ԵՐԿՈՒ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ
Յիսուս այս առակը պատմելէ առաջ կը հարցնէ. «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը»։ Արդարեւ պատմուածքներու նպատակն է՝ դիւրին հասկնալի դարձնել գաղափար մը, սկզբունք մը եւ կարեւոր է խօսակցութեան մասնակից ընել ամէն անոնք, որոնք կը հետաքրքրուին եւ ուշադրութիւն կը դարձնեն խօսքին, խօսուածներուն։ Արդարեւ միակողմանի եւ երկար խօսակցութիւնները այնքան արդիւնաւոր եւ նպատակայարմար չ՚ըլլար, քան խօսակցութեան մասնակցելու առիթ տրուած միջավայրի մը մէջ կատարուածները։
Խօսակցիլ, արդէն կը նշանակէ փոխադարձ խօսիլ, ի՛նչ որ կը նշանակէ արժէք ընծայել մարդկային մտքին եւ արժանապատուութեան։
Եւ ահաւասիկ, մանաւանդ վերոյիշեալ առակի պատմութեան ընթացքին Յիսուսի գործելակերպը ա՛յս է՝ մասնակի՛ց ընել լսողները։ Այդ իսկ պատճառով իր խօսքերուն կը սկսի հարցումով մը.
«Ի՞նչ է ձեր կարծիքը»։
Ուրեմն այս ընդհանուր խորհրդածութենէն ետք՝ մեր ուշադրութիւնը դարձնենք առակին։
«Մարդ մը երկու զաւակներ ունէր։ Առաջին զաւկին գնաց ու ըսաւ.- Տղա՛ս, այսօր այգի գնա՛ աշխատնելու։ Անիկա պատասխանեց, ըսելով.- Կ՚երթամ, հայրիկ։ Բայց չգնաց։ Ապա հայրը միւս զաւկին գնաց եւ նոյնը ըսաւ։ Երկրորդ զաւակը պատասխանեց.- Չե՛մ երթար։ Բայց յետոյ զղջաց ու գնաց։
«Արդ, այս երկուքէն ո՞ր մէկը իր հօրը կամքը կատարած եղաւ» (ՄԱՏԹ. ԻԱ 28-31)։
Երկու որդիներուն առակին առաջին մասն է այս, որ հարցումով մը կը վերջանայ, ինչպէս սկսած էր հարցումով մը. «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը»։
Եկէ՛ք, ուրեմն սիրելի ընթերցող բարեկամներ, մենք ալ մեզի հարցնենք նոյն հարցումը եւ խորհելով, դատելով ջանանք պատասխանել հարցումը եւ յայտնել մեր կարծիքը այս մասին։
Մա՛րդ թող չըսէ, թէ կարծիք մը չունի այդ մասին, եւ կամ մա՛րդ չմտածէ, որ անկարեւոր է իր կարծիքը։ Իւրաքանչիւր անհատի կարծիքը կարեւոր է եւ արժէք կը ներկայացնէ, քանի որ մարդ բանաւոր էակ մըն է, կը խորհի, կը մտածէ, կը դատէ եւ որոշում մը կու տայ։
Սխալ կամ ճիշդ, ամէն կարծիք արժէք մը կը ներկայացնէ, բաժին ունի ժշմարիտը եւ ուղիղը գտնելու մէջ։ Ուստի, տարբեր կարծիքներ, զանազան գաղափարներ պիտի ըլլան՝ որպէսզի անոնց մէջէն ճշմարտութեան լոյսը յայտնուի։ Հապա եթէ մէկ կարծիք ըլլայ, մէկ գաղափար, եւ այդ մէկն ալ սխալ ըլլայ, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ ճշմարտութեան յայտնութիւնը։ Ուստի սխալներ պիտի ըլլան՝ որպէսզի անոնց բաղդատմամբ եւ համեմատութեամբ շիտակը, ուղիղը եւ ճշմարիկը յայտնուի, երեւան գայ։ Ուրեմն՝ ի՞նչ է ձեր կարծիքը, այս հարցումը ո՜րքան կարեւոր եւ նոյնիսկ անհրաժեշտ է ճշմարտութեան համար…։
Անշուշտ ասիկա Յիսուսի խօսքերուն համար խնդրոյ առարկայ չէ՛, քանի որ Անոր ամէն մէկ խօսքը ճշմարտութի՛ւն է, իմաստութիւն՝ որ անվիճելի է մարդոց կողմէ։ Բայց Յիսուս իր այս հարցումով կ՚ուզէ օրինակ ըլլալ, տիպար ըլլալ մարդոց՝ որ ընդհանրապէս իրենք զիրենք իրաւացի, արդար եւ ճշմարտութիւնը խօսող, ճշմարտութեան թարգման կը նկատեն։
Մարդիկ առանց նկատի ունենալու, թէ անկատար, թերի արարածներ են, ընդհանրապէս եսամոլ են իրենց մտքին ու մտածողութեան, գիտելիքներու եւ գիտութեան տեսակէտով։
Ուշադրութիւն դարձնել փորձեցէք սիրելինե՜ր, ընդհանրապէս երբ որեւէ նիւթի մը, տեսակէտի մը գաղափարի մը շուրջ կը խօսին մարդիկ, շա՜տ հազուադէպ է, որ անոնք սկսին իրենց խօսքին այս հրաշալի՜ հարցումով. «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը»։
Չեն հարցներ, քանի որ միայն իրենց կարծիքը ճշմարտութեան արտայայտութիւնն է, եւ այդէպս կը կարծեն՝ իրենք զիրենք կը խաբեն, կարծելով, թէ ամէն մարդ իրենց պէս միամիտ է եւ պիտի խաբուի, պիտի հաւատայ իրենց անհիմն ու կասկածելի, տարակուսելի կարծիքներուն։ «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը»։ Այս հարցումը իր մէջ կը պարունակէ՝ յարգանք մարդկային հասարակաց մտքին, մարդկային արժանաւորութեան եւ բարձր արժանապատուութեան։ «Կարծիք» ունենալ ամէն մարդու իրաւո՛ւնքն է, սեփական արժէքը, անհա՛տ ըլլալու, ա՛նձ ըլլալու, մա՛րդ ըլլալու կարեւորագոյն ու անհրաժեշտ ազդակը…։
Մարդուս «բանաւոր արարած» ըլլալու եզրն է կարծիքը եւ զայն յայտնելը՝ որ բնական արդիւնքն է մտածողութեան, դատողութեան եւ ընտրանք մը ընելու՝ սխալ կամ ճիշդ, բայց արդիւնքի մը հասնելու՝ որ մտքին արտարդութիւը պիտի ըլլայ։ Խորհելու եւ որոշելու ազատութիւնը մարդկային արժանապատուութեան բնական հետեւանքն է։ Եւ ո՜րքան կարեւոր է հարցնել. «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը»՝ մարդկային յարաբերութիւններու մշակման եւ խաղաղութեան հաստատման համար ընդհանուր հասարակական-ընկերային կեանքին մէջ։ Իսկ անհատապէս, ո՜րքան կարեւոր է մարդկային արժանապատուութեան պահպանմանը համար։
Եւ արդեօք քանի՞ հոգի կը սկսի խօսիլ, Յիսուսի նման «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը» հարցումը ուղղելով իր խօսակիցներուն։ Արդարեւ խօսակիցին կարծիքին յարգանք ընծայել, եւ կամ առիթ տալ, որ ան ալ իր կարծիքը, գաղափարը յայտնէ՝ ամէն բանէ առաջ, կենցաղավարական անհրաժեշտութիւն մըն է, պայման մը՝ փոխադարձ քաղաքավարութեան։
Եւ երբ Յիսուս, որ ճշմարտութիւնն իսկ է, ցոյց կու տայ խոնարհութիւնը հարցնելու՝ թէ ի՞նչ է իր խօսակիցներուն կարծիքը, ապա ուրեմն մարդիկ՝ որ երբեք չեն կրնար ըսել, թէ միայն իրենց խօսքը ճշմարիտ է եւ ճշմարտութիւն, ինչպէ՞ս չեն հարցներ. «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը…»։
Ուստի, փորձենք սկսիլ մեր խօսքին, մեր խօսակցութեան սա «ոսկի բանալի» հարցումով եւ ըսենք. «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը»։ Խօսքը այնքան ազդու եւ արդիւնաբեր կ՚ըլլայ, որքան արժէք կ՚ընծայուի խօսակիցին մտքին, գաղափարին եւ կարծիքին։ Խօսքը այնքան նպատակայարմար կ՚ըլլայ՝ ո՛րքան մասնակցութեան առիթ կը տրուի բոլոր խօսակիցներուն՝ խօսողին հետ ո՛չ միայն խօսք ըսողին այլ՝ լսողին, լսողներուն։
Եւ կարծիքներու, գաղափարներու, մտածումներու փոխանակութեամբ է, որ մարդկութիւնը կրնայ յառաջանալ, հասնիլ լո՛յսին, իր վերջնական նպատակին, ճշմարտութեան՝ որուն կոչուած է իր արարչութեան օրէն իսկ։ Խորհելու եւ արտայայտելու իրաւունքը եւ ազատութիւնը մարդկային արժանաւորութեան եւ արժանապատուութեան ստուգանիշն է՝ հոն ուր կայ իրաւունքի եւ ազատութեան վայելում՝ հոն կա՛յ արժանապատուութի՛ւն…։
Մարդս մա՛րդ է իր արժանապատուութեամբ՝ իր միտքով, իր իրաւունքով եւ ազատութեամբ։ Մարդ այս պատճառով միա՛կ բանաւոր արարածն է ստեղծագործութեան մէջ։
Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, սիրելի՜ներ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 31, 2015, Իսթանպուլ