ԱՊՇԵՑՈՒՑԻՉ ԴԱՏ ՄԸ

Ծե­րուկ մե­տաք­սա­վա­ճառ մը ար­ժէ­քա­ւոր ապ­րանք­նե­րով կը ճամ­բոր­դէր։ Նպա­տակն էր վա­ճա­ռել իր մե­տաքս­նե­րը։ Ճամ­բոր­դու­թեան ըն­թաց­քին մու­թը վրայ հա­սաւ, ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն։ Ճամ­բուն վրայ ո՛չ գիւղ, ո՛չ պան­դոկ կար։

Շուա­րած իր շուր­ջը կը նա­յէր խեղճ վա­ճա­ռա­կա­նը, երբ ճամ­բուն ե­զեր­քը տե­սաւ մե­ծա­հա­րուս­տի մը գե­րեզ­ման­նո­ցը։ Գե­րեզ­ման­նո­ցի աջ եւ ձախ կող­մե­րը ար­ձան­ներ նկա­տեց՝ ո­րոնք նա­խա­րար­ներ կամ գի­տուն­ներ կը ներ­կա­յաց­նէին։ Իսկ ա­նոնց ան­մի­ջա­պէս քո­վը՝ եր­կու նժոյգ՝ ա­րա­բա­կան ըն­տիր ձի էին կանգ­նած։ Ա­պա­հով զգաց ծե­րու­նի վա­ճա­ռա­կա­նը, եւ ո­րո­շեց հոն գի­շե­րել։

Ուս­տի, վա­ճա­ռա­կա­նը իր բո­լոր մե­տաք­սի ծրար­նե­րը ի­րար կա­պեց եւ գլխուն տակ դրաւ։ Օ­րուան եր­կար ճամ­բոր­դու­թեան պատ­ճա­ռով եւ տաք օ­դէն բա­ւա­կան յոգ­նա­տանջ, ծե­րու­կը՝ ու­ժաս­պառ, ան­մի­ջա­պէս քնա­ցաւ։

Եւ երբ ան արթն­ցաւ ա­ռա­ւօ­տուն, գլխուն տակ դրած մե­տաք­սի ծրա­րը հոն չէ՛ր, ա­նոր փո­խա­րէն մե­ծա­ծա­ւալ ու ան­տաշ քա­րի կտոր մը կար։

Խե՜ղճ վա­ճա­ռա­կա­նը, սար­սա­փա­հար ու խու­ճա­պի մատ­նուած՝ ոտ­քի կանգ­նե­ցաւ, իր տա­րի­նե­րու աշ­խա­տան­քի պտուղ­նե­րը, ո­րոնք իր եւ ըն­տա­նի­քին ապ­րուս­տը եւ կռթնե­լիք ուժն էին՝ զորս մէ­կը խլեր ու ա­ռե­ւան­գեր էր։

Խե՜ղճ ծե­րու­նին ան­մի­ջա­պէս, տեղ­նու­տե­ղը փու­թաց դա­տա­ւո­րին, եւ ա­նոր պատ­մեց իր դժբախ­տու­թեան մա­սին։

Դա­տա­ւո­րը յայտ­նի էր իր ար­դա­րու­թեամբ՝ աղ­քատ­նե­րու եւ հա­լա­ծուած­նե­րու նկատ­մամբ, իսկ չա­րա­գոր­ծնե­րու հան­դէպ ա­նո­ղոք էր ան։ Այդ պատ­ճա­ռով ժո­ղո­վուր­դը կը սի­րէր զայն եւ կը փա­ռա­բա­նէր։ Դա­տա­ւո­րը՝ լսե­լով ծե­րու­նի վա­ճա­ռա­կա­նին, հար­ցուց, թէ՝ խնդրոյ ա­ռար­կայ գե­րեզ­ման­նո­ցի մօ­տա­կայ­քը տե­սա՞ծ է ոե­ւէ մէ­կը։ «Ո՛չ մէ­կը տե­սայ», կը պա­տաս­խա­նէ վա­ճա­ռա­կա­նը։ Եւ կը շա­րու­նա­կէ. «Ո՛չ մէ­կը տե­սայ, բա­ցի եր­կու մեծ քա­րար­ձան­նե­րէ՝ որ կանգ­նած էին գե­րեզ­մա­նաբ­լու­րին եր­կու կող­մե­րը»։ «Ու­րեմն ո՛չ մէկ կեն­դա­նի էա՞կ», դար­ձեալ կը հար­ցէ դա­տա­ւո­րը։ Ծե­րուկ վա­ճա­ռա­կա­նը կը պա­տաս­խա­նէ. «Ո՛չ, ի­րա­պէս ոչ մէ­կը տե­սայ այն­տեղ»։

«Ա­պա ու­րեմն, ստի­պուած ենք այս­տեղ բե­րել այդ եր­կու քա­րար­ձան­նե­րը», ը­սաւ դա­տա­ւո­րը, եւ ո­րո­շեց բե­րել տալ զա­նոնք. «թող ա­նոնք վկա՛յ ըլ­լան»։

­Դա­տա­ւո­րին այդ ո­րո­շու­մով, բո­լոր ներ­կա­նե­րը եւ ան­շո՛ւշտ ծե­րու­նի վա­ճա­ռա­կա­նը շա՜տ զար­մա­ցած էին, թէ՝ ին­չո՞ւ քա­րու­քանդ ը­նել ու ա­ւե­րել գե­րեզ­ման­նո­ցը եւ բե­րել մունջ քա­րար­ձան­նե­րը։

Բայց դա­տա­ւո­րը պի՛նդ կը մնար իր ո­րո­շու­մին մէջ։

Վճռա­կան էր դա­տա­ւո­րը իր ո­րո­շու­մին նկատ­մամբ։

«Դա­տա­րա­նը եւ ար­դա­րու­թիւ­նը կը պա­հան­ջեն ա­սի­կա», ը­սաւ դա­տա­ւո­րը, եւ շա­րու­նա­կեց հան­գա­մա­նօ­րէն եւ տի­րա­բար. «Գո­ղու­թիւ­նը մեծ յան­ցանք մըն է՝ մեծ չա­րա­գոր­ծու­թիւն է, այն զզուե­լի է նոյ­նիսկ ան­կեն­դան ու ան­բառ էակ­նե­րու հա­մար»։

­Ներ­կա­նե­րը հե­տաքրք­իր էին՝ թէ ի՛նչ պի­տի ըլ­լայ հե­տե­ւան­քը այս շա­հե­կան դա­տա­վա­րու­թեան։ Եւ բո­լորն ալ կ՚ու­զէին ներ­կայ գտնուիլ այդ շա­հե­կան ու զար­մա­նա­լի դա­տա­վա­րու­թեան ու դա­տին։

Դա­տա­ւո­րը նա­խա­պէս ա­նոնց թոյլ չտուաւ, որ մաս­նակ­ցին եւ ներ­կայ գտնուին դա­տա­վա­րու­թեան։

Այ­սու ա­մե­նայ­նիւ, դա­տա­ւո­րը ի վեր­ջոյ հա­մա­ձայ­նե­ցաւ ու հա­ւա­նե­ցաւ, որ­պէս­զի տե­ղաբ­նակ­նե­րէն ե­րե­սուն հո­գի ներ­կայ գտնուին այդ դա­տաքն­նու­թեան։

Եւ զար­մա­նա­լի, հե­տաքրք­րա­կան դա­տը սկսա՛ւ։

Դա­տա­վա­րու­թիւ­նը նա­խա­պէս սկսաւ դա­տա­կան ու օ­րի­նա­կան գիր­քե­րէ հա­տուած­ներ կար­դա­լով։

Ա­ւե­լի յե­տոյ կար­դա­ցուե­ցաւ մի քա­նի պար­բե­րու­թիւն տե­ղա­յին-շրջա­նա­յին օ­րի­նա­գիր­քէն։

Այս ըն­թեր­ցում­նե­րէն ետք, դա­տա­ւո­րը բարձր, հե­ղի­նա­կա­ւոր եւ հան­դի­սա­ւոր ձայ­նով մը հար­ցուց քա­րար­ձա­նին՝ որ բե­րուած էր գե­րեզ­ման­նո­ցէն դա­տա­րա­նի դահ­լիճ։ Դա­տա­ւո­րին հար­ցու­մը յստակ էր. «Դո՞ւն գող­ցար մե­տաք­սի ծրա­րը»։­

Եւ քա­րար­ձա­նը կը լռէ՜ր։

Հա­պա ի՜նչ կը սպա­սուէր…։

«Քա­նի որ քա­րար­ձա­նը չ՚ու­զեր խօ­սիլ, ու­րեմն գա­ւա­զա­նով, կամ մտրա­կով մը վաթ­սուն ան­գամ հա­րուա­ծե­ցէ՛ք զայն», ը­սաւ դա­տա­ւո­րը։ Դա­տա­րա­նի ծա­ռա­յող­նե­րը ա­ռին ի­րենց ծանր կաղ­նե­փայ­տե­րը եւ սկսան հա­րուա­ծել ու ծե­ծել քա­րը։

Մինչ ներ­կայ գտնուող­ներ չկա­րո­ղա­ցան զսպել ի­րենց ծի­ծա­ղը։ Տես­նե­լով այդ ե­րե­ւոյ­թը՝ դա­տա­ւո­րը յան­կարծ, ա­նակն­կալ կեր­պով սաս­տիկ զայ­րա­ցաւ։

«Երբ ես իմ ո­րո­շում­նե­րը կ՚ի­րա­գոր­ծեմ, ո՛չ մէ­կը ծի­ծա­ղե­լու ի­րա­ւունք ու­նի», բա­ցա­գան­չեց դա­տա­ւո­րը, եւ շա­րու­նա­կեց. «ա­տոր հա­մար դուք բո­լորդ պի­տի պատ­ժուիք»։ Դա­տա­ւո­րը դա­տա­պար­տեց ներ­կա­նե­րը՝ ո­րոնք կը ծի­ծա­ղէին իր ո­րո­շու­մին ի­րա­գոր­ծու­թեան կեր­պին։

Եւ, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, պատմուած­քը հոս կը վեր­ջա­նայ, եւ ան­շուշտ կա­րե­լի չ՚ըլ­լար, թէ դա­տա­ւո­րը ի՛նչ վճիռ ար­ձա­կեց, դա­տա­ւո­րը՝ մո՛ւթ կը թո­ղու այդ կէ­տը բո­լո­րիս։ Ա­ւե­լի ճիշդ՝ պատ­մուած­քը այդ մա­սը կը թո­ղու մե­զի՝ ըն­թեր­ցող­նե­րուս։ Ար­դէն «Ապ­շե­ցու­ցիչ դատ մը» վեր­նա­գի­րը ցոյց կու տայ մե­զի այս ա­նակն­կալ վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը։ Կի­սա­ւարտ, ա­նո­րոշ պա­րա­գայ մը ա­հա­ւա­սիկ, որ ընդ­հան­րա­պէս կը դի­մա­ւո­րուինք կեան­քի ըն­թաց­քին, զա­նա­զան ձե­ւե­րով կամ դէպ­քե­րով։

Պատ­մուած­քի մը մէջ բնա­կան է այս, քա­նի որ ա­նոնք «մտա­ցա­ծին», այ­սինքն՝ միտ­քէ, ե­րե­ւա­կա­յու­թե­նէ ծնած՝ ինք­նահ­նար ե­րե­ւոյ­թներ են, եւ կը յե­նուն մտա­ծու­մի, խոր­հուր­դի եւ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան վրայ։ Բայց ա­մէն պատ­մուածք, ա­մէն մտա­ցա­ծին դէպք, որ կը ներ­կա­յա­ցուի, ի վեր­ջոյ մարդ­կա­յին մտքի մէկ ար­տադ­րու­թիւնն է եւ կեր­պով մը ի­րա­կան կեան­քի հետ կապ մը ու­նի։ Եւ ա­մէն մտա­ցա­ծին ներ­կա­յա­ցում, դի­տո­ղը, ըն­թեր­ցո­ղը կամ ունկնդ­րո­ղը կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ խոր­հե­լու, մտա­ծե­լու այդ մա­սին, եւ ա­ռիթ կու տայ, որ ա­մէն մէ­կը իր գա­ղա­փա­րը, մտա­ծու­մը ա­ւելց­նէ ա­նոր վրայ։

Ա­մէն մար­դու ի­րա­ւունքն է՝ ար­դար ու ա­զատ կա՛մքն է ե­րե­ւա­կա­յել, միտ­քը գոր­ծա­ծել, եւ նոր գա­ղա­փար­ներ յղա­նալ, միտք հնա­րել, ան­շուշտ ո­րոշ սահ­ման­նե­րու մէջ՝ ո­րոնք պի­տի հա­մա­ձայ­նին բնա­կա­նոն կեան­քին։

Ու­րեմն իմ շա՜տ սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, խնդրեմ, ան­գամ մը փոր­ձե­ցէք, ջա­նա­ցէք ամ­բող­ջաց­նել պատ­մուած­քը ձեր թան­կա­գին մտա­ծում­նե­րով՝ որ­մէ կը ծնի բարձր գա­ղա­փար­ներ։ Կար­դա­լը որ­քան կա­րե­ւոր է՝ նո՛յն­քան անհ­րա­ժեշտ է խոր­հիլ եւ խորհր­դա­ծել՝ գա­ղա­փար յղա­նալ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 22, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015