ԿԱՂԱՆԴ
Երբ փոքր էինք, անհամբեր կը սպասէինք որ մանկապարտէզը կամ դպրոցները վերջանան ու ձմեռուան արձակուրդը սկսի: Դուռ-դրացի տեղացի էին եւ իրենց Ծնունդը հայերուս Ծնունդէն առաջ կը տօնուէր, ուրեմն իրենք արդէն իրենց նուէրները ստացած կ՚ըլլային: Մենք ալ կը նախանձէինք՝ անոնց եւ անոնց նուէրներուն նայելով:
Նոր հագուստ կամ խաղալիք չէր բերեր Կաղանդը մեզի: Մայրս համով ճաշեր կը պատրաստէր, բայց ատկէ զատ ուրիշ բանի չէինք սպասեր:
Մեր ուրախութեան չափը չկար, որով այդ մէկ տարին, չեմ յիշեր՝ ո՞ր, ըսուեցաւ մեզի, որ Կաղանդ Պապան պիտի այցելէր մեզի: Ու մենք անհամբեր անոր գալուստին կը սպասէինք ու օրերը կը համրէինք:
Մայրս պզտիկ ծառ մը գտաւ, ուրկէ՞՝ չեմ գիտեր: Կարեւորը այդ էր, որ մենք ալ այդ տարի Կաղանդի ծառ մը ունեցանք: Եւ սկսանք ծառը զարդարել գոյնզգոյն՝ շոքոլայի թուղթերու մէջ զետեղուած ընկոյզներ, չամիչներ, մանտարիններ, չոր թուզեր եւ այլն տեղադրելով: Կարմիր, կանաչ, դեղին, կապոյտ, փայլուն թուղթեր...
Եղաւ Դեկտեմբեր ամսուան երեսունը: Մայրս կէսօրէ ետք խունկ վառեց եւ ամբողջ տան մէջ խունկի հոտէն կը մարէինք: Եղաւ ժամը ութ, ինը, տասը, ու մենք տակաւին կը սպասէինք: Քունը մեր աչքերը կ՚ուզէր գոցել, բայց մենք կը պայքարէինք անոր դէմ: Ծնողներս մեզի հետ տարբեր-տարբեր խաղեր կը խաղային ու մէկը կամ միւսը խնձոր մը կամ նարինջ մը կը կեղուէր, ու մենք ալ առանց երկար մտածելու բերաննիս կը դնէինք զանոնք, արթուն մնալու համար:
Կէս գիշեր եղաւ: Սովորականին համեմատ, Լիբանանի մէջ Նոր տարուան գիշերը ոչ միայն եկեղեցիներուն զանգակները կը լսէիր, այլեւ մարդիկ զէնքեր կը պարպէին, ուրիշներ հին կամ կոտրտուած պնակներ, գաւաթներ վերէն վար կը թափէին: Աստ-ւած օգնէր անոր, որ այդ վայրկեանին այդ շէնքին տակէն կ՚անցնէր...:
Յանկարծ մեր դուռը զարնուեցաւ: Բոլորս վազեցինք դուրս եւ ի՜նչ տեսնենք: Դրան առջեւ կեցած էր Կաղանդ Պապան, հագած կարմիր զգեստը, ճեփ-ճերմակ, կէս մեթր երկարութեամբ մօրուքը ամբողջ դէմքը գոցած էր, շալակը առած էր խոշոր տոպրակ մը: Ուրախութեան ճիչերով զգեստին փէշերէն սկսանք քաշքշել զինք, որ այլեւս ներս մտնէր եւ մեր նուէրները տար:
Բայց ինք կ՚ուզէր գիտնալ, թէ հնազա՞նդ ու աշխատասէ՞ր էինք: Նախ մեզի կը հարցնէր եւ վերջը՝ մեր ծնողքին: Երբ գոհացաւ պատասխաններէն, բացաւ տոպրակը ու բաժնեց մեր նուէրները ու խնդրեց, որ իրեն համար Կաղանդի երգեր երգենք:
Գոհացած եւ անքնութենէ գինովցած՝ ամէնքս անկողին գացինք:
Յաջորդ առտու կանուխ արթնցանք եւ ո՞վ տեսանք, որ նստած նախաճաշ կ՚ընէր ծնողքիս հետ… մեծ հայրս էր, որ Հալէպէն եկած էր: Ու մենք բոլորս վիզը փաթթուեցանք:
ՍԻԼՎԻ ՊԱԼԵԱՆ