ՎԵՐԱՄՈՒՏ Է ԴԱՐՁԵԱԼ

Վե­րա­մո՜ւտ է դար­ձեալ՝ այն յու­զում­նա­խառն օ­րը, բուռն ապ­րում­նե­րով լե­ցուն պա­հը՝ եր­բեմն ո­գե­ւո­րուած, եր­բեմն տրտում եւ տխուր, եր­բեմն շփո­թած, եւ եր­բեմն ալ վրդո­ված ու տագ­նա­պա­լից։ Վե­րա­մու­տը զա­նա­զան ապ­րում­նե­րու եւ զգա­ցում­նե­րու ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ ա­մէ­նուն։ Կեան­քի մէջ չկա՛յ մէ­կը, որ ապ­րած չըլ­լայ իր կեան­քին մէջ այդ յու­զում­նե­րը, քա­նի որ ա­մէն ոք ա­շա­կերտ ե­ղած է, ու­սա­նող ե­ղած է իր կեան­քին գո­նէ ո­րոշ մէկ շրջա­նին։ Գէթ մի քա­նի տա­րի­ներ ապ­րե­լու ա­ռի­թը ու­նե­ցած է այդ պա­հը։

Ա­ւե­լի վեր­ջի շրջան­նե­րուն ա­նոնք դար­ձեալ ապ­րած են այդ պա­հե­րու յու­զու­մը՝ ա­մուս­նա­ցած՝ զաւ­կի տէր ե­ղած եւ այս ան­գամ որ­պէս ծնող, ապ­րած են այդ պա­հե­րը՝ ի­րենց ու­սա­նող զաւ­կին հետ, ա­նոր ապ­րած յու­զում­նե­րուն միաց­նե­լով ի­րենց զգա­ցում­նե­րը։

Վե­րա­մու­տի օ­րուան հա­մար ը­սինք «յու­զում­նա­խառն» օր եւ այդ յու­զու­մը ա­նուա­նե­ցինք՝ եր­բեմն ո­գե­ւո­րու­թիւն, քա­նի որ ա­մէն «նոր», ա­մէն «սկիզբ», ա­մէն վե­րա­դարձ ո­գե­ւո­րու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ մար­դուս։

Ը­սինք նաեւ՝ տրտում եւ տխուր, քա­նի որ ա­մէն վե­րա­մուտ վերջն է հան­գիստ, ա­զատ դա­դա­րի եւ ար­ձա­կուր­դի օ­րե­րուն։ Վե­րա­մու­տը կեր­պով մը շփո­թի զգա­ցու­մը կ՚ար­տա­յայ­տէ, քա­նի որ ա­մէն «նոր» ա­նո­րոշ է եւ պղտոր, որ ձե­ւով մը տագ­նապ կը ստեղ­ծէ մար­դուս մէջ։ Եւ դար­ձեալ վե­րա­մու­տի օ­րը վրդո­վիչ է եւ տագ­նա­պազ­դու, մա­նա­ւանդ այն մա­նուկ­նե­րու հա­մար, ո­րոնք ա­ռա­ջին ան­գամ կը բաժ­նուին մօր ծո­ցէն՝ տու­նէն եւ կը սկսին բո­լո­րո­վին նոր եւ ի­րենց հա­մար ան­ծա­նօթ կեան­քի մը։ Եւ այս գրի­չը եր­բեք չի՛ մոռ­նար, այդ պա­հը, տա­րի­նե՜ր ա­ռաջ, հօ­րը ձեռ­քը բռնած երբ կը մօ­տե­նար իր «նոր տան»ը՝ «նոր կեանք»ին եւ ար­ցունք կը թա­փէր… եր­բեք մոռ­նալ կա­րե­լի չէ՛, քա­նի որ այս պա­հուն իսկ ան կ՚ապ­րի հինգ տա­րե­կան տղու մը յու­զու­մը, ի՜նչ ը­սենք՝ ե­րա­նե­լի՜ օ­րեր…։

Այս եւ նման պա­հեր ապ­րած են շա­տեր ան­շուշտ ի­րենց կեան­քի ո­րոշ մէկ շրջա­նին։ Բայց կան նաեւ ան­ձեր՝ ո­րոնք ի­րենց ամ­բողջ կեան­քին ապ­րած են վե­րա­մու­տի յու­զու­մը, քա­նի որ ա­նոնք եր­բեք չեն թո­ղած դպրո­ցը, ու­սու­մը, դպրու­թիւ­նը։ Ա­նոնք ո­րոշ շրջան­նե­րու ե­ղած են՝ ա­շա­կերտ, ու­սա­նող, եւ սա­կայն ե­ղած են նաեւ՝ ու­սու­ցիչ, կրթա­կան մշակ։

Ա­նոնց ամ­բողջ կեան­քը լե­ցուն է վե­րա­մուտ­նե­րով, վե­րա­մու­տի յու­զում­նա­լի հո­գե­վի­ճա­կի ապ­րում­նե­րով։ Նուի­րա­կան ազ­նիւ ան­ձեր են ա­նոնք՝ ու­սու­ցիչ­ներ եւ կրթա­կան մշակ­ներ՝ ո­րոնք եր­բեք չեն թո­ղած ու­սու­մը՝ ու­սա­նե­լով եւ ու­սու­ցա­նե­լով…։

Եւ ու­սու­ցիչ­ներ յա­ւեր­ժա­կան ու­սա­նող­ներ են, քա­նի որ մարդ ու­սու­ցա­նե­լով կ՚ու­սա­նի, սոր­վեց­նե­լով կը սոր­վի եւ միշտ ու­սա­նող կը մնայ։

Վե­րա­մու­տը՝ դպրոց­նե­րու վե­րա­բաց­ման շրջա­նը ա­նոնց հա­մար վե­րա­կեն­դա­նու­թեան, կեան­քի նո­րոգ­ման, վե­րած­նու­թեան եր­ջա­նիկ օ­րեր են։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս գրի­չը ինք­զինք միշտ եր­ջա­նիկ է զգա­ցած, քա­նի որ իր կեան­քը բաժ­նած է նման նուի­րա­կան «ու­սա­նող-ու­սու­ցա­նող»ի մը հետ, եւ ա­մէն վե­րա­մուտ պարտք կը զգայ հիւ­րա­սի­րել զինք այս սիւ­նակ­նե­րուն մէջ, քա­նի որ վե­րա­մու­տը՝ կրթա­կան մշա­կին ա­մե­նէն եր­ջա­նիկ օրն է։ Ու­րեմն սիւ­նա­կը, այս վե­րա­մու­տին եւս կը փո­խան­ցեմ Ե­րէց­կին Ան­նիկ Գալ­փաք­ճեա­նի, եւ ա­նոր մի­ջո­ցով կը շնոր­հա­ւո­րեմ բո­լոր նուի­րա­կան ու ազ­նիւ «ու­սա­նող-ու­սու­ցա­նող»նե­րը…։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ Ան­նիկ Գալ­փաք­ճեա­նի գրու­թիւ­նը՝ որ շա՜տ բան կ՚ը­սէ մե­զի՝ բո­լո­րին։

ԿԵԱՆ­ՔԸ ԴԵՌ ՆՈՐ ԿԸ ՍԿՍԻ

Ա­մէն վեր­ջա­ւո­րու­թիւն հանգ­րուան մըն է, եւ սկիզբ մը նոր ուղ­ղու­թեան մը՝ նոր կեան­քի մը։

Երբ կը վեր­ջա­նան ման­կու­թեան օ­րե­րը, կը սկսի պա­տա­նու­թեան շրջա­նը եւ երբ վեր­ջա­նայ պա­տա­նու­թեան շրջա­նը, կը սկսի հա­սուն մար­դուն բուն կեան­քը։

Սա­կայն բան մը կայ, որ եր­բեք չի՛ վեր­ջա­նար, միշտ կը սկսի, որն է ու­սու­մը, գի­տու­թիւ­նը։

Ա­հա­ւա­սիկ այս պատ­ճա­ռով է որ կ՚ը­սեն թէ՝ վկա­յա­կան­նե­րը ո՛չ թէ ուս­ման մը վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը եւ կա­տա­րե­լու­թիւ­նը կը ստու­գեն, այլ ար­տօ­նա­գիրն են նոր կեան­քի մը՝ ա­պա­գա­յի ան­յայտ ան­դաս­տան­նե­րուն մուտ գոր­ծե­լու։

Հա­սուն է եւ կա­տա­րեալ այն մար­դը՝ որ գի­տէ այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, թէ ա­մէն վերջ սկիզբ մըն է։ Կա­տա­րեալ է այն մար­դը, որ ըն­կե­րա­կան եւ միան­գա­մայն բա­րո­յա­կան կեանք կ՚ապ­րի՝ զօ­րա­ւոր ձեռ­քով մը աշ­խար­հա­յի­նի եւ բա­րո­յա­կա­նի մե­նա­մար­տու­թեան վե՛րջ կու տայ, եւ ա­մէն մէ­կուն իր պաշ­տօ­նը նշա­նա­կե­լով՝ հաս­տատ եւ ա­մուր, ան­շեղ քայ­լե­րով ա­ռա­քի­նու­թեան շա­ւիղ­նե­րուն եւ բա­նա­ւո­րու­թեան լոյ­սին մէջ կը քա­լէ, միշտ գի­տու­թեան եւ ուս­ման օգ­նու­թեամբ։

Ո­րով­հե­տեւ այս լոյ­սը աշ­խար­հի վրայ տա­րա­ծուե­լու հա­մար պէտք է որ դաս­տիա­րա­կու­թեան մէջ շո­ղայ։

Նոր կեան­քը՝ բուն իսկ կեա՛նքն է՝ ո­րուն պէտք չէ պակ­սի լոյ­սը, եւ ո­րուն պէտք է միշտ հա­մըն­թաց ըլ­լայ ու­սու­մը եւ դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը։

Տա­րի­նե­րո՜ւ փոր­ձա­ռու­թեամբ գրուած այս տո­ղե­րուն ի՛նչ կա­րե­լի է ա­ւելց­նել, եւ ոչ ան­գամ մը եւս խոր­հիլ ուս­ման, ու­սուց­ման կեն­սա­կան հար­ցին մա­սին, կրթա­կան մշա­կին կա­րե­ւոր դե­րին մա­սին, եւ անդ­րա­դառ­նալ վե­րա­մու­տի օ­րուան ի­մաս­տին եւ խոր­հուր­դին՝ թէ ան ի՜նչ մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ա­մէն մէ­կուն կեան­քին նկատ­մամբ, ա­պա­գա­յին հա­մար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 18, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2015