ԳԻՏՈՒՆԸ ԵՒ ՏԳԷՏԸ
Գիտութիւնը՝ ամենապարզ առումով, բնութիւնը ճանչնալ, բնութեան հետ ծանօթանալ կը նշանակէ։ Այս իմաստով, գիտութիւնը՝ ո՛չ թէ նոր բան մը ստեղծել, այլ արդէն գոյութիւն ունեցող բանէ մը բեկորներ ստանալ, անոնց մասին տեղեկութիւն քաղել կը նշանակէ։ Իսկ բնութիւնը անհուն, անսահման, անեզր, անժամանակ եւ անմիջոց տարածութիւն մըն է, ուրեմն, մարդկային ընդհանուր կարողութիւնը ատակ չէ՛ հասնելու անոր ամբողջութեան։ Այս պատճառով, որքան ալ յառաջանայ գիտութիւնը իր զանազան մարզերուն մէջ՝ ան պիտի մնայ միշտ թերի եւ անկատա՛ր։
Ո՞վ կրնայ ուրանալ եւ մերժել իմաստասէրին այն խօսքին իրականութիւնը, թէ իր միակ հաստատ գիտցածը այն է՝ թէ ինք ո՛չինչ գիտէ։
Մարդկային կեանքի վաւերական պատմութիւնը կ՚երկարի մինչեւ հինգ հազար տարիի, չհաշուելով ընդհանուր ստեղծագործութեան միլիոնաւոր տարիները եւ անհաշուելի ժամանակաշրջանները։ Եւ այս միջոցին մարդկային գիտութիւնը, անշուշտ, հասած է բարձր մակարդակներու, բայց ո՛չ երբեք կատարեալի։ Այսօր մարդկութիւնը կը փորձէ հասնիլ կատարելութեան՝ «արհեստական միտք» մը յօրինելով։ Բայց պիտի կարենա՞յ հասնիլ կատարելութեան, պիտի կարենա՞յ թափանցել բնութեան բոլոր խորհուրդներուն։ Մեր համեստ կարծիքով՝ անկարելի պիտի ըլլայ, բայց ըսենք՝ «խնդրակա՛ն է ասիկա»։
Գիտութեան հիմն է դրական փաստը, փորձառութիւնը, բայց բաւակա՞ն է ասիկա։ Մինչեւ այսօր, թէեւ յառաջդիմեց գիտութիւնը բայց չհասաւ կատարելութեան, հապա ասկէ վե՞րջ… ի՞նչ է ճշմարտութիւնը, եթէ հարցը այս է, ահաւասի՛կ պատասխանը. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէսզի ճշմարտութեան համար վկայեմ։ Ամէն մարդ որ ճշմարտութենէն է՝ իմ ձայնիս ականջ կը դնէ». (ՅՈՎՀ. ԺԸ 37)։
Աշակերտին համար բա՛ւ է նմանիլ իր ուսուցիչին եւ ո՛չ թէ ձգտիլ կանխել զայն…
Եւ պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ հեղինակներ յանգած են այն եզրակացութեան, թէ գիտութիւնը, բայց նաեւ կրօնը հաստատ եւ հատու ճամբան է հասնելու ճշմարտութեան եւ թափանցել բնութեան խորհուրդին՝ որքան որ կարելի է…
Ահաւասիկ, Յիսուս կը թակէ մեր սրտի դուռը՝ ուր պիտի մտնէ մեզի հասցնելու համար ճշմարտութեան։ (Emile Boutroux. «Science et Religion dans la Philisophie contemporaine»). (Étienne Bonnot de Condillac, «Գիտութեան աղբիւրներու մասին փորձ»)։
Ուստի, կ՚երեւի, որ կրօն եւ գիտութիւն համընթաց են եւ գիտութիւնը՝ մարդկային բանականութեան եւ գիտակցութեան բնական մէկ հետեւանքն է։
Այս համեստ խորհրդածութիւններէն ետք հարցնենք. «Ո՞վ է տգէտը»։
Տգէտը այն է՝ որ չ՚անդրադառնար իր տգիտութեան եւ կը կարծէ, թէ ամենագէտ է։ Եւ մանաւանդ, չնայելով իր տգիտութեան «տգէտ» համարելով իր նմանները կը ստորադասէ, կ՚արհամարհէ զանոնք։
Երբ գիտութիւն, գիտնալ, տեղեկութիւն ունենալ, կ՚ըսենք, հարց մը եղած է ինծի համար միշտ «լեզու»ի խնդիրը։ Այս ուղղութեամբ՝ «մայրենի լեզու»ն, զոր օրինակ, հայ ընտանիքի մը մէջ եթէ մայրը հայերէն լեզուի անծանօթ է, տղուն լեզուն «մայրենի լեզուն» հայերէն կրնա՞յ ըլալ։ Հոս կը ծագի սա հարցումը. «մայրենի լեզուն» մօր լեզո՞ւն է, թէ ընտանիքին հիմնական լեզուն։
Այս հարցով՝ պատասխանի կը կարօտի սա իրողութիւնը, թէ հայ ընտանիքի մը մէջ եթէ մայրը օտարազգի է, զաւակներուն «մայրենի լեզու»ն հայերէ՞ն է, թէ ո՛չ։
Եւ վերջապէս էական հարց մըն ալ սա է, թէ «լեզու»ն նպատա՞կ մըն է, թէ՝ միջոց։
Բոլոր այս հարցերը զբաղցուցած են այս տրուպ գրիչը, քանի որ մանաւանդ վերջին տարիներուն եւ միշտ այս հարցերուն մէջ վարած է իր կեանքը։ Գիրը եւ «լեզու»ն եղած է ապրելակերպ մը իրեն համար…
Անցեալ օրերուն երբ կը հեռախօսէի Արարատ Սարկաւագ Գալփաքճեանի հետ, եւ քանի որ իր մասնագիտութիւնը գրագիտութեան եւ լեզուագիտութեան վրայ է, խորհրդածեցինք այս նիւթերու մասին։ Եւ համոզուեցայ, որ «մայրենի լեզու»ն ընտանիքի մը «հիմնական լեզու»ն է, եթէ այն ընտանիքը կրցած է պահպանել իր աւանդական ինքնութիւնը։
Իսկ լեզուին նպատա՞կ թէ միջոց ըլլալու մասին, դարձեալ յանգեցայ այն եզրակացութեան, թէ ընդհանրապէս «լեզու»ն միջոց մըն է, բայց յատուկ պարագաներու եւ բացառաբար ան կրնայ ըլլալ «նպատակ»։
Եւ այս նիւթերու մասին երկա՜ր խօսեցանք…
Մարդիկ, ընդհանրապէս կը կարծեն, թէ տարիքով մեծերը միշտ կը սորվեցնեն անոնց՝ որ տարիքով փոքր են։ Այո՛, մեծը աւելի փորձառու է, ժամանակի ընթացքին շատ բան սորվելու առիթը ունեցած է, բայց երբեք պէտք չէ՛ տարիքով փոքրերուն գիտութիւնը անտեսել, ստորադասել, քանի որ ամէն մարդ՝ մեծ կամ փոքր, գիտուն կամ տգէտ, տարեց կամ երիտասարդ, բոլորն ալ իրարմէ սորվելիք շա՜տ բան ունին, եւ ասիկա ամէն ուշադիր անձ կրնայ տեսնել իր կեանքի փորձառութեան մէջ։
Եւ այս տրուպ գրիչը եւս իր ամբողջ կեանքի ընթացքին միշտ սորվեցաւ, իր ասպարէզին մէջ միշտ աշակերտ, ուսանող մնաց առանց որեւէ յաւակնութեան, երբ մանուկ էր, ան սորվեցաւ, բացի դպրոցէն, իր ծնողներէն, ընտանիքի անդամներէն, եւ աւելի վերջ երբ ինք կազմեց իր համեստ ընտանիքը, շարունակեց սորվիլ, մտապէս զարգանալ իր Երէցկինը Աննիկի գիտութենէն օգտուելով եւ զաւակներու՝ Աստուծոյ շնորհները Գրիգորի եւ Արարատի թարմ գիտութիւնները ուշադրութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ ունկնդրելով։
Գիտութիւնը՝ բնութեան անսահման եւ անհո՜ւն տարածքին մէջ հետաքրքիր պրպտում մը, անվերջ փնտռտուք մըն է եւ երբեք պէտք չէ անտեսել կամ ստորադասել գիտութեան որեւէ աղբիւր։ Մարդ որքան ծանօթանայ գիտութեան, ա՛յնքան գիտուն կ՚ըլլայ։ Գիտութիւնը արդարեւ անեզր ծով մըն է, հորիզոն մը՝ որուն կարելի չէ հասնիլ, որքան մօտենալ փորձենք, ան միշտ կը հեռանայ եւ միշտ հեռուն կը մնայ, որովհետեւ գիտութիւնը «հորիզո՛ն» մըն է։
Եւ այս իմաստով, ահաւասիկ, գիտութիւնը պէտք է համընթաց ընթանայ հոգեւոր արժէքներու հետ, կրօնի հետ՝ որոնք երբեք չեն հակասեր զիրար…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 24, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024