ՍԱՌԸ ՍԱՌՈՎ ՀԱԼԵՑՆԵԼ
Եղանակի խորհրդանիշն է ձիւնը եւ ահաւասիկ ձիւնը կ՚իջնէ մեծ ինքնավստահութեամբ եւ կը տեղաւորուի հետզհետէ ո՛ւր որ մակերես մը գտնէ։ Եւ խե՜ղճ ձիւնը կը կարծէ, թէ իր այս համայնատարած տիրապետութիւնը տեւական պիտի ըլլայ եւ յաջողութեամբ պիտի պսակուի։ «Խե՜ղճ ձիւն», այս ի՜նչ պարապ մտածում, ի՜նչ խաբէութիւն, աշխարհի վրայ տեւապէս մնալ, անվերջ տիրապետել…։
Պահ մը խորհեցէք սիրելիներ, կարելի է որեւէ բան գոյատեւէ անվերջ ու անսահման կերպով, մնայուն ըլլայ այս աշխարհի վրայ, զոր օրինակ, մութը՝ մո՛ւթ է մինչեւ որ լոյսը ծագի անոր մէջ, ինչպէս նաեւ ցուրտը՝ «ցուրտ» է այնքան ատեն որ ջերմութիւնը կու գայ եւ կը տաքցնէ զայն։ Եւ այս երկու օրինակներն ալ՝ լոյսը եւ ջերմութիւնը կու գան արե՛ւէն։
Ուրեմն, սիրելի՜ներ, հոն ուր արեւ կայ, հոն ձիւնը այլեւս չի՛ կրնար շարունակել իր ժամանակաւոր տիրապետութիւնը, եւ արեւը մի՛շտ կայ, ուրեմն ձիւնին տիրապետութիւնը ժամանակաւոր է եւ խաբէակա՛ն։ Եւ նոյնն է մարդուս զգացական աշխարհի հակադրութիւնները՝ երբ կա՛յ սէրը, ատելութիւնը ժամանակաւոր է, երբ կա՛յ խաղաղութիւնը, ապա ուրեմն ամէն թշնամական պայքար անպայմա՛ն վերջ մը պիտի ունենայ, ինչպէս եւ երբ կա՛յ լոյսը, ոչ մէկ խաւար մութ կրնայ մնալ։ Ձիւնի նման կու գայ ու կ՚երթա՜յ…։
Կարեւորը՝ այս հակադրանքները թշնամական հանդիպումներ չեն, այս կեանքի բնական շրջանը, սովորական բացատրութեամբ՝ սիրոյ տարբեր ձեւով արտայայտութիւններ։ Ամէն մէկը կ՚ուզէ իր սէրը յայտնել այս աշխարհի նկատմամբ եւ կ՚արծես կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ աւելի շատ սիրողը այս աշխարհը, ուրեմն աշխարհ իմ տիրապետութեան տակ պէտք է ըլլայ…», բայց զանց կ՚առնէ նախադասութեան շարունակութիւնը, որ պէտք է ըլլայ՝ «… մինչեւ որ իմ հակապատկեր եղբայրս գայ»։
Աշխարհի վրայ ամէն գոյութիւն ունի իր հակապատկերը, բայց ո՛չ թշնամին, եւ այդ հակապատկե՛րն է, որ այդ գոյութեան պահպանումը կ՚ապահովէ։ Ամէն գոյութիւն իր ժամանակը ունի, ըսենք՝ հերթը, յաջորդականութիւնը եւ այս յաջորդականութեան մէջ կատարուելիք գործի մը մէջ՝ տիրող կարգը, եւ ուրեմն երբ ամէն գոյութիւն իր ժամանակը ունի, ունի՛ նաեւ իր տեղը այս աշխարհի վրայ։ Եւ կեանքի ընթացքին՝ նեղութիւններ, անյաջողութիւններ, դժուարութիւններ ալ ժամանակաւոր չե՞ն. կու գան, կ՚անցնին ու կ՚երթան։ Անոնց պատճառած ցաւն ու վիշտն ալ ժամանակաւոր է՝ այնքան որքան ներկայ են անոնք։ Ուրիշ խօսքով՝ նեղութիւններ, դժուարութիւններ միայն «ներկայ»ին մէջ գոյութիւն ունին՝ անցեալի մէջ պատահածները կորսնցուցած են իրենց ազդեցութիւնը, իսկ ապագայինները՝ արդէն գոյութիւն չունին, անորոշ են։
Ձիւնին, ցուրտին օրինակով՝ երէկ չկային, վաղը՝ անորոշ է, թերեւս պիտի ըլլայ ձիւն եւ ցուրտ, թերեւս՝ ո՛չ։
Ուրեմն իրապէս ապրուածը այսօրն է՝ ներկա՛ն։ Եւ մարդիկ ներկային նեղութիւնը փոխադրելով վաղուան եւ անցեալի նեղութիւնները բարդելով ներկային, այսօրուան նեղութիւնը կ՚աւելցնեն, նեղութեան վրայ նեղութիւն կը դիզեն եւ այսպէս նեղութիւններ երբեք չեն վերջանար։ Մինչդեռ եթէ այսօրուան հոգը, ներկայ նեղութիւնը եթէ միայն այսօրուան՝ ներկային մէջ կարենայ պահել մարդ, վաղը աւելի լուսաւոր պիտի ըլլայ, աւելի խաղաղ, աւելի յոյսով լեցուն…։
Արդարեւ սիրոյ սկզբունքը ի զօրու է որքան հոգեւոր աշխարհի՝ նոյնքան եւ մարմնաւոր աշխարհի մէջ։
Ամէն քրիստոնեայ կը հաւատայ «Սիրոյ աւետարան»ին եւ կը հետեւի անոր, քանի որ սիրոյ աւետարանը Քրիստոսի Աւետարանն է, աւելի յստակ արտայայտելով՝ Քրիստոս ի՛նք կենդանի «լուսաբանութիւն» մը, բացատրութիւն մը, մարմնացո՛ւն մըն է սիրոյ աւետարանին։
Եւ հոն ուր սէր կայ, հոն կայ նաեւ յոյս, եւ այս երկուքը իրենց հետ ունին նաեւ հաւատքը, որ վստահութիւն կը նշանակէ, ապա ուրեմն հոն ուր կայ սէր, հոն այլեւս վախ ու մտահոգութիւն գոյութիւն չունի՛։ Արդարեւ վստահելու համար, մարդ պէտք է ճանչնայ, սիրէ եւ յուսայ, քանի որ յոյսը լո՛յս է։
Այսօրուան ձիւնէն օրինակ առնենք. սա ինքնահաւան, ամբողջ աշխարհի տիրապետել փորձող, տիրապետել կարծող ձիւնը, վաղը եւ կամ յաջորդ օր պիտի կարենա՞յ պահել եւ շարունակել իր գոյութիւնը։
Ձիւնը այսօր գոյութիւն ունի, հապա վա՞ղը. անորոշ է, բայց արեւը այսօր ալ կայ, եւ միշտ պիտի շարունակէ ըլլալ, հոգ չէ թէ ան ժամանակի մը համար անտեսանելի ըլլայ, բայց անոր լոյսը եւ ջերմութիւնը միշտ կայ։ Արեւին շնորհիւ է որ առաւօտ կ՚ըլլայ, առօրեայ կեանքը կը սկսի եւ անոր շնորհիւ է որ կեանքը կը շարունակէ, պիտի շարունակէ՛։ Բայց ձիւնը արեւուն պէս չէ՛, այսօր կայ, վաղը՝ խնդրական է որ ըլլայ, այսօր տեսանելի է, վաղը՝ բոլորովին պիտի ոչնչանայ, թերեւս յաջորդ օրերուն, բայց անպայմա՛ն պիտի կորսուի։
Այսօր արեւը անտեսանելի է. բայց գոյութիւն ունի, երբ արեւը անտեսանելի է, այն պատճառով, որ մեր աչքերը չեն տեսներ զայն, մենք է որ չենք տեսներ արեւը այսօր, բայց ան կայ, միշտ ալ գոյութիւնը պիտի տեւականացնէ։ Եւ ահաւասիկ այս պատճառով է որ ըսինք. եթէ յոյս կայ, ապա ուրեմն լո՛յս կայ։ Եւ եթէ արեւը տեսնելու յոյսը չենք կորսնցուցած, ահաւասիկ լո՛յս է մեր կեանքը։
Եւ եթէ մարդ կառչի մնայ այսօրուան ձիւնին վրայ եւ կարծէ, թէ ամբողջ կեանքը ձիւնապատ պիտի մնայ, այն ժամանակ ո՛չ յոյս եւ ոչ ալ լոյս կ՚ունենայ, ամբողջ կեանքը կը լեցուի ձիւնով ու ցուրտով։ Իսկ եթէ գիտնայ, թէ վաղը, թերեւս յաջորդ օր այլեւս պիտի երթայ ձիւնը, այդ իսկ բաւական է որ սիրէ ձիւնը՝ ժամանակաւոր այս այցելուն։
Ձիւնը ճերմակ է, բայց ան ունի միշտ իր հակադիրը աշխարհի վրայ՝ սե՛ւը։ Եւ կեանքը իմաստալի դարձնողը, կեանքը գեղեցկացնողը ահաւասիկ այս ճերմակը եւ սեւն է, ճերմակին ու սեւին հակադրութիւնը, անոնց հանդիպումն է որ կեանքը «կեա՛նք» կ՚ընէ, կեանքը ապրիլ իսկապէս հաճոյքի կը վերածուի այս հակադիրներու հրաշալի՜ ներդաշնակութեամբ։
Ձիւնը գեղեցի՜կ է, հաճոյալի՜ է, քանի որ իր ետին կայ յոյսը արեւուն, մարդ գիտէ, որ ձիւնին պիտի յաջորդէ արեւոտ պայծառ օրեր, ջինջ երկինք, տաքուկ միջավայր մը երջանիկ ապրելու համար։ Ձիւնին պատճառած երջանկութիւնը, աւելի ճիշդ՝ ուրախութիւնը կ՚ապրին միայն անոնք՝ որ յոյսը ունին վաղուան արեւոտ օրերուն։ Հապա եթէ ձիւնը տեւական ըլլա՞ր, խորհեցէք անգամ մը սիրելիներ, ամպամած մութ երկինք մը, վհատութիւն պատճառով պաղ, ցուրտ օդ մը, ամէն կողմ միայն ճերմակ պատած, միօրինակ կեանք մը… եւ եթէ արեւը բոլորովին անտեսանելի ըլլար մեր աչքերէն, նուազ վայելէին մարդիկ անոր լոյսը, աւելի քիչ զգային անոր կենդանարար ջերմութիւնը, ի՜նչ կ՚ըլլար մարդկային կեանքի ապագան, յառաջիկայ աշխարհը։
Բարով եկար ձիւն, կը սիրենք քեզ, բայց միայն որպէս սիրո՜ւն այցելու մը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 17, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024