ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ

Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն կամ Այ­լա­կեր­պու­թիւն՝ «Վար­դա­վառ»ը՝ հինգ Տա­ղա­ւար­նե­րու եր­րորդն է։ Քրիս­տո­նէա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան տօ­նը՝ Քրիս­տո­սի աս­տուա­ծու­թեան բա­ցա­յայտ­ման տօ­նախմ­բու­թիւնն է։

«Սրբեա Տէր, զմե­ղու­ցեալ Քո ծա­ռա­յիցս եւ շնոր­հեա տե­սա­նել զՔեզ եւ լսել զհայ­րա­կան զձայնն, ե­թէ դա՛ է Որ­դի իմ սի­րե­լի…»։

­Թարգ­մա­նա­բար շա­րա­կա­նա­գի­րը կ՚ը­սէ.- Սրբէ, ո՜վ Տէր, մե­ղու­ցեալ Քու ծա­ռա­նե­րու զգա­յա­րան­նե­րը եւ շնոր­հէ տես­նել Քեզ ու լսել Քու Հայ­րա­կան ձայ­նը, թէ՝ դա՛ է իմ սի­րե­լի Որ­դին։ Շա­րա­կա­նագ­րի այս խօս­քե­րը կը յի­շեց­նէ մե­զի տա­ղա­ւար այն տօ­նը՝ Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւ­նը, որ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ գլխա­ւոր տօ­նե­րէն է եւ կը տօ­նուի Զա­տի­կէն 14 շա­բաթ յե­տոյ։

Ա­մէն մէկ հա­ւա­տա­ցեալ ու­նի իր սե­փա­կան մեղ­քե­րը եւ որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ կա­րե­նայ տես­նել ու հասկ­նալ Քրիս­տո­սի աս­տուա­ծու­թեան լո՛յ­սը, պէտք ու­նինք  շա­րա­կա­նագ­րի նման ը­սե­լու. «Ո՜վ Աս­տուած իմ, մաք­րէ մեր զգա­յա­րան­նե­րը, որ­պէս­զի մենք ալ կա­րո­ղա­նանք տես­նել ու լսել…»։­

Ար­դա­րեւ Աս­տուա­ծը տես­նե­լու եւ Աս­տուա­ծը լսե­լու հա­մար ար­տա­սո­վոր աչ­քե­րու չի կա­րօ­տիր մարդ, ինչ­պէս զԱյն լսե­լու հա­մար տար­բեր ա­կանջ­նե­րու պէտք չու­նի, հա­պա պէտք են սրբուած եւ մա­քուր զգա­յա­րան­ներ՝ մեղ­քի կեղ­տէն մաք­րուած զգա­յա­րան­ներ, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նայ տես­նել, լսել ու զգալ՝ ապ­րիլ այն­պէս, ինչ­պէս երեք ա­ռա­քեալ­ներ տե­սան, լսե­ցին ու ապ­րե­ցան Թա­բոր լե­րան վրայ։

Ուս­տի ո՛վ որ չի խոս­տո­վա­նիր իր մեղ­քը, ով որ չի հրա­ժա­րիր մեղ­քէն, բա­ցար­ձա­կա­պէս ի­րա­ւունք չու­նի՛ մօ­տե­նա­լու Աս­տու­ծոյ եւ տես­նե­լու Ա­նոր դէմ­քը, լսե­լու Ա­նոր ձայ­նը։

Ուս­տի Յի­սուս Թա­բոր լե­րան վրայ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն ցոյց տուաւ իր աս­տուա­ծա­յին փառ­քը՝ պայ­ծա­ռա­կեր­պե­լով կամ այ­լա­կեր­պե­լով, լոյ­սե­րու մէջ լոյ­սի նման ե­րե­ւե­լով ա­նոնց։ Ար­դա­րեւ Աս­տուած լո՛յս է. Աս­տու­ծոյ փառ­քը կը յայտ­նուի լոյ­սով…։

Նոյն ձե­ւով իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տո­նեայ իր ողջ կեան­քով, իր հա­ւատ­քով, իր գոր­ծով, իր ապ­րե­լա­կեր­պով պէ՛տք է, պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ է՝ մաք­րա­գոր­ծուիլ, սրբուիլ մեղ­քե­րէ՝ ցոյց տա­լու իր աս­տուա­ծան­ման էու­թիւ­նը, աս­տուա­ծա­յին կեր­պը։ Չէ՞ որ մարդ ստեղծուած է Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րով եւ Ա­նոր նմա­նու­թեամբ…։

Իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ իր մէջ ու­նի աս­տուա­ծա­յին մաս­նիկ մը, շունչ մը, նշոյլ մը եւ կեն­դա­նու­թեան նշան մը։ Ա­հա­ւա­սիկ մարդ պէտք է անդ­րա­դառ­նայ այդ աս­տուա­ծա­յին մաս­նի­կին, անդ­րա­դառ­նայ իր էու­թեան, իր ար­ժէ­քին ու ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան եւ հա­ւա­տա­րիմ մնայ իր կո­չու­մին՝ սրբու­թեա՛ն։

Այս ի­մաս­տով Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան տօ­նը հրա­ւէր մը, ա­ռիթ մըն է նիւ­թա­պաշտ եւ աշ­խար­հա­սէր մարդ­կու­թեան, որ ամ­բողջ մարդ­կա­յին մտքի սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րէն եւ կու­րու­թիւն­նե­րէն, ան­տար­բե­րու­թիւն­նե­րէն բարձ­րա­նան դէ­պի աս­տուա­ծգի­տու­թեան լո՛յ­սը։ Թող հասկ­նան ու անդ­րա­դառ­նան վեր­ջա­պէս նիւ­թա­պաշտ­նե­րը, աշ­խար­հա­սէր­նե­րը, որ սպան­նե­լով ու ան­տես­ե­լով Աս­տու­ծոյ եր­կիւ­ղը՝ կը մեռց­նեն նաեւ ի­մաս­տու­թիւ­նը։ Իսկ երբ կը լռէ Աս­տու­ծոյ եր­կիւ­ղէն սկիզբ ա­ռած ի­մաս­տու­թիւ­նը՝ ա­պա կը մնայ միա՛յն զի­րար յօ­շո­տող՝ բզիկ բզիկ ը­նող «գայ­լա­ցած մար­դիկ»՝ հաս­տա­տե­լով այն խօս­քը, թէ մար­դը մար­դուս գա՛յլն է…։

Ուս­տի Յի­սուս Քրիս­տո­սի պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւ­նը, այ­լա­կեր­պու­թիւ­նը պէտք է պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն կամ այ­լա­կեր­պու­թիւն ըլ­լայ ա­մէն մէկ քրիս­տո­նեայ ան­հա­տի հա­մար, որ­պէս­զի ան հե­ռո՛ւ մնայ մեղ­քե­րէն եւ ա­մէն տե­սակ չար խոր­հուրդ­նե­րէն, որ­պէս­զի ա­նոր հո­գին պայ­ծա­ռա­նայ, լու­սա­ւո­րուի եւ փայ­լի։

Որ­պէս­զի քրիս­տո­նեան իր երկ­րա­ւոր, աշ­խար­հա­յին կեան­քը ապ­րի մա­քուր զգա­յա­րան­նե­րով, ար­ժա­նա­նայ Աս­տուած­տե­սու­թեան ու Աս­տուած­ճա­նա­չու­թեան ու լսէ Աս­տու­ծոյ ձայ­նը, թէ՝ «Դա՛ է Իմ սի­րե­լի Որ­դին»։

Եւ մե­րօ­րեայ Ե­կե­ղե­ցին մար­դոց աչ­քը կ՚ուղ­ղէ դէ­պի Աս­տու­ծոյ օ­րէն­քին բար­ձուն­քը՝ որ­պէս­զի ա­նոր կեան­քը շա­ղա­խուի աստուա­ծա­յին ա­նայ­լե­լի մշտնջե­նա­ւոր սկբունք­նե­րով. ա­պաշ­խա­րին մարդիկ՝ ա­զա­տին մեղ­քե­րու կա­պանք­նե­րէն, չպաշ­տեն ի­րենք զի­րենք, այլ դառ­նան դէ­պի լոյս, դէ­պի Աս­տուած, դէ­պի ճշմար­տու­թի՛ւն եւ ի­րենց կեան­քի ճա­նա­պար­հը լու­սա­ւո­րեն Ա­նոր լոյս պա­տուի­րան­նե­րով՝ ո­րոնք մա­քուր ոս­կիի նման փայ­լուն կ՚ը­նեն իրենց հո­գին…։

Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան այս տօ­նը հրա­ւէր մըն է՝ անդ­րա­դարձ մը ժո­ղո­վուր­դին՝ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու իր հա­ւատ­քին, իր սրբու­թիւն­նե­րուն եւ իր Ե­կե­ղե­ցիին մա­նա­ւա՛նդ։

Նա­յինք ու տես­նենք մեր հա­ւատ­քի կեան­քին մէջ մեր ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան, ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նենք պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին լեռ­նե­րու բար­ձունք­նե­րուն վրայ կանգ­նած մեր վան­քե­րուն՝ ո­րոնք սրբա­վայ­րեր են ե­ղած եւ գան­ձա­տուն՝ մեր հայ­րե­նի հա­ւատ­քին…։

Հո­գիի աչ­քով դի­տել փոր­ձենք բլուր­նե­րու եւ դաշ­տե­րու վրայ ցա­նուած ու տա­րա­ծուած խաչ­քա­րե­րուն եւ ա­նոնց մի­ջո­ցով յի­շենք մեր հայ­րա­պետ­նե­րը, մեր սուր­բե­րը, նուի­րուած վար­դա­պետ­նե­րը, ծա­ռա­յա­սէր քա­հա­նա­նե­րը՝ ո­րոնք մե­զի հա­մար հրա­շա­լի՜ բար­ձունք կա­ռու­ցեր են, հաս­տա­տուն շէնք մը՝ որ կը կո­չուի Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցի։

Եւ այդ հո­յա­կապ, վիթ­խա­րի կա­ռոյ­ցին վրայ, այդ բար­ձուն­քին վրայ մեր տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի լու­սա­պայ­ծառ պատ­կերն է, որ կը փայ­լի եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ փայ­լիլ յա­ւի­տեա՜ն…։

Ա­ղօ­թենք, սի­րե­լի­նե՜ր, եւ ա­ղօթ­քի մէջ պի­տի գտնենք մեր մխի­թա­րու­թիւ­նը։

Հա­ւա­տա՜նք, սրտա­կից­ներ, եւ հա­ւատ­քի մէջ պի­տի գտնենք մեր կեան­քի ճշմար­տու­թիւ­նը։

Բարձ­րա­նա՜նք, ազ­նիւ բա­րե­կամ­ներ, եւ հո­գե­կան այդ բար­ձուն­քի մէջ պի­տի գտնենք աս­տուա­ծա­յին պայ­ծառ լո՛յ­սը։

Ժո­ղո­վուր­դին հա­մար Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան տօ­նը, «Վար­դա­վառ» է նաեւ։

Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն եւ Վար­դա­վառ ցոյց կու տան Աս­տու­ծոյ փառ­քը։

«Վար­դա­վառ»ով Յի­սուս կը նման­ցուի վար­դի՝ որ կը վա­ռի իր ամ­բողջ գե­ղեց­կու­թեամբ եւ կ՚ազ­նուաց­նէ հո­գի­նե­րը։

Այս ի­մաս­տով, մեր նախ­նի­նե­րը, նա­խա­հայ­րե­րը չեն մոռ­ցած ժո­ղո­վուր­դին «նա­խաք­րիս­տո­նէա­կան»ը, զայն միա­հիւ­սե­ցին միաս­տուա­ծու­թեան ճշմա­րի­տին հետ՝ որ­պէս­զի Հայ Ե­կե­ղե­ցին ճշմար­տա­պէս դառ­նայ «հայ­կա­կա՛ն» ե՛ւ «քրիս­տո­նէա­կա՛ն»։

Ուս­տի հայ-քրիս­տո­նեա­յին հա­մար Մայր Ե­կե­ղե­ցին է միա՛կ հո­գե­ւոր բար­ձուն­քը։

Իւ­րա­քան­չիւր հայ-քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեա­լի հա­մար «Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն» կամ «Վար­դա­վառ», այս տա­ղա­ւար տօ­նը ա­ռիթ մը թո՛ղ ըլ­լայ անդ­րա­դառ­նա­լու իր լու­սա­պայ­ծառ, լու­սա­շող էու­թեան եւ լու­սա­ւո­րուի ու լու­սա­ւո­րէ իր ներ­կան, իր ա­պա­գան՝ որ ի­րեն փո­խան­ցուած է լոյս ան­ցեա­լէ մը…։

Ուս­տի Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան կամ Վար­դա­վա­ռի տօ­նին, Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը ըլ­լայ Թա­բոր լե­ռը՝ դառ­նայ ժա­մա­նա­կա­կից Թա­բոր լե­րան ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, որ­պէս­զի ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը պայ­ծա­ռա­կեր­պուի, լու­սա­ւո­րուի՝ լե­ցուի աս­տուա­ծա­յին լոյ­սով։ Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւ­նը թո՛ղ աս­տուած­ճա­նա­չու­թեան ա­ռիթ մը ըլ­լայ բո­լո­րիս հա­մար, քա­նի որ ա­նով միա՛յն կա­րե­լի է այ­լա­կեր­պիլ, պայ­ծա­ռա­կեր­պուիլ եւ «լոյս աշ­խա՜րհ» մտնել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 30, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015