ՆԵՐՔԻՆ ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ
Յիսուսին դարձի եւ ապաշխարութեան կոչը, նախ եւ առաջ նկատի կ՚առնէ մարդուն ո՛չ թէ արտաքին գործերը, այլ սրտին դարձը եւ ներքին ապաշխարութիւնը։
Արդարեւ, «ներքին ապաշխարութիւն»ը մարդկային ամբողջ կեանքին արմատական-հիմնական ուղեփոխում մըն է՝ կեանքի ընթացքի փոփոխութիւն մը, ամբողջ սրտով, անկեղծ վերադարձ մը, հոգեփոխում մը դէպի ճշմարիտը, դէպի բարին եւ դէպի գեղեցիկը, որ է՝ դէպի Աստուած։ Ներքին ապաշխարութիւնը՝ ներքին փոփոխութիւն մըն է՝ դադրեցում մը հին մարդուն, դադրեցում մը մեղքին, խորշանք մը չա՛րէն, նողկանք մը կատարուած յոռի գործերուն հանդէպ։
Այս իմաստով, «ներքին ապաշխարութիւն»ը, միաժամանակ իր մէջ կ՚ըմբռնէ ու կը խտացնէ «կեանքը փոխել»ու բաղձանքն ու առաջադրանքը՝ յուսալով աստուածային անհուն ողորմածութեան ու սիրոյն վրայ, վստահելով Անոր շնորհքին օգնութեան։
Ահաւասիկ, այս հոգեփոխումին կը միանան «փրկչագործ ցաւի զգացում» մը եւ տխրութիւն մը՝ որ Եկեղեցւոյ Հայրեր կը կոչեն՝ «հոգիին թախիծը» եւ «սրտի զղջումը»։
Այս կերպով, Քրիստոսի դարձի կոչը կը շարունակէ ներմուծուիլ եւ տպաւորուիլ քրիստոնեայ կեանքերու մէջ։ Այս, կերպով մը, կոչ մըն է ամէն քրիստոնեայի՝ ինքզինք մաքրասրբելու։ Ուստի ապաշխարութիւն եւ վերանորոգում յարատեւօրէն կը շարունակուի մարդուս ներաշխարհին մէջ։
Բայց այս «դարձի գալու ճիգ»ը միայն մարդու գործ չէ՛, ան մղումն է զգացուած սրտին, շնորհէ կոչուած եւ դրդուած, պատասխանելու՝ գթառատ սիրոյն Աստուծոյ՝ որ նախ Ինք սիրեց մարդը։
Արդարեւ Աստուած կը յայտնէ Ինքզինք մարդուն եւ մարդուն պատասխանը կ՚ըլլայ այս աստուածային յայտնութեան՝ «հաւատք», մարդ յայտնուած Աստուծոյ կը պատասխանէ հաւատալով։ Ուրեմն, «հաւատք»ը պատասխան մըն է Աստուծոյ, նշան մը՝ անդրադարձ ըլլալու Անոր, յայտնութեան, էութեան եւ ճշմարտութեա՛ն։
Եւ դարձեալ Աստուած կը յայտնուի մարդուն՝ որպէս սէ՛ր, այսինքն կը սիրէ մարդը եւ փոխադարձաբար, մարդն ալ կը պատասխանէ Աստուծոյ՝ որդիական սիրով։
Այս փոխադարձ հաղորդակցութիւնը, ահաւասիկ, հիմն է Աստուած-մարդ յարաբերութեան՝ կերպով մը Հօր-որդիի կապակցութեան, որուն հիմն է՝ սէրը, հաւատարմութիւնը՝ ամբողջ անկեղծութեամբ։
Վերադառնալով ապաշխարութեան հարցին՝ երբ մարդուն սիրտը ծանրացած եւ կարծրացած է, զայն բարեփոխել շատ դիւրին չէ, քանի որ ասիկա ներքին աշխարհի գործ մըն է, պէտք է որ Աստուած մարդուն «նոր սիրտ» մը տայ։ Հոգեփոխումը՝ ներքին մարդուն փոփոխութիւնը Աստուծոյ շնորհքին մէկ գործը, արդիւնքն է։ Հոգեփոխումի շնորհիւ մարդուս սիրտը Աստուծոյ կը դառնայ եւ Ան, մարդուս կու տայ վերսկսելու ուժը՝ «նոր մարդ» ըլլալու կարողութիւնը։ Եւ «նոր մարդ» կարելի է ըլլալ՝ «նոր սիրտ» ունենալով, ներքին աշխարհը բարեփոխելո՛վ։
Թէ ինչպէ՞ս կը կատարուի հոգեփոխութիւնը։
Աստուծոյ սիրոյն մեծութեան գիտակցելով, Անոր անհուն հոգածութեան վստահելով, մարդկային սիրտը կը ցնցուի մեղքի գարշումին եւ բեռին դիմաց եւ հետզհետէ կը սկսի երկնչիլ, որ չըլլայ թէ զԱստուած վշտացնէ իր մեղքով եւ բաժնուի Անկէ։ Ուստի «մեղք» կը նշանակէ՝ զԱստուած վշտացնել, ուրեմն մարդկային սիրտը դարձի կու գայ, երբ կը դիտէ Ան՝ որ վիրաւորուեցաւ, խոցահարուեցաւ մարդուս մեղքերուն պատճառով։
Սուրբ Կղեմէս Հռովմայեցի սապէս կ՚ըսէ.
«Մեր աչքերը սեւեռած պահենք Քրիստոսի արեան վրայ եւ գիտնանք, թէ ան որքան թանկագին է Իր Հօր համար, որովհետեւ մեր փրկութեան համար հոսելով, ան համայն աշխարհի դարձի շնորհքը ընծայեց»։
Արդարեւ, քրիստոնեայ մարդուն ներքին ապաշխարութիւնը կրնայ բազմաթիւ ձեւերով արտայայտուիլ։ Ուստի Սուրբ Գիրքը եւ Եկեղեցւոյ Հայրերը շեշտ կը դնեն մանաւանդ երեք ձեւերուն վրայ. «ծոմ»ը, «աղօթք»ը եւ «ողորմութիւն»ը՝ որոնք կ՚արտայայտեն մարդուն դարձը՝ «ինքնիր հանդէպ», «Աստուծոյ հանդէպ» եւ «ուրիշներուն հանդէպ»։ Այս երկուքը՝ «ծոմ» եւ «աղօթք» ներքին ապաշխարութեան մաս կը կազմեն, իսկ երրորդը՝ արտաքին, քանի որ ողորմութիւնը արտաքին արտայայտութիւն մըն է բնականաբար։
Արմատական մաքրասրբումը կ՚ենթադրէ նաեւ՝ մերձաւորին հետ հաշտուելու ջանքերը, ապաշխարութեան արտասուքը, լացը, արցունքը, մերձաւորին հանդէպ հոգածութիւնը եւ խնամքը, եղբայրսիրութիւնը, մարդասիրութիւնը եւ վերջապէս, սուրբերու բարեխօսութիւնը՝ որ կը ծածկեն բազմաթիւ մեղքերը, ինչպէս կ՚ըսէ Պետրոս Առաքեալ, իր առաջին ընդհանրական նամակին մէջ, (Ա ՊԵՏՐ. Դ 8)։
Մարդուս առօրեայ կեանքին մէջ ալ հոգեփոխումը կը կատարուի՝ արդարութեան եւ իրաւունքի գործադրութեամբ եւ պաշտպանութեամբ, իրերօգնութեամբ, հաշտութեամբ, աղքատներու հոգածութեամբ եւ խնամատարութեամբ, եղբայրներու դէմ գործուած յանցանքներու խոստովանութեամբ, եղբայրական խրատներով, կեանքին վերատեսութեամբ, խղճին քննութեամբ, հոգեւոր առաջնորդութեամբ, չարչարանքներու եւ նեղութիւններու մէջ համբերութեամբ, արդարութեան եւ ճշմարտութեան համար կրած հալածանքին տոկալով։ Իսկ այս բոլորը, քրիստոնէական հասկացողութեամբ կը նշանակէ՝ «ամէն օր առնել իր խաչը եւ հետեւիլ Յիսուսի», որ ամենէն ապահով ուղին է ապաշխարութեան։
Արդարեւ հոգեփոխութեան եւ ամէնօրեայ ապաշխարութեան խորհուրդները իրենց ակունքը կը գտնեն ու սնունդը կը ճարեն Սուրբ Պատարագի խորհուրդին մէջ, քանի որ անով ներկայ կը դառնայ քրիստոնեային Աստուծոյ հետ «հաշտեցնող» Քրիստոսի զոհը. անով կեանք կը ստանան, կը սնանին եւ կը զօրանան ապրողները՝ Քրիստոսի միշտ ապրող կեանքով։ Նաեւ Սուրբ Գիրքի ամէնօրեայ ընթերցումը, ժամերգութիւնը, ամէն օր արտասանուած «Հայր մեր…»ը եւ պաշտամունքի, ծէսի կամ արարողութեան բարեպաշտական որեւէ «անկե՛ղծ»՝ ձեւականութենէ եւ ձեւապաշտութենէ դուրս արարք կը վերակենդանացնեն մարդուս մէջ դարձի եւ ապաշխարութեան հոգին եւ մեծապէս կ՚օժանդակեն անոր մեղքերուն ներումը։
Ապաշխարողին արարքներուն մէջ «զղջում»ը կը գրաւէ առաջին տեղը՝ որ ցա՛ւն է հոգիին եւ խորշանքը գործուած մեղքին՝ յետագային երբեք չմեղանչելու առաջադրութեամբ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 25, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 03/01/2025
- 03/01/2025