ՅԻՍՈՒՍ՝ ՀԱՒԱՏԻ ՄԱՐՄՆԱՑՈՒՄԸ

Դարերէ ի վեր անորոշութիւններու՝ անստուգութիւններու՝ ցաւերու եւ զրկանքներու բեռին տակ հեծող ժողովուրդներ՝ նոր կեանք եւ նոր հոգի ստացան Յիսուսի գետայորդող մխիթարութիւններէն, անոր փրկաբաշխ շնորհներէն, եւ Աւետարանի քարոզութեան ունկնդիրները Երկնաւոր Հօր խանդաղատանքը կը զգային իրենց մէջ, եւ հոգեւոր կեանքով մը կը վերածնէին։

Այս վերածնութիւնները, այս ոգեւորումները, այս հաւատքի կենդանացնող շունչը անոր համար՝ որ իրմէ առաջ «Ոչ մէկը այնպէս խօսեցաւ…», ինչպէս կը վկայէ Յովհաննէս աւետարանիչ։

Ունկնդիրներէ ոմանք հրաժարած էին հետեւելէ այս յանդուգն եւ քաջասիրտ Անձին, որ մինչեւ այն ատեն փնտռուած մխիթարութիւնը իրենց կը բերէր երկինքի խորերէն։

Անոր կարեկցող սիրտը, սիրոյ գերերկրայնութիւնը, կիրքեր վերլուծելու անոր շնորհները, հոգիները իրենց տենչանքներուն մէջ կարդալու անոր պայծառատեսութիւնը, ինկածները բարձրացնելու անոր առնական քաջասիրտ կորովը, տառապեալները մխիթարող անոր բառերուն օծութիւնը, մեղքերը քաւող անոր դէմքին հրեշտակային քաղցրութիւնը՝ թախծութիւնը, վէրքերը բուժող անոր ինքնաբոյր նայուածքը՝ պատճառ եղած էին, որ ամբողջ ժողովուրդ մը անոր հետ կապուած զգայ իր «ճակատագիր»ը։

Ի՞նչ փոյթ իրենց, թէ Յիսուսի եղբայրները չէին հաւատար իր կոչումին եւ պաշտօնին. (ՅՈՎՀ. Է 5). «…քանի որ եղբայրներն իսկ տակաւին չէին հաւատար իրեն»։ Անոնք կը սիրէին Յիսուսը, որովհետեւ «իշխանութիւնով կը խօսէր». (ՂՈՒԿ. Դ 32)։

Հակառակ այն մխիթարութեան զոր Յիսուս լիաբուռն կը բաշխէր ամէն անոնց՝ որոնց սիրտերը հետզհետէ կը պատրաստուէին զայն ընդունելու, ինքը կը զգար, թէ իր քարոզած փրկարար նորութիւնները իր վիշտերուն, իր լքումին պատճառ եղած էին եւ պիտի շարունակէին ըլլալ, հոգ չէր սակայն, վիշտեր կան՝ որոնք փրկարա՛ր են։

Յիսուս այդ վիշտը ունէր իր ներսը, երբ հակառակ էր առերեւոյթ հրաժարումին, գաղտնի Երուսաղէմ կ՚ելլէր Տաղաւարահարաց տօնին օրը։ Եւ այս երկրորդ անգամն էր որ Յիսուս, հակառակ իր ըսելուն, թէ՝ «Իմ ժամանակս դեռ հասած չէ», նորէն Երուսաղէմ կ՚ելլէր իր եղբայրներէն վերջ. (ՅՈՎՀ. Է 6) եւ (ՅՈՎՀ. Բ 4)։

Յիսուսի քարոզութեան անծանօթ շեշտը, երկու տեսակ գաղափար կ՚արթնցնէր բազմութեան մտքին մէջ, որոնց երկուքն ալ միեւնոյն պատճառաբանութիւնը իրենց հակառակութեան կռուանը կը շինէին։ Երկպառակութիւնը կը գոռար արդէն, երկու կողմերը միանգամ ընդ միշտ հրաժեշտ կու տային իրարու։ «Ժողովուրդէն ոմանք երբ կը լսէին այս խօսքերը՝ կ՚ըսէին.- Ասիկա՛ է ճշմարիտ մարգարէն։ Ուրիշներ կ՚ըսէին.- Ասիկա՛ է Քրիստոսը։ Իսկ դեռ ուրիշներ ալ կ՚ըսէին.- Միթէ Քրիստոս Գալիլեայէ՞ն պիտի գայ. չէ՞ որ Գիրքը կ՚ըսէ թէ Քրիստոսը պիտի գայ Դաւիթի սերունդէն եւ Բեթղեհէմ գիւղէն, ուրկէ եւ Դաւիթն էր։ Եւ ժողովուրդին մէջ Յիսուսի պատճառով պառակտում առաջացաւ։ Անոնցմէ ոմանք ուզեցին բռնել զայն, բայց ոչ ոք ձեռք դրաւ անոր վրայ». (ՅՈՎՀ. Է 40-44)։

Այս կազմուած համոզումներուն երկուսաւորութիւնը տակաւին այսօ՛ր ալ գոյութիւն ունենալով հանդերձ, պէտք է ըսել, թէ Յիսուս ամենամեծ եւ բացարձակ ճշմարտութի՛ւնն էր որ կը յայտարարէր, կենդանի ջուրերուն ակունքը բուն իսկ իրեն դիմող մարդերուն մէջ ցոյց տալով։

Եւ այսօ՛ր ալ սիրելի՜ բարեկամներ, այսօր ալ Ան կենդանի՝ կը գործէ. չէ՞ք վկայած Անոր ներկայութեանը երբ դիմած էք իրեն ձեր յուսալքուած հոգեվիճակին մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 5, 2024, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024