ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ

Երբ կը տօ­նենք Յի­սուս Քրիս­տո­սի Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան հրա­շա­լի դէպ­քը՝ Ե­կե­ղե­ցին, մա­նա­ւանդ կը շեշ­տէ Ա­նոր ճա­ռա­գող աս­տուա­ծա­յին փառ­քը ու փայ­լը։ Ինչ­պէս կը վկա­յէ Ա­ւե­տա­րա­նը, Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան ըն­թաց­քին Յի­սու­սի ամ­բող­ջո­վին լոյ­սով ո­ղո­ղուի­լը եւ Ան­կէ լոյ­սի ճա­ռա­գու­մը կը հաս­տա­տէ Ա­նոր աս­տուա­ծա­յին բնու­թիւ­նը։ Ուս­տի այս հրա­շա­լի ե­րե­ւոյ­թը՝ Աստուա­ծա­յայտ­նու­թի՛ւ­նը՝ կը տես­նուի տե­սա­նե­լի կեր­պի մէջ՝ որ ի­րա­կա­նա­ցաւ լե­րան վրայ։ Ար­դա­րեւ այդ պա­հը ե­զա­կի ապ­րում մըն է՝ ո­րուն կը վկա­յեն նաեւ, նոյն­պէս լոյ­սով պա­րու­րուած Մով­սէ­սը եւ Ե­ղիան։ Եւ այս սքան­չե­լի տե­սա­րա­նէն զմայ­լած՝ Պետ­րոս կ՚ը­սէ. «Տէ՛ր, լա՛ւ է որ մենք այս­տեղ ենք, ե­թէ կը փա­փա­քիս, ե­րեք տա­ղա­ւար­ներ շի­նենք. մէ­կը Քեզ հա­մար, մէ­կը՝ Մով­սէ­սի եւ մէկն ալ՝ Ե­ղիա­յի»։ Եւ այդ մի­ջո­ցին լու­սա­փայլ ամպ մը կը ծած­կէր զա­նոնք, եւ ամ­պէն ե­կած ձայ­նը կ՚ազ­դա­րա­րէր. «Ա՛յս է իմ սի­րե­լի Որ­դիս, ո­րուն հա­ճե­ցայ, Ա­նոր լսե­ցէ՛ք»։­

Իսկ Յի­սուս, սար­սա­փած ա­ռա­քեալ­նե­րը կը հանգս­տաց­նէ եւ կ՚ը­սէ, թէ՝ ա­ռայժմ չյայտ­նեն ի­րենց տե­սա­ծը ու լսա­ծը՝ մին­չեւ որ Ինք խա­չուի եւ Յա­րու­թիւն առ­նէ։ Քրիս­տոս, որ մարմ­նա­ցած ու մար­դա­ցած էր Ա­դա­մի բնու­թեամբ, պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեամբ ցոյց տուաւ Իր աս­տուա­ծա­յին բնու­թիւ­նը՝ այն փառ­քը, որ հա­մայն մարդ­կու­թեան վերս­տին հագ­ցուց՝ լու­սե­ղէն զգես­տի մը կեր­պա­րան­քով։

Ա­դա­մը ու­նէր այդ զգես­տը դրախ­տի մէջ, եւ սա­կայն իր ան­կու­մը պատ­ճառ ե­ղաւ, որ մեր­կա­նայ այդ փառ­քի զգես­տէն, քա­նի որ Աս­տուած իր մե­ղան­չու­մին փո­խա­րէն զրկեց զայն այդ փառ­քէն։

Հե­տե­ւա­բար, ինչ­պէս կը վկա­յէ Ա­ւե­տա­րա­նը, եւ կ՚ը­սէ. «Ար­դար­նե­րը կը ծա­գին եր­կին­քի ար­քա­յու­թեան մէջ՝ ինչ­պէս ա­րե­գա­կը», նոյն­պէս ալ Յի­սուս Պայ­ծա­ռա­կեր­պուե­ցաւ, որ­պէս­զի ա­շա­կերտ­նե­րուն ցոյց տայ, թէ ի՛նչ կեր­պա­րան­քով պի­տի յայտ­նուի ի­րենց Յա­րու­թե­նէն յե­տոյ եւ նոյն կեր­պա­րան­քով պի­տի գայ՝ Վեր­ջին Դա­տաս­տա­նը կա­տա­րե­լու հա­մար։

Յի­սուս Քրիս­տո­սի Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան տօ­նի խոր­հուր­դը՝ որ կը հաս­տա­տէ ճշմար­տու­թիւ­նը՝ թէ Յի­սուս Քրիս­տոս Աս­տու­ծոյ սի­րե­լի Որ­դի՛ն է եւ Աս­տու­ծոյ «պատ­կե՛ր»ն է եւ պէտք է Ա­նոր հնա­զան­դիլ՝ Ա­նոր խօս­քը լսե՛լ։ Այ­սինքն հաս­տա­տում մըն է՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի աս­տուա­ծա­յին բնու­թեա՛ն։

Այդ պա­հուն՝ ա­ռա­քեալ­նե­րու ուղ­ղուած այդ խօս­քը պատ­գա՛մ մըն է ողջ մարդ­կու­թեան, հա­մայն մարդ­կա­յին ցե­ղին, բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու, բո­լոր շրջան­նե­րու մէջ։ Ուս­տի Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան տօ­նի թե­լադ­րան­քը, ա­նոր խոր­հուր­դի բա­նա­լին՝ սի­րել Աս­տուած, լսել Ա­նոր պա­տուէր­նե­րը, հնա­զան­դիլ ու հե­տե­ւիլ ա­նոնց, կեան­քի վե­րա­ծել Ա­նոր պատ­գամ­նե­րը՝ ապ­րիլ ըստ ա­նոնց ուղ­ղու­թեամբ, ո­րոնք մար­դոց եր­ջան­կու­թեան եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու խա­ղա­ղու­թեան գրա­ւա­կա՛նն են…։

Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան տօ­նը։ Հա­յոց հե­թա­նո­սա­կան հին շրջան­նե­րուն տօ­նուեր է Նա­ւա­սարդ ամ­սի ա­ռա­ջին օ­րը, այ­սինքն Օ­գոս­տոս 11-ին։ Ա­ւե­լի վերջ, Քրիս­տո­նէա­կան Ե­կե­ղե­ցին՝ Վար­դա­վա­ռը յայ­տա­րա­րեր է Թա­բոր լե­րան վրայ Յի­սուս Քրիս­տո­սի պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան ե­րե­ւոյ­թին նուի­րուած տօն։

Վար­դա­վա­ռը հա­յոց հնա­գոյն տօ­նե­րէն էր։ Այս պատ­ճա­ռաւ ալ հե­թա­նո­սա­կան շրջա­նէն մնա­ցած ի­րա­րու վրայ ջուր սրսկել, ա­ղաւ­նի թռցնել, տօ­նի վե­րա­բե­րեալ կարգ մը սո­վո­րու­թիւն­ներ պահ­պա­նուած են, որ­պէս ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ար­ժէք։ Հին ժա­մա­նակ­նե­րուն Վար­դա­վա­ռը կը տօ­նուէր զա­նա­զան ջրա­յին խա­ղե­րով, ա­ւան­դա­կան ու ժո­ղովրդա­կան եր­գե­րով ու պա­րե­րով, մար­դիկ ի­րա­րու կը նուի­րէին վար­դեր, ե­րի­տա­սարդ­ներ ա­ղաւ­նի­ներ կը թռցնէին՝ ու ե­թէ ա­ղաւ­նի­նե­րը ե­րեք ան­գամ ե­րի­տա­սար­դին սի­րած աղջ­կան տան վրայ շրջէին, նոյն աշ­նան այդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մի­ջեւ հարս­նա­խօ­սու­թիւն կը կա­տա­րուէր։

Կան բազ­մա­թիւ հե­տա­զօտ­ներ՝ ո­րոնք Վար­դա­վա­ռը կը կա­պեն Ա­րա­րատ լե­րան վրայ յայտ­նուած Նո­յեան տա­պա­նի հետ։

Իսկ ըստ շատ գիտ­նա­կան­նե­րու կող­մէ յայտ­նուած տե­սա­կէ­տին՝ Վար­դա­վա­ռը կա­պուած է Ջրհե­ղե­ղի եւ Նո­յի տա­պա­նէն իջ­նե­լու պա­հին հետ, քա­նի որ այդ տե­սա­կէ­տին հա­մա­ձայն երբ որ Նոյ Հայ­րա­պե­տի ու­ղար­կած ա­ղաւ­նին վե­րա­դար­ձաւ՝ իր կտու­ցին մէջ ձի­թե­նիի ճիւղ մը բե­րե­լով, եւ տես­նե­լով այդ ճիւ­ղը՝ Նոյ հասկ­ցաւ, որ ջրհե­ղե­ղի ջու­րե­րը աս­տի­ճա­նա­բար ցա­ծի ի­ջած է՝ եւ իր որ­դի­նե­րուն պա­տուի­րեց, որ մէկ ան­գամ ի­րա­րու ջուր թա­փեն, որ­պէս­զի չմոռ­նան ջրհե­ղե­ղը։ Ուս­տի «ջուր» եւ «ա­ղաւ­նի» կը խորհր­դան­շեն այս պատ­մա­կան մեծ դէպ­քը։

Հե­թա­նո­սա­կան շրջա­նին, հա­յոց սի­րոյ եւ գե­ղեց­կու­թեան չաս­տուա­ծու­հին Աստ­ղիկն էր. ան ու­նէր Վա­հագն ա­նու­նով սի­րա­հար մը, ըստ ա­ւան­դու­թեան ստոր­գետ­նայ չաստուա­ծը կը գող­նար Աստ­ղի­կը իր ըն­տա­նի­քէն, Աստ­ղի­կը դժբախտ էր, եւ Ա­նոր սի­րե­ցեալ Վա­հա­գը՝ յաղ­թե­լով Վի­շա­պին, կ՚ա­զա­տէ Աստ­ղի­կը եւ յաղ­թա­նա­կի մեծ ու­րա­խու­թիւ­նով կը շրջի Ա­րա­րա­տեան դաշ­տը եւ մար­դոց կը սրսկէ վար­դա­ջուր, ա­նոնց կը նուի­րէ նաեւ կար­միր վար­դեր։ Նաեւ դէ­պի նշա­նա­ւոր լեռ­նե­րու սրբա­վայ­րեր եւ ջու­րե­րու ա­կունք­ներ կա­տա­րուած ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­ներ կը կա­պակ­ցուին այս ե­ղե­լու­թեան՝ Վար­դա­վա­ռի կա­տա­րուած զա­նա­զան ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ ի­րենց ի­մաս­տը կը գտնեն Վա­հա­գի կա­տա­րած ու­րա­խու­թեան ցոյ­ցե­րուն մէջ։

Ըստ ա­ւան­դու­թեան՝ ի՛նչ­պէս որ ա­ռա­ջին խա­ղո­ղը խա­ղո­ղօրհ­նենք կա­տա­րուե­լէ վերջ կ՚ու­տենք, նոյն­պէս ալ հին ժա­մա­նա­կին, մին­չեւ Վար­դա­վառ խնձոր չէր ու­տուեր։ Վար­դա­վա­ռի տօ­նին տա­րեց­ներ մա­տաղ­ցուի հա­մար հան­գա­նա­կու­թիւն­ներ կը հա­ւա­քէին։

Այս մա­տա­ղի հիմ­նա­կան նպա­տա­կը, դաշ­տե­րը չո­րու­թե­նէ եւ այլ զա­նա­զան ա­ղէտ­նե­րէ պաշտ­պա­նել էր. իսկ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը բո­ցա­վառ փայ­տա­կոյ­տեր կը վա­ռէին ու կրա­կի շուրջ խմբա­պա­րով, եր­գե­րով, խա­ղե­րով կը դի­մա­ւո­րէին լու­սա­բա­ցը։

Այս առ­թիւ յի­շեց­նենք, որ բո­լոր Վար­դու­հի, Վարդ, Վար­դա­վառ, Վար­դա­նոյշ, Վար­դե­նի, Վար­դե­րես, Վար­դի­թեր, Վար­սե­նիկ, Լու­սա­վարդ, Պայ­ծառ, Ռօ­զա, Սիր­վարդ, Վարդ­գէս, Նուարդ, Վար­դա­գոյն, Վար­դա­գեղ, Վար­դա­բոյր ա­նուն­նե­րու ա­նուան տօնն է, ուս­տի սրտի ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րով կը շնոր­հա­ւո­րենք ի­րենց ա­նուան տօ­նը։

Վեր­ջա­պէս, Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան կամ Այ­լա­կեր­պու­թեան տօ­նը՝ որ կը կո­չուի նաեւ Վար­դա­վառ, պահ­պա­նուած է այս ա­նու­նը՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սը հա­մե­մա­տե­լով վար­դի հետ։ Նաեւ՝ «Վար­դա­վառ» բա­ռին խոր­հուր­դը, լե­զուա­բա­նօ­րէն կազ­մուած «վարդ» եւ «վառ» բա­ռե­րէն եւ կը նշա­նա­կէ՝ «ջու­րով օ­ծուած»։

­Վար­դա­վա­ռը կը տօ­նուի Ս. Զա­տի­կին յա­ջոր­դող 14-րդ Կի­րա­կի օր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 8, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2015