ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՆՀԱՃՈՅ ԵՐԵՍԸ

Յա­ճախ կ՚անդ­րա­դառ­նանք կեան­քի ան­հա­ճոյ կող­մին եւ կը յայտ­նենք մեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը այդ մա­սին։ Բայց ա­սի­կա եր­բեք յո­ռե­տե­սու­թիւն պէտք չէ՛ նկա­տուի, այլ՝ ի­րա­տե­սու­թիւն, քա­նի որ կեան­քը ու­նի նաեւ ան­հա­ճոյ կողմ մը՝ ո­րուն պէտք է են­թար­կուի մարդ, որ կ՚ապ­րի կեան­քը այս աշ­խար­հի վրայ։ Ար­դա­րեւ, միշտ կը կրկնենք՝ աշ­խարհ եր­բեք վար­դաս­տան մը, հանգս­տա­ւէտ, ան­դորր մի­ջա­վայր մը չէ, եւ ո՛չ ոք կրնայ խոս­տա­նալ այդ­պի­սի աշ­խարհ մը՝ ուր կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար ապ­րիլ խա­ղա­ղու­թեան մէջ։

Դար­ձեալ, ինչ­պէս յա­ճախ կը կրկնենք, Յի­սուս Ինք կ՚ը­սէ, թէ նե­ղու­թիւն­ներ պի­տի ըլ­լան այս աշ­խար­հի վրայ, եւ ա­սոր հա­մար կը յանձ­նա­րա­րէ քա՛ջ ըլ­լալ։

«Աշ­խար­հի վրայ նե­ղու­թիւն պի­տի ու­նե­նաք, բայց քա­ջա­լե­րուե­ցէ՛ք, քա­նի որ ես յաղ­թե­ցի աշ­խար­հին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

­Կան ընդ­հան­րա­պէս մար­դիկ, որ տե­ւա­կան դժգոհ են. կը տրտնջեն, կը գան­գա­տին շա­րու­նակ։ Բայց նոյն մար­դիկ կ՚ան­տե­սեն կեան­քին հա­ճե­լի, ու­րախ կող­մե­րը եւ ի­րենց ապ­րած ու­րա­խու­թիւն­նե­րը։ Ա­հա­ւա­սիկ ի­րա­կան յո­ռե­տես­նե­րը ա­նո՛նք են՝ կեան­քին միա՛յն ան­հա­ճոյ ե­րե­սը կը տես­նեն եւ կը կար­ծեն, թէ կեան­քի մէջ միշտ նե­ղու­թիւն ապ­րած են։ Մինչ­դեռ մարդ պէտք է ապ­րի կեան­քը իր բո­լոր ե­րես­նե­րով, քա­նի որ կեան­քը ա՛յս է…։

Կեան­քին միայն լաւ կող­մե­րը, հա­ճե­լի ե­րե­սը ըն­դու­նիլ, եւ նե­ղու­թիւն պատ­ճա­ռող, տհաճ կող­մե­րը ան­տե­սել բնու­թեան հա­կա­ռակ է. մարդ միայն ու­րա­խա­նա­լու, զուար­ճա­նա­լու կամ հան­գիստ ապ­րե­լու հա­մար չէ՛ ե­կած աշ­խարհ։

Խոր­հե­ցէք, սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ, ե­թէ կեան­քը տե­ւա­կան հան­գիստ, շա­րու­նակ զուար­ճու­թիւն եւ ու­րա­խու­թիւն ըլ­լար՝ մարդ կրնա՞ր հասկ­նալ ա­նոնց ար­ժէ­քը։

Ար­դա­րեւ կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րող­նե­րը, գե­ղեց­կաց­նող­նե­րը՝ հա­կադ­րու­թիւն­ներն են, ո­րոնք կը ներ­դաշ­նա­կեն զայն։ Եւ դար­ձեալ խոր­հե­ցէք, սի­րե­լի­ներ, հի­ւանդ մը երբ բժշկուի, շատ ա­ւե­լի եր­ջա­նիկ կ՚ըլ­լայ, քան տե­ւա­կան ա­ռողջ մէ­կը, որ եր­բեք հի­ւան­դա­ցած չէ եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով, ա­ռող­ջու­թիւ­նը սո­վո­րա­կան բան մըն է ի­րեն հա­մար, ո­րուն ար­ժէ­քը շատ ալ չի հասկ­նար։

Մու­թէն լոյս ել­լե՞լ ա­ւե­լի հա­ճե­լի է, թէ տե­ւա­պէս լոյ­սի մէջ ըլ­լալ։ Տե­ւա­կան ճեր­մա­կը ա­ւե­լի հա­ճե­լի՞ է, քան սեւ եւ ճեր­մա­կը միա­տեղ՝ որ կը ներ­դաշ­նա­կեն, կը հա­ւա­սա­րակշ­ռեն կեան­քը այս աշ­խար­հի վրայ։

Եւ դար­ձեալ Յի­սուս կ՚ը­սէ. «Լա՛ւ գիտ­ցէ՛ք, թէ դուք պի­տի լաք ու ող­բաք, բայց աշ­խար­հը պի­տի ու­րա­խա­նայ, դուք պի­տի տրտմիք, բայց ձեր տրտմու­թիւ­նը ու­րա­խու­թեան պի­տի փո­խուի։ Կին մը երբ պի­տի ծնի՝ ցաւ կը քա­շէ, քա­նի ծննդա­բե­րու­թեան ժա­մա­նա­կը հա­սա՛ծ է, բայց ե­րա­խա­յին ծնուն­դէն ետք այ­լեւս իր նե­ղու­թիւն­նե­րը չի յի­շեր այդ ու­րա­խու­թեան պատ­ճա­ռով՝ որ մարդ մը աշ­խարհ ե­կաւ» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 20-21)։

­Նոյնն է պա­րա­գան այն ա­մէն ան­հա­տին հա­մար, որ նե­ղու­թիւն կը կրէ, բայց վստա՛հ է, որ այդ նե­ղու­թեան վեր­ջա­ւո­րու­թեան ի­րեն կը սպա­սէ ու­րա­խու­թիւն…։

Ար­դա­րեւ խե­լա­ցու­թիւն է, խո­հե­մու­թիւն է չա­փով մը մոռ­նալ ան­ցեալ նե­ղու­թիւն­նե­րը՝ չյի­շել զա­նոնք կա­րե­լի ե­ղած չա­փով։

Նե­ղու­թիւն­նե­րուն ազ­դե­ցու­թիւ­նը եւ տպա­ւո­րու­թիւ­նը պէտք չէ՛ փո­խադ­րել ներ­կա­յին, որ բնա­կա­նա­բար պի­տի տպա­ւո­րէ նաեւ ա­պա­գան։ Ուս­տի նե­ղու­թիւն­նե­րը պէտք է թո­ղուլ ան­ցեա­լի մէջ, հոն՝ ուր վեր­ջա­ցած են։

 Ուս­տի խե­լա­ցու­թիւն չէ՛ մեր ան­ցեալ կեան­քին բո­լոր ան­հա­ճոյ պա­տա­հար­նե­րու յի­շա­տակ­նե­րը վեր­յի­շել՝ ա­նոնց ա­նօ­րէ­նու­թիւն­ներն ու յու­սա­խաբու­թիւն­ներ, ե­ւայլն, ա­նոնց վրայ խօ­սիլ, մտա­հո­գուիլ՝ լալ ու ող­բալ՝ մին­չեւ որ ա՛լ ան­յոյս ընկ­ճուինք։

Օ­գուտ չու­նի՛ ան­ցեալ անհաճոյ դէպ­քե­րուն վրայ միտք յոգ­նեց­նել, քա­նի որ այդ ո՛չ թէ օ­գուտ, այլ վնաս կը պատ­ճա­ռէ կեան­քի ըն­թաց­քին։ Ան­շուշտ ան­ցեալ դէպ­քե­րէն պէ՛տք է դաս առ­նել, յո­ռի օ­րի­նակ­ներ ալ լաւ օ­րի­նակ կրնան ըլ­լալ շատ ան­գամ հա­կա­ռակ ա­նոնց՝ որ կը կար­ծեն, թէ յո­ռի օ­րի­նա­կը «օ­րի­նակ» կա­րե­լի չէ հա­մա­րել։ Ան­ցեա­լի սխալ­նե­րէն, ան­յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րէն դաս առ­նել՝ յո­ռի օ­րի­նա­կով սրբագրուիլ չի՞ նշա­նա­կեր։ Ու­րեմն, ա­յո՛, կեր­պով մը չխոր­հինք ան­ցեալ ան­հա­ճոյ պա­տա­հար­նե­րուն վրայ, բայց նաեւ դաս առ­նենք, օգ-տըւինք ա­նոնց­մէ…։

Յու­սա­հատ մար­դը միշտ կառ­չած կը մնայ ան­ցեա­լին վրայ՝ չ՚ապ­րիր ո՛չ ներ­կան, ոչ ալ ա­պա­գան, այլ ան կ՚ապ­րի միշտ ան­ցեա­լի մէջ։ Յու­սա­հատ հո­գին խա­ւար­նե­րու մէջ կ՚ապ­րի, մու­թով լե­ցուն է, ան իր­մէ կը վա­նէ յոյ­սը, սէ­րը, ճշմար­տու­թիւ­նը՝ որ մէկ խօս­քով՝ Աս­տու­ծոյ լոյ­սը, եւ ստուեր կը ձգէ ու­րիշ­նե­րու լու­սա­ւոր ճամ­բուն վրայ։

Յու­սա­հա­տու­թեան բնա­կան հե­տե­ւանքն է՝ յու­սալ­քու­թի՛ւն, որ ա­նի­մաստ կը դարձ­նէ կեան­քը։

Գո­հու­թի՜ւն Աս­տու­ծոյ բո­լոր լու­սա­ւոր, յստակ եւ փայ­լուն պատ­կեր­նե­րուն հա­մար՝ զորս Ան ներ­կա­յա­ցու­ցած է մե­զի։

Ու­րեմն լու­սա­ւո­րենք մեր կեան­քը այդ լոյ­սով՝ լու­սա­ւո­րուինք մեր կեան­քի ճամ­բուն մէջ։

Կա­րող ըլ­լանք յա­րա­ժամ նա­յիլ կեան­քին հա­ճե­լի եւ լու­սա­ւոր ե­րե­սին։ Մարդ պէտք չէ վախ­նայ ան­կում կրե­լէ, այլ պէտք է վախ­նայ ան­կում կրե­լէ վերջ կանգ­նե­լու զօ­րու­թե­նէն ու կա­րո­ղու­թե­նէն զուրկ ըլ­լա­լէ…։

Չվախ­նանք նաեւ նե­ղու­թիւն­ներ, դժուա­րու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լէ, այլ վախ­նանք՝ նե­ղու­թիւն­նե­րէ, դժուա­րու­թիւն­նե­րէ ա­զա­տե­լու ուժ ու կա­րո­ղու­թիւն չու­նե­նա­լէ՝ յու­սա­հա­տե­լէ ու յու­սալ­քուե­լէ, ան­ցեա­լի տհա­ճու­թիւն­նե­րը փո­խադ­րե­լէ ներ­կա­յին, եւ ապ­րիլ տե­ւա­պէս ա­նոնց հետ։

Ան­կեալ մարդ­կու­թիւ­նը ար­ժա­նի՛ է բարձ­րա­նա­լու կոր­ծան­ման ան­դուն­դէն՝ ո­րուն մէջ կը գտնուի իր իսկ սխալ­նե­րուն պատ­ճա­ռով։ Մար­դուն տե­ղը եր­բեք ան­դուն­դը չէ՛…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 16, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2015