ՁԻՒՆԸ ԵՐԲ ԱՂՏՈՏԻ…
Երկինքէն մաղուող անարատ ձիւնը, մաքուր սպիտակ ձիւնը ո՜րքան կը նմանի նորածին անմեղ մանուկի մը։
Տակաւին երբ երկինքն է եւ հազիւ թէ կու գայ պատել աշխարհ, ձիւնը՝ սպիտակ, մաքուր, անբիծ, իրապէս կը նմանի մանուկի մը՝ որ դեռ չէ՛ «աղտոտած» աշխարհով, մարդկային այն էակը, որ կը ծնի մաքուր եւ անարատ եւ սակայն հազիւ թէ կը ծանօթանայ «աշխարհ»ին, արդէն աշխարհը կը սկսի զինք պատել, գրաւել եւ կաշկանդել։
Ժան Ժագ Ռուսօ կ՚ըսէ, թէ՝ մարդ ազատ ու անկախ կը ծնի եւ յետոյ հետզհետէ «գերի» կը դառնայ աշխարհային զանազան երեւոյթներով եւ կը խափանուի իր ազատութիւնը։ Եւ այս կերպով ո՜րքան նմանութիւն ունին երկինքէն իջած ձիւնը եւ նորածին մանուկը։ Աշխարհ՝ ուր կու գան, արդէն կը սկսին փոխուիլ, կորսնցնել իրենց անարատութիւնը, անբծութիւնը, մաքրութիւնը, սրբութիւնը. «սպիտակ» կու գան եւ հետզհետէ գորշ գոյն մը կը ստանան, կը սեւնան, լուսաւոր կու գան, տակաւ կը խաւարին, բարիքով կը դիմաւորուին, բայց չարիքով կը շրջապատուին՝ երկուքն ալ՝ ձիւնը եւ մարդկային էակը՝ մանո՛ւկը։
Մանուկ մը՝ մինչեւ պատանեկութիւն, երիտասարդութիւն եւ անկէ անդին՝ լիակատար չափահասութիւն ո՜րքան կ՚աղարտի, ո՜րքան կը փոխուի թէ՛ մարմնապէս, թէ՛ հոգեպէս։ Ի՜նչ փոփոխութիւն…։
Ձի՛ւնն ալ այդպէս չէ՞, կը մնա՞յ իր առաջին օրուան պէս։ Կը փոխուի, հողին կը խառնուի, գոյն եւ նկարագիր կը փոխէ, մինչեւ իսկ ցեխի կը վերածուի, կը կորսնցնէ իր անմեղութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ հետզհետէ անբաղձալի կը դառնայ մարդոց, որոնք նախապէս սիրով եւ համակրանքով սպասած եւ դիմաւորած էին զայն։ Սեւցած, աղտոտ եւ տիղմի վերածուած ձիւնը այլեւս «ձիւն» չի՛ համարուիր, զզուելի կը դառնայ ամէնուն։ Եւ մարդ կ՚ուզէ որ ժամ առաջ հեռանայ իրմէ այդ այլափոխուած գոյութիւնը, այն՝ որ ո՛չ ձիւն է, ո՛չ հող, ո՛չինչ։
Ա՜հ, երանի թէ չնմանէին ձիւն եւ մարդ էակը իրարու, երանի՜ թէ անոնք այսքան չփոխուէին, մնային այնպէս՝ ինչպէս էին իրենց առաջին անգամ տեսնուած եւ դիմաւորուած օրը։ Բայց, աւա՜ղ, ա՛յս է բնութեան անայլայլելի, մշտնջենական եւ անողորմ, անգութ օրէնքը, պէտք է որ ամէն ինչ փոխուի, երբեմն դէպի լաւ, երբեմն դէպի վատ, երբեմն դէպի բարի, կամ աւելի բարի եւ երբեմն դէպի չար, երբեմն դէպի ա՛լ աւելի գեղեցիկ եւ երբեմն տգեղ… եւ կարծես յաճախ դէպի վատ, դէպի չար եւ դէպի տգեղ, քանի որ բնական օրէնքին կը միջամտէ աշխարհի օրէնքը եւ շատ անգամ կը գերազանցէ բնութեան օրէնքը։
Եթէ այդպէս չէ, ապա ուրեմն ինչո՞ւ ա՜յսքան չարութիւն, թշնամութիւն, տգեղութիւն, վատութիւն աշխարհի վրայ։ Եւ եթէ այդպէս չէ, ինչո՞ւ մաքուր, անարատ, սպիտակ ձիւնը չի մնար իր նախկին վիճակին պէս եւ ինչո՞ւ կ՚աղտոտի, կը սեւնայ եւ նոյնիսկ ցեխի կը վերածուի, նկարագիր կը փոխէ, երբ «աշխարհ» կու գայ…։
Սպիտակ ձիւնը, վստահաբար շատ երջանի՜կ էր հոն՝ ուրկէ աշխարհ իջաւ, խաղաղ էր՝ լուսաւոր եւ սպիտակ։ Հապա ինչո՞ւ իջաւ աշխարհ։ Աղտոտելո՞ւ, նախատինք ընդունելո՞ւ եւ կամ կորսնցնելու իր նկարագիրը՝ աղտոտելու, սեւնալու, ցեխ դառնալու…։ Ո՜վ կ՚ուզէ կորսնցնել իր լաւ դիրքը, նուաստանալ, կորսնցնել իր խաղաղութիւնը, իր ազատութիւնը, իր երջանկութիւնը. ձիւնը արդեօք, եթէ գիտնար իրեն պատահելի այս դժբախտութիւնները, կու գա՞ր աշխարհ, կ՚իջնէ՞ր վար, դէպի հո՜ղ…։
Հապա մարդ էակը՞, ան ալ որպէս անմեղ, անարատ մանուկ կու գա՞ր աշխարհ, ա՜յսքան չարչարուելու, տանջուելու, ա՜յսքան փոխուելու՝ վատթարանալու, տգեղնալու, թշնամիներ ունենալու, ատելու եւ ատելութեան ենթարկուելու, դժբախտութիւններ, վիշտեր, ցաւեր կրելու, երբեմն ուրախանալո՜ւ բայց աւելի շատ տրտմելու… երբեմն յաջողելու եւ շատ անգամ ձախողելու, անյաջողութեան մատնուելու, երբեմն շահելու եւ աւելի յաճախ կորսնցնելու, երբեմն օգտուելու, շատ աւելիով վնասուելու… եւ այսպիսի աշխարհ մը գալ պիտի ուզէ՞ր մանուկը՝ անմեղ, անարատ, անբիծ ու բարի այդ մարդ էակը։ Ձիւնը եւ մանուկը՝ ուրկէ եկան աշխարհ, հոն խաղաղութիւն կը տիրէր, համերաշխութիւն, անդորրութիւն, ապահովութիւն, վստահութիւն, հապա հոս՝ ուր իջաւ, ամէն ինչ փոխուած՝ ոտքի կոխան է ձիւնը, մինչ մանուկը խառնուած աշխարհի հազար ու մէկ փորձութիւններու տարափին, տարուելով չարագուշակ հոսանքներէ, կը կորսուի հետզհետէ։
Ձիւնը եւ մարդ էակը՝ մանուկը կորսուելո՞ւ համար աշխարհ կու գան։ Եւ եթէ գիտնային կու գայի՞ն աշխարհ։ Խնդրական է, քանի որ անպատասխանելի հարցում մը, անլուծելի խնդիր մըն է ասիկա։ Կեանքին մե՛ծ խորհուրդը։
Եւ երբ ձիւնը աղտոտի՝ ի՞նչ աւելի աղտոտ կրնայ ըլլալ երբեք քան այդ «աղտոտ» ձիւնը։
Եւ երբ մանուկը յետագային վերածուի «չարագործ»ի մը, մեղաւորի մը, ի՜նչ կրնայ ըլլալ աւելի չար քան այդ «այլասերած» մանուկը։
Ո՛չ մէկ բան չար չի ծնիր, քանի որ Աստուած չար ո՛չինչ կը ստեղծէ, այլ «չար»ը «բարի»ին այլասերած վիճա՛կն է։ Ուստի «չար» չկա՛յ, այլ՝ «այլասերած բարի»ն կայ։ Ձիւնին եւ մարդուն էութիւնը, բնութիւնը, նկարագիրը, կոչումը անարատ, անբիծ մաքրութիւն է. սպիտակութիւն եւ լոյս։ Ինչպէս ձիւնը «ձիւն» չէ եթէ անբիծ չէ, սպիտակ չէ, մանուկն ալ «մարդ» չէ եթէ անմեղ չէ, եթէ աստուածային լոյսով լուսաւորուած չէ։
Ուստի «ձիւն»ը եւ «մանուկ»ը չեն կրնար իրենց նկարագիրը փոխել եւ տակաւին «ձիւն» եւ «մանուկ» ըլլալ, չեն կրնար իրենց յատկանշական ինքնութիւնը ուրանալ, եղծել եւ կոչուիլ «ձիւն» եւ «մանուկ» պատուանուններով, որ միայն հասարակ անուն մը, ածական մը չէ, այլ մանաւանդ՝ որակիչ ածակա՛ն. ածական առաքինութեան, ազնուութեան եւ մանաւանդ աստուածատուր շնորհներու։
Ձիւնը երբ աղտոտ է եւ մանուկը երբ չարութեան հետամտիլ սկսած՝ այլասերած է, այլապէս ո՛չ ձիւնը այլեւս «ձիւն» է եւ մանուկը այլեւս «մանո՛ւկ»։ Ձիւնը այլեւս «ցեխ» է, իսկ մանուկը այլեւս «չար մարդ»։ Եւ որքա՜ն մեծ է հակադրութիւնը ձիւնին եւ ցեխին, ինչպէս՝ մանուկին եւ չարագործ մարդուն միջեւ։
Ցեխը ձիւնին, չարամիտը մանուկին հերքումն է, մերժումն է, ուրացո՛ւմն է։
Ձիւնին համար ընելիք չկա՛յ, բայց կրնանք մանուկները պահել միշտ մանկութեան անմեղութեանը մէջ։
Անգամ մը ջանա՜նք փորձել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 31, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 03/01/2025
- 03/01/2025