ՄԱՐԴՈՒՍ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մար­դուս բա­րու­թեան ըմբռ­նու­մը պայ­մա­նա­ւոր է, իսկ բա­րիի գոր­ծադ­րու­թիւ­նը՝ յա­րա­բե­րա­կա՛ն։ Մարդ՝ ըստ պա­րա­գա­նե­րու պա­հաջ­քին՝ եր­բեմն «բա­րի» է եւ եր­բեմն ալ՝ «չար»։ Ուս­տի կա­րե­լի չէ ընդ­հան­րաց­նել բա­րու­թիւ­նը մար­դու մը ամ­բողջ կեան­քին կամ ապ­րում­նե­րուն եւ ը­սել, թէ սա մէ­կը «բա­րի» է եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ ու­րիշ մը՝ «չա՛ր»։ Եւ ա­մէն «բա­րի» կար­ծուած, «բա­րի» ո­րա­կուած մար­դու մէջ ան­պայ­ման կա՛յ «չար»ի  ջիղ մը, քա­նի որ վեր­ջա­պէս ան «մա՛րդ» է։  Նոյն­պէս «չար» ա­նուա­նուած մար­դու մէջ ալ ան­պայ­ման կա՛յ «բա­րի»ի  նշո՜յլ մը։

Պահ մը դի­տե­ցէ՛ք ձեր շուր­ջը, ի՜նչ մար­դիկ որ «չար» ճանչ­ցուած են. այն­պի­սի բա­րի գործ մը կը կա­տա­րեն, որ կը սրբեն ի­րենց «չար» ա­նուա­նու­մը, եւ փո­խա­դար­ձա­բար կան մար­դիկ՝ որ «բա­րի» ճանչ­ցուած են եւ ա­մե­նա­դոյզն չար ա­րարք մը պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, որ ա­նոնք այ­լեւս «չա՛ր» յոր­ջորջուին։ Եր­կու պա­րա­գա­յին ալ, ի­րենց շուր­ջին­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը միշտ նոյնն է. սխա­լեր ենք այդ մար­դուն մա­սին, մինչ­դեռ ո՜ր­քան բա­րի մարդ է ե­ղեր եւ կամ՝ ո՜ր­քան չար է ե­ղեր…։

Ան­հա­ւա­սիկ այս պատ­ճա­ռով է, որ կ՚ը­սենք, թէ բա­րու­թիւնն ալ, չա­րու­թիւնն ալ յա­րա­բե­րա­կան է եւ փո­փո­խա­կան՝ մար­դու մը կեան­քին մէջ։

Ար­դա­րեւ ո՞վ է լման, ան­թե­րի, կա­տա­րեալ եւ բա­ցար­ձակ բա­րին՝ որ կը նշա­նա­կէ. միշտ բա­րի, ա­մէն պա­րա­գա­յի բա­րի, մէկ խօս­քով՝ «բա­րի մարդ»։

Դ­ժուար է ո­րո­շել եւ վճռել մէ­կու մը բա­րու­թիւ­նը։ Բա­րի կը կար­ծէք եւ այն­պէս չա­րու­թեամբ մը կը դի­մա­ւո­րուիք, որ կը զղջաք ձեր ո­րո­շու­մին մա­սին, եւ կը խոս­տո­վա­նիք, «սխա­լեր եմ…»։

Այս իսկ պատ­ճա­ռով՝ Յի­սուս կ՚ը­սէ. «Մէ՛կ է բա­րին», ինչ որ ցոյց կու տայ բա­րիին ե­զա­կա­նու­թիւ­նը։

Մար­դիկ, բո­լորն ալ թէ՛ բա­րի են, թէ՛ չար, թէ՛ ազ­նիւ ու վե­հանձն, թէ՛ վատ ու խա­բե­բայ, թէ՛ սի­րող, թէ՛ ա­տող, թէ՛ ար­դար, թէ՛ ա­նի­րաւ։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ մար­դուս նկա­րա­գի­րը «միա­գոյն» չէ՛, այլ «բազ­մա­գո՛յն»։ Մա՛րդ բո­լո­րո­վին սպի­տակ չէ, այլ որ­քան ալ «սպի­տակ» ե­րե­ւի, սեւ բի­ծեր ան­պայ­ման կը գտնուին՝ բա­ցա­յայտ կամ անն­շան…։

Այն­քա՜ն զա­նա­զա­նու­թիւն, տար­բե­րու­թիւն­ներ կայ մար­դուս նկա­րագ­րին «գոյն»ե­րուն մէջ՝ ո՛ր­քան կ՚ե­րե­ւին գար­նա­նա­յին կամ ա­մառ­նա­յին հա­մայ­նա­պատ­կե­րի մը մէջ։ Մարդ­կա­յին հո­գին խա­ւար, տխուր եւ ան­ծա­նօթ պատ­կեր մըն է «բա­բե­լո­նա­կան խառ­նա­կու­թեամբ»։ Ան եր­բեք պատ­կեր մը չէ՛ «սպի­տա­կու­թեան», ան­կեղ­ծու­թեան, սրբու­թեան, եւ կամ տի­րա­կա­նա­պէս աս­տուա­ծա­յին նկա­րագ­րին տի­պա­րին։

Կ՛ը­սուի, թէ մարդ ստեղ­ծուած է աս­տուա­ծա­պատ­կե­րով եւ նմա­նու­թեամբ: Բայց այդ պատ­կե­րը, դժբախ­տա­բար մարդ ի՛նք ա­ղա­ւա­ղած է եւ կեղ­ծած։

Հար­ցը սա է ու­րեմն. մարդ կը տեն­չայ նմա­նիլ իս­կա­կան աս­տուա­ծա­յին նկա­րագ­րին ու պատ­կե­րին։

Կա­րե­լի՞ է ար­դեօք վե­րա­հաս­տա­տել այդ նմա­նու­թիւ­նը եւ պատ­կե­րը ըլ­լալ Աս­տու­ծոյ։ Այ­սօ­րուան մարդ­կա­յին ըն­թաց­քը ցոյց կու տայ, թէ այս հար­ցու­մին դրա­կան պա­տաս­խա­նել շատ ալ կա­րե­լի չէ, քա­նի որ մար­դիկ «աշ­խար­հա­յին»ով տա­րուած՝ չեն խոր­հիր «հո­գե­ւոր»ին, «բա­րո­յա­կան»ին մա­սին։

Ե­րա­նի՜ թէ մար­դիկ կա­րե­նա­յին դառ­նալ ա­մառ­նա­յին խոր­հու­դէն՝ գար­նա­նա­յի­նին։ Եր­ջան­կու­թեան կը ձգտին մար­դիկ, բայց ի­րենք կը խա­փա­նեն եր­ջան­կու­թեան լու­սա­ւոր ճամ­բա­նե­րը։ Լոյ­սի կը հրա­ւի­րուին, բայց ա­նոնք մու­թը եւ խա­ւա­րը կ՚ընտ­րեն։

Ան­շուշտ դժուար է ա­մառ­նա­յի­նէն  գար­նա­նա­յի­նին դառ­նալ, բայց դժուա­րը մարդս կը տա­նի յա­ջո­ղու­թեան, յաղ­թու­թեան, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Յի­սուս.

«Մինչ դէ­պի կեանք տա­նող դու­ռը նեղ է եւ ճամ­բան դժուա­րին, եւ քի­չեր միայն կը գտնեն զայն»։

Եւ դո՛ւք, սի­րե­լի­նե՜ր, չէ՞ք ու­զեր ըլ­լալ այդ «քի­չեր»էն, քա­նի որ «քիչ»ը միշտ ըն­տի՛ր է…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 4, 2015, Իս­թան­պուլ 

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015