ԽՈՐՀԻԼ՝ ԶԱՐՄԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Զարմանալու եւ հասկնալու համար խորհիլ պէտք է, եւ փոխադարձաբար՝ զարմանալ եւ հասկնալ պէտք է խորհելու համար։ Մարդ երբ կը դիտէ բնութեան երեւոյթները կը զարմանայ եւ որքան զարմանայ՝ այնքան կը խորհի եւ քանի խորհի՝ այնքան կ՚աւելնայ զարմանքը։
Եւ երբ զարմանայ մարդ, կ՚ուզէ հասկնալ, սորվիլ։
Պահ մը խորհինք սիրելինե՜ր. հունտ մը, պզտիկ եւ նոյն իսկ աննշան հունտ մը կը թաղեն հողին մէջ եւ ի՜նչ զարմանալի հրաշք մը կը կատարուի՝ կը ծլի, ինչ որ կը նշանակէ՝ անկենդան մանտրտիկ հունտը կեանքի ապացոյցը կու տայ, օր օրի հասակ կը նետէ, եւ կը հասնի չափահասութեան, կը ծաղկի եւ կամ պտուղ կու տայ։ Պարզ կ՚երեւի, բայց երբ խորհի մարդ, իրապէս անհասկնալի, անիմանալի երեւոյթ մըն է սա, մէկ խօսքով՝ զարմանալի՛, հրաշք գործ մըն է։ Սակայն բնութեան մէջ միշտ կը շարունակուի այդ «հրաշք»ը։
«Ծաղիկը բացուեր է», կ՚ըսենք շատ անգամ, եւ կամ «պտուղը հասեր է», կը գոչենք, կ՚ուրախանանք, եւ կ՚անցնինք առանց հարցնելու՝ թէ ինչպէ՞ս կատարուած է այդ հրաշալի երեւոյթը։ Կարելի է ըսել, թէ եթէ հարցնենք ի՞նչ պիտի փոխուի՝ բնութիւնը կը կատարէ իր պարտականութիւնը եւ մենք ալ կ՚օգտագործուինք այդ պատահածէն, այլեւս խորհիլ ի՞նչ կ՚աւելցնէ անոր վրայ։ Այդպէս մտածողներ կը հաստատեն ու կը բացատրեն մարդուն անտարբերութիւնը «հրաշք»ի մը հանդէպ, որ ամէն օր իր աչքին առջեւ տեղի կ՚ունենայ՝ արեւուն ամէն օր ծագելուն նման։
Հետաքրքրուիլ, անդրադառնալ իր շուրջը պահածներուն, զարմանալ եւ սորվիլ ուզել մարդուն յատուկ բնական զգացում մըն է։ Մարդ իր արարչութեան առաջին օրէն իսկ հետաքրքրուած, սորվիլ եւ հասկնալ ուզած է։ Այս զգացումը մարդուն ընդոծին մէկ զգացումն է եւ այդ զգացումին անտարբեր մնալ կը վիրաւորէ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ կը հակասէ իր կոչումին։ Ճշմարիտ մարդը հետաքրքրուող, փնտռող, սորվիլ փափաքող մարդն է, որուն կոչուած է իր բանականութեան շնորհիւ։
Եւ բնութեան մէջ ամէն օր բազմաթիւ «հրաշք»ներ կը կատարուին՝ որոնք կ՚ազդեն մարդուն եւ կ՚որոշեն անոր կեանքի ուղղութիւնը եւ ընթացք կու տան անոր։
Բնութեան այդ «հրաշք»ները, ամէն մէկը ուղեցոյցներ, բացատրագիրեր են մարդուն՝ որ պէտք է իր բանականութեամբ վերլուծէ եւ ըստ այնմ շարունակէ իր կեանքը։ Պարզ օրինակ մը՝ արեւուն ծագելուն նայելով, մարդ կ՚որոշէ իր օրուան աշխատութիւնները, կատարելի գործերը։ Մարդ արեւուն համեմատ կ՚որոշէ իր ընթացքը։ Ուրեմն պէ՛տք է հետաքրքրուի արեւուն ծագումով, եւ կարեւորութիւն ընծայէ իր շուրջը կատարուած երեւոյթներուն։
Այդ բնական երեւոյթները՝ ա՜յնքան անհաշուելի անգամներ կ՚իրականանան, որքան անհաշուելի են աւազի հատիկները, երկինքի աստղերը…։
Մարդ երբ ուշադրութիւն դարձնէ՝ կ՚անդրադառնայ ու կը տեսնէ հունտին հրաշալի՜ կերպարանափոխութիւնը։ Բայց սովորական, բնական կ՚ընդունի այդ երեւոյթը եւ շատ անգամ չի զարմանար մարդ եւ անշուշտ չի հարցներ «ինչպէ՞ս» կը պատահի այդ երեւոյթը։ Ինչո՞ւ չի զարմանար, քանի որ չի խորհիր մարդ՝ մեքենաբար, կուրօրէն կը դիտէ իր շուրջը… եւ կ՚անցնի կ՚երթայ։ Եւ եթէ խորհի մարդ, հունտին կերպարանափոխութիւնը «հրաշք»ի մը յայտնութիւնը կ՚ըլլայ։ Ուստի խորհիլ պէտք է՝ տեսնելու համար ճշմարտութիւնը…։
Հունտը, արդարեւ ինքն իր մէջ տարրալուծարան մը, գործարան մըն է, որուն գաղտնիքը լուծել կարելի չ՚ըլլար, ուրեմն խորհուրդ մըն է եւ կարելի է բացատրել միայն «հրա՛շք»ով։ Արդարեւ խորհիլ պէտք է թափանցելու համար խորհուրդին, հասկնալու եւ մասնակցելու անոր հրաշագործութիւններուն։ Մարդիկ անտարբերութեամբ չեն կրնար հասնիլ իրենց նպատակին՝ երջանկութեան, որ կ՚ենթադրէ կատարելութիւն, զօրութիւն, լիութիւն։
Անդրադառնալ գոյութեան, ահա ա՛յս է մարդուն կոչումը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 9, 2015, Իսթանպուլ