ԱՄԱՆՈՐԻ ՋԵՐՄ ՀԱՒԱՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ մէկտեղուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութեան հետ։ Տէր Յիսուսի Քրիստոսի անուանակոչութեան տօնի օրուան զուգադիպած տարեմուտի հաւաքը տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց ամբողջ պաշտօնէութեան կողմէ եկեղեցւոյ համար մատուցուած բարեխիղճ ծառայութիւնը։
Հաւաքի սկիզբին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Բացման խօսքին մէջ այս վերջինը պաշտօնէութեան անունով շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը բերկրալի տօներուն առթիւ եւ Հայոց Հայրապետին փոխանցեց բոլորի սէրն ու նուիրումը։ Աշխատակիցներուն անունով շնորհաւորական խօսք մըն ալ արտասանեց Մայր Աթոռի «Էջմիածին» պաշտօնական ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Արսէն Պոպոխեան։
Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետն ալ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ շնորհաւորեց ներկաները եւ փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները։ Ան փառք վերառաքեց առ Աստուած՝ անցեալ տարի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արգասաւորման համար։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր կառոյց եւ աշխատակից խղճի մտօք, պատասխանատուութեան զգացումով, յանձնառութեամբ ու սիրով իր կարելին ըրած ու նպաստած է, որպէսզի արդիւնաւոր ըլլայ ժողովուրդին ու հայրենիքին ուղղուած եկեղեցւոյ ծառայութիւնը։
Հանդպիման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աշխատակիցները՝ անոնց ընտանիքներուն մաղթելով օրհնեալ եւ բարեբեր տարի մը։
«Ձեզ կը վստահեցնեմ, որ իւրաքանչիւր աշխատանքը մեծ, հսկայական ներդրում է մեր երկրի յառաջընթացի ու խաղաղութեան, մեր ժողովուրդի ապահով կեանքի ու ձեռքբերումներուն համար։ Իւրաքանչիւրիդ անձնական ներդրումն ու ծառայութիւնը կարեւոր նպաստ են այն իղձերուն, երազներուն եւ տեսիլքներուն համար, որոնց իրագործման կը ձգտի մեր ժողովուրդը։ Եթէ իւրաքանչիւրս մեր ծառայութեան մէջ անսակարկ նուիրումով մեր պարտականութիւնը իրագործենք, ապա կ՚ունենանք մեր ցանկալի երկիրը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ յորդորեց նոյն ոգիով ու նախանձախնդրութեամբ շարունակել ծառայութիւնը 2017 թուականին եւս։
Եկեղեցական
- 11/27/2024