ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԺԸ.)

Մարդը յաջողութենէն հեռու պահողը իր սեփական կարողութեան եւ ուժերուն հանդէպ իր ունեցած գիտութեան պակասն է. յաճախ մարդ գործ մը կը կատարէ եւ կը մտածէ, թէ այդքան է իր կարողութիւնը. իրականութեան մէջ ո՛չ թէ մարդուն կարողութիւնն է այդքան եղողը, այլ այդ համոզումն է կարողութիւնը սահմանափակողը. եթէ այսօր վազքի դուրս պիտի գամ եւ ես ինծի անդադար համոզեմ, որ քսան վայրկեան ետք պիտի յոգնիմ՝ կը յոգնի. իսկ եթէ համոզէ ինքզինք, որ աւելին պիտի յաջողի, յոգնելով հանդերձ իր ուժերը կը փորձէ եւ կ՚ընէ աւելին՝ թէեւ դժուարութեամբ: Պէտք է սեփական ուժերու եւ կարողութիւններու հանդէպ հաւատք ունենալ, սակայն նոյն ատեն խուսափիլ անտեղի հպարտութենէն. մարդ կայ որ, կրնայ, սակայն չի գիտեր, որ կրնայ, իսկ անդին մարդ կայ, որ չի կրնար՝ սակայն կը կարծէ կրնայ:

Մարդ երկու ձեւով կը գործէ. մին կը գործէ պարտադրաբար եւ նոյնիսկ կ՚ընէ գործեր՝ որոնք իրեն ուրախութիւն չեն պատճառեր. պարտադրուած վիճակը մարդուն մէջ կը խեղդէ երազն ու նպատակը եւ առօրեայ մտահոգութիւններու տակ դէպի անդունդ կ՚առաջնորդէ մարդը. երկրորդ տեսակը մտածողութեամբ կատարուածն է. յաջողութիւնը նախ մտածումով կը սկսի եւ աշխատանքով կը պսակուի. հիմքը մտածողութիւնն է. յաջողութեան առաջին աստիճանը մտածելն է, ետքը այդ մտածումները կեանքի կոչելու ձեւերու մասին մտածելն է եւ ապա աշխատանքն է. այս երեքը միասնաբար յաջողութիւն կը կազմեն. այդ է պատճառը, որ շատ մարդիկ ատակ են առանց յոգնելու աշխատելու, սակայն յաջողութեան չեն հասնիր, որովհետեւ աշխատանքի կողքին նոյնքան կարեւոր է մտածողութիւնը. հաւատացէ՛ք, որ շատ անգամ մարդ մտածելով շատ աւելի կը յաջողի՝ քան աշխատելով, որովհետեւ իւրաքանչիւր աշխատանք որպէս հիմք ունի մտածում մը:

Պէտք է շրջահայեաց ըլլալ. եթէ մարդ կեդրոնանայ մէկ բանի վրայ եւ այդ մէկը ձախողի՝ շղթայուած կը զգայ ինքզինք. հաւատացէք, որ հնարաւորութիւնները բազմաթիւ են. պարզապէս պէտք է խելացի գտնուիլ եւ գտնել ու այդ հնարաւորութիւնը յաջողութեան համար որպէս աստիճան գործածել. արեւը կը ծագի մեր բոլորին համար. այն ինչը որ այսօր կայ յաջողած անձին համար, կայ նաեւ քեզի համար. յաջողած անձը երկինքէն պարգեւ մը չստացաւ. նոյնպէս դուն պարգեւ մը պիտի չստանաս, այլ պիտի փնտռես այդ պարգեւը: Գտնելու համար պէտք է մարդ ամէն վայրկեան պատրաստ ըլլայ իր դիմաց յանկարծական ձեւով յայտնուած. պէտք է համոզուիլ, որ յաջողութիւնը ո՛չ թէ պատահականութիւն, այլ հնարաւորութիւններու լաւագոյն օգտագործումն է. այդ մէկը յաջողեցնելու համար մարդուն պէտք են ունակութիւն եւ պատրաստակամութիւն: Այս բոլորին պատրաստ ըլլալու համար մարդ ինքզինք պէտք է կատարելագործէ, մանաւանդ մարտահրաւէրներու դիմաց եւ այս բոլորի իրագործումը կ՚որոշէ մարդուն յաջող ու ձախող ըլլալը: Պատրաստ ըլլալը ինքնին յաջողութիւն է:

Ըսինք, որ մարդ պէտք է պատրաստ ըլլայ հնարաւորութիւններուն. սակայն հնարաւորութիւնը թռչուն մը չէ. մարդուն միտքին մէջ ծնունդ կ՚առնեն հնարաւորութիւնները։ Յաջողութիւնն ալ, ձախողութիւնն ալ մարդուն միտքին արդիւնքն ու ծնունդն են. այո, արտաքին ազդակները մեծ դեր կրնան ունենալ, սակայն մարդուն մարտահրաւէրներու դէմ դնելու կարողութիւնը յաջողն ու ձախողը կ՚որոշէ:

Թէեւ հետաքրքրութիւնը լաւ բան չէ, սակայն մարդ պէտք է հետաքրքիր ըլլայ այն բաներուն շուրջ՝ որ կը հաւատայ, թէ զինք կրնան յաջողութեան առաջնորդել. մեկուսացումով ու աշխարհէն կտրուելով մարդ յաջողութեան երբեք չէ հասած. այդ իսկ պատճառով կարեւոր են նաեւ օտարներու դերը մեր կեանքէն ներս. իւրաքանչիւր մարդ իր փորձառութեամբ դաս մըն է. այսօր մեծահասակ մը մեզի կրնայ խրատ մը տալ. այդ խրատը, որ գուցէ մի քանի վայրկեաններու մէջ կարելի է ամփոփել ամբողջ կեանքի մը փորձառութիւնն է. այժմ պատկերացուցէք, որ բազմաթիւ մարդիկ, իրենց տարիներու փորձը վայրկեաններու մէջ ձեզի փոխանցեն. այս պարագային դուք աւելիով հարստացած չէ՞ք ըլլար. փորձ մը՝ որ տարիներ կը պահանջէ, դուք կ՚ունենաք երկվայրկեաններու մէջ. հետեւաբար, յաջողութիւնը այդ փորձառութիւնները իւրացնելու եւ սեփական կեանքով փորձելու մէջ է։ Վստահ եղէք, որ բոլոր այն խնդիրները, որոնք դուք այսօր կը դիմագրաւէք, դիմագրաւած են բազմաթի՜ւ ուրիշներ. անոնցմէ շատեր յաջողած, իսկ շատեր ձախողած են. որոշումն ու ընտրութիւնը մեր ձեռքն է: Եւ այս պարագային մենք ձախողութիւնը դիմագրաւած մարդոցմէ շատ աւելի դասեր ունինք քաղելիք՝ քան յաջողներէն. այսօր յաջողութեան ճամբայ որպէս բեմ կը բարձրացնեն յաջողութեան հասած մարդիկը։ Իրականութեան մէջ ձախողածներ պէտք է բեմ բարձրացնել, որպէսզի անոնք կարենան իրենց անձնական փորձով նոր սերունդին ցոյց տալ ճիշդն ու սխալը։ Հաւատացէք «ինչպէս ձախողիլ» խորագրով ելոյթ մը շատ աւելի դաս կու տայ յաջողութեան մասին, քան յաջողութեան մասին խօսիլը. մարդ հիւանդանալէ ետք բուժման մասին կը մտածէ, սակայն չհիւանդացած լաւապէս կը գիտակցի ինչպէս պաշտպանուի՝ որպէսզի չհիւանդանայ. նոյնն է յաջողութեան պարագան։ Ինչպէս չձախողիլը սորվինք՝ արդէն յաջողութիւնը այդտեղ է:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞վ է աշխարհի ամենէն ձախող անձը:

Պատասխան. Աշխարհի ամենէն ձախող անձի ընտրութիւնը յարաբերական է, որովհետեւ յաջողութեան սահմանումը ամէն մարդու համար տարբեր կրնայ ըլլալ: Աշխարհը ձախող կը նկատէ նիւթապէս աղքատ անձերը, սակայն կրնայ յաջողութիւն նկատուիլ նաեւ յարաբերութիւնները, անձնական կեանքը եւ այլն: Մարդոց ձախողութիւններու վրայ կեդրոնանալու փոխարէն աւելի կառուցողական է հասկնալ, որ ամէն մարդ կրնայ մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուիլ, սակայն փորձառութիւնները կը նպաստեն, որպէսզի զարգանայ մարդու յաջողութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024