ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ ԵՒ ԽՐԱՏ՝ ԾՆՈՂԱՑ ԿԵՆԴԱՆԻ ՕՐԻՆԱԿՆ Է
Խրիմեան Հայրիկի «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան ամենէն կարեւոր գլուխներէն մէկը հինգերորդ գլուխն է՝ «Տուն եւ ընտանիք» խորագրով. այս գլխուն մէջ է, որ Հայրիկ կը խօսի տուն եւ ընտանիք հասկացողութեան մասին, ընդգծելով բոլոր այն հիմնաքարերը, որոնք պէտք են առողջ ու խաղաղ ընտանիք մը հիմնելու համար:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ հին ժամանակ ամուսնացող զոյգեր միշտ չէ որ առանձին կ՚ապրէին, մանաւանդ այն խաւը՝ որու համար Խրիմեան Հայրիկ կը գրէ այս աշխատութիւնը, այդ իսկ պատճառով ընտանիք ու տուն հասկնալով Խրիմեան կը հասկնայ հայր եւ մայր, քոյրեր եւ եղբայրներ, փեսաներ, հարսեր եւ թոռներ եւ այդ ամբողջութիւնն է, որ ընտանիք կը կազմէ: Խրիմեանի բառերով «ընտանեկան կեանքին եւ տան շինութեան հիմնաքարեր կը համարուին հայր եւ մայր». Հայրիկ հայրն ու մայրը կը նմանեցնէ մանանեխի փոքրիկ հատիկներու, որոնք կ՚աճին եւ բազմաթիւ ճիւղեր կ՚ունենան:
Այդ միութիւնն ու աճը Հայրիկ սրբազան կ՚որակէ, որովհետեւ ընտանիքը արմատն է ժողովուրդին. այս մտածումը Հայրիկ իր հետեւեալ բառերով կ՚արտայայտէ.- «Ամուսնական արմատէն ընտանիք կը հաստատուի, ընտանիքէն ժողովուրդ, ժողովուրդէն այլ եւ այլ ազգեր, ազգերէն իշխանական պետութիւնները եւ պետութիւններէն ընդհանուր մարդկային համաշխարհական ընկերութիւն»։ Հետեւաբար այսօրուան փոքր ընտանիք մը իրականութեան մէջ արմատն է ապագայի հսկայական բազմութեան մը՝ որ մենք չենք նկատեր. ամուսնութեան կարեւորութիւնը պարզապէս կարելի է հասկնալ այն փաստով, որ բովանդակ աշխարհը, իր ապագայով հաստատուած է ընտանեկան պատուանդանին վրայ. եթէ չըլլայ ընտանիքը, չ՚ըլլար նաեւ աշխարհը:
Ոչ միայն աշխարհի ներկան ու ապագան կախեալ է ընտանեկան կեանքէն, այլ ազգի մը, հայրենիքի վիճակը եւս ընտանեկան կեանքէն կախում ունի: Խրիմեանի համաձայն, ընտանիքը թագաւորութեան մը մէջ հաստատուած փոքր թագաւորութիւն մըն է, որուն թագաւորական գահին վրայ կը բազմին հայրն ու մայրը, հայրը իբր թագաւոր, իսկ մայրը՝ թագուհի: Սակայն այստեղ կայ նրբութիւն մը. թագաւորութիւն ըսելով պէտք չէ հասկնալ որ այդտեղ կայ թագաւոր եւ հպատակ «ժողովուրդ» մը. ընտանիքին մէջ բոլո՛րն ալ հաւասար են. «Սոյն ընտանեկան պալատին ու թագաւորութեան մէջ, ոչ ոստիկան կայ, ոչ սուր, ոչ բռնութիւն, ոչ գաւազան, այլ ամէնուն տեղ հայրական սէր եւ մայրական գորովն է». այստեղ պարզ կը դառնայ որ Հայրիկ համաձայն չէր, որ գաւազանն ու ծեծը զաւակը դաստիարակելու միջոց է. Հայրիկ շատ կը կարեւորէ դաստիարակութիւնը, սակայն անոր լաւագոյն ձեւը կը տեսնէ կենդանի օրինակին մէջ. իւրաքանչիւր ծնողք պէտք է իր միտքին մէջ փորագրէ Խրիմեանի այս բառերը-. «դաստիարակ եւ խրատ՝ ծնողաց կենդանի օրինակն է». այդ օրինակն է, որ նոյնութեամբ կ՚անցնի զաւակին եւ այդ օրինակով է, որ զաւակներ կը խառնուին ժողովուրդին. այսպէս մարդոց մէջ կը տարածուի չարն ու բարին, որովհետեւ տան մէջ ստացած դաստիարակութիւնը դուրսի աշխարհին մէջ ի յայտ կու գայ:
Ժողովուրդ մը ապրելու եւ գոյատեւելու համար միայն հացի պէտք չունի. հացին չափ կարեւոր է նաեւ բարոյական կեանքը, որովհետեւ ազգի մը յաջողութիւնն ու զարգացումը նախ ընտանեկան հարկէն ներս սկիզբ կ՚առնէ եւ ապա կը տարածուի ժողովուրդին մէջ. Հայրիկի համոզումով ամէ՛ն բանի սկիզբը ընտանիքն է. անոր խօսքերով.- «եթէ իւր կարասները լի են գինւով՝ կը խմէ կ՚ուրախանայ, խաղողաբեր այգին ընտանիքն է. եթէ բարեծնունդ զաւակներով օր ըստ օրէ բիւրապատիկ կ՚աճի, իւր նախածնող խնամատար ընտանիքն է, եթէ իւր զաւակները բարեկիրթ քաղաքացի պատրաստել կ՚ուզէ, իւր բարեկրթութեան առաջին համալսարան ընտանիքն է. եթէ աշխարհիս վերայ երջանիկ ապրիլ կ՚ուզէ, թող հաւատայ, որ երջանկութեան կեանք բղխող աղբիւրը ընտանիքն է»:
Այնպէս ինչպէս այս բարիքները, նոյնպէս չարիքները եւս ծնունդ են ընտանիքին. կրնայ այստեղ հակասական պատկեր մը ստեղծուիլ, սակայն բարիք ծնող ընտանիքէն կրնայ չարիք ալ ծնիլ. «Ժողովուրդ եթէ կը զեղծանի՝ ներքին իւր զեղծման սկզբնաւորութիւնը ընտանիքէն է. եթէ բարոյական կեանք չունի՝ մեռելութիւն ընտանիքէն է. եթէ դէպի կորուստ կը դիմէ, իր կորստեան ճամբայ բացող ընտանիքն է», կ՚ըսէ Հայրիկ:
Այնպէս ինչպէս այսօր, անցեալին եւս մարդիկ օրինակ կ՚ուզէին վերցնել Եւրոպայէն, որ իր լաւ կողմերուն կողքին ունէր բազմաթիւ վատ կողմեր. Խրիմեան այդ բոլորը կը կոչէ «կախարդիչ նորասիրութիւնք», ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ ընտանեկան բարոյական քանդումին՝ որուն փաստը այսօր կը տեսնենք բոլորս: Հայրիկի համոզումով՝ այդ բարոյական անկումը ամբողջ ընտանիքի մը մահն է: Այդ բարոյալքումը, Հայրիկի մտածումներով, մարդիկ կ՚առաջնորդէ դէպի ջրհեղեղի դար, ուր բոլորը ամբարիշտ կեանքով կ՚ապրէին եւ գուցէ այսօր՝ Հայրիկի գրածէն աւելի քան 150 տարիներ ետք այդ դարն է, որ սկսած ենք ապրիլ:
Այս բոլորին մասին խօսելով Հայրիկ կ՚եզրակացնէ, թէ «առանց բարի ընտանիք կազմելու, առանց հայրական ու մայրական դաստիարակութեան՝ անհնարին է բարեկեցիկ ազգ, ժողովուրդ կազմել»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մարդիկ ե՞րբ սկսան թղթադրամ օգտագործել:
Պատասխան. Դրամի օգտագործութիւնը ժամանակի ընթացքին զարգացած եւ ստացած է տարբեր ձեւեր։ Թղթադրամի ամենէն հին օրինակը կարելի է գտնել հին Չինաստանի մէջ՝ մօտաւորապէս 618-907 թուականներուն. Չինաստան 7-րդ դարին առաջին թղթադրամը պատրաստեց, որպէսզի թեթեւցնէ մետաղադրամներու ծանր բեռը: Սկզբնական շրջանին օգտագործուած է որպէս մուրհակ՝ թանկարժէք մետաղներու դիմաց տրուած։ Թղթային այս դրամները ապահովուած է պետութեան կողմէ եւ ժամանակի ընթացքին լայն ընդունելութիւն գտած ժողովուրդի մօտ, կարեւոր շրջադարձ մը ստեղծելով նիւթական համակարգի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան