ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ՏՈՄԱՐՆԵՐ
«Հին ու նոր տոմարներ» արտայայտութիւնը յաճախ կը լսուի, յատկապէ՛ս Ամանորի օրերուն, երբ կը խօսուի Նոր տարին, նաեւ՝ հին տարին՝ «տոմարով դիմաւորելու եւ տօնելու» մասին։
Արդարեւ, ի՞նչ են «հին» եւ «նոր» տոմարները։
Նոր տարին Յունուար 1-ին սկսաւ տօնուիլ Ք. Ա. 46 թուականին՝ Յուլիոս Կեսարի օրով, երբ անոր կողմէ գործածութեան մէջ դրուեցաւ «նոր տոմար» մը՝ որը իր անունով կոչուեցաւ՝ «Յուլեան տոմար»։ Ըստ այս տոմարի՝ տարին ունէր ո՛չ թէ 365 օր, 5 ժամ, 48 րոպէ, 46 վայրկեան, այլ՝ 365 օր, 6 ժամ, այսինքն՝ ճշգրիտ հաշիւով որոշուած տարիէն 11 րոպէ, 14 վայրկեան երկար էր։
Սխալմունքը շտկելու նպատակով, Հռոմի 13-րդ Պապը՝ Գրիգոր, Եւրոպայի նշանաւոր տոմարագէտները կը հրաւիրէ Հռոմ, որպէսզի նորը պատրաստեն։
Նախատեսուած բազմաթիւ առաջարկ եւ նախագիծերէն՝ կ՚ընդունուի իտալացի բժիշկ եւ աստղագէտ Ալոիս Լիլիոյի նախագիծը, որ կիրարկուեցաւ 15 Հոկտեմբեր 1582 թուականէն սկսեալ։ Քանի որ յուլեան տոմարի 11 րոպէ 14 վայրկեանի սխալը Ք. Ա. 46 թուականէն մինչեւ 1582 թուական կուտակուելով դարձեր էր 10 օր, այսինքն՝ ժամանակը «10 օր» ետ էր ինկած, ուստի սխալը ուղղելու կամ շտկելու համար որոշուեցաւ 4 Հոկտեմբեր 1582 թուականէն յետոյ ո՛չ թէ Հոկտեմբեր 5-ը ընդունիլ, այլ՝ Հոկտեմբեր 15-ը։
Եւ այսպէս սկսաւ «նոր տոմար»ը։
Այս նոր տոմարը Հռոմի Գրիգոր Պապի անունով կոչուեցաւ. «Գրիգորեան տոմար» անուանուելով։ Մօտաւորապէս 340 տարիի ընթացքին «նոր տոմար»ը ընդունեցին աշխարհի գրեթէ բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդները։
Վերջինը ընդունեց Եգիպտոս՝ 1928 թուականին։ Իսկ Ռուսաստան նոր տոմարի անցաւ 1918 թուականին՝ Յունուար 1-ին։
Քանի որ 1582 թուականէն մինչեւ 1918 թուականը, այսինքն 336 տարիի վերոյիշեալ 11 րոպէ 14 վայրկեանը կուտակուելով դարձած էր 3 օր, ուստի այդ երկրի մէջ նոր տոմարը հինէն երկար էր ո՛չ թէ 10, այլ 13 օրով։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով է նոր տոմարի համեմատ հին տոմարի 13 օրուայ տարբերութիւնը։
Նոր տարուայ գաղափարը, հին տոմար կամ նոր տոմար, մարդկութիւնը կ՚առաջնորդէ հաշուետուութիւն մը կատարելու, ինչ որ առիթ կու տայ նոր առաջադրութիւններու՝ որոնցմով կը դիմաւորուի մարդ։ Այս առաջադրութիւնը կ՚ենթադրէ մանաւանդ չկրկնել անցեալի սխալները կամ թերութիւնները եւ կերտել նոր ու գեղեցիկ ապագայ մը։
Այս իմաստով «Նոր Տարի»ն նոր յո՛յս մըն է մարդուս թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական կեանքին նկատմամբ։
Մարդկութիւնը այսօր կ՚ապրի արագ տեղեկութիւններու, գիտութեան, արագընթաց կեանքի՝ համակարգիչներու, արբանեակներու, արդի-ժամանակակից գործիքներով տիեզերքի գաղտնիքները յայտնաբերելու դար մը։ Սակայն, այս արագընթաց եւ առաջընթաց գիտական կեանքին հետ միասին, կան անշուշտ ժխտական երեւոյթներ, բացասական իրողութիւններ, զոր օրինակ՝ բարոյական սայթաքումներ, փորձութիւններ, հեշտամոլ, ցանկասէր եւ վաւաշոտ կենցաղ, եւ այլն։ Եթէ անցած տարուայ ընթացքին սխալներ է գործած մարդ, պէտք է փորձէ եւ աւելին՝ ջանայ չկրկնել զանոնք, բայց չկրկնելու համար պէտք է նախ անդրադառնայ իր սխալներուն եւ ընդունի իր սխալները, որպէսզի հետզհետէ ուղղուի եւ սրբագրէ իր սխալները։ Այսպէս մարդ կրնայ ապահովել լաւ կեանք մը, թէ՛ իրեն եւ թէ՛ ընտանիքին, պատկանած ընկերութեան համար։ Կեանքի յաջողութիւնը ա՛յս է ահաւասիկ։
Կեանքի դժուարութիւններէն յաղթական դուրս գալու համար, յոյսով եւ հաւատքով լեցուելու է մարդ, պէտք է սպասէ, որ վաղուան օրը պիտի բացուի իր առջեւ աւելի՛ արեւոտ, աւելի՛ պայծառ, քանի որ յոյսը կը լուսաւորէ ապագան եւ երբեք պէտք չէ՛ յուսալքուիլ՝ նոյնիսկ ամենածանր վիճակներու մէջ եւ իր նայուածքը ուղղէ դէպի ճշմարտութիւն՝ մանաւանդ հետեւի Բեթլեհէմի Աստղին։
Նոր տարիին երբ կը տօնուի նաեւ Սուրբ Ծննդեան յիշատակը, համայն մարդկութիւնը թող առիթ մը նկատէ այդ հրաշալի՜ իրողութիւնը։ Մարդիկ թող սիրեն զիրար, յարգեն փոխադարձ իրաւունքները, գիտակցին իրենց պարտականութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն, ապրին խաղաղութեան եւ համերաշխութեան մէջ, այս մտադրութեամբ շարունակեն իրենց կեանքը՝ միասնակութեան մէջ, առանց ատելութեան, առանց թշնամութեան միշտ սիրով…։
Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը թող առիթ մը ըլլայ՝ մարդոց սիրտերը Աստուծոյ Խորանին վերածելու։
Մաքուր հոգիով, չարէն սրբուած եւ աստուածային սիրով լեցուած թող ապրին մարդիկ։ Որպէսզի տարի մը եւս իրենց կեանքի ճանապարհները լուսաւորուին։ Թո՛ղ փարատի մութը, ցրուի խաւարը, հեռանայ ամէն չարիք, ատելութիւն, թշնամութիւն։
Ապագայ սերունդներ թո՛ղ հասնին այս մաքուր կեանքով, սէրը թո՛ղ տիրէ ամէնուրեք. չճանչնան ո՛չ ատելութիւն, ո՛չ նախատինք։
Մարդոց ճանապարհը թո՛ղ ըլլայ Աստուծոյ լուսաւոր եւ ճշմարիտ ճանապարհը՝ օրինակ ըլլանք մեր շուրջիններուն մեր լուսաւոր եւ մաքուր կեանքով, մեր իսկ կեանքով, մեր ապրելակերպով՝ մեր օրինակով եւ մեր բարի գործերով։ Բարին եւ ճշմարիտը թող ուղեցոյց ըլլայ բոլորիս՝ լուսաւոր ապագայի մը համար։
Նոր տարին եւ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը անկեղծ զգացումներով եւ լիասիրտ շնորհաւորենք, օրհնութիւն ակնկալենք եւ օրհնութիւն ստանանք. սրտանց եւ մի՛շտ աղօթքով բարի կամենանք իրարու նկատմամբ։ Աղօթենք եւ խնդրենք Յիսուս Մանուկէն, որ մեր քաջութիւնը աւելցնէ՝ պայքարելու համար կեանքի զանազան փորձութիւններու, նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու դէմ, այս տարի ա՛լ, քանի որ անոնք անպակաս պիտի ըլլան մեր ամէն մէկուն կեանքին մէջ՝ քիչ կամ աւելի, բայց անպայմա՛ն պիտի ըլլան։ Ուստի, Ի՛նք՝ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ.
«Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յեղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Չյուսալքուինք, չվհատինք, քանի որ նոր տարիին ալ բոլոր նեղութիւնները, դժուարութիւնները, ցաւերը եւ վիշտերը պիտի ըլլան, առանց անոնց աշխարհի վրայ կեանք մը խորհիլ, ակնկալել, միամտութիւն է, քանի որ Յիսուս ինք ըսաւ թէ անպակաս պիտի ըլլան այդ բոլորը։
Ուրեմն քա՛ջ ըլլանք, աղօթենք եւ խնդրենք, որ Տէր Յիսուս աւելցնէ մեր քաջութիւնը, տոկալու եւ հանդուրժելու ուժը եւ կարողութիւնը։ Եւ մեր աղօթքը չըլլա՛յ՝ նեղութիւններէ զերծ մնալ, այլ անոնց դէմ պայքարելու քաջութիւն ունենալ եւ հետզհետէ զօրանալ ըլլա՛յ։
Մեր աղօթքը թո՛ղ ըլլայ՝ աւելի եւս ուժ եւ կարողութիւն եւ աւելի՛ քաջութիւն, տանելու համար այս աշխարհի ծանր եւ ճնշիչ բեռը։
- Մասամբ օգտուեցանք՝ Ադամ Քահանայ Մակարեանի «Քրիստոնէութեան իսկութիւնը» գործէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 16, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 03/01/2025
- 03/01/2025