Սփիւռքի Ներդրումները Հայաստանի Մէջ եւ Անոնց Բարելաւման Խթանումը
Կասակածէ վեր է, որ Սփիւռքահայ գործարարները մեծ ներդրում ունեցած են Հայաստանի տնտեսութիւնը բարելաւման եւ տարբեր ոլորտներու զարգացման կարեւոր գործին մէջ. Հայաստանի անկախութեան շունչը զգալէն քանի մը տարի ետք, անոնք սկսան մտածել Հայրենիքի մէջ բարեգործական, շահութաբեր եւ այլ ծրագիրներ իրականացնելու հարցին շուրջ։ Աշխարհի ազդեցիկ հայեր, որոնք աշխարհի մէջ արդէն յայտնի են իրենց ունեցած յաջողութիւններով, ձեռք մեկնեցին մայր հայրենիքին՝ իրենց իրականացուցած լուրջ ներդրումներով։ Նմանօրինակ յայտնի դէմքեր են՝
Գըրգ Գըրգորեան, Միացեալ Նահանգներու խոշորագոյն ընկերութիւններէն մէկուն՝ Tracinda Corporation-ի հիմնադիր նախագահն էր: 1978-ին Time ամսագիրը Գըրգ Գըրգորեանը անուանեց երկրի ամենայաջողակ ձեռնարկատէր: Հայաստանի մէջ անոր նախաձեռնութեամբ նորոգուեցան երեսունչորս մշակութային կեդրոններ, բազմաթիւ դպրոցներ, 435 քիլօմեթր ճանապարհ եւ փապուղիներ, 45 միլիոն տոլար յատկացուց Կիւմրիի երկրաշաժէն աւերուած բնակարաններու վերակառուցման՝ կառուցելով 149 շէնք։
Էտուարտօ Էռնեկեան, American International Airports եւ Aeropuertos Argentina 2000 ընկերութիւններու նախագահ: Անոր միջոցներով (200 միլիոն ամերիկեան տոլար) վերականգնուած է Զուարթնոց օդակայանը: 2007-ին Էռնեկեան գնեց Conversbank-ի արժեթուղթերը: Ան քանի մը միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացուցած է Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր հիմնադրամներուն եւ միլոնաւոր տոլարներու ներդրումներ ունի նաեւ խաղողագործութեան ոլորտէն ներս։
Յովնանեաններու ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ), 1988-ի երկրաշարժէն ետք Գէորգն ու անոր եղբայրները մարդասիրական օգնութեան բեռներ ուղարկած են Հայաստան՝ երկրաշարժէն տուժածներու օգնութեան համար: 1991-ին Գէորգ Յովնանեան Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանին նուիրած է կառոյց մը, ուր կը գործէ ՄԱԿ-ի հայաստանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը: 2006-ին Գէորգ Յովնանեան 2 միլիոն ամերիկեան տոլար նուիրած է Հայկական օգնութեան ֆոնտին: Յովնանեան եղբայրները բնակարանաշինութեան ոլորտի կարեւորագոյն ներկայացուցիչներէն են Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Հայաստան: Եղբայրները Հայաստանի մէջ, «Վահագնի թաղամաս»ին միջոցով, զարկ տուած են ամերիկեան ոճի արուարձաններու զարգացման:
Ճերարտ Գաֆէսճեան (Միացեալ Նահանգներ) – West Publishing-ի հրատարակչութեան փոխ-նախագահ ու նախագահներու խորհուրդի անդամ: Գաֆէսճեանը Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական Սփիւռքի գործունեայ անդամ է: 2003-ին ան 20 միլիոն ամերիկեան տոլար նուիրած է Ուաշինկթընի մէջ թանգարանային շէնքի գնման եւ վերանորոգման համար: «Գաֆէսճեան» Հայկական օգնութեան ֆոնտի կարեւորագոյն բարերարներէն մէկն է: Ան նաեւ նախաձեռնած է Երեւանի «Քասքատ»ի վերակառուցումը, որուն համար ներդրած է 25 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Վաչէ Մանուկեան (Մեծն Բրիտանիա) - MARS HOLDING դեղագործական ընկերութեան հիմնադիր-նախագահ: Անգլիա տեղափոխուելէն ետք ան զբաղեցուցած է HSBC դրամատան գլխաւոր տնօրէնի խորհրդականի պաշտօնը: Մանուկեան հիմնադիրն է «Մանուկեան եւ Հայաստան» բարեգործական ֆոնտին, որուն գանձատրման նորհիւ Լոնտոնի մէջ վերանորոգուած է Ս. Եղիշէ եկեղեցին: Մանուկեան նաեւ կ՚աջակցի Մեծն Բրիտանիոյ հայերու մշակութային եւ կրթական տարբեր ծրագիրներուն, կը կազմակերպէ հայկական խոշոր ցուցադրութիւններ, կը գանձատրէ հայոց հին պատմութեան մասին գիրքերու տպագրութիւններն ու հրատարակութիւնները: Մանուկեան Նորք-Մարաշի սրտաբանական կեդրոնի հովանաւորներէն մէկն է: Անոր հիմնադրած ֆոնտերը ոչ միայն աջակցութիւն ցոյց կու տան հայկական ազգային կազմակերպութիւններուն, այլեւ մեծ ներդրումներ կը կատարեն Հայաստանի եւ Արցախի շահերու լոպիիստական կազմակերպութիւններուն:
Իզմիրլեաններու ընտանիք (Պահամեան կղզիներ) - Քարայիպեան աւազանի երկիրներու պատմութեան խոշորագոյն առողջարան-հանգստեան տան` Պահամեան կղզիներու մէջ գտնուող Baha Mar-ի հիմնադիր-նախագահը: Սարգիս Իզմիրլեան Զուիցերիոյ մէջ հիմնադրած է հայկական կազմակերպութիւններու աջակցութեան ֆոնտը, որուն գանձատրմամբ արդէն կառուցուած են բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ, դպրոցներ ու մշակութային կեդրոններ: Բացի այդ, Իզմիրլեաններու ընտանիքը տարեկան գումար կը յատկացնէ «Հայաստան» համահայկական ֆոնտին եւ Համահայկական բարեգործական միութեան: Իզմիրլեաններու ընտանիքին աջակցութեամբ վերաբացուած է «Իզմիրլեան» բժշկական հաստատութիւնը եւ Ս. Ներսէս Մեծ գիտա-բժշկական կեդրոնը:
Լեւոն Հայրապետեան (Ռուսաստան)– Հայ բարեգործ: Անոր ֆինանսական աջակցութեան շնորհիւ Արցախի մէջ կազմակերպուած է 700 զոյգի հարսանիքը: Լեւոն Հայրապետեան հիմնադրած է յատուկ ֆոնտ, որ կ՚աջակցի Արցախի երիտասարդ ընտանիքներուն, մասնաւորապէս առաջին երախայի ծնունդին 2 հազար ամերիկեան տոլար, երկրորդին` 3 հազար, երրորդին` 5 հազար, իսկ չորրորդին 10 հազարի չափով օգնութիւն կը տրամադրուի: Անոր միջոցներով վերականգնուած են քանի մը գիւղեր, Արցախի զարգացման համար, ընդհանուր առմամբ, յատկացուցած է 3 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Ռուբէն Վարդանեան (Ռուսաստան)- Վերջին տարիներուն իրականացուցած խոշոր ներդրումային ծրագիրներէն են` ստեղծումը Դիլիջանի միջազգային դպրոցի (United World College Dilijan, Dilijan International School), ուր ուսուցումը կ’իրականացուի միջազգային համագործակցութեամբ` անգլիական միջին դպրոց եւ գիշերօթիկ դպրոց, Cambridge IGCSE եւ IB Diploma ակադեմական ծրագիրներով: Դպրոցին կատարուած ներդրումներուն ծաւալը կը կազմէ 150 միլիոն ամերիկեան տոլար:
«Տաթեւի վերածնունդ» նախագիծը, որուն ծիրէն ներս կառուցուած է «Տաթեւեր» ճոպանուղին: Կառուցուած է աւստրա-զուիցարական Dopplemayer/Garaventa ընկերութեան կողմէ: Ցուցանիշ համարուող՝ ինն ամսուան ընթացքին կառուցուած ճոպանուղին, ամենաերկարն է աշխարհի մէջ (5752 մեթր) եւ ներառուած է «Կինէս»ի ցուցանիշներու գիրքին մէջ:
Ներդրումներու շարքը կարելի է շարունակել՝ Թիւֆէնկեան ընկերութիւնը հիւրանոցային եւ այլ ոլորտներու մէջ։ Սփիւռքահայերու շնորհիւ նաեւ զարգացաւ ադամանդագործութիւնը, ոսկերչութիւնն ու ժամագործութիւնը։
Այնուամենայնիւ այս շարքը ինչքան ալ երկարի, դեռ բաւարար չէ։ Այսօր, առաւել քան երբեւէ, պէտք է հնարաւորութիւն ունեցող իւրաքանչիւր սփիւռքահայ փորձէ Հայաստանի մէջ ներդրում ունենալ՝ իր նախընտրած ոլորտէն ներս։ Մանաւանդ, երբ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը հաւաստիացնէ՝ ըսելով. «՚Երկրին մէջ անհրաժեշտ է հաստատել նոր տնտեսական յարաբերութիւններ եւ կառավարութիւնը պատրաստ է ստանձնել Հայաստանի մէջ ներդրումային աշխուժութիւնը խթանողի գործառոյթը, աշխատիլ միջազգային ներդրողներու հետ` ապացուցելու համար, որ Հայաստանի մէջ պիզնեսով զբաղիլն ու ներդրումներ կատարելը ապահով են, անվտանգ եւ, պարզապէս, շահաւէտ: Սփիւռքի մասնակցութիւնը Հայաստանի տնտեսական կեանքին մենք կ՚ուզենք տեսնել առաւել աշխոյժ ու նպատակային, կ՚ուզենք, որ մասնակից դառնաք մեր ծրագրերուն` ոչ միայն բարեսիրական ու ներդրումային նախաձեռնութիւններով, այլեւ կառավարման նոր մշակոյթ բերելու առումով, Սփիւռքի մեր լաւագոյն մասնագէտներու գիտելիքներն ու ներուժը համահայկական նպատակներուն ծառայեցնելու առումով»:
ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ