ՆԵՐԵԼ՝ ԲԱՅՑ ՉՄՈՌՆԱ՛Լ
«Եւ իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց Մեզի». (ԵՓԵՍ. Դ 32)։
Ներել, ներողամիտ ըլլալ… այնքան աստուածահաճոյ արարք մըն է, բայց նոյնքան ալ դժուար եւ հակառակ՝ մարդկային բնութեան, մանաւանդ եսամոլ եւ ինքնակեդրոն նկարագիր ունեցողներու համար։ Արդարեւ, շատ պատուէրներ խօսքով դիւրին է, բայց գործնականի մէջ՝ դժուա՛ր։ Զոր օրինակ, մասամբ դիւրին է սիրել ընկերը, մանաւանդ որ այդ սէրը փոխադարձ է եւ ի վերջոյ կապուած է ակնկալութեան մը. «Շատ կը սիրեմ ընկերս, որովհետեւ ան միշտ կ՚օգնէ ինծի…». ասիկա այն սէրն է, որ պատճառի մը կապուած է։ Հապա, առանց փոխադարձ մը ակնկալելու սէր ունենալ՝ քանի՞ հոգի կարելի է գտնել…
Գեղեցիկը, օգտակարը, շահաբերը սիրել շատ դիւրին է, հապա տգե՞ղը, վնասակարը, որեւէ ակնկալութիւն չսպասուա՞ծը։ Դիւրի՞ն է զանոնք սիրել։
Եւ ճշմարիտ քրիստոնեայէն կը սպասուի սիրել նաեւ թշնամին։ Ո՞ր քրիստոնեան սիրայօժար կը հնազանդի այս քրիստոսաւանդ պատուէրին, քրիստոնեայ կոչուելու այս վեհանձնութեան։ Անկեղծ ըլլանք՝ քիչեր թերեւս ամենայն չկամութեամբ կը հնազանդին այս պատուէրին եւ եթէ հարցուի իրենց կը համարձակին պատասխանել՝ «Քրիստոնեայ ե՛նք…»։ Արդարեւ, սէրը խօսքով շատ դիւրին է բայց իրական, անկեղծ սիրով գործել՝ ո՛չ միայն դժուար, այլ անկարելի՛ է։
Սէրը զոհողութիւն, աշխատանք կը պահանջէ. եւ սիրոյ ամենամեծ թշնամին եւ արգելքը՝ մարդ ինքն է, անոր «ԵՍ»ը, որ չի թողուր որ «ուրիշ»ը ընդունի որպէս ինք, որպէս իր նմանը։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, սէրը գործադրել շատ դժուա՛ր է։
Նոյնն է պարագան ներողամտութեան համար։ Ներողամտութիւնը, որովհետեւ սիրոյ պտուղն է, եւ քանի որ սէրը դժուար է գործադրել, ապա ուրեմն, դժուար է նաեւ ներողամիտ ըլլալ, ներել մէկը՝ որ վիրաւորած է զինք։ Ընկերը, բարեկամը ներելու հարցին նոյնիսկ երբեմն կը դժուարանայ մարդ, հապա թշնամին, հակառակորդը ներել որքան դժուար պիտի ըլլայ…
Բայց վեհանձնութիւն է ո՛չ միայն ընկերը եւ բարեկամը ներել, այլ նաեւ՝ թշնամին։ Արդարեւ, մարդիկ երբեմն գերին կը դառնան իրենց արժանապատուութեան եւ անիմաստ պատճառներով վերջ կու տան իրենց ընկերութիւններուն, բարեկամութիւններուն եւ երբեմն տարիներ տեւած բարեկամութիւններ կը վերածուին թշնամութեան եւ քէն եւ գժտութեան։ Կ՚արժէ՞։ Անշուշտ ո՛չ, բայց եսամոլութիւնը մարդս գերի կը դարձնէ իր կիրքերուն, իր վատ զգացումներուն։
Ոխակալութիւն, վրէժխնդրութիւն եւ քէն կը մաշեցնեն մարդս, կը քանդեն ամէն բարոյական եւ աւանդական արժէք, բայց դժբախտաբար մարդ կը տարուի անոնցմով եւ սիրոյ տեղը կը գրաւէ ատելութիւնը…
Մարդ թէ՛ ոխակալ, վրէժխնդիր, եւ թէ կրնա՞յ քրիստոնեայ ըլլալ։ Ուստի, ներողամտութիւնը քրիստոնէութեան սկզբնական պայմաններէն է,- սիրել ընկերը իր անձին պէս, եւ սիրել նաեւ «թշնամի»ն։
Երբ «թշնամի» կ՚ըսենք, մէկը թշնամի է զայն դիտողին աչքով, հապա ան իրապէս «թշնամի՞» է արդեօք. խնդրական է. քանի որ ամէն մարդ իր աչքով իրաւացի է եւ արդար, մեզի համար անիրաւ եւ անարդար եղողը՝ իր մէջ իրաւացի է եւ արդա՛ր։ Ուրեմն մեր թշնամիները մենք կը ստեղծենք եւ անոնք «թշնամի» են մեր տեսանկիւնէն եւ եթէ տարբեր տեսանկիւնէ նայինք՝ թերեւս մեր «բարեկամ» կարծածներէն շատ աւելի բարեկամ են։ Այս իմաստով, մարդ իր թշնամին ի՛նք կը ստեղծէ…
Երբ հարցը ներելու եւ ներողամտութեան մասին է, հարկ է յիշել նաեւ հոս Nelson Rolihlahla Mandela (1918-2013) խօսքը, թէ՝ «Կը ներեմ բայց չե՛մ մոռնար»։
Ներել բայց չմոռնալ…
Յանցանք մը եթէ մոռցուած է՝ արդէն ներելը արժէք մը չ՚ունենար, ուստի առանց մոռնալու ներելը իրապէս վեհանձնութիւն է, եւ ներումը առանց մոռնալու արժէք կը ստանա՛յ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ