ԿԱՐՕՏ ԵՆՔ ԵՐԳԻ
Պատմութեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն փնտռուած եղած է երգն ու երգիչը, որովհետեւ երգն ու երաժշտութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան մարդը. գուցէ գոյութիւն ունեցած է նոյնիսկ լեզուի հասկացողութենէն առաջ: Մարդիկ երգին ու երաժշտութեան մէջ միշտ փորձած են իրենց դիմագիծը տեսնել եւ այդ իսկ պատճառով կարեւորած են՝ ինչպէս պիտի կարեւորէին լեզուն եւ մշակութային միւս բոլորը՝ որ ազգի մը դիմագիծը կը կազմեն: Գուցէ այդ գիտակցութիւնն էր, որ կը մղէր հրապարակախօս Շաւարշ Միսաքեանը Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսած «Յառաջ»ի 20 դեկտեմբեր 1953 թուականի թիւին մէջ գրելու հետեւեալ տողերը. «Կարօտ ենք երգի, երգիչի եւ երգչախումբի: Եւ կարօտը կը սաստկանայ տարիներու թաւալման հետ: Երգեր եւ երգիչներ կը փնտռենք ամէն տեղ: Ամէն առիթով: Խնդութեան թէ տրտմութեան պահերուն: Կ՚ուզենք երգել, կ՚ուզենք որ երգեն, որպէսզի մեր սիրտը բացուի»:
Հակառակ այն իրողութեան, որ մեր մէջ այսօր երգողները շա՛տ են, սակայն մենք դարձեալ երգի եւ երգիչի փնտռտուքի մէջ ենք, որովհետեւ մերօրեայ երգերն ու երգիչները (ի տարբերութիւն անցեալին) «սիրտ բանալու» փոխարէն տեղ մը սիրտերը կը փակեն՝ իրենց անորակ բառերով, օտարազգի երաժշտական ազդեցութիւններով ու գռեհկութեամբ: Իրականութեան մէջ երգը ամէն մէկ սերունդին համար տարբեր իմաստ մը ունի եւ հետեւաբար սերունդներու միջեւ այդ հակառակութիւնը վստահ որ տեղի պիտի ունենայ, սակայն բոլոր սերունդներն ալ երգը կը սիրեն. աւելի քան դար մը առաջ Պարոնեան իր «Խիկար» աշխատութեան մէջ կը գրէր. «Շատ երգեցէք։ Բժշկական խմբի մը նորերս ըրած քննութիւնները ցուցին, որ երգելն առողջութեան շատ օգտակար է», սակայն շատ տարօրինակ է, որ նոյն թուականներու ապրող Գրիգոր Զօհրապ իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Երգը անհրաժեշտ աւելորդն է. ո՛չ այն աւելորդներէն մին, զոր յափրացած քաղաքակրթութիւնը նորէ նոր կը ստեղծէ, այլ այն զոր բնութիւնը տուած է մեզի ի անյեղլի օրէնքներով, երկու նուագի մէջ ամփոփելով մեր կեանքին երկու ծայրերը, - նորածինի մը լացը ու ոգեւարին հռնդիւնը»։ Իրականութեան մէջ երկուքն ալ ունին իրենց արդարացի բացատրութիւնները. Զօհրապ քիչ մը աւելի վերապահ ու «ժխտական» մօտեցում ունի, որովհետեւ ան դէմ էր «լալկանութեան» եւ, ցաւ ի սիրտ, մեր երգերու մեծամասնութիւնը լալկանութիւն էր. անոր խօսքերով «լալագին ազգ մը բանի մը օգտակար չէ կրցած ըլլալ աշխարհիս վրայ» եւ հետեւաբար լալկանութենէն անդին անցնելով կարեւոր էր երգերու մէջ դնել հայու վրէժխնդրութիւն, ուժ եւ պայքարի ոգի. այդ լալկան երգերու ազդեցութիւնը Գրիգոր Զօհրապ հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ. «Երգող մէկը տեսնելնուս պէս՝ անմիջապէս ձմեռը, անօթութիւնը, անողորմ մրջիւնի խրատը քով քովի, կարգով մտքերնուս առջեւ կուգան, շոգեկառքի մէկ վակոններուն շարքին պէս»։ Լալկան երգերը կը յիշեցնէր անցեալի դժբախտութիւնները։ Մինչեւ վերջին մի քանի տասնամեակ մեր երգերը գրեթէ լալկան էին. հոն կար ցաւ, մահ, բաժանում, կարօտ ու յուզում, որովհետեւ երգը աւելի զգացական բաժին մը ունէր՝ քան շօշափելի, իսկ այսօր արդէն իսկ կամաց կամաց հակառակը տեղի կ՚ունենայ:
Անցեալին երգը առաջին հերթին բանաստեղծութիւն էր եւ բանաստեղծութիւնը ունէր գրական արժէք. ունէր կանոն եւ օրէնքներ. անոնք առաջին հերթին գրական գոհար մը կ՚ըլլային եւ ապա երգ. մեր մեծագոյն երգերու հեղինակները մեր բանաստեղծներն էին, սակայն այսօր վիճակը այդպէս չէ. նորաոճով երգերուն գրեթէ ո՛չ մէկը ունի բանաստեղծական արժէք, որովհետեւ մարդիկ զգացումը բառերուն մէջ փնտռելու փոխարէն սկսան երաժշտութեան մէջ փնտռել եւ առաջնահերթութիւնը տուին երաժշտութեան. եւ այսպիսով ի՞նչ պատահեցաւ. յանկարծ կը լսէք տխուր բառեր, որոնք ունին ճոխ ու հարսանեկան եղանակ եւ կը փորձէք ակամայ կապ մը գտնել բառերուն եւ երաժշտութեան մէջ. յանկարծ երգիչը կ՚ըսէ «ես քեզնից հեռանում եմ» ու չես գիտեր ինչպէս բոլորը պարելու վրայ կ՚ըլլան. Շաւարշ Միսաքեան կ՚ըսէր. «Բազմութիւնները կը սարսռան մայրենի եղանակի մը ելեւէջներէն: Ամպերը կը փարատին եւ հոգին կը պայծառանայ»։ Մանաւանդ սփիւռքի մէջ ապրող հայու մը համար տարբեր էր երգը՝ մանաւանդ հայրենի երաժշտութեամբ. դարձեալ Միսաքեանն է գրողը. «Երգն ալ «սնունդ» կը պահանջէ: Մանաւանդ օտարութեան մէջ, ուր կախարդական եւ խառնաձայն եղանակներ գլխու պտոյտ կը պատճառեն»:
Միսաքեան չի՛ գիտեր, որ մերօրեայ հայերէն երգերը եւս, այդ օտար երգերուն նման «գլխու պտոյտ» կը պատճառեն, այլանդակ երաժշտութեամբ եւ անորակ բառերով, որոնց վերջին վանկերն են նոյնը: Վերջապէս երգիչ է ան՝ որ ժողովուրդը կը լսէ, եւ մերօրեայ այլանդակուած հասարակութիւնը աւելի կարեւորութիւն կու տայ գռեհիկին՝ քան որակին. վկայ մի քանի օրեր առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած «երաժշտական երեկոյ»ն, որ պոռնկանան պարերու ամբողջութիւն մըն էր պարզապէս՝ կախարդական եւ խառնաձայն եղանակներով: Վերջապէս չկայ օրէնք. ով ինչ ուզէ կը գրէ եւ կ՚երգէ, մանաւանդ եթէ քիչ մըն ալ նիւթական կարողութիւն ունի. վե՛րջ. ինք արդէն երգիչ է եւ երգահան ըլլալու համար բաւարար է մի քանի հայերէն բառեր քով քովի դնել եւ վերջին վանկերը նմանեցնել նախորդներուն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞րն է աշխարհի ամենէն առաջին երգչախումբը:
Պատասխան. Աշխարհի ամենէն առաջին երգչախումբը կազմուած է հին Յունաստանի մէջ, մօտաւորապէս Ք.Ա. 5-րդ դարուն: Երգչախումբը յունական աւանդութեան մէկ մասն էր, ուր ողբերգութիւններն ու կատակերգութիւնները ներկայացման անբաժանելի մասն էին: Այդ երգչախումբը կազմուած էր խումբ մը երգիչներէ եւ պարողներէ, որոնք միաձայն կ՚երգէին, պատմելով ու մեկնաբանելով ներկայացումը: Սակայն երգչախումբի հասկացողութիւնը զարգացաւ միջնադարեան Եւրոպայի մէջ, սակայն յունականը կը մնայ առաջինը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024