ՀԱՅՐ ՍՈՒՐԲՆ ՈՒ ՍՐԲՈՒՀԻՆ
Տակաւին վաղ ժամանակներէն, գուցէ նախամարդու մօտ նոյնիսկ, երջանկութիւնը մարդոց համար եղած է ձգտում եւ այդ ձգտումն ու փնտռտուքն է, որ ծնունդ տուած է բանաստեղծներու, փիլիսոփաներու. թէ՛ դարեր առաջ եւ թէ այսօր հարցը եղած է նոյնը. ո՞ւր փնտռել երջանկութիւնը: Ինչքա՛ն շատ է մարդկութեան թիւը, նոյնքան շատ է այս հարցին պատասխանը, որովհետեւ իւրաքանչիւրին համար այդ երջանկութիւնը տարբեր երեւոյթի մը մէջ է: Նախամարդուն եւ կամ միջնադարուն ի՞նչ էր այդ հարցին պատասխանը՝ չենք գիտեր, սակայն այսօր, երբ աննախադէպ աճ արձանագրած է սպառողականութիւնը, մարդուն համար երջանկութեան չափանիշ դարձած է նիւթական հարստութիւնը. իրապէս երջանի՞կ են անոնք՝ որոնք մեծամեծ հարստութիւններու տէր ըլլալով, դրամի ուժով կը կարծեն, թէ կրնան գնել նաեւ երջանկութիւնը՝ որ երբեք ալ ծախու դրուած չէ եղած մարդոց դիմաց: Եթէ շատեր կը հաւատան, որ նիւթական հարստութիւնը իրապէս կրնայ երջանկացնել մարդը, ապա թող կարդան մեր այս յօդուածը:
Կա՞յ աշխարհի երեսին հայ, որ երբեւէ լսած չըլլայ Գալուստ Կիւլպէնկեան մեծ հայու անունը. կա՞յ գաղութ, որ երբեւէ օգտուած չըլլայ այս անձի բարիքներէն, որ իր ժամանակաշրջանին աշխարհի ամենէն հարուստ մարդոցմէ մէկը կը նկատուէր. աներեւակայելի հարուստ կարողութիւն մը՝ որուն բարիքները մինչեւ այսօր կը շարունակուին բաշխուիլ ի բարօրութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն. սակայն այս հարստութեան տէր մարդիկ ուրա՞խ էին:
Եթէ ձեր պատասխանը այո է, ապա պէտք է լրջօրէն մտածէք, թէ ինչո՞ւ համար Գալուստ Կիւլպէնկեանի կինը իր նամակներն մէկուն մէջ կը գրէր. «Այնքան յոգներ եմ, կ՚ուզեմ մեռնիլ…». աշխարհի ամենէն հարուստ հայ ընտանիքը մեծամեծ գանձեր ունենալով հանդերձ ուրախ չէր. պարզապէս շրջապատի «յարգանք»ն ու պաշտօնականութիւնը պահելու համար կը շարունակէին ապրիլ միմեանց հետ: Սակայն այսքանով վերջ չէր գտներ մեծահարուստ հայուն դժբախտութիւնը. Գալուստ Կիւլպէնկեան իր հօրը յիշատակին Լոնտոնի ամենէն բանուկ փողոցներէն մէկուն վրայ կ՚որոշէ կառուցել իր հօրը՝ Սարգիս Կիւլպէնկեանի նուիրուած եկեղեցի մը եւ զայն կոչել Սուրբ Սարգիս. եկեղեցւոյ շինութիւնը յաջողութեամբ կ՚աւարտի, սակայն կու գայ մեծահարուստ հայուն դժբախտացնող նորութիւնը. իր կինը՝ Նուարդ արկածախնդրութիւններ կ՚ապրի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Աբել Ծ. Վարդապետ Նազարեանի հետ...:
Այս իրադարձութիւնը անշուշտ կը տարածուի եւ օրուան մամուլը բազմիցս կը խօսի այս ամօթին մասին. Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Ճակատամարտ» օրաթերթը իր շաբաթ, 13 հոկտեմբեր 1923-ի թիւին «Քար գայթակղութեան» խորագրեալ խմբագրականին մէջ կը գրէ.- «Աբել վարդապետ, առաջին հովիւը կ՚առեւանգէ իր միլիոնատէր բարերարին հարսը, ուխտելով «անոր պատկանիլ մինչեւ իր մահը»: Այս երեւոյթին մասին կը գրեն բազմաթիւ անձեր. անոնցմէ մէկն է Լեռ Կամսարը, որ իր աշխատութեան մէջ, իր սրամիտ ու սուր բարերով կը նկարագրէ այս անհնազանդութիւնը. Լեռ Կամսար կը գրէ. «1920 թուականին սկիզբները Լոնտոնի մէջ երկու ուղղութեամբ եռանդուն աշխատանք կ՚երթար. մէկ կողմէն Լոնտոնի «յարմար հրապարակներէն մէկուն» մէջ հարիւրաւոր բանուորներ թափած Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հիմքը կը փորէին, միւս կողմէ Աբել վարդապետը ու Կիւլպէնկեանի կնիկը Kensigton Park կոչուող զբօսավայրին մէջ իրենց սէրը կը խորացնէին: Երկու կողմէն ալ ջանք կար աշխատանքը միաժամանակ վերջացնել: Եւ յաջողեցաւ ալ։ Այն օր, երբ եկեղեցւոյ վերջին քարն աւարտեցաւ եւ վարպետ որմնադիրը գոգնոցը թօթուելով վար կ՚իջնէր գմբէթէն, տիկին Կիւլպէնկեանի «տատանումներն» ալ վերջացան ու վճռեց յաւիտեան վարդապետին ըլլալ։ Նորաշէն եկեղեցին օծուեցաւ սեպտեմբերի 24-ին, Աբել վարդապետը տիկնոջ վրայ օծուեցաւ 25-ին»:
Ու Լեռ Կամսարի բառերով, այսպիսով հայր սուրբն ու սրբուհին իրարու հետ եղան...:
Այս բոլորը հասան նաեւ մեծահարուստ հայուն՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ականջը. այս մասին օրուան մամուլը կը գրէ. «Միլիոնատէրը կը բարկանայ եւ կը փակէ եկեղեցին, որ իր անձնական սեփականութիւնը կը համարուի»:
Անշուշտ, տակաւին կարելի է շարունակել այս մեծահարուստ հայուն դժբախտութիւնները. օրինակի համար՝ իր իսկ սեփական զաւակը զինք դատի կը յանձնէ՝ նախքան իր հօրը մահը անոր հարստութեան տիրանալու համար. եթէ կը կարծէք, որ այս բոլորը միայն ժապաւէններու մէջ տեղի կ՚ունենայ, ահաւասիկ աշխարհի ամենէն մեծահարուստ հայուն ճակատագիրը, որ իր բախտաւորութեան մէջ աղքատ ու թշուառ մըն էր, որովհետեւ երջանկութիւնը մարդուն նիւթական կարողութեան չի՛ նայիր. վերոյիշեալ պատկերի նոյնութեամբ այսօր բազմաթի՜ւ մեծահարուստ ընտանիքներ մէյ մէկ դժբախտներ են. գուցէ այդ է պատճառը, որ կ՚ըսեն, թէ մեծագոյն հարստութիւնը առողջ ընտանիք մը կազմելու մէջ է:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս գիտնալ, որ կողակիցի ընտրութիւնը ճիշդ է:
Պատասխան. Կողակիցի ճիշդ ընտրութիւնը յաճախ կ՚արտայայտուի փոխըմբռնումով, յարգանքով եւ ընդհանուր արժէքներու միատեղութեան մէջ: Երկու կողմերն ալ պէտք է զգացական աջակցութիւն մը զգան, իրենք զիրենք յարմար զգալով իրենց սեփական եւ ճշմարիտ ես-ին մէջ: Յստակ հաղորդակցութիւնը, վստահութիւնը եւ մարտահրաւէրները միասնաբար յաղթահարելու կարողութիւնը կարեւոր է: Երբ երկուքը կը կիսեն նոյն նպատակները եւ միասնաբար կը հաւատան անոնց իրագործման, կ՚ամրանայ անոնց յարաբերութեան հիմքը: Ամենէն կարեւորը սիրոյ, հոգատարութեան խոր զգացումն է. համոզումները եւ ապագայ նպատակները ազդանշան են, որ ընտրութիւնը ճիշդ է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024