Միութեան մեծ դաշնակցութեան մը արդիւնքն էր: Եւ այդ մէկուն յաջորդեց, բնականաբար, Գերմանիոյ ապառազմականացումն ու զէնք արտադրելու արգելքը: Այս երկուքէն շահեցան թէ՛ Սովետական Միութիւնը եւ թէ իր հիմնական ժառանգորդը՝ Ռուսաստան:
Սովետական Միութիւնը իր կարողութեան մեծ բաժինը ուղղեց զէնքի ու զինամթերքի եւ միջազգային յարաբերութիւններուն համար ամենավտանգաւորն ու ճակատագրականը՝ հիւլէական զէնքերու արտադրութեան: Սովետական Միութիւնը ունեցաւ աշխարհի վրայ ամենամեծ քանակով հիւլէական մարտագլուխներ ու ռումբեր եւ անոր ժառանգորդը եղաւ ամենամեծ, եթէ չըսենք բացարձակ տոկոսով, Ռուսաստանը: Այո՛, սովետական կամ ռուսական հիւլէական ռումբերը չեն փորձարկուած, բայց առանց խորանալու ռազմագիտական մանրամասնութիւններուն մէջ, պարզ տրամաբանութեամբ կարելի է եզրակացնել, որ հիւլէական զէնքը կը մնայ հիւլէական զէնք՝ անխախ իր արհեստագիտական ու թեքնիք իւրայատկութիւններէն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան