ՇԱՏ ՄԻ՛ ԽՆԴԱՐ, ՍԻՐԵԼԻՍ
Այսօրուան յօդուածը կարդալէ ետք շատ աւելիով իրաւունք պիտի տաք հայ ազգի մեծերէն Աւետիք Իսահակեանի ըսած «Շատ մի՛ տխրիր, շատ մի՛ խնդար, սիրելիս», որովհետեւ թէ՛ տխրութիւնը եւ թէ ուրախութիւնը ժամանակաւոր արժէքներ են, սակայն խնդալը տխրելէն շա՜տ շատ աւելի դառն է, մանաւանդ երբ մարդ ժամանակ մը ետք յայտնուի այն կացութեան մէջ՝ որ նախապէս ծաղրած ու խնդացած էր:
Մեր թուականէն 114 տարիներ առաջ Մուշեղ Եպսկ. Սերոբեան կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ տեղի հայկական գաղութին համար մեծ աշխատանք կը սկսի տանիլ. իր այդ նուիրումը Սուրէն Պարթեւեան իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կը նկարագրէ հետեւեալ տողերով. «Հոգիներու այն հզօր շարժիչը որ Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեանն է, իր Ամերիկա հաստատուելէն ի վեր, ոչ միայն իր բանին տիրական հմայքովն անընդհատ ջանաց տարագիր հայութեան ամենահեռաւոր ու կարեւորագոյն զանգուածին մէջ գիտակցական խորունկ ու արգաւանդ համակրութիւն ստեղծել, այլ նաեւ յանդուգն ու կորովի նախաձեռնութիւն ունեցաւ»: Պարթեւեանի յիշած նախաձեռնութիւնը սրբազանին պատրաստած «Ամերիկահայ տարեցոյց»ն էր, աւելի քան 380 էջնոց աշխատութիւն մը, որ ամերիկահայ մեր գաղութի օրուան հայելին պիտի ըլլար:
Հետաքրքրութեան համար ուզեցի ուսումնասիրել աշխատութիւնը եւ այդտեղ ԺԸ. էջին վրայ կարդացի հետեւեալը. «Հայերը, հայերէն կը խորհին ու կը մտածեն, նոյն իսկ ամերիկացիներուն հետ անգլերէն խօսած ատեննին: Մանաւանդ երբ, իրենց անգլերէնը ականջով կամ բառարանով միայն սորված են: Եւ ասոնց թիւը բնականաբար մատի վրայ չի համրուիր»։ «Ամերիկահայ տարեցոյց»ը այս մէկը կը հրապարակէր որպէս զաւեշտ ու «ծիծաղաշարժ» ճշմարտութիւն։ Նոյնիսկ այդ թուականներուն Ամերիկա ապրող Պետրոս Կէօլճիւկեան գրի կ՚առնէր հայերէն խորհող, սակայն անգլերէն արտայայտուող մեր հայորդիներու անգլերէնի խաչելութիւնը:
Հայ մը կը ներկայանայ ամերիկեան ապահովագրական ընկերութեան մը գրասենեակ եւ կը պարտաւորուի որոշ հարցերու պատասխանել։ Աշխատակիցը որոշ հարցեր տալէ ետք կը հարցնէ, թէ արդեօք ներկայացողի հայրը մահացա՞ծ է թէ ոչ... հայը կը պատասխանէ, թէ հայը մահացած չէ եւ կ՚աւելցնէ. «he is animal», նկատի ունենալով, որ բառարանին մէջ «կենդանի» բառին քով որպէս թարգմանութիւն գրուած է animal-ը: Աւարտին աշխատակիցը կը խնդրէ հայորդիէն, որպէսզի վաղը մօտենայ... «գլխու վրայ» ըսելով՝ «on my head» դուրս կու գայ ապահովագրական գրասենեակէն:
Այս բոլորը այդ թուականներուն կը գրուէր որպէս ծիծաղ... սակայն դարձեալ կու գանք յիշեցնելու Իսահակեանի խօսքերը. «շատ մի՛ խնդար, սիրելիս», որովհետեւ այսօր այդ ծիծաղաշարժ դրուագները ամբողջութեամբ հակառակ դառնալով վերածուած են արցունքներու. ի տարբերութիւն «Ամերիկահայ տարեցոյց»ին մենք այսօր ցաւօք կը գրենք.
- Հայերը, անգլերէն կը խորհին ու կը մտածեն, նոյն իսկ հայերու հետ անգլերէն խօսած ատեննին: Մանաւանդ երբ, իրենց հայերէնը ականջով կամ բառարանով միայն սորված են: Եւ ասոնց թիւը բնականաբար մատի վրայ չի համրուիր:
Այս երկու հակոտնեայ արտայայտութիւններու համեմատութիւնը հայելին է մեր սփիւռքին, որ սկզբնական շրջանին հայերէն կը խորհէին, սակայն ժամանակի ընթացքին որդեգրեցին ու յաջողութեամբ ընդօրինակեցին այն բոլորը՝ որ օտարինն է:
Այս է մեր ծիծաղի արդիւնքը... հայը Ամերիկայի մէջ անգլերէն, Եւրոպայի մէջ ֆրանսերէն եւ Միջին Արեւելքի մէջ արաբերէն սկսած է մտածել. իրականութեան մէջ մտածողութիւնը՝ այլ խօսքով զգացումները, ապրումներն ու հոգեկան աշխարհի հայ ըլլալը շատ աւելի կ՚արժէ, քան արիւնով հայ ըլլալը, որովհետեւ եթէ միտքը օտարանայ, բնականաբար կը սկսի օտարանալ նաեւ հոգին, մտածելակերպը եւ այդ բոլորին լոյսին տակ կ՚օտարանայ անձնանունները եւ կ՚ունենանք հայեր՝ որոնք զուրկ են հայութենէն եւ կարծես այդ վիճակը արդէն իսկ սկսած է տարածուիլ ամէ՛ն տեղ:
Դար մը առաջ ծիծաղաշարժ երեւոյթը 100 տարի ետք հակառակ դառնալով այսօր ցաւ կը պատճառէ մեր բոլորին. լաւապէս կը գիտակցինք, որ այդ փոփոխութիւնը շատերու համար կամաւոր էր, որովհետեւ սկզբնական շրջանին շա՜տ էին անոնք, որոնք կը հաւատային, որ առանց օտարինը ընդօրինակելու դժուար է յարմարուիլ տեղացի ժողովուրդին ու անոնց ապրելակերպին հետ. շատեր կամաւոր ուզեցին օտարանալ, իսկ ուրիշներ ուզեցին հաստատ մնալ իրենց ինքնութեան մէջ. սակայն այս պայքարը միայն առաջին մի քանի սերունդները կրցան տանիլ. երրորդ, չորրորդ եւ զիրենք յաջորդող միւս սերունդներուն մօտ այդ պայքարը արդէն իսկ վերջ գտած էր այն համոզումով, որ եթէ կ՚ուզես այստեղ ապրիլ՝ պէտք է զոհել շատ մը բան, գուցէ նոյնիսկ ազգութիւն ու դիմագիծ: Այսօր գրեթէ ամէն առիթով կը քննադատուին երիտասարդները իրենց հայութիւնը մոռցած ըլլալու դժբախտութեան համար, սակայն այդ մէկը շատ աւելի հինէն եկող հիւանդութիւն մըն է. հիւանդութիւն, որ սեփական շահերու համար կրնայ զոհել նաեւ ամենէն սուրբը. այս է 1912-ին եւ 2024-ին տարբերութիւնը. ի՞նչ պիտի ըլլայ 2124-ին... մտածել անգամ չենք ուզեր. թող լաւատեսները իրե՛նք պատասխանեն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Անհաւատութիւնը եւս հաւատք մը չէ՞։
Պատասխան. Այո, անհաւատութիւնը եւս կարելի է նկատել հաւատքի մէկ ձեւ: Եթէ մարդ կ՚ընդունի, որ ինք անհաւատ է, ինքնաբերաբար կ՚ընդունի, որ ինք դէմ է բոլոր այդ հաւատալիքներուն, որոնք իր շուրջ կը քարոզուին եւ այդ մերժումը պարտի հիմնուած ըլլայ ապացոյցներու եւ տրամաբանական արժէքներու վրայ: Անհաւատութիւնը չէզոք դիրքորոշում չէ, այլ հաւատք է բանի մը կեղծ ըլլալուն. այլ խօսքով ան հաւատք է, հիմնուած ո՛չ թէ հաստատման, այլ մերժումի վրայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան